Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեգակն Արդար…

August 28, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

«Երկինքը Աստուծոյ փառքը
կը պատմէ,  երկնակամարը
Անոր արարչութիւնը կը
վկայէ» (Սաղմոս 19. 1)

Պիքֆայայի լեռնային բարձր դիրքը կը նպաստէ  Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ապրողներուս Աստուծոյ մօտենալու գործընթացին մէջ: Մեր նախնիները կը հաւատային, որ լեռները այն վայրերն են, ուր մարդ աւելի դիւրութեամբ, հանգստութեամբ եւ արագ կերպով կրնայ հանդիպիլ Աստուծոյ հետ: Եւ իրապէս այդպէս է: Ամէն անգամ, որ Պիքֆայա բարձրանամ, կը զգամ, թէ Աստուած Պիքֆայայի մէջ է. հո՛ն է, ներկա՛յ է: Միայն գլուխդ բարձրացուր եւ պիտի գտնես զԻնք:

Աստուած մեզի հետ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հաղորդակցի Պիքֆայայի զարմանահրաշ բնութեան միջոցով: Ան մեղմ զեփիւռին ընդմէջէն իր կենարար շունչը կը փչէ մեր հողեղէն դէմքերուն վրայ: Կանաչածածկ դաշտերով ցոյց կու տայ Իր կենդանի եւ գեղեցիկ դէմքը: Ծառերու բուրմունքով կը տարածէ Իր անսպառ անուշահոտութիւնը. «Եւ հոտ անուշ բուրեաց աշխարհ» (շարական): Սոխակներուն դայլայլով Իր աստուածային մեղրանոյշ ձայնը լսելի կը դարձնէ: Ես ինքզինքս Աստուծոյ գոգը նստած կը զգամ Պիքֆայայի մէջ: Եւ երբ մտածեմ այս ուղղութեամբ, ականջներուս մէջ կը հնչեն սաղմոսերգուին հետեւեալ բառերը. «Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ,  երկնակամարը Անոր արարչութիւնը կը վկայէ: Իւրաքանչիւր օր նոյն վկայութիւնը կու տայ, ամէն մէկ գիշեր նոյն գիտութիւնը կը յայտնէ: Չկայ որեւէ խօսք, չկայ որեւէ բառ, եւ որեւէ ձայն չի լսուիր անոնցմէ. բայց ամբողջ աշխարհ կը սփռուի անոնց պատգամը, մինչեւ աշխարհի ծայրը կը հասնի անոնց վկայութիւնը» (սաղմոս 19. 1-4):

Այս բոլորով հանդերձ, Պիքֆայայի արեւմուտը լաւագոյնս կը հաստատէ Տիրոջ ներկայութիւնը այդ վայրին մէջ: Բարձունքէն արեգակը հատիկ-հատիկ կ՛իջնէ ծովուն վրայ եւ երկարատեւ գրկախառնումէ ետք կ՛անհետանայ: Ամէն անգամ, երբ այս պատկերը դիտեմ, արեւին մէջ կը տեսնեմ արդարութեան Արեգակը` Քրիստոս, որ իր աստուածային սէրէն մղուած` ամէն օր երկինքէն երկիր կը խոնարհի եւ Իր տէրունական բազուկներով կը գրկէ Իր «սիրտին խօսող» մարդկութիւնը: Ան ցաւելով այսօրուան աշխարհի մէջ տեղի ունեցող պատերազմներէն, խռովութիւններէն, դժուարութիւններէն եւ մարդս իր մարդկութենէն դուրս բերող արարքներէն` երկար ժամանակ գրկած կը մնայ իր ոչխարները: Եւ ինչպէս որ երբ արեւը մայր մտնէ, իր լոյսը տակաւին ծովուն վրայ կը մնայ, այնպէս ալ երբ արդարութեան Արեգակը «մայր մտնէ», իր աստուածային լոյսը կը թողու իր իսկ ձեռքով ստեղծուած մարդկութեան վրայ: Այդ պահուն ականջներուս մէջ կը զնգայ արեւագալի ժամերգութեան ընթացքին քահանային կողմէ արտասանուող հետեւեալ մաղթանքը. «Լոյսովդ, ո՜վ Քրիստոս, ամէնքս լուսաւորուեցանք» (Ժամագիրք): Անկէ ետք կը լսեմ սաղմոսերգուին այն խօսքը, որ կ’ըսէ. «Դո՛ւն ես (Ո՜վ Աստուած) կեանքի աղբիւրը. լոյսո՛վդ է, որ մենք լոյսը կը տեսնենք» (սաղմոս 36. 9):  Ինչպէս որ արեւը մայրամուտէն ետք արշալոյս կ՛ունենայ, այնպէս ալ արդարութեան Արեգակը` Քրիստոս Յիսուս միշտ մեզի հետ է. «Զի Աստուած ընդ մեզ է»: Ան ամենեւին չի՛ լքեր մեզ (հմմտ սաղմոս 9. 10, 37. 25 եւ 28), որովհետեւ Ի՛նք ըսաւ. «Միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մատթէոս 28. 20): Ինչպէս որ արեւը իր ջերմութիւնը, ճառագայթն ու լոյսը առատօրէն կը հայթայթէ ո՛ղջ մարդկութեան, այնպէս ալ արդարութեան Արեգակը իր սիրոյ ջերմութիւնը, ճառագայթն ու լոյսը յորդառատօրէն կը հայթայթէ մարդկութեան, որովհետեւ «Աշխարհը Տիրոջ սիրովը լեցուն է» (սաղմոս 33. 5), «Անսահման է Իր սէրը» (սղ. 106. 45) եւ «Անոր սէրը յաւերժական է» (սաղմոս 118. 1, 2, 3, 4 եւ 29):

Հետեւաբար, սիրելի հաւատացեալ ընթերցող, գործի լծուի՛ր, որպէսզի երբ Երկնապարգեւը` Քրիստոս, երկինքէն երկիր խոնարհի քեզ գրկելու համար, քաջութիւնը ունենաս Տէրը ընդունելու եւ Թովմաս առաքեալին հետ ըսելու. «Տէ՜րս եւ Աստուա՜ծս» (Յովհաննէս 20. 28): Աշխատէ՛, որ երբ արդարութեան Արեգակին լոյսը վրադ ճառագայթէ, կարողանաս զայն լաւագոյնս ներծծել եւ զԱստուած փառաւորես Ս. Ներսէս Շնորհալիին հետ` ըսելով. «Դուն` ճշմարիտ լո՛յս, Քրիստոս, շնորհէ՛ հոգիիս, որ կանչուելու օրը ուրախութեամբ տեսնէ Քու փառքիդ լոյսը» («Հաւատով խոստովանիմ», թիւ 21), ինչպէս նաեւ սաղմոսերգուին հետ բարձրաղաղակես. «Տէ՛րն է լոյսս եւ փրկութիւնս» (սաղմոս 27. 1): Պատրաստուէ՛, որպէսզի երբ ամէն օր արեւածագը տեսնես, կարենաս սաղմոսասացին հետ բարձրաձայնել` ըսելով. «Ո՜վ Տէր, առտու կանուխէն լսէ՛ կանչս, առտու կանուխէն Քեզի կը բարձրացնեմ աղօթքս» (սաղմոս 5. 3), եւ «երբ արթննամ, տեսքովդ (լոյսովդ) պիտի կշտանամ» (սաղմոս 17. 15): Կանխաշխատէ՛, որպէսզի երբ Արեգակն արդարը իր աստուածային սիրոյ ջերմութիւնը, ճառագայթն ու լոյսը առատօրէն քեզի ընծայէ, կարենաս ամենայն վստահութեամբ եւ «համարձակաձայն բարբառով» ըսել. «Լոյս հագեր ես (ո՜վ Աստուած) վերարկուի պէս, երկինքը տարածեր ես վրանի պէս» (սաղմոս 104. 2):

 

 

Նախորդը

Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Գ.

Յաջորդը

ՄԱԿ-ի Մէջ Հայաստանի Ապաշնորհ Գործողութիւնները Աւելի Շատ Վնաս Տուին, Քան Օգուտ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.