Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետիկ Չիֆթէլեան (1951 – 2023 )

August 26, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ

Քառասուն օրեր առաջ, լիբանանահայ համայնքը յատկապէս թատերական շրջանակը եւ Համազգայինի շրջանակը, կորսնցուցին իր տեսակին մէջ յատուկ նկարագիր ունեցող, մարդամօտ, գործունեայ ու թատերասէր Պետիկ Չիֆթէլեանը:

Պետիկը ծնած էր 8 յունուար 1951-ին: Աւարտած էր Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը: Ան լիբանանահայ թատրոնի «խենթ» տղաներէն էր: Մօտ յիսուն տարի իր մասնակցութիւնը բերած էր Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին, մաս կազմած էր նոյն մասնաճիւղի թատերական շարժումին (հետագային` «Լեւոն Շանթ» թատերախումբ),  որուն հիմնադիրը եղած էր Թաթուլ Այնէճեան:

Պետիկ Չիֆթէլեանը բեմին ծառայած էր գլխաւորաբար իբրեւ բեմավար եւ երբեմն ալ փոքր դերեր ստանձնած էր` կարգ մը թատերախաղերու մէջ: Ան աշխատած էր Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, ինչպէս նաեւ Զոհրապ Եագուպեանի հիմնած «Նոր Թատրոն», «Փորձառական թատրոն» եւ «Մեղուներու խումբ» թատերախումբերուն հետ, նաեւ

գործակցած էր Թաթուլ Այնէճեանի, Զոհրապ Եագուպեանի, Սիմոն Մնակեանի, տոքթ. Բ. Փափազեանի եւ այլ բեմադրիչներու հետ:

Պետիկը, իր մահէն երկու շաբաթ առաջ` 2 յունիս 2023-ին, երբ մենք, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, մեր վերջին ներկայացման («Դուռէ-Դուռ», Մհեր Մկրտչեան թատերախումբ) զանգը պիտի տայինք, բեմին ետեւ գալով խնդրեց ինձմէ, որ ես եւ ինք նկարուինք «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին դէպի քուլիսները տանող «պատմական» (ըստ իրեն) աստիճանին վրայ: Նախապէս` 5 տարի առաջ, նոյնպէս նկարուած էինք, բեմին վրայ` ներկայացումէն առաջ: Ու մենք նկարուեցանք` համբուրուեցաւ հետս, ու բաժնուեցաւ…

Սիրելի՛ Պետիկ… Պուրճ Համուտի մէջ կամ լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ, կա՞յ մէկը, որ քեզ չի ճանչնար:

1974-ին բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանը հիմը կը դնէ «Փորձառական թատրոն» խումբին` իր շուրջ համախմբելով շնորհալի երիտասարդներ, որոնց մէջ էր նաեւ Պետիկ Չիֆթէլեանը: 30 երիտասարդ-երիտասարդուհիներու մասնակցութեամբ կը կազմակերպուի վեցամսեայ դերասանական պատրաստութեան սեմինար: Ու այնուհետեւ Պետիկ Չիֆթէլեանը կը գործակցի Զոհրապ Եագուպեանի եւ Սիմոն Մնակեանի հետ` ստանձնելով փոքր դերեր:

Իմ բարեկամութիւնս Պետիկին հետ կ՛երկարի մօտ 50 տարիներու վրայ, երբ ան սկսած էր գործակցիլ «Նոր թատրոն»-ի տղոց հետ:

Իր թատրոնի ընկերներէն կրնանք յիշել Վաչէ Բրուտեանը, Հրաչ Պոյաճեանը, Զարեհ Աւագեանը, Վահէ Պէրպէրեանը, Սիմոն Մնակեանը, Զոհրապ Եագուպեանը, Ստեփան Ֆրունեանը, Դանիէլ Մածունեանը, Պօղոս Շոհմելեանը եւ ուրշներ:

Սիրելի՛ Պետիկ, դուն միշտ մեր մէջ պիտի մնաս, միշտ պիտի յիշենք քեզ` իբրեւ բարի, ազնիւ, թատրոնի «խենթ» տղայ: Հողը թեթեւ գայ վրադ, Պետի՛կ… Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահը պիտի կարօտնայ քեզ…

 

 

Նախորդը

Բոլորին Սիրելի Պետիկը

Յաջորդը

Մեր Հայրենակիցները Պէտք Է Լաւ Հասկանան, Թէ Ի՛նչ Է Իրականում Տեղի Ունենում Արցախում

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը
Անդրադարձ

Սփիւռք Ըլլալու Տարբեր Ձեւերը

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.