«Կորսուած են նախաձեռնելու, գործելու ամէն ձեռնհասութիւն, եւ դարձած ենք դիտող, պարզ ամբոխ. երիտասարդութիւնը դարձած է պատեհապաշտ` այս կամ այն առիթներու եւ շահերու զոհ ըլլալով: Անհատականութիւններ գրեթէ գոյութիւն չունին»:
Լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեան` լիբանանահայ խրոխտ երիտասարդը, իր իսկ արտասանած վերոյիշեալ տողերուն դէմ ելաւ, երբ որոշեց դիտողի դերէն դուրս գալ, առօրեային հետ հաշտուած ամբոխէն անջատուիլ, չըլլալ պատեհապաշտ երիտասարդ մը, չդառնալ զոհը շահերու եւ առիթներու, այլ ձգել ամէն ինչ, ամէն վայելք, ընտանիք ու ընկերներ ու ուղղուիլ Երկիր, Արցախ, ուր մղուած 1992-ի արցախեան պատերազմին ընթացքին դարձաւ ազգին ու հայրենի հողին նուիրեալ նահատակ:
«Նպատակը կը մնայ նոյնը. Դէպի երկիր կոչը կը մնայ ի զօրու բոլորիս. մահ ընկրկումին եւ նահանջին», հաստատեց 28 նոյեմբեր 1967-ին Պէյրութ ծնած, հայկական եւ ազգային դաստիարակութիւն ստացած, ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան, ՀՅԴ ԼԵՄ-ին եւ ԶՈՄ-ին անդամակցած, լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ գործած ու լիբանանահայութեան ծառայած Մհեր Ջուլհաճեան: Իր խօսքերը վերածեց գործի, «Դէպի Երկիր» կարգախօսը թարգմանեց գործնական քայլով եւ 1992-ին հաստատուեցաւ Հայաստան` փաստելով, որ «Դէպի Երկիր»-ը սոսկ կարգախօս չէր, այլ սրբազան կոչ: Հայաստանի մէջ ան հանգիստ չունեցաւ, հոն եւս չհաշտուեցաւ սովորական կեանքին հետ, որովհետեւ Արցախեան լեռներուն վրայ մահուան դէմ կռուող հերոսներուն միանալու ձգտումը կ՛եռար Մհերին մէջ, որ գնաց Արցախ, միացաւ թշնամիին դէմ մարտեր մղողներուն, սակայն 23 օգոստոս 1993-ին 26 տարեկան հասակին ան նահատակուեցաւ Արցախի Մարտունի շրջանին մէջ` իր զինակից չորս ընկերներուն հետ` այսպիսով իր անունը յաւերժ փորագրելով հայութեան փառքը հանդիսացող նահատակներու ցանկին մէջ:
Այս տարի կ՛ամբողջանայ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 30-ամեակը: Այս էջով կը ներկայացնենք 2001 թուականին ԶՈՄ-ի մատենաշարով լոյս տեսած, Մհեր Ջուլհաճեանի նուիրուած «Դէպի Երկիր»-ի գաղափարապաշտը» գիրքին մէջ հրապարակուած քանի մը յօդուած-յուշագրութիւններ:
- Հնարամիտ Եւ Խիզախ Մհերը
- Սեփական Կեանքի Օրինակով
Հնարամիտ Եւ Խիզախ Մհերը
Շ. ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
«Առիւծ Մհեր Մարաթուկէն կը կանչէր. հասիր. որդի. իմ շառաւիղ. քաջ Մհեր»
Այսպէս, հայ նահապետ Առիւծ Մհերը, Սասունի լեռներէն, սփիւռք ծնած ու մեծցած Մհերը կանչեց Արցախ… Եւ Մհերը գնաց:
Գնաց այնպէս, ինչպէս որ դար մը առաջ հայ երիտասարդներ Արցախէն, Երեւանէն եւ Թիֆլիսէն ԵՐԿԻՐ կ՛երթային, ինչպէս որ 1905-1907 թուականներուն հայ ֆետայիներ Հայաստանէն Արցախ, Երեւան եւ Պաքու գացին, ինչպէս որ 1983 յուլիս 27-ին հինգ հայ մարտիկներ Լիբանանէն Լիզպոն գացին:
Ճիշդ է, պատմաքաղաքական ոչ հայանպաստ պայմաններու հետեւանքով, դարերէ ի վեր, հայ ժողովուրդը բաժնուած է երկու հատուածներու` արեւելահայ եւ արեւմտահայ. այս երկու հատուածները, սակայն եւ անշուշտ, հայ ազգի անբաժանելի մասերը կը կազմեն եւ ճակատագրական ուժով մը իրարու միանալու մնայուն ձգտումը ունին:
1915-ին Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած հայկական հրէշային Ցեղասպանութեամբ հայ ազգի բնականոն գոյազարգացումը պահ մը դադրեցաւ: Այսօր, սակայն, հայ ժողովուրդի արեւելեան հատուածը եւ սփիւռքահայութիւնը ոտքի կանգնած են տիրանալու իրենց արդար իրաւունքներուն` հայկական անկախ պետականութեան վերականգնումէն մինչեւ Արցախ ու Ջաւախք, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն մինչեւ Արեւմտահայաստանի հողերու ազատագրում: Մէկ խօսքով` հայ ազգը այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի, կը գտնուի Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտումին ճանապարհին վրայ:
Ահա թէ ինչո՛ւ, երբ 1988-ի փետրուարին Ղարաբաղի ազատամարտը պայթեցաւ, հազարաւոր հայորդիներ Հայաստանէն եւ սփիւռքէն զէն ի ձեռին դէպի Արցախ փութացին: Անոնցմէ մէկը Մհերն էր, հայրենազուրկ սերունդի ա՛յն երիտասարդներէն, որոնց համար ամբողջական եւ անկախ Հայաստանը գերագոյն նպատակ եղաւ ու այդպէս ալ կը մնայ:
ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութեան ատենապետ, ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ, թէ` Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ Մհերը ամէն բանէ առաջ դաշնակցական մարտիկ էր` նախաձեռնող, հնարամիտ, խիզախ, կարգապահ եւ լռակեաց:
Մհերին համար նախաձեռնութիւնը եւ խիզախութիւնը պատճառ չեղան անհակակշիռ գործելակերպի, ինչպէս նաեւ կարգապահութիւնը եւ լռութիւնը համակերպումի մերկ նկարագիր չեղան երբեք:
Մհեր ստանձնած գործերը կը կատարէր կազմակերպուած աշխատանքով, հնարամտութեամբ եւ խիզախութեամբ: Գործին արգելք հանդիսացող խոչընդոտները վարպետի ճարտարութեամբ, քայլ առ քայլ կը յաղթահարէր եւ ինքնավստահութեան ժպիտը դէմքին գործը կը հասցնէր յաջող աւարտի: Մհերին նշանաբան եղան գաղտնապահութիւնն ու կարգապահութիւնը, կամ` դաշնակցական զինուորին այբուբենը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Մհերը կատարեց նաեւ հայկական թաղամասերու գիշերային հսկողութեան իր պարտականութիւնը: Մհերի նման գիտակից երիտասարդներ ամբողջ գիշերներ լուսցուցին, որպէսզի մեր ժողովուրդը ապահով ու հանգիստ քնանայ: Ազգային գիտակցութեան տէր այդ երիտասարդութիւնն էր, որ յանձն առաւ լիբանանահայութեան ապահովութիւնը եւ անսակարկ մասնակցեցաւ Հայ դատի եւ Արցախի պահանջատիրական պայքարներուն:
Մհեր Արցախ մեկնելէ առաջ ձեռնարկեց համակարգիչի ծրագիրի մը պատրաստութեան, որուն նպատակն էր զանազան դիրքերու վրայ գտնուող խումբ մը թնդանօթներու հարուածները համակարգել ու համադրել: Ծրագիրը մշակելէ եւ լրումին հասցնելէ ետք, երբ Մհեր ընկերներով կը շրջէր Մարտունիի ճակատային դիրքերը, ական մը պայթեցաւ ինքնաշարժին տակ եւ հինգ ընկերները նահատակուեցան յանուն հայրենիքի ազատութեան ու գացին միանալու հողի տակ ապրող մեր մարտիկներուն:
Մհեր համոզուած էր, որ «միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» եւ զէնքը առանց գաղափարի ու բարոյականի` ոճիրի գործիք է միայն: Եթէ յեղափոխութիւնը անխուսափելի է, ապա անիկա ինքնանպատակ չէ, որովհետեւ մաս կը կազմէ ընդհանուր քաղաքականութեան մը:
Ահա թէ ինչու Դաշնակցութեան համար յեղափոխութիւնը ո՛չ մարտավարութիւն է եւ անշուշտ ոչ ալ նպատակ, այլ` դէպի մեր գերագոյն նպատակները առաջնորդող համապարփակ ռազմավարութիւն: Եւ Մհերին նման հայ ազատատենչ երիտասարդութիւնը միշտ պատրաստ պիտի ըլլայ` որպէս անսպառ վառելանիւթ, նետուելու համար հայ յեղափոխութեան բոցավառ կրակին մէջ:
2 հոկտեմբեր 1993
Սեփական Կեանքի Օրինակով
Յ. ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ
… «Դէպի Արցախ» կարգախօսով դաստիարակած էր իր շրջապատը եւ ինքը չէր կրնար հեռու մնալ Արցախէն…
«Գործս կէս մնաց», ըսեր է նշանաւոր հայ մը մահուան սնարին պառկած: Քու մասիդ ըսին. «Դեռ շա՜տ տալիք ունէր, գործը նոր սկսած էր»:
Եւ ճիշդ է. դեռ շա՜տ ծրագիրներ եւ նպատակներ ունէր Մհերը, բայց ճամբու սկիզբին ինկաւ:
Սակայն արդար ըլլալու համար պէտք է խոստովանիլ (եւ Մհերը ճանչցողներուն պարտականութի՛ւնն է այդ), որ ան նաեւ շատ բան հասցուցած էր տալ արդէն, որովհետեւ իր դէպի նահատակութիւն երթը սկսած էր պատանեկութեան տարիքէն, երբ անդամակցած էր ՀՅԴ պատանեկան միութիւններուն, կոփուելու համար իբրեւ իսկական հայ ու դաշնակցական` իբրեւ բնական շարունակութիւն ու լրացում իր ստացած ընտանեկան դաստիարակութեան:
Պատանեկան տարիքէն արդէն Մհերը երկրպագուն էր առասպելական գագաթներ նուաճած դաշնակցական երկաթեայ կարգապահութեան, համեստութեան եւ ուրիշ շատ մը յատկանիշներու, որոնք իւրաքանչիւր դաշնակցական մտաւորական-մարտիկ կը բարձրացնեն եւ կը հաւասարեցնեն այն հեքիաթային փաղանգին, որ պատմութիւն կերտեց ու կրցաւ ազգի մը ճակատագիրը փոխել ամբողջ:
Յետոյ արդէն Լիբանանի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան շարքերուն մէջ էր: Կը շարունակէր ամէն օր աւելի՛ դաշնակցականանալ, բայց միաժամանակ իր հերթին կը դաստիարակէր նոր պատանիները ա՛յն ոգիով ու տեսլականներով, որոնք ամէնէն շատ իրեն հարազատ էին:
Լիբանանեան պատերազմի ամբողջ տեւողութեան Մհերը ոչ մէկ օր թերացաւ իր պարտականութիւններուն մէջ, թէ՛ ապահովական, թէ՛ կազմակերպական ու դաստիարակչական մարզերուն մէջ: Վերը ի զուր չարձանագրեցինք, որ ան շատ բան տուած էր, որովհետեւ ինք մի՛շտ կը շարունակէր սորվիլ ու ապա սորվեցնել անպայմա՛ն այն, ինչ որ ինք գիտէր` մարտական-զինուորական, գաղափարական եւ այլն: Եթէ պահակութիւն կատարելու հարց կար, ինք առաջիններէն էր, եթէ նորեկները մարզելու եւ սորվեցնելու անհրաժեշտութիւն կար, դարձեալ առաջիններէն էր: Եւ երբ «Դէպի Երկիր» կոչը կեանք տուաւ, դարձեալ առաջիններէն էր, որ բնական մղումով մը ընդառաջեց այդ կոչին: Այստեղ է ահաւասիկ, որ Մհերին արդարօրէն կը վերագրեն կարգախօսներու մարդ չըլլալու փաստը:
Հայաստանի մէջ Մհերը կարծէք վերագտած էր ինքզինք եւ ստացած էր նոր փայլք մը: Իր ունեցած յատկանիշները աւելի շեշտուած էին, այն աստիճան, որ կարելի էր ըսել, թէ փոփոխութիւն մը կար անոր մէջ, եթէ լաւէն դէպի աւելի լաւը անցումը կարելի է փոփոխութիւն համարել: Դարձած էր աւելի հեզ, աւելի բարի, աւելի համբերատար, աւելի կարգապահ, աւելի ուրախ եւ նոյնիսկ կատակասէր, բայց միաժամանակ` աւելի՛ խստապահանջ եւ աւելի՛ գաղափարապաշտ: Երբ այս իրողութիւնը յանձնուեցաւ իր ուշադրութեան, իր անսահման բարի ժպիտը դէմքին ըսաւ. «Ճիշդ էք, բաւական փոխուած եմ, հիմա աւելի հանգիստ կը զգամ»:
Հայաստանեան իր կեանքի կարճ տեւողութեան ով որ առիթը ունեցաւ ծանօթանալու Մհերին, անպայման սիրեց զինք. սակաւախօս ու ոչ-մարդամօտ Մհերը մարտական իր նոր ընկերներուն կողմէ սիրուեցաւ ու սիրեց զանոնք եւ մէկ-երկու ամսուան մէջ այնպիսի մտերմութիւն մը ստեղծուեցաւ անոնց միջեւ, որ կարծէք միասին ծնած ու հասակ առած ըլլային:
Մարտական զանազան առաջադրանքներու կատարման ու աշխատանքներու ընթացքին Մհերին մէկ-երկու օրուան բացակայութիւնը իսկապէս կը տխրեցնէր բոլորը: Ինքնամփոփ Մհերն էր զարմանալիօրէն մթնոլորտ ստեղծողը, խանդավառողն ու գործի լծողը:
Մարտական-ուսումնական ծրագրի իրագործման ընթացքին Մհերն էր, որ գրեթէ կը լեցնէր ամբողջ օրուան յայտագիրը: Այնքա՜ն շատ բան ունէր սորվեցնելիք իր նոր ընկերներուն` արդիական հաշուարկներով ու մեթոտով թնդանօթաձգութիւն, քարտէսագիտութիւն, զինուորական զանազան գիտելիքներ եւ ատրճանակով անվրէպ նշանառութիւն:
Իրեն համար նախատեսուած ժամերէն դուրս, Մհերը միշտ պատրաստ էր իրեն յատուկ նուիրուածութեամբ ու խանդավառութեամբ ընկերներուն հարցումներուն պատասխանելու կամ յաւելեալ բացատրութիւններ տալու: Նոյնիսկ կէս գիշերին աւելի շատ հետաքրքրութիւն ցուցաբերողները կը հաւաքէր լսարան եւ մոմի լոյսին տակ կը շարունակէր աշխատիլ անոնց հետ:
Բուռն գործունէութեան ծարաւը ունեցող Մհերին հայաստանեան առօրեան ալ չբաւարարեց: Իսկական դաշնակցականի մը վայել մղումով կը ձգտէր Արցախ: Եւ իսկապէ՛ս ալ իր նման դաստիարակուած եւ գաղափարապաշտ երիտասարդի մը համար թիկունքն ու թիկունքային աշխատանքները անբաւարար էին: Ու օր մըն ալ, Մհերը տեսանք Արցախի մէջ, ուր միայն կրնար գտնել իր հոգեկան հանդարտութիւնը: Ինք այն մարդն էր, որ «Դէպի Արցախ» կարգախօսով դաստիարակած էր իր շրջապատը եւ ինքը չէր կրնար հեռու մնալ Արցախէն:
Երբ եկաւ Շուշիի զօրանոց, մենք կարծեցինք, թէ դարձեալ նորակոչիկ զինուորներուն գիտելիքներ փոխանցելու եկած էր: Բայց այս անգամ արդէն իր որոշումը վճռական ու այլ էր. մեկնիլ ուղղակի ռազմաճակատ եւ թնդանօթաձգութեան իր համակարգչային եղանակով կրակ տեղալ «Գորշ-Գայլի» գլխուն:
Շուշի հասնելուն յաջորդ կէսօրին արդէն ճամբայ ելաւ դէպի Մարտունի: Մեր այն հարցումին, թէ երկար պիտի մնա՞յ հոն, պատասխանեց կարճ . «Այո՛»:
Եւ մնաց, բայց յաւերժօրէն:
Մտաւորական-մարտիկ Մհերը իր նահատակութեամբ, բայց մանաւանդ իր կարճ կեանքի բուռն գործունէութեան օրինակով, մեզի` մնացողներուն տուաւ վերջին, բայց միշտ շարունակուող դասը` սեփական կեանքի օրինակով դաստիարակել սերունդները:
«Ազդակ», 2 հոկտեմբեր 1993


