Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աթաթուրքի Մասին «Տիզնի»-ի Վիճայարոյց Շարժապատկերը Սաստիկ Զայրացուցած Է Թէ՛ Հայերը, Թէ՛ Թուրքերը

Օգոստոս 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Ի՜նչ բացառիկ ապաշնորհ մարդ պէտք է ըլլայ «Ուոլթ Տիզնի» ընկերութեան ղեկավարը` հանդէս գալու համար շարժապատկերի այնպիսի  նախագիծով մը, որ սաստիկ զայրացնէր  թէ՛ հայերը,  թէ՛ թուրքերը: Այդ պաշտօնեան  պէտք է հեռացուի աշխատանքէն` ընկերութեան գանձարանին, ինչպէս նաեւ հեղինակութեան վնաս պատճառելուն համար:

«Տիզնի փլաս» հոսքային ծառայութիւնը նախատեսած էր պատրաստել վեց մասերէ բաղկացած հաղորդաշար, որ կը  պատմէ  Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր հայր  Քեմալ Աթաթուրքի կեանքի մասին, որուն կ՛երկրպագեն գրեթէ բոլոր թուրքերը: Աթաթուրքը անարգելը կը պատժուի մինչեւ երեք տարուան բանտարկութեամբ: Յունիսին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը արշաւի մը սկսաւ` ի նշան բողոքի, «Տիզնի»-ի շարժանկարային նախագիծին դէմ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը «Տիզնի փլաս»-ին կոչ ուղղեց` «Ջնջել հաղորդաշարը, որ կը փառաբանէ թուրք բռնապետ եւ ցեղասպան մարդասպան  Մուսթաֆա  Քեմալ  Աթաթուրքը,  որուն  ձեռքերը  թաթխուած  են  միլիոնաւոր յոյներու, հայերու, ասորիներու, քաղդէացիներու, սուրիացիներու, արամէացիներու, մարոնիներու եւ քրիստոնեայ այլ նահատակներու արեան մէջ»:

Զարմանալիօրէն, հակառակ յանցագործութիւններու եւ հակահայկական գործողութիւններու իր բաժինին, Աթաթուրք բաւական անկեղծ գտնուած է  եւ խոստովանած` 1 օգոստոս 1926-ին,  «Լոս Անճելըս  Էքզեմինըր» թերթին տուած  հարցազրոյցի ժամանակ, ըսելով. «Նախկին երիտթուրքերու կուսակցութեան այս մնացորդները, որոնք պէտք է պատասխան տան միլիոնաւոր մեր քրիստոնեայ հպատակներու կեանքին համար, որոնց  անխղճօրէն զանգուածաբար վտարած են  իրենց տուներէն եւ կոտորած, անհանգիստ են եղած հանրապետական իշխանութեան ներքոյ: Անոնք մինչ այսօր ապրած են թալանով, կողոպուտով եւ կաշառակերութեամբ եւ թշնամացած են օգտակար աշխատանքի մէջ ներգրաւուելու ու  իրենց ճակատի ազնիւ քրտինքով իրենց ապրուստը վաստկելու որեւէ գաղափարի կամ առաջարկի հանդէպ»: Ցաւօք, քանի մը այլ առիթներով Աթաթուրք ինքնիրեն հակասած է` արդարացնելով Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Տիզնի»-ի շարժապատկերին դէմ հայկական առարկութեան մասին լուրը, ընկերութեան ծրագիրներուն հետագայ փոփոխութիւնն ու թրքական զայրացած արձագանգը դարձան անթիւ յօդուածներու նիւթ ամբողջ աշխարհի մէջ`  հանրայնացնելով Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Թրքական լրատուական միջոցները մեղադրած են Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը` Միացեալ Նահանգներու «հայկական հզօր լոպի»-ն, «Տիզնի» ընկերութեան վրայ յաջողութեամբ ճնշում գործադրելուն համար:

Ի սկզբանէ  «Տիզնի»  յայտարարած էր, որ Աթաթուրքը փառաբանող հաղորդաշարը կը ցուցադրուի «Տիզնի փլաս» ցանցին վրայ, 29 հոկտեմբեր 2023-էն սկսեալ, նուիրուած` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին: Փոխելով իր ծրագիրները` «Տիզնի փլաս» այժմ կը նախատեսէ շարժապատկերը սփռել երկու մասով. առաջին մասը կը հեռարձակուի «Տիզնի»-ին պատկանող «Ֆոքս Թի. Վի.» հեռատեսիլային ալիքով, Թուրքիոյ մէջ, հոկտեմբեր 29-ին, իսկ երկրորդը` թրքական շարժապատկերի սրահներէն ներս, դեկտեմբեր 22-ին: Երկու շարժապատկերները կրկին կը ցուցադրուին յաջորդ  ամառ:  «Աթաթուրք» շարժապատկերին արտադրութիւնը «Տիզնի»-ին արժած է 8 միլիոն տոլար:

Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Էպուպեքիր Շահին յայտարարած է, որ պաշտօնական քննութիւն պիտի սկսի «Տիզնի»-ի որոշման մասին: Թուրքիոյ խորհրդարանի թուային լրատուական միջոցներու յանձնախումբի նախագահ Հուսէյն Եայման սպառնացած է խիստ պատժամիջոցներ կիրարկել «Տիզնի»-ի դէմ:

Թուրք յայտնի գործիչները, որոնց շարքին` քաղաքական գործիչներ, արուեստագէտներ եւ լրագրողներ, զայրացած` դատապարտած են  «Տիզնի»-ն  եւ ջնջած` իրենց բաժանորդագրութիւնները «Տիզնի փլաս»-ի, որ Թուրքիոյ մէջ ունի 50 հազար  բաժանորդ: Թուրքիոյ մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խօսնակ Օմեր Չելիք «ամօթալի» կոչած է «Տիզնի»-ի ծրագիրներու փոփոխութիւնը եւ` պնդած, որ ընկերութիւնը զիջած է «հայկական լոպի»-ին: Ան նաեւ յայտարարած է, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նպատակն է կանխել Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Թուրքիոյ մէջ դեսպան Սերտար Քըլըչ, որ պատասխանատու է Հայաստանի հետ իր երկրի կարգաւորման գործընթացին համար, նոյնպէս չեղեալ յայտարարած է «Տիզնի փլաս»-ի իր բաժանորդագրութիւնը: Թուրքիոյ կառավարութեան լրատուական  «Անատոլու»  գործակալութիւնը հրապարակած է Եորքի համալսարանի Պուրաք Չալըսքանի մեկնաբանութիւնը` «Հայկական լոպին գրաւա՞ծ է «Տիզնի փլաս»-ը» վերնագիրով:

Թուրքիա նոյնիսկ ճնշում գործադրած է իր հայ համայնքին վրայ, որպէսզի վերջինս  ընդդիմանայ «Տիզնի»-ի որոշման: Թրքական վարչակարգի պատանդ, Թուրքիոյ հայկական հիմնադրամներու ընկերակցութեան նախագահ Պետրոս Շիրինօղլու հանդէս եկած է ամօթալի յայտարարութեամբ` քարոզելով Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն չունեցող խօսքի ազատութիւնը եւ կոչ ընելով «ամերիկահայ կազմակերպութիւններուն` աւելի պատասխանատու գործել»:  Նաեւ, խորհրդարանի անդամ Սեւան Սիվաճըօղլուն, որ կը ներկայացնէ Էրտողանի կուսակցութիւնը, մտահոգութիւն յայտնած է, որ «Տիզնի»-ի որոշումը  կը խոչընդոտէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ կը խաթարէ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական կապերու զարգացման ներուժը:

Ըստ «Միտըլ Իսթ այ»-ի, «յունիսին, «Տիզնի» հեռացուց բազմաթիւ ելոյթներ եւ շարժապատկերներ  «Տիզնի փլաս»-էն` ընթացիկ մնացորդները եւ իր հարկային  հաշիւը  նուազեցնելու  համար: Այս ռազմավարութիւնը նաեւ յանգեցուցած է թրքական ութ հեռատեսիլային ելոյթներու եւ շարժապատկերներու հեռացման, որոնք արտադրուած են բացառապէս «Տիզնի»-ի թրքական հոսքային հարթակին համար` կասեցնելով թրքական նոր բովանդակութեան թողարկումը»:  «Տիզնի փլաս» (Թուրքիա) հաստատած է, որ  անիկա  այսպիսի որոշում կայացուցած է:

Այս բոլոր  վիճաբանութիւններէն  կարելի էր խուսափիլ, եթէ  «Տիզնի»  փոքր ուսումնասիրութիւն  մը կատարէր` նախքան նման անհիմն արկածախնդրութեան երթալը: «Տիզնի» իրաւունք չունի պատրաստելու վաւերագրական շարժապատկեր` Աթաթուրքի կամ քաղաքական այլ գործիչի մասին:  «Տիզնի»  կուրօրէն ստանձնած է  այս  նախագիծը` զայրացնելով բազմաթիւ հայեր  ամբողջ աշխարհի տարածքին: Եւ յետոյ, հասկնալով իր սխալը, «Տիզնի»  լուաց  իր  ձեռքերը եւ վաւերագրական շարժապատկերը խորամանկօրէն նետեց Թուրքիոյ «Ֆոքս Թի.Վի.»-ի եթեր:

Այսուամենայնիւ, ճակատամարտը մասամբ  շահուած է: Թէեւ  վիթխարի  «Տիզնի» ընկերութիւնը փոխած է իր ծրագիրները, սակայն աշխարհասփիւռ հայութիւնը այժմ պէտք է հետամուտ ըլլայ այս  խնդիրին` «Տիզնի»-ի  բարձրագոյն ղեկավարներու հետ, երեք պատճառով.

1.- Ամբողջութեամբ ջնջել Աթաթուրքի վաւերագրական շարժապատկերը եւ զայն չյանձնել Թուրքիոյ Fox-TV-ին,

2.- Համոզուիլ, որ  «Տիզնի»  ընկերութիւնը այլեւս երբեք չի մտածեր թրքական քարոզչական շարժապատկեր ստեղծելու մասին,

3.- Կոչ  ընել «Տիզնի»-ին` հայկական թեմայով վաւերագրական շարժապատկեր նկարահանելու,  օրինակ` Հայոց ցեղասպանութեան  եւ Հայաստանի ու  Արցախի հանրապետութիւններու մասին:

Ցաւօք, անգամ մը եւս ամերիկահայ համայնքը մինակ  մնաց  թրքական ամենազօր կառավարութեան դէմ պայքարին մէջ` առանց դոյզն օգնութեան Հայաստանի ղեկավարներու, որոնք իրենք զիրենք այնպէս կը պահեն, կարծես հայկական հարցերը զիրենք չեն հետաքրքրեր:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

«Ճանաչում` Յանուն Փրկութեան»

Յաջորդը

Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Բանակցութիւններ. Որո՞նք Են Նպատակն Ու Տեսլականը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?