Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիւ Չենք, Մարդ Ենք

Օգոստոս 30, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Ամէնօրեայ մեր ներկայ կեանքին մէջ թիւերը իրենց կարեւոր դերը ունին: Թիւերը մեր ամէնօրեայ բառարանին անբաժան մէկ մասը կը կազմեն: Օրինակ, երբ մէկը կը փորձէ մեզ խաբել, մեզի սպառնալ, մեզ շահագործել, սովոր ենք ըսելու. «Թիւդ ունիմ, կրնամ ոստիկանութեան լուր տալ»: Երբ մէկը մեր գնահատանքին եւ համակրանքին առարկայ է, անոր կ՛ըսենք,  «Դուն ինծի համար թիւ մէկ բարեկամ ես»: Երբ մէկը իր արհեստին կամ արուեստին մէջ գերազանց տեղ կը գրաւէ իր տաղանդով եւ կատարումով, յաճախ կը նկարագրենք զայն իբրեւ «թիւ մէկ» արհեստավարժ կամ արհեստաւոր անձ մը:

Քրիստոսէ հինգ դարեր առաջ հարաւային Իտալիոյ մէջ կ՛ապրէր գիտնական փիլիսոփայ մը` Պիւթակորաս անունով, որ «Թուաբանութեան հայր» կը կոչուէր: Ան կը հաւատար, որ այս աշխարհի մէջ ամէն ինչ թիւերու վրայ հիմնուած է եւ թիւերով կը բացատրուի: Եթէ ան ներկայիս ապրած ըլլար, պիտի վկայէր, թէ թիւերը որքա՛ն տիրական եւ գործածական են մարդկային ընկերութեան մէջ:

Պահ մը եթէ մտածելու ըլլանք, պիտի նկատենք, թէ որքան թիւեր կը գործածենք մեր առօրեայ կեանքին մէջ, այն ատեն պիտի անդրադառնանք, թէ ի՛նչ  աստիճան կախեալ ենք թիւերէ: Օրինակի համար, ամէնքս ալ ունինք` տան հասցէի թիւ մը, մեր ինքնաշարժներու թիւերը, մեր ինքնաշարժ վարելու արտօնագրի թիւերը, մեր ծննդեան արձանագրութեան թիւը, մեր դրամատան հաշիւներու թիւերը, համակարգիչի թիւերը ու անոր յարակից այլ թիւեր, եւ դեռ երկար շարք մը` այլ թիւերու: Եթէ այս բոլոր թիւերը համրելու ըլլանք, անոնք տասնեակներու կը հասնին:

Անտարակոյս թիւերը իրենց բարերար դերն ու կարեւորութիւնը ունին: Անոնք կը խնայեն ժամանակ եւ մարդուժ տնտեսական զանազան գործառնութեանց եւ այլ մարզերու մէջ: Անկասկած անոնց գործածութիւնը կը դիւրացնէ մարդոց կեանքը:

Սակայն թիւերը նաեւ ունին իրենց անպատեհութիւններն ու խոցելի կողմերը: Թիւերու աշխարհին մէջ փորձութիւն կայ մարդ արարածին անհատականութիւնը կորսնցնելու: Մարդ արարածը թիւ չէ, այլ անհատ է, անուն, արժէք եւ արժանապատուութիւն ունի: Թիւերով զայն ճանչնալ եւ զանազանել ուրիշներէ` ոչ միայն արդար չէ, այլ նուաստացուցիչ է:

Մարդ արարածը թիւ մը չէ, առարկայ մը չէ, ամբոխին մէջ իր մը չէ, անբան անասուն մը չէ, այլ` Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած էակ մը: Ըստ սաղմոսերգուին, մարդ արարածը փառքով ու պատուով պսակուած էակ մըն է, Աստուծոյ բոլոր արարածներուն վերակացուն է (սաղմոս 8.6): Աստուած հետաքրքրուած է իւրաքանչիւր մարդու կեանքով, անոր մտածումներով եւ գործերով, անոր անցեալով ու ապագայով: (Սաղմոս 139.1-4):

Ըստ մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի, Աստուած ամէն մէկուն կեանքին համար ծրագիր մը ունի, եւ ոչինչ կը վրիպի անոր ուշադրութենէն: Ամէն մարդու մազն իսկ համրուած է (Մատթ. 10. 30):

Այլ խօսքով, այս աշխարհի մէջ ամէն մարդ եզակի եւ առանձնայատուկ անձ մըն է: Չկան երկու անհատներ, որոնք հարիւր տոկոսով իրարու նման ըլլան: Որքան ալ մարդիկ իրարու նմանին, տակաւին իրարմէ տարբեր են` իրենց մարմինով, միտքով, խառնուածքով եւ բնաւորութեամբ: Աստուած իւրաքանչիւր մարդ իւրայատուկ առանձնայատկութիւններով օժտած է, եւ  իւրաքանչիւր անհատ իր դերն ու օգտակարութիւնը ունի:

Արդ, Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած իւրաքանչիւր մարդու պարտականութիւնն է աստուածային նկարագրի պատկերը ցոլացնել իր ամէնօրեայ կեանքով ու կենցաղով: Ամէն մարդու կոչումն ու պարտականութիւնն է արժեցնել այն կեանքը, որ Աստուած շնորհած է իրեն: Իւրաքանչիւր անհատ աստուածային նպատակով մը դրուած է այս երկրագունդին վրայ:

Աստուծոյ համար մարդիկ թիւ չեն, այլ` բանաւոր, ստեղծագործ էակներ, ֆիզիքական, մտաւոր եւ բարոյական պարգեւներով օժտուած արարածներ, որոնք կը ծնին ազգի մը մէջ եւ ունին ազգային պատկանելիութիւն:

Արդարեւ, ամէն հայ աստուածային կարգադրութեամբ ծնած է, ան պատահականութեան կամ արկածի արդիւնք չէ: Հետեւաբար Աստուծոյ կամքն է, որ ամէն հայ մարդ պահէ իր ինքնութիւնը եւ հպարտ զգայ իր ինքնութեամբ: Ամէն հայ մարդ ապրի հայօրէն եւ արժանապատուութեան վսեմ զգացումով պտտցնէ իր ազգային պատկանելիութիւնը: Ի զուր չէ, որ հայ բանաստեղծը կը պատգամէ. «Հայ ապրինք, եղբարք, մարդկութեան մէջը, հայ կնքել է մեզ պատմութեան էջը»:

Արդ, ո՜վ հայորդի, ծանի՛ր զքեզ: Այս աշխարհի մէջ դուն սոսկ թիւ մը չես, այլ մարդ ես, հա՛յ մարդ:

 

 

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արամ» Կոմիտէին. Արցախի Նուիրուած Ձեռնարկ` Զահլէի Մէջ

Յաջորդը

Սփիւռքը Ինչո՞ւ Լուռ Էր

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?