ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Է՜ր երբեմն, տասնամեակներ առաջ, Հայոց ցեղասպանութեան ապրիլեան ոգեկոչումի օրերուն անպայման կը յիշատակուէր Սիամանթոն` որպէս մէկը մեր նահատակ մեծ մտաւորականներէն, Դանիէլ Վարուժանի, Ռուբէն Սեւակի, Ռուբէն Զարդարեանի, Գրիգոր Զոհրապի, Երուխանի, Թլկատինցիի, Հրանդի եւ անոնց տարաբախտ սերնդակիցներուն շարքին: Տեղ մը, բեմէն կամ մամուլի էջերէն, անպայման կը լսէինք այս անունը կամ կը հանդիպէինք անոր դասական մէկ լուսանկարին, զոր շա՛տ լաւ կը ճանչնայինք:
Այսօր ցեղասպանութենէն աւելի քան հարիւր տարի ետք, ո՞վ կը յիշէ Սիամանթոն: Մեր դպրոցական պատանիները կրնա՞ն ճանչնալ անոր լուսանկարը, կամ եթէ լսած են այս անունը, կրնա՞ն երկու նախադասութեամբ բնորոշում մը կատարել անոր մասին, թուել բանաստեղծին գիրքերէն գո՛նէ երկու անուն, երկու-երեք տող յիշել իրենց դասագիրքին մէջ Սիամանթոյին պատկանող քերթուածի մը հրաշէկ տողերէն… Դժուա՜ր ակնկալիք:
Ցաւ է հաստատել, որ Սիամանթոն եւս, մեր գրական ինչ-ինչ արժէքներուն նման, գունաթափ ներկայութիւն մը դարձեր է սփիւռքի մեր ժամանակակից ապրումներուն մէջ: Ճիշդ է, որ ան բարեբախտաբար դեռ կը յամենայ դպրոցական դասագիրքերու էջերուն, հայերէնի դասապահերուն մեր ուսուցչուհիները թերեւս բաներ մը կը խօսին, կամ կը պատմեն իր մասին, բայց 37 տարեկանին անծանօթ վայրի մը մէջ նահատակուած այս խրոխտ ու յեղափոխաշունչ բանաստեղծը ա՛լ ՉԻ ԽՕՍԻՐ նոր սերունդին, իր մարմարեայ պատգամները չեն հասնիր անոր ականջին, չեն տպաւորեր, չեն հասկցուիր, չեն ըմբռնուիր…
Վերջին անգամ ե՞րբ էր, որ Սիամանթոյէն քերթուած մը ունկնդրեցինք բեմէն: Կամ` վերջին անգամ ե՞րբ էր, որ հայկական հրատարակչատուն մը հատոր մը վերատպեց անկէ… Մինչդեռ 50-ական, 70-ական եւ 80-ական թուականներուն գեղեցիկ ժողովածուներ լոյս կ՛ընծայուէին Սիամանթոյէն` Պէյրութի, Գահիրէի, Վենետիկի կամ Թեհրանի մէջ:
Օ՜, բանաստեղծը ի՛նչ լաւ պանծացուեր էր 1978-ին` իր ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ: Ոգեւորիչ ձեռնարկներո՛վ նշուեր էր այդ յոբելեանը: Մեր գրական երբեմնի պարբերաթերթերը յատուկ թիւեր յատկացուցեր էին անոր (օրինակ` Պէյրութի «Բագին»-ին 1979-ի առաջին թիւը):
Կացութիւնը, բարեբախտաբար, խրախուսիչ է հայաստանեան ճակատի վրայ: Հոն` Երեւանի մէջ, բանաստեղծին «Ընտիր երկեր»-ը առաջին անգամ տպուեցաւ 1957-ին: Յետոյ` վաթսունական թուականներուն, գրականագէտ Հրանտ Թամրազեան (1926-2001) Սիամանթոյի մասին երկու ուշագրաւ մենագրութիւններ հրատարակեց առանձին հատորներով (մին վերատպուած է 2004-ին): 1970-ին, նոյն նիւթով, աւելի ծաւալուն այլ մենագրութիւն մը հրատարակեց գրականագէտ Հեկտոր Ռշտունին (1915-1998) եւս: Ուրախալի է, որ 2000-ական թուականներուն ալ, առ այսօր, նահատակ բանաստեղծը կը պահէ իր այժմէականութիւնը հայրենի գրականագէտներու կամ ուսումնասիրողներու օրակարգին վրայ. ատենը անգամ մը կը հրատարակուի ընտրանի ժողովածու մը, պարբերականներու մէջ լոյս կ՛ընծայուին վերլուծական յօդուածներ: Փաստօրէն կայ սիամանթոյագիտութեան ձգտում մը:
Հայոց մայրաքաղաքը ունի Սիամանթոյի անունը կրող միջնակարգ վարժարան մըն ալ, որուն բակին մէջ 2015-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, կանգնեցուած է բանաստեղծին կիսանդրին:
Անտարակոյս Սիամանթոյի մասին կուտակուած ահագին նիւթ կայ մեր անցեալի մամուլին ու բազմաթիւ գիրքերու մէջ: Բայց ցայսօր, որքան որ գիտենք, չէ մշակուած կամ չէ համալրուած նահատակ բանաստեղծին մատենագիտութիւնը: Զանազան թերթերու մէջ իր ստորագրութեամբ հրատարակուած չափածոյ (կամ արձակ) գործերուն ամբողջական ու անթերի մէկ ցուցակը չկայ, բայց չկայ նաեւ իր մասին ուրիշներո՛ւ գրառումներուն մատենագիտական լրիւ ցուցակը: Այս կարեւոր աշխատանքը ո՞վ պիտի կատարէ:
*
Հիմա դէմ յանդիման եմ Սիամանթոյի ծննդեան 145-ամեակին:
Սքանչելի առիթ մըն է ասիկա` գլուխ-գլխի մնալու նահատակ քերթողին հետ: Առիթ մը` ոգեկոչելու զինք, վերընթերցելու իր գործը, վերագծելու իր կարճատեւ կեանքին ուղին` ծննդավայր Ակնէն մինչեւ Այաշի մահաշունչ արգելարանը…
Իմ գրասեղանին վրայ են արդէն բանաստեղծին վեց քերթողագիրքերը` «Դիւցազնօրէն»ը, «Հայորդիները», «Հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»-ը, «Կարմիր լուրեր բարեկամէս»-ը, «Հայրենի հրաւէր»-ը եւ «Սուրբ Մեսրոպ»-ը: Ասոնց վերընթերցումը ինծի համար ապրիլեան ոգեկոչումներուն մասնակցելու իւրայատուկ ձեւ մը պիտի ըլլայ: Թերեւս` աւելի՛ զինող ու գօտեպնդող, աւելի՛ գոհացուցիչ ու բաւարարող, քան` հրապարակային ցուցական ելոյթներն ու ճառերը…
Ուրեմն որոշած եմ քանի մը շաբաթ գլուխ-գլխի մնալ Սիամանթոյին հետ: Այդ մտերմութեան մասնակից պիտի դառնան, ամենայն սիրով, նաեւ իմ ընթերցողները:
Սակայն, ամէն բանէ առաջ, եկէ՛ք` կանգ առնենք թուականի մը առջեւ. 1878:
Սիամանթոյի ծննդեան թուականն է այս:
Յատկանշական է, որ այս միեւնոյն թուականին իրենց աչքերը լոյսին բացեր են արեւմտահայ գրականութեան երկու թանկագին դէմքեր եւս` Զապէլ Եսայեան եւ Վահան Թէքէեան: Առաջինը` մեր կին գրողներուն ամէնէն բեղմնաւորը, հոգեբանական արձակի վարպետ մը, իսկ երկրորդը` «Հայ բանաստեղծութեան իշխանը»… Երկուքն ալ` պոլսեցի, երկուքն ալ քաջածանօթ` Սիամանթոյի անձին ու գործին:
Տարեկից երեք գրողներ ուրեմն, որոնք շրջան մը ապրելէ ետք Վոսփորի ափունքին, ճեմելէ ետք «Սիլիհտարի պարտէզներ»-ուն մէջ, տքնելէ ետք «կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս» կամ բռնկեցնելէ ետք իրենց ցեղին «հոգեվարքի եւ յոյսի ջահեր»-ը, փակեցին իրենց կեանքին էջերը` բոլորովին տարբե՜ր վայրերու մէջ ու տարբե՜ր պայմաններու տակ: Եսայեան` Սիպերիոյ անծանօթ մէկ աքսորավայրը, Թէքէեան` Նեղոսի ափին, իսկ Սիամանթօ` Անատոլուի արիւնաթաթախ ճամբաներուն վրայ…
«Ակն Եւ Ակնցիք»
Այս խորագրով երկու նոյնաբնոյթ գիրքեր ունինք մեր գրադարաններուն մէջ: Առաջինը (տպուած` Պոլիս, 1943) կը պատկանի պոլսաբնակ ակնցի բանասէր Թորոս Ազատեանին, իսկ երկրորդը հրատարակութեան պատրաստուած է փարիզաբնակ ակնցի մտաւորական Մկրտիչ Պարսամեանի կողմէ` յենելով Առաքել Քէչեանի հաւաքած նիւթերուն վրայ (տպուած` Փարիզ, 1952): Ասոնցմէ շատ առաջ, դեռ 1895-ին, Թիֆլիսի մէջ լոյսին բերուած էր «Հնութիւնք Ակնայ» ծաւալուն մատեանը` ակնցի Յովսէփ Ճանիկեանի հեղինակութեամբ: Բոլորն ալ արժէքաւոր յուշամատեաններ են, որոնք կը պատմեն փառաւոր անցեալը Ակնայ, այսինքն կը խօսին Սիամանթոյի ծննդավայրին մասին:
Արդարեւ, Սիամանթոն ալ ակնցի է, նոյնիսկ կարելի է ըսել` ամէնէն երեւելի ակնցին:
Եթէ բանանք Թուրքիոյ քարտէսը ու մեր ակնարկը սեւեռենք երկրին կեդրոնական շրջանին վրայ, Մալաթիայէն ու Խարբերդէն դէպի հիւսիս, Եփրատի աջ ափին, պիտի կարենանք մատնացոյց ընել պատմական ԱԿՆը, որ թուրքերու կողմէ ի սկզբանէ կը կոչուէր ԷԿԻՆ, եւ որ հիմա անուանափոխուելով` դարձած է ՔԵՄԱԼԻԷ…
Հայաբնակ շրջանակի մը մէջ էր Ակն: Անիկա հեռու չէր Արաբկիրէն, Չարսանճաքէն, Չմշկածագէն, Տիվրիկէն ու Արմտանէն: Կ՛ըսուի, թէ հայերը հոս հաստատուեր էին Վասպուրականի մեծ գաղթին (1021 թ.) պատճառով: Ակնը կը սեպուէր գիւղաքաղաք մը, որուն շուրջ կային հայաբնակ յայտնի գիւղեր ալ, ինչպէս` Բինկեանը (Մ. Մեծարենցի ծննդավայրը), Ապուչեխը, Կամարակապը, Լիճքը, Շրզուն եւ այլն: Գո՛նէ 15 հազար հայեր կ՛ապրէին այս ջրառատ ու բուսականութեամբ հարուստ բնաշխարհին մէջ, կը խօսէին իրենց յատուկ բարբառով, ունէին կրթական-մշակութային եռուն կեանք: Տեսակ մը երկրորդ Գողթն մըն էր Ակնը, համբաւուած` իր ժողովրդային երգերով, տաղերով, անտունիներով, բանահիւսութեամբ: Ընդհանուր մթնոլորտը, անտարակոյս, նպաստած ըլլալու էր, որ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու մեծ թիւ մը խմորուէր այստեղ, ու ատիկա դառնար ակնցիներու արդա՛ր հպարտութեան յենարաններէն մին…
Արդարեւ, ակնցի մեծահարուստ ամիրաներէն զատ (որոնք ԺԷ.-ԺԹ. դարերուն ազգային ու պետական նշանակալի պաշտօններ վարեր էին` ի Կ. Պոլիս), Ակնայ ծնունդ էին` կամ ծնողաց ճամբով ակնցի էին Արփիար Արփիարեանը, Մինաս Չերազը, Գրիգոր Զոհրապը, Արշակ Չօպանեանը, Յովհաննէս Աւագեանը, գրագիտուհի Անայիսը (Եւփիմէ Աւետիսեան), տոքթ. Արթօ Մեզպուրեանը, Բարունակ պէյ Ֆերուհխանը, Գեղամ Բարսեղեանը, թատերական գործիչ Սմբատ Դաւթեանը, երգիծագիր Գրիգոր Թորոսեանը (Կիկօ), Հալէպի երբեմնի առաջնոդ Արտաւազդ արք. Սիւրմէեանը, Յովհաննէս քհնյ. Ամիրենցը, «Զուարթնոց»-ի խմբագիր Հրանդ Բալուեանը, քարտիսագէտ Զատիկ Խանզատեանը, բանաստեղծ Նիկողոս Սարաֆեանը եւ այլն, եւ այլն, բոլորն ալ` գրչի սպասաւորներ:
Մտաւորական անուններու այս ցուցակին մէջ Սիամանթօ եւ իրմէ ութ տարեկան փոքր Միսաք Մեծարենց մի՛շտ պահած են առաջնակարգ դիրք մը ու կրցած են իրենց քնարին ու տաւիղին արձագանգները հնչեցնել սերունդէ սերունդ, անմաշելի յուզականութեամբ մը:
Ակնէն Դէպի Պոլիս Ու Փարիզ
Սիամանթոյի կենսագրութեան սկզբնական շրջանին մասին տեղեկութիւնները սակաւ են:
Գիտենք, որ նահապետական ու բաւական բարեկեցիկ ընտանիք մը եղած են իրենք` Եարճանեանները, մանաւանդ որ տան հայրը` Յովհաննէս, լումայափոխ էր: Կողակիցը` Նազենի (ծնեալ` Բարունակեան), ազնիւ ու տոհմասէր տանտիկին մըն էր: Ատոմ Եարճանեան, որ ապագայ Սիամանթոն պիտի դառնար, ունէր մէկ եղբայր (Վահան) եւ երեք քոյր (Արմենուհի, Զապէլ եւ Արշալոյս): Պահուած է իրենց ընտանիքին սեւ-ճերմակ մէկ խմբանկարը:
Ատոմ ծնաւ 1878-ին: «Սիամանթօ» գրչանունը, որ պիտի որդեգրուէր իր կողմէ հետագային, նուիրականացումը եղաւ դպրոցական տարիներուն Սրուանձտեանց Գարեգին վարդապետին իրեն տուած մակդիրին: Սրուանձտեանց, որ շրջան մը հոգեւոր առաջնորդն էր Ակնայ ու տեղւոյն դպրոցին տեսուչը, եւ որ այդ ժամանակ նոր էր մշակեր իր «Սիամանթօ եւ Խչեզարէ» հայ-քրտական սիրավէպ-աւանդազրոյցը, չես գիտեր` ինչո՞ւ, դպրոցին մէջ պատանի Ատոմը «մկրտեր» էր այս անունով: Ամէն պարագայի` օրհնեա՜լ մկրտութիւն մը:
Ատոմ իր ծննդավայրին մէջ մնաց մինչեւ տասնչորս տարեկան` աւարտելով տեղւոյն Ներսէսեան նախակրթարանը: Հոս սորվեցաւ քիչ մը աշխարհագրութիւն ու քերականութիւն, քիչ մը սուրբգրոց ու ազգային պատմութիւն, քիչ մը ֆրանսերէն ու տաճկերէն:
1892-ին ընտանեօք հաստատուեցան Պոլիս: Այստեղ նախ երկու տարեշրջան յաճախեց Գումգաբուի Միրիճանեան վարժարանը, որ անհատական կրթօճախ մըն էր, եւ ուր մասնաւորաբար ուժ կը տրուէր օտար լեզուի դասերուն (ֆրանսերէն, անգլերէն, յունարէն): Յետոյ, որովհետեւ ընտանիքը նոր բնակարան մը տեղափոխուեցաւ Վոսփորի ասիական ափը` Սկիւտար, Ատոմ սան արձանագրուեցաւ տեղւոյն նշանաւոր Պէրպէրեան վարժարանին: Հոս ալ, բնականաբար, տնօրէն-ուսուցչապետ Ռեթէոս Պէրպէրեանի ու հմուտ դաստիարակներու շունչին տակ հեշտօրէն պիտի կազմաւորուէր ապագայ մտաւորականը, ինչպէս իրմէ առաջ կամ իրմէ ետք` Ինտրան, Լեւոն Բաշալեանը, Սուրէն Պարթեւեանը, Թէքէեանը, Տիգրան Չէօկիւրեանը, Ռ. Սեւակը, Եդ. Գօլանճեանը եւ ուրիշներ:
1894-96-ի համիտեան կոտորածներն ու Պոլսոյ մէջ ալ` Պանք Օթօմանի գրաւումը (26 օգոստոս 1896) ու անոր յաջորդող արիւնալի հալածանքներն ու նախճիրները թաղէ թաղ, շատերու նման, երկրէն դուրս փախչելու մղեցին Ատոմը: Ան, առանց աւարտելու Պէրպէրեանը (հասած էր բարձրագոյն կարգին), իր ետին թողլով ընտանիքը, հօրեղբօր ուղեկցութեամբ, 1896-ի սեպտեմբերին, շոգենաւով, խուճապահար անցաւ Եգիպտոս: Բայց հոս մնաց հազիւ քանի մը ամիս: Նախընտրեց մեկնիլ Եւրոպա` ուսումը շարունակելու համար: Ուստի 1897-ին շունչն առաւ Ժընեւ, Զուիցերիա:
Ատոմ Եարճանեան նախ արձանագրուեցաւ ժընեւեան քոլեճի մը ծաղկամշակութեան բաժինը, սակայն շատ շուտով հրաժարեցաւ հոնկէ, որովհետեւ այցելութեամբ մը Ժընեւ գտնուող Արշակ Չօպանեան թելադրեց իրեն Փարիզ գալ ու հետեւիլ գրականութեան: Այդպէս ալ պատահեցաւ: Ատոմ իր ետին թողուց փոցղն ու ցնցուղը եւ ընտրեց գիրքերու աշխարհը… Միշտ Չօպանեանի ցուցմունքներով, Փարիզի մէջ կանոնաւորաբար սկսաւ հետեւիլ Սորպոնի համալսարանի գրականութեան բաժնի դասընթացքներուն` իբրեւ ազատ ունկնդիր (1898-1901): Արդէն քսան տարեկան էր, բայց` փափկակազմ ու հիւանդկախ: Ուսանողական այս տարիներուն ապրեցաւ նիւթապէս անձուկ կեանք մը: Բարեբախտաբար կապեր մշակեց իրեն տարեկից հայ թէ օտար ուսանողներու հետ, սկսաւ անյագուրդ ընթերցել եւրոպական գրականութեան դասական գործերը (Հոմերոսէն` մինչեւ Զոլա, Էտկար Ալեն Փօ, Պոտլեր, Վերլեն, Մալարմէ, Մեթերլինկ…), ընդլայնեց իր մտքին հորիզոնը, նրբացուց ճաշակը, Չօպանեանի շուքին տակ մասնակից դարձաւ փարիզաբնակ հայ գրողներու (Զ. Եսայեան, Եր. Օտեան, Ս. Պարթեւեան, Արտաւազդ Հանըմեան…) մտերիմ հաւաքներուն, շինիչ զրոյցներուն: Իր ներսիդին աբեթի մը նման բռնկեցաւ գրականութեան հուրն ու ճաշակը, կոփուիլ սկսաւ ապագայ բանաստեղծը` խորհրդապաշտ շեշտուած դիմագծութեամբ:
Հայրենի գաւառներէն հասած մահահոտ լուրերը, սակայն, խռովեր էին զինք: Եռք ու տակնուվրայութիւն կար իր ներսիդին: Ասկէ ալ դրդուած` գրիչը վերցուց եւ ստորագրեց իր առաջին բանաստեղծութիւնը` «Աքսորուած խաղաղութիւն» (հետագային` վերամշակուելով կոչուած է «Մահուան տեսիլք»), որ տպուեցաւ 1898-ի վերջերը, Մանչեսթըրի «Վաղուան Ձայնը» գրական հանդէսին մէջ, զոր հրատարակել սկսեր էին Պէրպէրեանի իր պանդուխտ ընկերները` Սուրէն Պարթեւեանն ու Աղեքսանդր Շաքլեանը:
Արձակունակ արտասովոր ոճով եւ ցնցիչ պատկերներով քերթուած մըն էր այս: Կոտորածի շարժապատկերային նկար մը: Արիւն կը հոսի ամէն դի, հրկիզուող ցորեաններուն մէջէն նախիրները կը փախչին, մորթուած դիակներ կան քաղաքին մայթերուն վրայ եւ անցնող սայլերուն մէջ, շէն ոստանները կը հրդեհուին ու կ՛աւերուին.
Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ…
Քաղաքներուն մէջ եւ քաղաքներէն դո՜ւրս.
… Գիշերին մէջէն արիւններուն ալիքը կը բարձրանայ
Ծառերուն հետ շատրուաններ ուրուագծելով,
Ու ամէն կողմէ սոսկումով կը սուրան հալածուած`
Նախիրները հրդեհուող ցորեաններուն մէջէն…
Փողոցներուն մէջ մորթուած սերունդներ կը տեսնեմ
Եւ ամբոխներ անպատմելի սրածութենէ դարձող.
… Օ՜, մտիկ ըրէք սա՛ սայլերուն ճռնչիւնը ահաւոր,
Իրենց վրայ դիզուած դիակներու ծանրութեան տակ,
Ու սգաւոր մարդերուն աղօթքներն արցունքոտ,
Որ կածանէ մը դէպի համայնափոսերը կ՛երկարին…
… Մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք, մտիկ ըրէ՜ք
Մահաձայն ոռնումը զարհուրեալ շուներուն,
Հովիտներէն ու գերեզմաններէն ինծի հասնող,
Օ՜, պատուհանները փակեցէք ու աչքերնիդ ալ…
Կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ, կոտորա՜ծ…
Այս տեսիլքը իրական պատահարներու հեռաւոր արձագանգն էր, որ մեկնակէտ մը պիտի դառնար իրեն համար: Առաջին իսկ երեւումով, Ատոմ Եարճանեան կարծէք գծած կ՛ըլլար իր ապագայ ուղին:
Պիտի տեսնենք, որ իր յաջորդ բանաստեղծութիւնները պիտի շաղուէին միեւնոյն խմորով եւ բառերու առատաբան հեղեղատի մը մէջէն պիտի գծէին նմանօրինակ յուզումնահար տեսարաններու երկա՜ր-երկար շարքեր…
Հալէպ
(Շար. 1)