Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Սոյն տարուան մարտի 18-ին տեղի ունեցաւ Յակոբ Չոլաքեանի մեծարման եւ պարգեւատրութեան երեկոն: Նախօրօք ըսի, ներեցէք, նորէն կրկնեմ. պարոն Չոլաքեանին նման անձնաւորութեան մը կարելի չէ մեծարել, այլ մե՛նք կը մեծարուինք անոր գիտութեամբ, եւ կարելի չէ՛ պարգեւատրել, այլ մե՛նք կը պարգեւատրուինք անոր տարած աշխատանքին պտուղներով: Իր նմաններուն (ցաւօք սակաւաթիւ են) շնորհիւ մենք այսօր որբ չենք, դեռ ունինք մայրենի լեզու:
Բերկրալի էր հանրութեան վերաբերմունքը ձեռնարկին, եւ յուսադրող էին անոնց արտայայտած սէրն ու յարգանքը պրն. Չոլաքեանին նկատմամբ, իր ներկայացուցած արժէքով հանդերձ:
Պարգեւատրումին հետ մէկտեղ, անհրաժեշտ է, եւ պարտաւոր ենք անոր տարած հսկայական աշխատանքը չթողուլ, որ ի զուր վատնուի ու կորչի: Այս պատճառով հարկ համարեցի յարգարժան ընթերցողին փոխանցել անոր մտքերէն շարք մը, գուցէ օգտուինք անոր փորձառութեան շողիւնէն:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արեւմտահայերէն, հայ գրականութիւն, բանասիրութիւն եւ պատմութիւն դասաւանդած էք թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ: Խնդրեմ` անդրադառնաք սփիւռքահայ երկու հիմնական օճախներուն մէջ այս առումով, ձեր փորձառութենէն մեկնած, առկայ նմանութիւններուն եւ տարբերութիւններուն:
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Ես կրթական ասպարէզ մտած եմ 1968-ին եւ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ եղած եմ նախ Այնճարի, այնուհետեւ Պէյրութի եւ վերջապէս Հալէպի մէջ, ուր իմ գործունէութիւնս կանգ առաւ 2012-ին: 2014-ին մենք ընտանեօք տեղափոխուեցանք հայրենիք, եւ ես շարունակեցի արեւմտահայերէն դասաւանդել Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:
Լիբանանն ու Սուրիան շատ բաներով տարբեր են իրարմէ, այն իմաստով, որ Լիբանանի մէջ հայերէնի եւ հայերէնաւանդ նիւթերու առատութիւն մը կայ, մեր ժամանակ կար: Իսկ Սուրիոյ մէջ հայերէնի դասաւանդութիւնը սահմանափակուած էր միայն չորս պահերու մէջ, կար նաեւ երկու պահ կրօնագիտութիւն, որ հայերէնով կը դասաւանդուէր: Բայց հակառակ այդ ժլատ պայմաններուն` սուրիահայ դպրոցները կարողացած էին հրաշալի մթնոլորտ ստեղծել, մեծ մասով փոքրիկները հայերէնախօս էին, ընտանիքներէն հայախօս մանուկներ կու գային դպրոց եւ դպրոցին մէջ նախակրթարանէն միջնակարգ, միջնակարգէն երկրորդական արեւմտահայերէն լեզուի գաղտնիքներուն կը տիրապետէին, որքան որ հնարաւոր էր: Պէտք է ըսել, որ այդ պայմաններուն մէջ մենք ունինք երկրորդական վարժարանէ շրջանաւարտ բազմաթիւ յայտնի անուններ, որոնք հետագային գիր ու գրականութեամբ զբաղեցան, մամուլի աշխատակիցներ դարձան եւ արեւմտահայերէնը լաւագոյնս մշակող դէմքերը եղան: Անուններ չտամ, բայց կը յիշեմ մեր աշակերտներէն տասնեակներով, որոնք այսօր հայ գրականութեան եւ հայ մամուլի նուիրեալ աշխատակիցներ են:
Լիբանանի մէջ ալ նոյնն է կացութիւնը, թերեւս աւելի լաւ պայմաններու բերումով աւելի յայտնի անուններ ալ կան հոն: Լիբանանահայ եւ սուրիահայ մեր շրջանաւարտներէն շատեր հետագային տարբեր երկիրներ արտագաղթեցին, ինչպէս` Ամերիկաներ, (Քանատա, Միացեալ Նահանգներ) կամ Աւստրալիա, կամ ուրիշ երկիրներ, ինչպէս Ծոցի երկիրներ` Քուէյթ, եւ այնտեղ շարունակեցին իրենց հայրենանուէր գործունէութիւնը, յատկապէս` դպրոցաշինութեան գործին մէջ, ամէն տեղ դպրոցներ բացուեցան, եւ մեր` սուրիահայ եւ լիբանանահայ, երիտասարդները արեւմտահայերէնի զարգացման նոր պայմաններ ստեղծեցին յիշեալ երկիրներուն մէջ:
Սուրիոյ եւ Լիբանանի պարագան մեր` սփիւռքահայ պատմութեան մէջ իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ այն իմաստով, որ սփիւռքը յարափոփոխ վիճակ մը կը ներկայացնէ, տեղերը միշտ կը փոխուին, բայց միշտ նախկին աւիշը կը շարունակէ ապրիլ նոր միջավայրին մէջ: Հետեւաբար մենք այսօր կը տեսնենք, որ արեւմտահայերէնի զարգացման եւ պահպանման նոր միջավայրեր ստեղծուած են, ինչպէս` Քանատա, Միացեալ Նահանգներու կարգ մը քաղաքներ, որոնք մեզի յոյս կը ներշնչեն, որ արեւմտահայերէնը պիտի շարունակէ իր գոյութիւնը:
Հ.- Ինչպէս ըսիք, Հայաստան փոխադրուելէ ետք արեւմտահայերէն դասաւանդեցիք նաեւ հայրենիքի մէջ: Ձեր անձնական փորձառութիւնը ի՞նչ էր, տարբերութիւն զգացի՞ք սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ:
Յ. Չ.- Համեմատելը ճիշդ չէ, որովհետեւ մենք սփիւռքի մեր դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերէնը կը սորվեցնենք` իբրեւ ազգային եւ մայրենի լեզու: Արեւմտահայերէնը այդտեղ հայապահպանման գլխաւոր լծակ է: Իսկ հայրենիքի մէջ արեւմտահայերէնը գրական հայերէնի տարբերակներէն մէկն է, որուն կը ծանօթանայ ուսանողը` զուտ գիտական մօտեցումով, այսինքն զգացական, հոգեբանական միեւնոյն աշխարհը գոյութիւն չունի: Դասաւանդող ուսուցիչը (դասախօս կամ ուսուցիչ) անմիջապէ՛ս այդ մէկը կը զգայ, դեռ դասարան չմտած` կը կողմնորոշուի եւ ատոր համաձայն ալ դասերը կը վարէ:
Հ.- 21-րդ դարէն արդէն անցած է 23 տարի, հայերէնը ինչպէ՞ս կրնայ այս դարուս նոր, օրէ օր բազմացող մարտահրաւէրները դիմակայել, ոչ միայն դիմակայել, այլ` նաեւ ծաղկիլ:
Յ. Չ.- Ես երբե՛ք յուսահատ չեմ եղած, երբե՛ք արեւմտահայերէնի ապագային մասին գէշ չեմ մտածած, որովհետեւ արեւմտահայերէնը իր ծննդեան օրէն սկսեալ` 19-րդ դարու կէսերէն, միշտ դժուարութիւններ ունեցած է, յաղթահարած է զանոնք եւ վերընձիւղուած է: Ապացոյց, որ 19-րդ դարէն մինչեւ 1915 ինչպիսի՛ վերընթաց զարգացում մը ապրած է: Յետոյ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրուեցաւ, անկէ ետք միթէ հրաշալի երեւոյթ մը չէ՞ արեւմտահայերէնի վերածնունդը սփիւռքի պայմաններուն մէջ, յատկապէս` Արեւելքի սփիւռքին մէջ, այսինքն մեր թրքախօս, արաբախօս, բարբառախօս զանգուածները, երեսունական թուականները մինչեւ, կարողացան իրենց դպրոցներուն մէջ վերապրեցնել արեւմտահայերէնը եւ անոր գոյութեան ճամբան բանալ մինչեւ այսօր:
Հ.- Ի՞նչ է հայկական դպրոցին մեծագոյն դժուարութիւնը եւ ինչպէ՞ս կարելի է յաղթահարել զայն:
Յ. Չ.- Սփիւռքահայ դպրոցին մեծագոյն դժուարութիւնը հայոց լեզու եւ գրականութիւն աւանդող ուսուցիչներ ապահովելն է: Ժամանակին Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կը գործէին հայագիտական բարձրագոյն հաստատութիւններ ու հիմնարկներ, նոյնիսկ` մանկավարժական թեքումով, որոնք հայկական դպրոցներուն հայերէնաւանդ ուսուցիչներ կը պատրաստէին: Այսօր, դժբախտաբար, միայն Հալէպի մէջ Համազգայինի Հայագիտականը կը գործէ: Եւրոպայի մէջ, Ամերիկաներու մէջ կան համալսարաններ, որոնք հայագիտական ամպիոններ ունին, բայց անոնց նպատակը զուտ ակադեմական բնոյթ ունի, ուստի կրթական գործով չեն կրնար մեզի օգտակար ըլլալ: Հետեւաբար շատ մեծ անհրաժեշտութիւն է այսօր ապահովել հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներու մեծ թիւ:
Հայրենիքի մէջ նման բան կայ, սփիւռքի զանազան հաստատութիւններու շրջանաւարտներ հայրենիք կու գան, օրինակ, վերջին տարիներուն Հայկազեան համալսարանէն շրջանաւարտներ կու գան Հայաստան, մագիստրոսական կ՛ընեն, ընդհանրապէս հայերէնի թեքումով, հայոց պատմութիւն, հայ գրականութիւն, արեւմտահայերէն, ապա կը վերադառնան սփիւռք, կրթական ասպարէզ կը մտնեն կամ մուտք կը գործեն այնպիսի հաստատութիւններ, ուր արեւմտահայերէնը կը կենսագործուի, օրինակ` մամուլ, ազգային հաստատութիւններ եւ այլն:
Բայց նկատած եմ, թէ այդ շրջանաւարտները, որոնք մատի վրայ կը հաշուըուին, բոլորն ալ գոհ չեն իրենց ստանձնած պաշտօններէն եւ գործերէն, եւ կամ իրենց մտած ու գործելու կոչուած միջավայրը դժգոհ է իրենցմէ: Հոս ըսեմ, որ միշտ կրկնած եմ, թէ ուսուցիչը համալսարանի վկայականով չ՛ապահովուիր, այլ ուսուցիչը մենք կը պատրաստենք դպրոցին մէջ` իրեն առիթ տալով, որպէսզի ինք իր կարողութիւնները կենսագործէ, ինքզինք փաստէ. առիթ պիտի տանք, որ ինքնիրմէ սորվի: Ամէն քայլի եթէ մենք պիտի քննադատենք մեր երիտասարդ շրջանաւարտները, որոնք մագիստրոսականով կը մտնեն կրթական ասպարէզ, մենք չենք կրնար ունենալ կրթական մարդուժ: Հետեւաբար անոնք կը հեռանան այս ասպարէզէն: Կայ նաեւ այլ երեւոյթ մը, որ նմաններուն կը վստահինք այնքան փոքրիկ ու ճղճիմ գործեր, որ վիրաւորական կ՛ըլլայ: Օրինակ, ես իմ կեանքէս կը յիշեմ, եօթանասունականներուն հայոց լեզուի եւ գրականութեան մագիստրոսի վկայական ունէի, ինծի գործ չտուին օրին, դպրոց մը առաջարկեց, որ իրենց ընդհանուր հսկիչը ըլլամ, պատկերացուր` որքա՜ն վիրաւորական էր ատիկա ինծի համար:
Այսինքն ինծի համար ուսուցիչ մնալը դարձաւ պայքար, իմ յամառութեամբս ես ուսուցիչ կրցայ մնալ, հիմա բոլոր այս երիտասարդներէն նոյնը չենք կրնար ակնկալել, յետոյ` անոնց վիճակը բարացուցական է, դուն կրնա՞ս անոնց օրինակով նորերը խանդավառել եւ բերել: Յետոյ` ի՞նչ կը վճարուի, ամէնէն կարեւորը, այդ երիտասարդները բաւարար չափով վճարում կը ստանա՞ն, միշտ ալ հարց եղած է նիւթական վարձատրութիւնը սփիւռքահայ դպրոցին մէջ: Հայերէնի ուսուցիչները ամբողջ ուսուցչակազմէն տարբեր գնահատանքի պէտք է արժանանան, առանց այլեւայլի: Այս մէկը ներքին քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ բոլոր դպրոցներու իշխանութիւններուն համար, հայերէնի ուսուցիչը ի սկզբանէ պէտք է շատ վճարուի, որպէսզի խայծ ունենայ այդ գործին մէջ մնալու, շարունակելու, եւ ուրիշները այս երեւոյթէն ներշնչուելով` այս ուղին պիտի բռնեն, լեզուն ուսումնասիրեն, սորվին եւ վերադառնան հայկական դպրոց:
Հայ դպրոցը մարդուժի լուրջ խնդիր ունի հայերէնի վերաբերող, եւ ատիկա օրըստօրէ աւելի կը բարդանայ: Ես շա՜տ դպրոցներ գիտեմ, յատկապէս` կիրակնօրեայ, ուր հայերէնի ուսուցիչը նոյնիսկ վեցերորդ դասարանի հայկական կրթութիւն չէ ստացած, բայց հայերէնի ուսուցիչ է, ասիկա տխուր փաստ է, բայց փաստ է. հետեւաբար մենք պէտք է լրջօրէն մտածենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է թիկունք կանգնինք հայագիտութեան հետեւող մեր համալսարանականներուն, ինչպէ՞ս պէտք է ներգրաւենք զանոնք մեր կրթական համակարգէն ներս, ինչպիսի՞ խայծեր պէտք է տրամադրենք, որպէսզի անոնք կապուին այդ գործին, չմտահոգուին այլ խնդիրներով, ինչպէս, նիւթական, այլ ամբողջովին նուիրուին իրենց սուրբ աշխատանքին` հայերէնի ուսուցման:
(Շար. 1)