Յօդուածներ

Ի Յուշ.  Մարգա՜րը

Ի Յուշ. Մարգա՜րը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Համազգայինի մշակութային անմոռանալի համախմբումին, Թորոնթօ, 1987-ին` համազգայնականներ` խումբ մը մտաւորականներու հետ. ոտքի, ձախէն երկրորդը` Մարգար Շարապխանեան: Այնքան դժուար է ստորոգելիներ դնելը այս անունին քով, որ միայն երկար մը զետեղեցի` ընթերցողին ձգելով երեւակայել այդ ստորոգելիները: Իրապէս, ի՞նչ գրէի. երէց եղբա՞յր, անխոնջ ու անդաւաճան գործակի՞ց, սրտակից ընկե՞ր, հայ մշակոյթի նուիրեալ սպասարկո՞ւ... եւ դեռ ինչե՜ր: Ճիշդ այն պահուն, երբ աւարտեցի նոր հատորս`...

Մարգար Շարապխանեան

Մարգար Շարապխանեան

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Ի՜նչ խոհուն ժպիտ ունէր, ի՜նչ անկեղծութիւն: Մարգարն ու Էլիզը ջերմութիւն եւ մտաւորական մթնոլորտ ստեղծողներ էին: Առաջին անգամ իրենց հանդիպեցայ 1978-ի նոյեմբերին: Նոր ամուսնացած էին, ես ալ Պէյրութէն տասը օր առաջ տեղափոխուած էի: Ամերիկահայ գրողներու միութեան համագումարէն ետք (առաջինը եւ վերջինը) գիշերը Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հաւաքուեր էինք Սօսի Սեթեանի բնակարանը, Քոլոմպիա համալսարանին մօտ: Բացի Վահէ Օշականէն` միւսները առաջին...

Հասցէն՝ Պուրճ Համուտ

Հասցէն՝ Պուրճ Համուտ

ԱՐՄԻՆԷ ՄՈՒՔՈՅԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Օդակայանում: - Հասցէ,- լսեցի ծառայողի ձայնը: * * * - Անունդ,- յանկարծ ուղեղիս մէջ արձագանգ տուեց մի ձայն: -  Խաչատուր,- լսուեց փոքրիկ որբուկի ձայնը: Եւ նորից խիստ թոնով` - Ազգանունդ: Քաղցած, շփոթուած ու վախեցած փոքրիկը չյիշեց, սառեց տեղում, միայն կարողացաւ կմկմալով արտաբերել` օգնութիւն: - Եարտմեան: Անցիր: Յետոյ - յետոյ փոքրիկ որբուկը պիտի հասկանար, որ իրեն կնքուած Եարտմեանը թրքերէն...

Նախագահ Ասատ Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս Իա. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Նախագահ Ասատ Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս Իա. Կաթողիկոս Պատրիարքը

Երէկ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը` ընկերակցութեամբ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու պատուիրակութեան մը: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը Սուրիա կը գտնուի հովուապետական այցելութեամբ:

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ընդհանրապէս կնճռոտ հարցեր, ձախողութիւններ, դժուարութիւններ, ժխտական երեւոյթներ եւ առհասարակ հասարակական, ազգային թէ ընկերային յոռի երեւոյթներ արժեւորելու համար կ՛ուղղենք «ինչո՞ւ» հարցումը: Ինչո՞ւ հոս հասանք: Ինչո՞ւ ձեռնարկ մը կամ նախաձեռնութիւն մը ձախող էր: Ինչո՞ւ դժուարութիւն ունինք համոզելու, խօսելու, հաւաքելու եւ համախմբուելու: «Ինչո՞ւ»-ները շատ կ՛ըլլան, յաճախ անկեղծ կ՛ըլլան քննարկումները, յաճախ ալ ինքնախաբէութիւն կ՛ընենք: Կ՛ըսենք` առաջ այսպէս էր. դերասան չէինք գտներ միշտ,...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Համաշխարհային Զարթօնքը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գոյատեւման Քաղաքականութիւնը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Այսօր Հայաստանի կամ Արցախի մէջ ապրող մեր գիտակից հայրենակիցները մերթ ընդ մերթ հարց կու տան, թէ սփիւռքահայութիւնը ի՞նչ դեր կը խաղայ Հայաստանի եւ Արցախի ապագային գծով: Հեռուէն խորթ կը թուի, երբ սփիւռքահայ մը ըսէ, որ իր ժամանակին մեծ մասը նուիրած է իր ազգային պայքարին եւ Դատին: Հայ ազգի Դատը Ցեղասպանութենէն ետք տարբեր փուլերէ անցաւ, ըլլան անոնք ուժական,...

Բարեկամութիւն Արհեստական Բանականութեա՞ն Հետ

Բարեկամութիւն Արհեստական Բանականութեա՞ն Հետ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Արժէքներու փոփոխութեան այս ժամանակաշրջանին, երբ կը փորձուի առանց ինքնութիւնը, գլուխը կորսնցնելու քայլ պահել արդէն իսկ այնքա՜ն անհրաժեշտ արհեստագիտութեան հետ, նոյնպէս կը յառաջանայ անխուսափելի հարցում մը, որմէ անշուշտ պէտք չէ խրտչիլ. արհեստական բանականութիւնը կրնա՞յ մեր բարեկամը ըլլալ: Այս մասին կը գրէ TYB կայքը: Ն. Կրնա՞նք Արդեօք Իտէալական Բարեկամութիւն Ստեղծել Արհեստական Բանականութեան Հետ Արհեստագիտութիւնը արդէն իսկ մարդկային բազմաթիւ յատկանիշներ ունի:...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. «Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) 20 ապրիլ 2023-ին կը հաղորդէր (1). «Երեւանի մէջ կայացան Հայաստանի Հանրապետութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ եռակողմանի առաջին քաղաքական խորհրդակցութիւնները: «Պատուիրակութիւնները գլխաւորած են` Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը, Իրանի ԱԳՆ Հարաւային Ասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ սէյետ Ռասուլ Մուսաուին եւ Հնդկաստանի ԱԳՆ տարածքային գլխաւոր վարչութեան պետ Ճըդենտրա Պալ...

Յայտարարութիւններ ( 31 Յուլիս 2023)

Քաղաքներու Կախարդանքը (Հեղինակ` Մարզպետ Մարկոսեան)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Եռագրութեան այս երրորդ եւ վերջին հատորը իր որակով կը յիշեցնէ Կանայի հարսանիքի գինին. այստեղ հեղինակը յուզող բազմաթիւ հարցեր կարծես կը յանգին իրենց աւարտին` իւրաքանչիւրը ստանալով իր լուծումը: Դրուած հարցերուն լուծում առաջարկելու  գեղեցիկ սովորութիւնը արգասիքն է Մարզպետ Մարկոսեանի  պայծառ ու որոնող մտքին, որ յատուկ էր իրեն վաղ երիտասարդութեան օրերէն, իսկ ժամանակը աւելի սրած  ու ազնուացուցած է զայն: Իսկ այդ...

Նամականի

Նամականի` Հայ Ուսուցիչը Ըստ Արժանւոյն Գնահատելու Ահազանգին Առիթով

ԱՐՈՒՍԵԱԿ 11 օգոստոս 2023-ի «Ազդակ»-ի թիւին մէջ հաճոյքով եւ միեւնոյն ատեն սրտի կսկիծով ընթերցեցի Վահան Կ. Մանճիկեանի կողմէ բանասէր, պատմաբան, գիրքերու հեղինակ եւ ուսուցիչ Յակոբ Չոլաքեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը (https://www.aztagdaily.com/archives/589319), որուն մէջ լուսարձակը լայնօրէն կը բացուի մերօրեայ հայկական իրականութեան վերաբերող հարցերուն, տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն վրայ: Յատկանշականը այն է, որ իբրեւ ուսուցիչ ինքն իր մորթին վրայ քաղցրն ու դառնը զգացած Յ....

Սթափելու Ժամանակը

Ապահովութեան Խորհուրդին Դասերը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը օգոստոս 16-ին արտակարգ նիստ մը գումարեց` Հայաստանի պահանջով: Նիստին մասնակցեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, որ ներկայացուց Հայաստանի բողոքն ու պահանջը: Արցախը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս ընդունելէն շատ առաջ, Հայաստան Արցախի ժողովուրդին համար կը պահանջէր ապահովութեան եւ իրաւունքներու ճանաչման երաշխիքներ: Այդ երաշխիքները պէտք է սահմանուէին Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններով` միջազգային մասնակցութեամբ: Ազրպէյճանի...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնին Առիթով Ս. Եւ Անմահ Պատարագ Սուրիա * 13 օգոստոսին, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագով յիշատակուեցաւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը: Պատարագեց եւ քարոզեց Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան: Աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք: * 14 օգոստոսին, հանդիսապետութեամբ Մակար եպս. Աշգարեանի, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Առաջնորդ սրբազանը իր հայրական...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Հանդիպում` ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Երիտասարդական Ճամբարի Մասնակիցներուն Հետ Օգոստոս 16-ին Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ` Քրիստինէ Վարդանեան, Ասպրամ Կրպէեան, երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան, «Ճենեսըս Արմէնիա» ուղեղային կեդրոն-հիմնադրամի ղեկավար Աբրահամ Գասպարեան, դաշնակցական Համբիկ Սասունեան առցանց զրոյց ունեցան ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղին մէջ կազմակերպուած ՀՅԴ երիտասարդական ճամբարի մասնակիցներուն հետ: Անոնք իրենց ողջոյնը փոխանցեցին ճամբարի...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Շուշիի Կանաչ Ժամը Եւ Կուսանաց Անապատը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Կանաչ Ժամը Եւ Կուսանաց Անապատը

Թեմական Եւ Օրիորդաց Դպրոցներ ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի մայրաքաղաք Շուշի ԺԹ. դարու կէսերուն անհամեմատօրէն ընդարձակուեցաւ եւ դարձաւ բարգաւաճ քաղաք: Թոփխանան քաղաքին գլխաւոր հրապարակն էր եւ առեւտրական կեդրոնը: Գլխաւոր թաղամասերը` Ագուլեցոց, Ղազանչեցոց, Մեղրեցոց, Մելիքենց, Քամու աղացի, Նոր, Ղումլուղի, Խանձկենց, Կազարմէն, Վերին, Փոստի, Վանքի, Աղբրին, Աղաբէկենց, Հին Հանգստարանի, Դաբաղների Ձորի, Բագունց Հորերի եւ Կեաւուր Ղալա: Շուշի ունէր տասնմէկ փողոց, վեց հրապարակ, քարաշէն չորս...

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդի Նիստը․ Տեսական Հնարաւորութիւններ Եւ Առկայ Իրողութիւն

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդի Նիստը․ Տեսական Հնարաւորութիւններ Եւ Առկայ Իրողութիւն

ԳԷՈՐԳ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Միացեալ ազգերի կազմակերպութիւնում Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնը օգոստոսի 11-ին դիմել էր Միացեալ ազգերի կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդ` Արցախի խաղաղ բնակչութեանը հարկադրուած լիակատար շրջափակման պատճառով մարդասիրական իրավիճակի վատթարացման առնչութեամբ արտահերթ նիստ գումարելու պահանջով: Հայաստանի դեսպանի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհրդի ամերիկեան նախագահութեանն ուղղուած գրութեամբ մասնաւորապէս հայցուել է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհրդի` որպէս միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման համար պատասխանատու առաջնային մարմինի միջամտութիւնը` կանխելու զանգուածային...

Յ. Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – Բ.  «Դպրոցը Հայախօսութեան Ամրոց Է, Ուստի Դպրոցաշինական Սրբազան Առաքելութիւնը Երբեք Պէտք Չէ Մոռնանք` Աւելի Մեծ Խնամք Տանելով Սփիւռքահայ Դպրոցին», Կը Հաստատէ Յակոբ Չոլաքեան

Յ. Չոլաքեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Առիթով – Բ. «Դպրոցը Հայախօսութեան Ամրոց Է, Ուստի Դպրոցաշինական Սրբազան Առաքելութիւնը Երբեք Պէտք Չէ Մոռնանք` Աւելի Մեծ Խնամք Տանելով Սփիւռքահայ Դպրոցին», Կը Հաստատէ Յակոբ Չոլաքեան

Հարցազրոյցը վարեց` ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄ.- Անդրադառնանք հայկական իրականութեան մէջ հայ դպրոցին դերակատարութեան` անցեալէն մինչեւ այսօր: ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ.- 1920-ական թուականներուն, երբ ձեւաւորուեցաւ սփիւռքը, կային երկու գլխաւոր վիճակներ` արեւմուտքն ու արեւելքը: Համաստեղը, Բենիամին Նորիկեանը, Վահէ Հայկը Արեւմուտք գացած մեր երիտասարդները ընդհանրապէս Կ. Պոլսոյ կամ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր գաւառներու դպրոցներէն շրջանաւարտներ էին, որոնք փոխադրուեցան Ֆրանսա, Ամերիկա եւ գաւառական գրականութեան ու Պոլսոյ արուեստագէտ...

«Պարոն Ազնաւուր». Կը Նկարահանուի Շարլ Ազնաւուրին Մասին Առաջին Գեղարուեստական Շարժանկարը

«Պարոն Ազնաւուր». Կը Նկարահանուի Շարլ Ազնաւուրին Մասին Առաջին Գեղարուեստական Շարժանկարը

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ 2024 թուականին` ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին առթիւ, համաշխարհային շարժանկարային պաստառներու վրայ կը յայտնուի Ազնաւուրի մասին առաջին գեղարուեստական շարժանկարը` «Պարոն Ազնաւուր»: Արուեստասէր հասարակութիւնը անհամբեր կը սպասէ այս ժապաւէնի նկարահանման աւարտին, կը սպասուի նաեւ, որ շարժանկարը իրադարձութիւն դառնայ շարժապատկերի արուեստին մէջ, քանի որ անոր նկարահանումներուն կը մասնակցին զանազան երկիրներէ դերասաններ, որոնց մէջ համաշխարհային շարժապատկերի աստղեր կան: Գլխաւոր դերը...

Ստացուած Գիրքեր.  «Արեւելքի Արհաւիրքները» (Հեղինակ` Կարել Հանսա)

Ստացուած Գիրքեր. «Արեւելքի Արհաւիրքները» (Հեղինակ` Կարել Հանսա)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Փրակայի մէջ 2022-ին լոյս տեսաւ հայկական հարցի չեխ նուիրեալ Կարել Հանսայի «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքը, բաղկացած` 364 էջերէ: Չեխերէն բնագիրին քննական թարգմանութիւնը կատարած եւ նախաբանն ու յառաջաբանը գրած է Փրակայի Կարլի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքի դոկտոր Աննա Կարապետեան: «Օրեր» համաեւրոպական ամսագիրի հիմնադիր, Կարել Հանսա ծնած է 1890-ին, Վիեննա եւ 1919-ին տեղափոխուած Փրակա: Եղած է անտառագործ: Դժբախտ, մերժուած սիրոյ պատճառով, առանց...

Գետ-Գիտութեան. Պատմութեան Եւ Ներկայի Մէջ Բարձրախօսին Անցած Ճամբան

Գետ-Գիտութեան. Պատմութեան Եւ Ներկայի Մէջ Բարձրախօսին Անցած Ճամբան

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Բարձրախօսը` թուացեալ պարզ, բայց խորապէս ազդեցիկ սարքը, առանցքային դեր խաղցած է մարդկային հաղորդակցութեան, ժամանցի, զուարճանքի եւ արհեստագիտութեան ընթացքի ձեւաւորման մէջ: Իր խոնարհ ծագումէն մինչեւ իր բարդ ժամանակակից ձեւերը, բարձրախօսը ենթարկուած է հետաքրքրաշարժ եղափոխութեան, որ յեղափոխութիւն կատարած է ձայն «որսալու» եւ փոխանցելու գործին մէջ: Այս յօդուածը կը խորանայ բարձրախօսի պատմութեան, անոր աշխատանքի սկզբունքի եւ անոր հետ կապուած հետաքրքրական ու...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նոր Ցեղասպանութեան Բեմ Արցախը Կը Սպասէ. Նոր Սասունցի Դաւիթներու Եւ Մհերներու

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Շաբաթներէ, ամիսներէ ի վեր հայկական աշխարհի չորս ծագերէն ահազանգ ահազանգի ետեւէ կը հնչէ, թէ Ազրպէյճան, իր Թուրքիա-յենարանին կռթնած, կը պատրաստուի Արցախը հայաթափելու, Ցեղասպանութեան նորագոյն արարը իրականացնելու: Հայկական շեփորներէ հնչող կոչերը համապատասխան արձագանգ կը գտնեն միջազգային այս կամ այն ոլորտին մէջ. Լաչինի ճամբուն վերաբացման կոչերը իրարու կը յաջորդեն, Լա Հէյի միջազգային ատեանէն եւ այլ բեմերէ դրուած պահանջները կը կրկնուին...

Page 243 of 1111 1 … 242 243 244 … 1,111

Արխիւներ