ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Հարկ է խոստովանիլ, որ մեր սերունդը տարօրինակ հոգեվիճակի մը դէմ յանդիման կը գտնուի վերջին տարիներուն: Փաստօրէն, հրապարակագիրը, որուն յանձնառութիւնն է եղած ամէն առիթի լոյսին բերել պատմաքաղաքական թէ իրաւական արժէք ունեցող ճշմարտութիւններ, ջրդեղել ազգային պարունակը, յոյսով եւ գիտակցութեամբ զինել նորահաս սերունդը, ահա, այս օրերուն, կը դիմագրաւէ հայ կեանքը պատուհասող նորօրեայ մարտահրաւէրներ:
Ըսինք` մեր սերունդը, շեշտադրելու համար իրողութիւն մը անսեթեւեթ, որ կը վերաբերի հայ ժողովուրդի արդի կեանքին ու պատմութեան: Այո՛, սերունդ մը, որ ականատես եղաւ Արցախի ազատագրական պայքարի փայլուն յաղթանակին, հայոց պետականութեան վերականգնումին, հայոց բանակի կազմաւորումին, պետական դրօշակի` եռագոյնի բարձր ծածանումին, բայց մանաւանդ` հայ քաղաքական մտքի ու աշխատանքի տակաւ զարգացումին եւ ամրապնդման, այսօր, այս նոյն սերունդը յանձնուած է հիասթափութեան եւ հոգելլկումի ոլորտին:
Ճիշդ է, որ արդարացում չունի վերեւ յիշուածը, այդուհանդերձ, ստեղծուած եւ իր աւերները գործող քաղաքական թէ զինուորական կացութեան դիմաց, հայութիւնը կը գտնուի իր գոյութենական տեսակն ու հազարամեայ հայրենիքը կորսնցնելու նոր վտանգներու դէմ յանդիման, ինչպէս նաեւ` պարտադրուած ահռելի վիճակէն դուրս գալու հրամայական պահանջին ընդառաջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին երեսուն տարիները` իրենց լուսաւոր թէ արատաւոր պատկերով, սապէս ուժ, կորով ու ազգային խանդավառութեան ջահը վառած էին` ամէն հայու սրտին մէջ, յանուն հայոց դարաւոր երազանքին` Արարատի վերատիրացման եւ իրերայաջորդ սերունդներու առաւել հայացման, այսօր, հայրենի հողին վրայ տեղի կ՛ունենան ապաշնորհ եւ անըմբռնելի գործընթացներ, անոնք ըլլան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ ազգագրական:
Ու յաճախ կը մեղադրուինք (չգործածելու համար այլ բառ), որ անարդար վարք ու բարք ցոյց կու տանք, երբ կը քննադատենք հայոց պետականութեան գլխին անցած նոր օրերու իշխանութիւնը, որ ոչ միայն յանձնեց Շուշին ու Քարվաճառը, ուրացաւ հայու թափուած սուրբ արիւնը, այլ նաեւ կը փորձէ «վաճառել» Արարատն անգամ, որ հազարամեակներէ ի վեր կանգուն է Երեւանի դիմաց եւ լո՜ւռ կը դիտէ իւր որդոց ապիկարի, տխեղծ ու ապազգային գործելակերպերը:
10 օգոստոս 1920:
Արդ, հայ գրիչը, պատմաբանը, քաղաքական վերլուծաբանը պէտք է, սապէս պարտաւոր է անդրադառնալու Սեւրի դաշնագիրին, գէթ իր խիղճին հանգստութիւն շնորհելու, իսկ հոգեպէս բթացած ու մտովին դալկացած շրջապատին համար մտքի պայծառութիւն հայցելու Ստեղծիչէն:
Եւ դե՜ռ կ՛ուզենք խօսիլ ու գրել Սեւրի դաշնագիրին մասին, որ 103 տարիէ ի վեր ներկայ է եղած հայ քաղաքական մտքի պաստառին վրայ` յանուն հայոց իրաւունքի պաշտպանութեան եւ ձեռքբերման:
Փաստօրէն, երբեմնի Օսմանեան կայսրութեան փլուզումով`վերջ կը դրուէր վեց հարիւր տարիներու եաթաղանի, թալանի, վայրագութեան, բնաջնջումի եւ ստրուկի դարաշրջաններ, զարկ տալով ժողովուրդներու ազատութեան եւ անկախութեան: Հայը, կ՛օգտուէր աշխարհաքաղաքական նորովի քարտէսագրումէն, եւ, նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով (22 նոյեմբեր 1920) կը տիրանար իր դարաւոր երազանքին եւ իրաւաքաղաքական իրաւունքին:
Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչին` Աւետիս Ահարոնեանի գրիչով ստորագրուած դաշնագիրը, այլապէս կը ստանար իր հայաշունչ օրհնութիւնը, միանգամընդմիշտ վերջ դնելով արտասովոր մեկնաբանութիւններու:
Սեւրի դաշնագիրը, որ կը կրէ նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կնիքը, իբրեւ գերհզօր պետութիւն, ձեւով մը իր քաղաքական ու ապահովական երաշխիքը տուած կ՛ըլլար հայութեան ապագայի ճակատագրի տնօրինման մէջ: Միւս կողմէ, Համաշխարհային Ա. պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Դաշնակից պետութիւններ, յատկապէս` եւրոպական (Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Պելճիքա, Ճափոն եւ այլք), թէեւ ստացած էին լիազօրութիւն` իրենց գաղութատիրական ախորժակները առաւել սրելու եւ տիրելու միջինարեւելեան երկիրներու նաւթին եւ հարստութեան, անոնք, այս դաշնագիրով` կը ստանձնէին յանձնառութեան բաժին մը, մեր պարագային` հայոց հայրենիքի աշխարհագրական ու քաղաքական դիրքը ամուր պահելու:
Այդուհանդերձ, աշխարհաքաղաքական արագ փոփոխութեան պատճառած թոհուբոհին հետեւանքները ամբողջութեամբ զգետնեցին հայութեան երազանքը:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն եւ նոր քարտէսագրուած աշխարհակարգի մը ձեւաւորումէն ետք, Սեւրի դաշնագիրը կորսնցուց իր հմայքն ու իրողական ուժը: Իբրեւ միջազգային փաստաթուղթ` մնաց հզօր պետութիւններու շահարկումներուն եւ հետապնդած նպատակներուն առանցքին:
Աւելի՛ն. Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, ա՛լ ո՞վ կը խօսէր Սեւրի մասին, երբ համաշխարհային քաղաքական ու տնտեսական համակարգը փոխուեցաւ եւ ստացաւ այլանդակ կերպարանք: Այսօր, ո՞վ կը խօսի Սեւրի դաշնագիրին մասին, երբ ամբողջ մարդկութիւնը կը գտնուի Մեծ պատերազմի մը սեմին:
Յատկապէս սփիւռքահայութիւնը իր քաղաքական-դիւանագիտական, շատ անգամ ցուցական-քարոզչական պայքարով փորձեց ամէն քայլափոխի լոյսին բերել Սեւրի դաշնագիրին իրողական պատկերը, մե՛րթ յիշեցումի արշաւներ կազմակերպելով, մե՛րթ պետութիւններու խղճին զարնելով` հայոց իրաւունքի հարցը, սակայն, միշտ ալ հայութենէ վեր էին միջազգային շահերու բախումները եւ հետապնդուած վայրագ նպատակները:
Ճիշդ է, որ իրերայաջորդ տասնամեակներուն, հայ քաղաքական միտքը, իր որոշակի չափով եւ կարողութեամբ ձեռնածալ չմնաց, սակայն չկրցաւ պարտադրել ինքզինք, որովհետեւ հայութեան կը պակսէր հիմնական ուժը` տնտեսական միտքը, քաղաքականին առընթեր, որով պիտի կարենար ազդու դերակատար ըլլալ թաքուն թէ բացայայտ հարթակներու եւ միջազգային ամպիոններու վրայ:
Վերանկախացած հայրենի պետականութիւնը, իր երեսուն տարիներու կեանքի կիզակէտին, չկրցաւ հասնիլ ակնկալուածին, աւելի՛ն. մնաց ներամփոփ եւ ներքին հարցերու յանձնուած, բաւարարուեցաւ սովորական գործընթացներու (քաղաքական) հոլովոյթին մէջ իր ներկայութիւնը ապահովելով: Սեւրի դաշնագիրը մնաց հայոց պատմութեան գիրքերու լուսանցքին, կամ` կարգ մը պատմաբաններու քարոզաբոյր խօսքերուն նիւթ հայթայթող պատմական յիշատակ:
Եթէ երբեք Արցախի ազատագրումով` Սեւրի դաշնագիրը ամրակուռ, պինդ եւ հաստատուն քաղաքական ու իրաւական ԿԱՄՈՒՐՋ մը պիտի ըլլար հայութեան իրաւունքի ձեռքբերման համար, փաստօրէն, Արցախի կորուստով` սեւրեան գիրն ու մելանը, խոստումն ու կնիքը էին ու կը մնան փոշիացած փաստաթուղթ, որովհետեւ հայութիւնը չկրցաւ, չուզեց դառնալ աշխարհաքաղաքական ուժ եւ գործօն, գերին մնալով իր քաղաքական մտքի խեղճութեան, բոպիկութեան:
Ըստ երեւոյթին, հայութիւնը դեռ երկա՜ր պիտի շարունակէ անիծել իր բախտը, յանցանքը ուրիշի ուսերուն բեռցնելով եւ ինք իբրեւ պետականութիւն եւ սփիւռք լուռ հետեւիլ իրեն պարտադրուած իրավիճակներուն եւ ճակատագրին:
Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»-ի պատգամը, թէեւ ծանր կը կշռէ մեր մտքին ու խղճին վրայ, սակայն անոր թելադրականութիւնն ու իմաստը տակաւին չենք կրցած ըմբռնել 145 տարիէ:
Պիտի շարունակենք հաւատալ, որ Սեւրի դաշնագիրը չէ կորսնցուցած իր այժմէականութիւնը եւ կը մնայ հայութեան իրաւաքաղաքական իրաւունքներուն ամենավաւերական փաստաթուղթը: