Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անկախութեան Հռչակագիրի Աղաւաղում

Օգոստոս 29, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յատկապէս տարեդարձները, եթէ քաղաքական երես մը ունին, հետզհետէ սկսած են ահ ու սարսափի մատնել հայորդին: Նմանօրինակ սենարիօ մըն ալ պատահեցաւ վերջին քանի մը օրերուն, երբ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրի ընդունման 33-ամեակը նշելու համար խօսք առաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Եթէ անոր յայտարարութիւններն ու խօսքերը հաւաքենք եւ ներկայացնենք, հաւանաբար կը մատնուինք, երկմտանքէ աւելի, գլխապտոյտի: Զիրար հակասող հաստատումներ, բացատրութիւններ, լուսաբանութիւններ եւ վերլուծումներ, որոնց խառնուրդը կարելի է առանց երկմտանքի անուանել… ձաբռտուք:

44 օրուան պատերազմին չարաչար պարտուած, ապա յաջորդ արդէն մօտաւորապէս երեք տարիներուն դիւանագիտականօրէն լուսանցքի վրայ ձգուած, թշնամիէն ու բարեկամէն արհամարհուած վարչապետ Փաշինեան, առանց քաջատեղեակ ըլլալու կամ ընդունելու, թէ ի՜նչ կաֆեր գործած է, կը խօսի անկախութեան հռչակագիրի մը մասին, որուն ճամբով կարելի եղաւ որդեգրել «Ապագայի Հայաստանը»` վերյիշեցնելով վերջին ընտրութեանց օրերուն իր հրապարակ նետած յանկերգը` «Ապագայ կայ»: Իսկ թէ սա ի՞նչ ապագայ է, կամ` արդեօք ապագայ մնացա՞ծ է անոր իշխանութեան հորիզոնին, բախտագուշակներն անգամ շփոթի մատնուած են…

Մէկ բան յստակ է. անոր ոտքերը վերջնականապէս կտրուած են գետնէն (կամովի՞ն, թէ՞ ուրիշներ կտրած են` ո՛չ մէկ կարեւորութիւն ունի). ան կը գտնուի եթերային աշխարհի մը մէջ եւ չի գիտեր, թէ երկիրը հասած է «լինել-չլինելու» եզրին: Երկիր մը, որուն ոստիկան ուժերը պատրաստուածութեամբ, թիւով եւ ռազմամթերքով կը գերազանցեն բանակը: Ապահովութեան միջոցառումներ, որոնք կ՛որդեգրուին երկրէն ներս դիւրացնելու համար քանի մը «իշխանական ջոջի» երթեւեկը, փոխան` սահմանամերձ շրջաններու ապահովման, կամ արգելքներ կը ստեղծեն կարգ մը սփիւռքահայերու Հայաստան մուտքին, մինչդեռ դուռը լայն բացուած է ամէն տեսակի զբօսաշրջիկներու առջեւ: Այս բոլորը քողարկելու, «ժողովուրդը հաճոյանալէ չզրկելու» նպատակով հնարքներ ալ կը սարքուին, ինչպէս` այլանդակ օտար երգիչներու երգահանդէսներու կազմակերպումը, մինչդեռ անդին` սահմանները կը մնան անպաշտպան, Արցախի նուիրաբերման «արարողութիւնը» կը շարունակուի մերթ լուռ ու մունջ, երբեմն փողով-թմբուկով…

Վարչապետը կը խօսի խորհրդային օրերուն ստեղծուած եւ մինչեւ օրս շարունակուող քաղաքականութեան մը մասին, որմէ դուրս կ՛ուզէ մնալ եւ ստեղծել «նոր» Հայաստան մը, որուն ո՛չ պատկերացումը ունի, ո՛չ ալ` հոն տանող «ճամբու քարտէս» մը, նախագիծ մը:

Մաս առ մաս հողեր զիջելով եւ անշուշտ ամբողջ Արցախէն հրաժարելով, վարչապետը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, թէ փրկած կ՛ըլլայ հայրենիքն ու կատարած կ՛ըլլայ իր խոստացած «Ապագայ կայ… Ապագայ»-ն:

Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդի վերջին նիստը ցոյց տուաւ, թէ աշխարհը որքա՜ն անտարբեր է Արցախի հիմնահարցին նկատմամբ, որ դժբախտաբար կը ներկայացուէր միայն ու միայն Բերձորի ճամբուն փակումով:

«Երկաթէ շերեփ»-ի կրկնութիւնն ալ այնքան «քլիշէ» եւ անկարեւոր, յատկապէս` իմ քայլականներու համար, որոնց համար հայոց պատմութեան հին էջերը երբեք հետաքրքրական չեն թուիր ըլլալ:

Դժբախտաբար հայորդիներու ստուար մէկ հատուածը կը նախընտրէ թմբիրի մէջ մնալ եւ զուարճանալ Երեւանի ճաշարաններուն եւ զբօսավայրերուն մէջ:

«Ո՞ւր են ժամանակի ձիւները», հարց տուած է ֆրանսացի գրող Ֆրանսուա Վիյոն:

33 տարի առաջ Անկախութեան հռչակագրով որդեգրուածն ու ստեղծուածը եւ այսօրուան գահավէժ վիճակը ահաւոր չափով զիրար կը հակասեն: Փաշինեանի եւ իր իմաստակներու խումբին իրականութեան անհաղորդ ըլլալու վիճակին պատճառով վնասներու կուտակումը կը շարունակուի անսանձ: Պէտք է վերականգնել հռչակագրի ոգին եւ ուղին, կասեցնել ազգակործան ընթացքը: Անկախութեան հռչակագրին աղաւաղումը աններելի է:

Նախորդը

Սիամանթոյի Հետ` Գլուխ-Գլխի (Ծննդեան 145-Ամեակին Առիթով) – Ա. –

Յաջորդը

Յ. Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – Գ. «Անհրաժեշտութիւնն Է, Որ Զիս Մղած Է Ուսումնասիրութիւններ Կատարելու Եւ Զանոնք Հրատարակելու», Կ՛ըսէ Յակոբ Չոլաքեան

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?