Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Մերօրեայ ժամանակաշրջանին առցանց դպրոցները տիրական ներկայութիւն դարձած են, անոնք նաեւ կան հայկական իրականութեան մէջ, ի՞նչ կը մտածէք անոնց մասին:
ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- Այսօր, աւանդական դպրոցին կողքին, կան ուսուցման արդիական միջոցներ: Առցանց ուսուցումը, առցանց համալսարանները շատ մեծ տեղ կը գրաւեն ընդհանրապէս աշխարհի մէջ, նաեւ սկսած են մուտք գործել հայ կեանքին մէջ: Ես, օրինակ, Երեւանի մէջ կը ճանչնամ տասնեակ մը մարդիկ, որոնք առցանց հայերէն կը դասաւանդեն աշխարհի տարբեր անկիւններու աշակերտներու` անհատապէս: Հրաշալի երեւոյթ է, որովհետեւ արդիական միջոցները մենք լաւապէս սկսած ենք օգտագործել հայերէնի ուսուցման, հայերէնի պահպանման համար, ասիկա ծափահարելի եւ ուրախալի երեւոյթ է:
Բայց եւ այնպէս պէտք է շեշտել, որ այս ուսուցման ձեւը չի կրնար փոխարինել ամէնօրեայ դպրոցը, ուր հայ աշակերտները կը համախմբուին, իրարու հետ կը խօսին մայրենիով եւ այլն: Ասիկա կարելի չէ համեմատել առցանց ուսուցման հետ, որուն ընթացքին գործ ունինք անհատ աշակերտներու հետ, նոյնիսկ եթէ այդ դասընթացքը երեսուն ուսանող հաւաքէ, այդ երեսուն աշակերտները իրարու հետ երբեք կապ չեն ունենար, կրնան առցանց որոշ յարաբերութիւն մշակել, բայց անոնք իրարու հետ չեն մեծնար:
Իսկ դպրոցը այն մթնոլորտն է, որ կ՛ապահովէ հայապահպանութեան հիմնական հիմքը, այդ մանուկները միասին կը մեծնան, հայօրէն կը մեծնան, իրարու կը կապուին, զիրար կը փնտռեն, յետոյ ճամբայ կը հարթեն` կազմելու հայ ընտանիք, առանց որուն` չեմ կրնար պատկերացնել հայապահպանութիւնը: Հետեւաբար առցանց ուսուցումը մանաւանդ հեռաւոր երկիրներու մէջ մեկուսի մնացած հայ փոքրիկին համար հրաշալի միջոց է, նաեւ ծնողքին համար շատ օգտակար է, որ հաւաքէ փոքրիկները, նստի պաստառին դիմաց եւ հայերէնի դասերուն հետեւի: Փոքրիկները այդտեղ կը վերամկրտուին հայերէնով, կը սորվին քիչ մը հայերէն, բայց անիկա իրենց կեանքին մէջ չ՛ունենար այն ներգործութիւնը, ինչը ունի ամէնօրեայ դպրոցը:
Հ.- Արդիական միջոցները, արհեստագիտութիւնը այսօր նոր կարելիութիւններ կը ստեղծեն նաեւ ուսուցման համար, կը կարծէ՞ք, թէ ատիկա մեր պարագային եւս ի զօրու է:
Յ. Չ.- Առցանց կարելիութիւնները պէտք չէ թերագնահատել, նոյնիսկ զանոնք պէտք է ներառել մեր դպրոցներուն մէջ, օրինակ` շարադրութիւն գրելը պիտի ըլլայ համակարգչային եղանակով, երեսուն աշակերտ հաշուող դասարանին մէջ ուսուցիչը իր պաստառով պէտք է հետեւի շարադրութիւն գրելու գործընթացին, տեսնէ` աշակերտը ինչպէ՞ս սկսաւ նախադասութիւնը, պէ՞տք է միջամտէ, սորվեցնէ: Թերեւս` միայն այդ ուսանողին, նաեւ` ամբողջ դասարանին, եւ փոքրիկները այդտեղ պիտի սորվին, օրինակ, շարադրել հրաժարական մը, շարադրել դիմում մը, շարադրել փոքրիկ կենսագրութիւն մը: Այդպիսով փոքրիկը նաեւ հայերէն գրել պիտի սորվի եւ մանաւանդ վարժուի ստեղնաշարին:
Պէտք է դպրոցէն սկսինք արհեստագիտութեան ներմուծման. գրել, գեղագրութիւն ընել եւ մատիտով աշխատիլը այլեւս գծագրութեան պահերու յատուկ երեւոյթ է, թող փոքրիկը ուղղակի գրել սորվի ստեղնաշարով, փոխանակ այբ գծելու` թող այբ գրէ, եւ ատիկա թող գրէ մանկապարտէզէն սկսեալ, մենք շատ շահած կ՛ըլլանք այդպիսով: Բայց տակաւին մեր դպրոցները կարելիութիւններ չունին կամ չեն ստեղծեր, հակառակ անոր որ ասիկա ընելը մեծ բան չէ, կարեւորը կամեցողութիւնն է, ուսուցիչներու պատրաստութիւնն է, երբեմն կը պատահի, որ ուսուցիչները այդ կարողութիւնը չունին, իմացութիւնը չունին, անոր համար պատրաստուած չեն, այդ պատճառով ալ վերաորակաւորման դասընթացքները, ուսուցիչներու վերապատրաստման աշխատանքներ պէտք է մնայուն եւ հետեւողական ըլլան: Մեր ազգային իշխանութիւնները կամ դպրոցական ցանցեր ունեցող հաստատութիւնները պիտի մտածեն, որ վերապատրաստումը եւ դասարաններու միջոցները վերափոխելը շատ անհրաժեշտ բաներ են:
Հ.- Երբ կը խօսինք արհեստագիտութեան մասին, չենք կրնար չանդրադառնալ ընկերային ցանցերուն եւ հոն հայոց լեզուի գործածութեան տարօրինակութիւններուն, որոնցմէ է լատինատառի օգտագործումը:
Յ. Չ.- Այսօր մեզի համար աղէտ է լատինատառ հայերէն գրելը, այսինքն երբ որ կը դիտենք Դիմատետրի էջերը, պիտի տեսնենք, որ լատինատառ կամ սլաւոնական կիւրեղեան գիրեր գործածողներուն թիւը հսկայական է, իսկ հայատառ գրողներուն թիւը` քիչ: Այնուամենայնիւ Դիմատետրին մէջ հետզհետէ կ՛աւելնան հայատառ գրողները, մարդիկ կը վախնային ժամանակին հայերէն գրելէ, որովհետեւ կը կարծէին, թէ ուղղագրական բազմաթիւ սխալներ ունին: Ուղղագրական սխալներուն համար պէտք չէ ամչնան, պէտք է ամչնան լատինատառ գրելուն համար: Ֆէյսպուքը իսկապէս դիմատետր է, սեւագրութեան տետր է, ուր հայերէն սորվելու կարելիութիւն կայ իսկապէս, եթէ դժուարութիւն ունեցողները հետեւին հայատառ գրութիւններուն, անպայման սորվելիք պիտի ունենան անոնցմէ եւ իրենք եւս սկսին հայատառ գրել:
Հ.- Ի՞նչ պատգամ ունիք հայ աշակերտներուն:
Յ. Չ.- Ես հայ աշակերտին պատգամ չունիմ, որովհետեւ հայ աշակերտը ինծի համար միշտ բարեկամ մնացած է, ես միշտ զգացած եմ, որ իմ յարաբերութիւնս աշակերտի հետ հաւասարէ հաւասարի է, ես զինք կը սիրեմ, զինք մտիկ ընել կը սիրեմ, հետեւաբար ինքն ալ կը սիրէ զիս եւ կը սիրէ լսել զիս: Այսպէս փոխադարձ է: Ես շատ կը սիրեմ շարադրութիւններ մտիկ ընել, աշակերտները կ՛ելլէին ու կը կարդային իրենց շարադրութիւնները, աշխարհը ինծի կ՛ըլլար, իրենք կը տեսնէին այդ:
Կը նշանակէ որ այնտեղ ես իրենցմէ շատ բան կ՛առնէի: Պէտք է ըսել, որ աշակերտները գործերուս մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած են, մասնակցած են, նիւթեր հաւաքած են, ինծի հետ խմբագրած են, ինծի հետ պրպտումներ կատարած են, զիս առաջնորդած են, այսինքն երբ որ ես աշակերտներուս հետ այդպէս ընկերոջ պէս վարուած եմ, ոչ թէ գիտակցօրէն կատարած եմ ատիկա, այլ բնականաբար, եւ այդ բնական բարեկամութիւնը այսպէս ուսուցիչ-աշակերտի այդ պատնէշը վերցուցած է մեր միջեւ: Եւ ես ատոր համար շատ ուրախ եմ, որ այդքա՜ն հսկայաթիւ բարեկամներ ունիմ, աշխարհին բոլոր անկիւնները:
Հ.- Ունիք գործունէութեան բաւական ընդարձակ եւ բազմաբնոյթ դաշտ, այս բոլորէն ո՞ր մէկը ձեր սրտին մօտիկ է առաւելաբար:
Յ. Չ.- Ճիշդ է` մանկավարժութեան կողքին զբաղած եմ նաեւ բանասիրութեամբ, ազգագրութեամբ, ուսումնասիրութիւններ պատրաստելով, դասագիրքերու պատրաստութեամբ եւ այլն, ինծի համար նախասիրութիւն չկայ, գիտեմ, որ ուսուցչութիւնը անհրաժեշտութիւն մըն է, այդ սերունդին հետ ըլլալը, անոր հայերէն սորվեցնելը, կարգ մը նիւթեր փրկելը հիմնական են:
Ազգագրութիւնը ի՞նչ է. ազգային արժէքներու հաւաքագրում է, սփիւռքի պայմաններուն մէջ մենք ունինք ահագին արժէքներ, որոնք դատապարտուած են կորուստի: Հետեւաբար տեղ մը եւ ձեւով մը բարբառ փրկելը, ազգագրական երեւոյթ մը փրկելը, ժողովրդական երգ մը, հեքիաթ մը գրի առնելը, մոռցուած գաղութի մը պատմութիւնը վերաշարադրելը մեծ կարեւորութիւն ունին: Անհրաժեշտութիւնն է, որ զիս մղած է անոնք ընելու: Ես չեմ կրնար ըսել, թէ ի՛նչ բանի մէջ նախասիրութիւն ունէի, բոլորն ալ մեծ հաճոյքով ըրած եմ, որովհետեւ հաւատացած եմ կատարածիս անհրաժեշտութեան, բան մը փրկելու համար պէտք է աշխատիմ, ոչ ալ մտածած եմ, թէ ատոր արդիւնքը ի՞նչ կրնայ ըլլալ, գիրքը կրնայ հրատարակուիլ, կրնայ գետին մնալ, կրնայ հետաքրքրուողներ չունենալ, այդ բոլորին մասին չեմ ալ մտածած:
Ինչ որ անհրաժեշտ է, փորձած եմ ընել եւ դնել սեղանին` հաւատալով, որ տաշուած քարը գետնին չի մնար: Եւ, փա՜ռք Աստուծոյ, իմ բոլոր գործերս հրատարակուած են, ես գրեթէ անտիպ գործ չունիմ: Վաթսունէ աւելի գիրք եւ տասնեակներով յօդուածներ ունիմ, կրնամ ունենալ վաղը նոյնիսկ, որովհետեւ յարատեւ ըսելիք ունիմ, որքան կը հետաքրքրուիս, այնքան կը տեսնես, թէ կան բաներ, որոնց մասին կ՛արժէ գրել: Որքան մօտենաս բանասիրութեան, հայագիտութեան, պատմութեան, այդքան կը տեսնես, որ կան շա՜տ բաներ, որոնց մասին կ՛արժէ գրել, պէ՜տք է գրել, որպէսզի նիւթը փրկուի: Այդ իմաստով ինծի համար մանկավարժութիւն, թէ բանասիրութիւն, թէ պատմագիտութիւն, թէ բանագիտութիւն միեւնոյնն են, բոլորն ալ մեծ հաճոյքով եւ մեծ եռանդով ես սիրած եմ, որովհետեւ նկատած եմ իմ գործս, անհրաժեշտութիւն նկատած եմ:
Հ.- Ձեր մեծարման ձեռնարկին աւարտին ըսիք. «Կարծես թէ բան մըն ալ ըրած չեմ, պէտք է նոր-նոր սկսիմ»: Եթէ հիմա սկսելու ըլլայիք ձեր գործը, ի՞նչ կ՛ուզէիք ընել ու իրականացնել:
Յ. Չ.- Ամէն անգամ որ դասարանէն դուրս կ՛ելլեմ, քրտնած կ՛ելլեմ, որովհետեւ յանկարծ կ՛անդրադառնամ, որ ես ըրի բան մը, որ պէտք չէր ընէի, ըսի բան մը, որ պէտք չէր ըսէի, կար գիտելիք մը, որ պէտք չէր փախցնէի, բայց չտուի: Նոյնը նաեւ` բանասիրութեան եւ ուսումնասիրութիւններու ծիրէն ներս. սեղանիս վրայ աշխատանքներ ունիմ, լա՛ւ կ՛աշխատիմ, բազմաթիւ աղբիւրներ կը պրպտեմ, լաւագոյնը ընել կը փորձեմ: Բայց երբ որ գործը աւարտին կը հասնի, կը սկսիմ մտահոգուիլ, որ գործին մէջ հարիւրաւոր սխալներ կան, ես գործը շատ թերի ձգած եմ եւ կը սկսիմ տառապիլ: Մանաւանդ երբ որ գիրք մը տպարան կու տամ, տպարան երթալով` առաջին օրինակը ձեռք առնելու կը վախնամ, ուղղակի կը վախնամ, կը կարծեմ, որ ատիկա այսպէս անբնական ծնունդ մը պիտի ըլլայ:
Բայց մինչ այդ ես լաւագոյնս ընելու աշխատանքը տարած եմ, հիմա ես երբեք չեմ զղջացած իմ որեւէ մէկ հրատարակութեան համար: Այդ առաջին փորձառութիւնը` գիրքի լոյս ընծայման շրջանին կամ նախօրեակին, բնական զգացումներ կը նկատեմ հիմա, որովհետեւ ես նախանձախնդիր եմ` բովանդակութեան անթերի ըլլալուն, ձեւին անթերի ըլլալուն: Անոր համար կը մտահոգուիմ, բայց երբ յետադարձ ակնարկ մը կ՛ընեմ, կ՛ըսեմ, ի՛նչ լաւ, որ հրատարակեր եմ, ես ոչ մէկ գործի համար կը զղջամ:
Երբ կ՛ըսեմ, որ ես նոր-նոր պիտի սկսիմ, կ՛ուզեմ ըսել, որ սեղանիս կան այնքան գործեր, որոնք ամէն օր զիս անհանգիստ կ՛ընեն: Գործ մը չվերջացուցած` միւս գործին կը սկսիմ: Հիմա համակարգիչիս մէջ գոնէ հինգ տեսակ գործ կայ, այս էջէն կը փախչիմ, կ՛երթամ միւս էջին, այդ էջէն` միւս գիրքին, այսինքն համատեղ կ՛աշխատիմ, այդ ալ պատճառն է, որ ես այդքան շատ ուսումնասիրութիւններ հրատարակած եմ, այսինքն ամբողջ ժամանակս մէկ գործի նուիրած չեմ, քանի մը գործ միասին ըրած եմ:
Երբեմն այդ գործերը միշտ միասին զարգացած են, երբեմն իրարմէ կախեալ եղած են, ես նիւթ չեմ կորսնցուցած, ինչ պէտք էր, օգտագործած եմ, մնացեալը պահած եմ միւսին համար, այսինքն ծրագրուած աշխատած եմ այն համոզումով, որ այդ նիւթին մասին ես ըսելիք ունիմ, ընելիք ունիմ: Միշտ ալ ընելիք ունեցողի հոգեբանութիւն ունիմ, միշտ ալ սեղանիս գործ կայ, կարծես թէ ինչ որ ըրեր եմ, կը մոռնամ պահ մը, այդ ընելիքիս մասին կը մտածեմ:
Ես շատ անգամ ուսումնասիրութիւններուս համար պարտաւորուած եմ նոր գիտութիւններ սորվիլ, որովհետեւ ազգագրութիւնը համադրական գիտութիւն է, մարդ պիտի գիտնայ պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, տնտեսութիւն, բանահիւսութիւն, եւ շա՜տ բաներ, որպէսզի այդ նիւթերը կարողանայ արժեւորել:
Հիմա, օրինակ, Քեսապի բոյսերուն մասին լուրջ ուսումնասիրութիւն մը կ՛ընեմ: Թերեւս զարմանալի թուի` ես ո՛ւր, բուսականութիւնը ո՜ւր: Հիմա, երբ մէկը Քեսապի բարբառով բոյսերուն մասին կը գրէ եւ այդ բոյսերուն նկարագրութիւնը կ՛ուզէ, որ ամբողջական ըլլայ, պիտի ուսումնասիրէ բարբառագիտութիւն, լեզուաբանութիւն, յետոյ պիտի անցնի բուսաբանութեան, ազգագրութեան, բանահիւսութեան եւ այլն, պէտք է տեղեկութիւնները ամբողջական եւ իրաւացի ըլլան:
(Շար. 3 եւ վերջ)
Յ. Գ.- Յայտնենք, որ Յակոբ Չոլաքեանին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի թուայնացուցած գիրքերը Փի.Տի.Էֆ. տարբերակով կարելի է կարդալ կամ ներբեռնել` հետեւեալ յղումին հետեւելով: Այս էջին մէջ պարբերաբար կը թարմացուին անոր գործերը: