Յօդուածներ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Եագուպիէի Ս. Աննայի Ուխտի Օրը Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Եագուպիէի հայրենակցական միութեան, 20 օգոստոսին Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, ըստ աւանդութեան, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան յիշատակուեցաւ Ս. Աննայի ուխտի օրը: Օրուան պատգամը յղեց առաջնորդ սրբազանը, որ փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ առիթ ստեղծեց եւ շնորհք ըրաւ համախմբուելու Ս. Քառասնից Մանկանց...

Սթափելու Ժամանակը

Սփիւռքը Ինչո՞ւ Լուռ Էր

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ժամանակին հպարտութեամբ կ՛ըսէին, որ եթէ Ազրպէյճանը նաֆթ ունի, մենք ալ սփիւռք ունինք: Հիմա կ՛ըսեն. ո՞ւր է սփիւռքը, ինչո՞ւ չի շարժիր: Ժամանակին սփիւռքը կը շարժէր, որովհետեւ Հայաստանը կը շարժէր. այժմ Հայաստանը լռած է, սփիւռքը հեռուէն պէտք է իր փոխարէն խօսի, պահանջէ բան մը, որուն Հայաստան կը ձեւացնէ, որ չի հաւատար: Սփիւռքի կազմակերպուած կառոյցները մատնուած են անել կացութեան: Հայաստանի նոր...

Մեծ Ուրախութեան Աւետիսը  (Ս. Ծնունդ)

Թիւ Չենք, Մարդ Ենք

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Ամէնօրեայ մեր ներկայ կեանքին մէջ թիւերը իրենց կարեւոր դերը ունին: Թիւերը մեր ամէնօրեայ բառարանին անբաժան մէկ մասը կը կազմեն: Օրինակ, երբ մէկը կը փորձէ մեզ խաբել, մեզի սպառնալ, մեզ շահագործել, սովոր ենք ըսելու. «Թիւդ ունիմ, կրնամ ոստիկանութեան լուր տալ»: Երբ մէկը մեր գնահատանքին եւ համակրանքին առարկայ է, անոր կ՛ըսենք,  «Դուն ինծի համար թիւ մէկ բարեկամ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ  «Ազատ Սիւնիք» Գրքոյկ - ՀՅԴ Երիտասարդականի Հրատարակութիւն Դաւիթբէկեան ուխտերու ծնունդի այս բացառիկ օրը կը ներկայացնենք «Ազատ Սիւնիք» գրքոյկի հրատարակութիւնը` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի դաստիարակչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ: 25 օգոստոս 1920-ին Կապանի Կաւարտ գիւղին մէջ Նժդեհի զինուորները կ՛ուխտեն Դաւիթ Բէկի անունով` «Հաւատարիմ մնալ հայրենի երկրի ազատութեան, իրենց հրամանատարին` Նժդեհին, եւ կռուիլ մինչեւ վերջին շունչը»: Գրքոյկին վերնագիրը ներշնչուած է ինքնավար Սիւնիքի...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշի` Արհեստներու Եւ Առեւտուրի Կեդրոն

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշի` Արհեստներու Եւ Առեւտուրի Կեդրոն

Դպրոցներ Եւ Ընթերցասիրաց Ընկերութիւն ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի մէջ ընկերային եւ տնտեսական բարեփոխումներու պայմաններուն տակ զարգացման շերամապահութիւնը, բամպակագործութիւնը, խաղողագործութիւնը եւ մետաքսի պատրաստութեան գործարաններ բացուեցան: Շուշի դարձաւ մշակոյթի կեդրոն. թեմական դպրոցի կողքին բացուեցան այլ դպրոցներ, իսկ Ընթերցասիրաց ընկերութիւնը զարկ տուաւ ժողովուրդին մէջ լուսաւորութեան տարածման: * * * Ռուսաստանի մէջ 19 փետրուար 1861-ի կայսերական հրամանով ճորտատիրութիւնը ջնջուեցաւ: Նոյն ժամանակ կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղաւ ընկերային...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Մտորում` Հայրենատիրութեան Ուղիով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ մտահոգութեան եւ մղձաւանջի առարկան են գիտակից հայ մարդուն, ուր որ ալ գտնուի ան, եթէ չէ այլասերած, որ «Յաղթելու ենք»-ի ձրիաբար բաշխուած երազէն ետք, «Միացում» լսելէ եւ անոր հաւատալէ ետք ան այսօր ինքզինք կը գտնէ անլուսամուտ պատի առջեւ, եթէ «ուտուշ-խմուշ»-ի երջանիկ տուրիստ  կամ «ազգի գործերով զբաղող «էսթեպլիշմընթ»-ներու մեծ կամ պզտիկ ինքնագոհ խաղցող չէ: Խորհրդային Միութեան...

Սրբոց Հրեշտակապետաց Հայ Կաթողիկէ Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի 5-Ամեակին Նուիրուած Պարբերական

Սրբոց Հրեշտակապետաց Հայ Կաթողիկէ Միացեալ Հոգեւոր Ճեմարանի 5-Ամեակին Նուիրուած Պարբերական

Այսօր համաշխարհայնացման յորձանուտին մէջ խարխափող մարդը ընդհանրապէս եւ հայը` մասնաւորաբար, տարուած ճարտարարուեստի ընձեռած «բարիքներէն», կը հեռանայ իր արմատներէն եւ կը դատարկուի իր էութենէն` որդեգրելով օտարներու անյարիր բարքերն ու սովորութիւնները, կենցաղն ու ապրելակերպը, որով անբարոյ վարքերը կը գերակշռեն մարդու ապրելակերպին ու  մտածելաոճին մէջ, ուստի եւ կը չքանան ազգային աւանդութիւններն ու հայկական նկարագրային խառնուածքը, մանաւանդ` երիտասարդ տարրի մօտ: Առ այդ, այսօր, աւելի...

Յ. Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – Գ.  «Անհրաժեշտութիւնն Է, Որ Զիս Մղած Է Ուսումնասիրութիւններ Կատարելու Եւ Զանոնք Հրատարակելու», Կ՛ըսէ Յակոբ Չոլաքեան

Յ. Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – Գ. «Անհրաժեշտութիւնն Է, Որ Զիս Մղած Է Ուսումնասիրութիւններ Կատարելու Եւ Զանոնք Հրատարակելու», Կ՛ըսէ Յակոբ Չոլաքեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մերօրեայ ժամանակաշրջանին առցանց դպրոցները տիրական ներկայութիւն դարձած են, անոնք նաեւ կան հայկական իրականութեան մէջ, ի՞նչ կը մտածէք անոնց մասին:      ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Այսօր, աւանդական դպրոցին կողքին, կան ուսուցման արդիական միջոցներ: Առցանց ուսուցումը, առցանց համալսարանները շատ մեծ տեղ կը գրաւեն ընդհանրապէս աշխարհի մէջ, նաեւ սկսած են մուտք գործել հայ կեանքին մէջ: Ես, օրինակ, Երեւանի մէջ կը...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Անկախութեան Հռչակագիրի Աղաւաղում

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անկախութեան Հռչակագիրի Աղաւաղում

Յատկապէս տարեդարձները, եթէ քաղաքական երես մը ունին, հետզհետէ սկսած են ահ ու սարսափի մատնել հայորդին: Նմանօրինակ սենարիօ մըն ալ պատահեցաւ վերջին քանի մը օրերուն, երբ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 33-ամեակը նշելու համար խօսք առաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Եթէ անոր յայտարարութիւններն ու խօսքերը հաւաքենք եւ ներկայացնենք, հաւանաբար կը մատնուինք, երկմտանքէ աւելի, գլխապտոյտի: Զիրար հակասող հաստատումներ, բացատրութիւններ, լուսաբանութիւններ եւ վերլուծումներ, որոնց...

Դաշնակցութեան 132-Ամեակ

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Ա. –

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Է՜ր երբեմն, տասնամեակներ առաջ, Հայոց ցեղասպանութեան ապրիլեան ոգեկոչումի օրերուն անպայման կը յիշատակուէր Սիամանթոն` որպէս մէկը մեր նահատակ մեծ մտաւորականներէն, Դանիէլ Վարուժանի, Ռուբէն Սեւակի, Ռուբէն Զարդարեանի, Գրիգոր Զոհրապի, Երուխանի, Թլկատինցիի, Հրանդի եւ անոնց տարաբախտ սերնդակիցներուն շարքին: Տեղ մը, բեմէն կամ մամուլի էջերէն, անպայման կը լսէինք այս անունը կամ կը հանդիպէինք անոր դասական մէկ լուսանկարին, զոր շա՛տ լաւ կը ճանչնայինք:...

Հարցազրոյց Պօղոս Սնապեանին Հետ. 1979

Վասն Արցախի… Դուրս Գալու Համար Պարտադրուած Թմբիրէն

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ամիսներէ ի վեր ընկերային ցանցերու թէ լրատուական զանազան միջոցներու կողմէ սփռուած լուրերով ականատես թէ ականջալուր կ՛ըլլանք Ազրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգին կողմէ Արցախին պարտադրուած արգելափակումի ու շրջապատումի լուրերուն առնչուած վերիվայրումներուն: Ասոր զուգահեռ, կ՛իմանանք, որ ազերիները հերթականօրէն կը բռնաբարեն Հայաստանի թէ Արցախի հանրապետութեանց սահմանները, կը պղծեն հայկական հողերը ու զանազան ռազմական միջոցներով կը հրակոծեն սահմանամերձ գիւղերն ու անոնց բնակիչները: Կարծես...

Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ

ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Ապաշնորհ Գործողութիւնները Աւելի Շատ Վնաս Տուին, Քան Օգուտ

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդը բաղկացած է 15 անդամ պետութիւններէ, որոնցմէ  հինգը` Միացեալ Նահանգները, Մեծն Բրիտանիան, Չինաստանը, Ռուսիան եւ Ֆրանսան, մնայուն անդամներն են եւ ունին վեթոյի իրաւունք, իսկ մնացած տասն կ՛ընտրուին երկու տարի ժամկէտով` հերթագայութեամբ (rotation): Ապահովութեան խորհուրդի լիազօրութիւնները կը ներառեն խաղաղապահ գործողութիւններու հաստատումը, միջազգային պատժամիջոցներու սահմանումը եւ ռազմական գործողութիւններու արտօնումը: Ասիկա ՄԱԿ-ի միակ...

Մինակ Չես

Արեգակն Արդար…

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ «Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ,  երկնակամարը Անոր արարչութիւնը կը վկայէ» (Սաղմոս 19. 1) Պիքֆայայի լեռնային բարձր դիրքը կը նպաստէ  Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ապրողներուս Աստուծոյ մօտենալու գործընթացին մէջ: Մեր նախնիները կը հաւատային, որ լեռները այն վայրերն են, ուր մարդ աւելի դիւրութեամբ, հանգստութեամբ եւ արագ կերպով կրնայ հանդիպիլ Աստուծոյ հետ: Եւ իրապէս այդպէս է: Ամէն անգամ, որ Պիքֆայա...

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Գ.

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ 3.- Ազգապատկան կալուածներու հետքերով Սուրիահայութիւնը եւ մանաւանդ հալէպահայութիւնը աննախատեսելի պատերազմի դառնագոյն հետեւանքները կրեցին: Արտակարգ պատերազմի տագնապեցնող ահ ու սարսափը, աղէտալի իրավիճակը անցնող ամէնէն բռնկուն (2012 - 2016) եւ դժոխային տարիները, իսլամ ծայրայեղականներու պարտադրեալ եւ սպառնացող չարիքները, տեղահանութեան եւ գոյութենական վտանգները, հարկադրեալ ընկերային սահմանափակումները կը թուէին մասամբ մը մեղմացած եւ հանդարտած ըլլալ (1): Աննախանձելի մղձաւանջէն եւ քաոսէն ետք...

Անձեռնմխելիութեան Սահմանադրաիրաւական Հաստատութիւնն Արցախում

Արցախի Կարգավիճակը Ձեւի Եւ Բովանդակութեան Հոլովոյթում

ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ԻՐԱՒԱԲԱՆ Ձեւը եւ բովանդակութիւնը, որպէս կանոն, արտացոլում են ոչ թէ իրականութիւնը կամ երեւոյթները, այլ` միայն նրանց էութիւնը: Իսկ ո՞րն է առաջնային. ձե՞ւը, թէ՞ բովանդակութիւնը: Ի հարկէ իտէալական կը լինի, եթէ միմեանց հետ կապուած այդ հասկացութիւնները համապատասխանեն իրար: Ամէն դէպքում, ձեւը փոխւում է բովանդակութեան հետ մէկտեղ`  խստօրէն ազդելով վերջինիս վրայ: Վերջերս համացանցում վիճաբանութեան նիւթ է դարձել,...

Խաչպանց

Խաչպանց

ԳՐԻԳՈՐ ՏՈՒՆԿԵԱՆ 2013-ին Ֆերման Թորոսլարի թրքերէնով հեղինակած «Աքսոր» գիրքին, ամբողջական վերնագրով` «Ապստամբութեան բովէն անցած մութքեցի հայ ընտանիք մը», «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի գործակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ, Մարի Մերտխանեան Եարալեանի կողմէ արեւմտահայերէնի թարգմանուած եւ «Լուսակն» հրատարակչատունէն, Երեւանի մէջ, 2022-ին լոյս տեսած գրքին ընթերցումիս աւարտին արտասովոր փափաք մը մղեց զիս գիրքին բովանդակութեան մասին գոնէ մամուլով իրազեկելու ընթերցասէրները եւ նախաճաշակ մը տալու այս նորատիպին...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Թուղթ Ու Մատիտ Մհերին

Մհեր Ջուլհաճեանի Նահատակութեան 30-Ամեակ

«Կորսուած են նախաձեռնելու, գործելու ամէն ձեռնհասութիւն, եւ դարձած ենք դիտող, պարզ ամբոխ. երիտասարդութիւնը դարձած է պատեհապաշտ` այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհ ըլլալով: Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին»: Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեան` լիբանանահայ խրոխտ երիտասարդը, իր իսկ արտասանած վերոյիշեալ տողերուն դէմ ելաւ, երբ որոշեց դիտողի դերէն դուրս գալ, առօրեային հետ հաշտուած ամբոխէն անջատուիլ, չըլլալ պատեհապաշտ երիտասարդ մը, չդառնալ զոհը...

Մեր Հայրենակիցները Պէտք Է Լաւ Հասկանան, Թէ Ի՛նչ Է Իրականում Տեղի Ունենում Արցախում

Մեր Հայրենակիցները Պէտք Է Լաւ Հասկանան, Թէ Ի՛նչ Է Իրականում Տեղի Ունենում Արցախում

Քաղաքագէտ ՀՐԱՆԴ ՄԵԼԻՔ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Արցախը մտնում է դիմադրութեան վերջին փուլ: Տեսնելով, որ Արցախի մեր հայրենակիցները յաղթահարում են շրջափակման փորձութիւնը, աւելի՛ն, որ` այդ շրջափակումը հիմա հէնց իրեն է աւելի շատ վնասում, Ալիեւն ու իր «եան» ազգանունով գործակալները հերթական կեղտոտ խաղն են սկսել Արցախի դէմ: Հաւաքել են մի խումբ թափթփուքների, դրանց վրայ չինական որակի «Փրիկոժին» կարգել, անունն աշխարհազօր դրել ու փորձում են...

Պետիկ Չիֆթէլեան  (1951 – 2023 )

Պետիկ Չիֆթէլեան (1951 – 2023 )

ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ Քառասուն օրեր առաջ, լիբանանահայ համայնքը յատկապէս թատերական շրջանակը եւ Համազգայինի շրջանակը, կորսնցուցին իր տեսակին մէջ յատուկ նկարագիր ունեցող, մարդամօտ, գործունեայ ու թատերասէր Պետիկ Չիֆթէլեանը: Պետիկը ծնած էր 8 յունուար 1951-ին: Աւարտած էր Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը: Ան լիբանանահայ թատրոնի «խենթ» տղաներէն էր: Մօտ յիսուն տարի իր մասնակցութիւնը բերած էր Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին, մաս կազմած...

Բոլորին Սիրելի Պետիկը

Բոլորին Սիրելի Պետիկը

ԴԱՒԻԹ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Ցանկացած քաղաք, ցանկացած գիւղ, նոյնիսկ ցանկացած երկիր կը շաղկապուի որոշ մարդկանց  միջոցով: Ա՛յ, երբ ասում են, ենթադրենք, Լոռի, շատ որոշակի մարդիկ են գալիս աչքիս առաջ յայտնւում  ե՛ւ պատմութիւնից, ե՛ւ այսօրուայ կեանքից: Ա՛յ, երբ ասում ենք Պէյրութ,  աչքիս առաջ անմիջապէս պատկերներ են գալիս Պուրճ Համուտից, իսկ երբ ասում են Պուրճ Համուտ,  մեծ արագութեամբ որտեղից որտեղ ծլում է մի պատկեր,...

Page 242 of 1111 1 … 241 242 243 … 1,111

Արխիւներ