ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
3.- Ազգապատկան կալուածներու հետքերով
Սուրիահայութիւնը եւ մանաւանդ հալէպահայութիւնը աննախատեսելի պատերազմի դառնագոյն հետեւանքները կրեցին: Արտակարգ պատերազմի տագնապեցնող ահ ու սարսափը, աղէտալի իրավիճակը անցնող ամէնէն բռնկուն (2012 – 2016) եւ դժոխային տարիները, իսլամ ծայրայեղականներու պարտադրեալ եւ սպառնացող չարիքները, տեղահանութեան եւ գոյութենական վտանգները, հարկադրեալ ընկերային սահմանափակումները կը թուէին մասամբ մը մեղմացած եւ հանդարտած ըլլալ (1): Աննախանձելի մղձաւանջէն եւ քաոսէն ետք Իտլիպ նահանգի մէջ գտնուող Եագուպիէին եւ եագուպիէցիներուն համար ալ օրերու ընթացքին խաբուսիկ լաւատեսութեան լուսամուտ մը սկսաւ երեւիլ:
Այդ մէկը անդրադարձ էր, երբ 2016 թուականի օգոստոսին, թրքական քաղաքականութիւնը փոխուեցաւ. Թուրքիան ծայրայեղական հազարաւոր գրոհայիններ հեռացուց Հալէպի արեւմտեան շրջաններէն, եւ Հալէպը կարողացաւ որոշ չափով ազատ շունչ մը քաշել` յայտարարելով իր ազատագրումը:
Այս ընթացքով յուսախաբութիւններու ճօճանակի երերումը կը կարծուէր աւարտին հասած ըլլալ, ուստի դէպի գիւղ վերադառնալու իրատես յոյս մը աճած էր` բաղդատած Սուրիոյ տագնապի վատթարագոյն տարիներուն հետ: Սակայն Իտլիպի անկայուն, անապահով եւ մանաւանդ անվստահելի, անհեռանկար եւ ցաւոտ իրավիճակը շարունակուեցաւ` իրաւատէր պետական ինքնիշխանութեան ամբողջական բացակայութեան, մանաւանդ որ սուրիական պետական ներկայութիւնը հեռու է այդ շրջանէն: Դարձեալ հոն տեղի ունեցան անմարդկային բռնաբարումներ, պղծումներ, քստմնելի սպանութիւններ, ոճիրներ, որոնց կարգին յիշենք անողոք բռնաբարումը եւ գազանակերպ սպանութիւնը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զաւակ Ճըսըր Շղուրի արաբական երկրորդական դպրոցներու երկարամեայ վաստակաշատ ուսուցչուհի Սուզան Տէր Գարգուրի, որ իր հոգին աւանդեց չորեքշաբթի, 10.07.2019 թուականին` այդ շրջանի բարբարոս մոլուցքով սնանած իսլամ ծայրայեղականներու ձեռամբ: Ան կառչած մնացած էր ծննդավայրին` Եագուպիէին, չէր հրաժարած, որոշած էր նոյնիսկ առանձին մնալ եւ չհեռանալ իր գիւղէն, կալուածներէն ու արտերէն: Քսանմէկերորդ դարու մէջ քրիստոնեայ հայ կնոջ մը հանդէպ այս անմարդկային ոճիրը ո՛չ միայն ուժգնօրէն ոտնահարեց, ցնցեց հայ, այլ նաեւ բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու մարդկային արժանապատուութիւնը:
Արաբ մարդկային իրաւունքներու դիտորդներ, դիտորդական կեդրոններ արձագանգած, ցանկագրած եւ մանրամասնութեամբ նկարագրած են իսլամական ծայրայեղականներու կողմէ այդ շրջանի գիւղերու եւ աւաններու մէջ քրիստոնեայ համայնքի անդամներու, հոգեւորականներու, եկեղեցիներու եւ կալուածներու նկատմամբ կատարուած թալանները, կալուածներու եւ բնակարաններու կողոպուտները, առեւանգումները եւ ոճիրները:
Նոր երկուորները իրենց իշխանաւորներու հրամաններով դժբախտաբար քանդած եւ անյայտացուցած են Եագուպիէի հայ առաքելական Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ կողքին գերեզմանատան մէջ կանգնած դարաւոր Ս. Թէոդորոս մատուռը, հողին հաւասարեցուած են հայոց գերեզմանատունը եւ հոն գտնուող տապանաքարերն ու գերեզմանները: Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ կից հայոց գերեզմանատան տարածքը վերածուած է հանրային պարտէզի: Ճիշդ է, որ Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ քարեղէն կառոյցը մնաց, բայց վար առնուած են եկեղեցւոյ միակ գմբէթի եւ զանգակատան երկաթեայ խաչերը, նմանապէս չկան արտաքին ցանկապատներու վրայ երեւացող խաչերը: Նոյն վախճանին արժանացած են Եագուպիէի ազգապատկան ուխտավայր Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ խաչը, զանգակատան խաչը, եկեղեցւոյ կողքի գերեզմանատան տապանաքարերուն ու գերեզմաններուն վրայ քանդակուած խաչերը: Երկու եկեղեցիներու պարագային ալ մկրտարաններէն վերցուած են մարմարեայ խաչերը: Անյայտացած, կազմափոխուած են թէ՛ հայկական եւ թէ՛ քրիստոնէական պատմական հետքերը:
Թալանուած ու կողոպտուած է Եագուպիէի ազգապատկան Բերիոյ հայոց թեմի կեդրոնի շէնքը, նոյն կողոպուտին ենթարկուած է Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ կողքին ուխտաւորներու ազգապատկան հանգստավայր պանդոկը, որուն շինարարութիւնը նոր աւարտած էր տագնապէն առաջ: Արմատախիլ եղած են դէպի Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բարձունքին վրայ գտնուող եւ եկեղեցւոյ պատկանող գեղատեսիլ կաղնիները, նոյն ճակատագիրին ենթարկուած են նաեւ եկեղեցւոյ պատկանող յարակից ձիթապտուղի ծառերու պարտէզները: Ինչպէս չյիշել Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ շրջափակին դիմաց գտնուող, գիւղին մէջ քահանային յատկացուած ազգապատկան բնակարանը, որ ամբողջութեամբ թալանուած եւ շահարկումի մէջ է: Գիւղին մէջ բոլոր անմարդաբնակ տուները ենթարկուած են կողոպուտի, յափշտակուած եւ թալանուած է ամէն ինչ, որ կարելի է քակել, վերցնել ու տանիլ` իրեր, գործիքներ, մթերք եւ այլն: Իսկ լաւագոյն պարագային, այդ բնակարանները օտար երկուորներու կողմէ տարիներէ ի վեր օգտագործումի եւ շահարկումի մէջ են:
Օտար եկուորներու իշխանութեան պայմաններուն բերումով, այսօր սպասումի մթնոլորտ մը կը տիրէ, թէ` թրքամէտ օտարականները` այդ շրջաններու վերահսկողները, ինչպիսի՞ իրաւաբանական վերաբերմունք կամ արտօնութիւններ պիտի ուզեն շնորհել եւ կամ պարտադրել բացակայ քրիստոնեայ կալուածատէրերուն կամ անոնց ներկայացուցիչներուն, որոնք գիւղը կը մնան: Նոյնպէս անշարժ գոյքերու, գիւղատնտեսական պտղաստաններու, կալուածներու թէ արտերու սեփականատէրերուն տիրակալութեան նկատմամբ, կամ այդ կալուածներու առուծախը ո՞ր պետութեան առնչուած է, կամ հովանին պիտի վայելէ, ի՞նչ դրամանիշով, ի՞նչ երաշխիքով, ապահովագրութեամբ կրնան ըլլալ համաձայնութիւնները: Ի՞նչ է այդ եկուորներուն հետ կնքուելիք համաձայնութեան հաւաստիութիւնը, նոյնիսկ` համաձայնագիրներու վաւերականութիւնը, երաշխաւորութիւնը: Ինչպիսի՞ շահագործման պայմաններով, լիազօրութիւններով պիտի ըլլան այդ գործարքները: Կալուածներու բազմաբնոյթ, անվստահելի, անվաւեր ու անպատասխան հարցեր կան: Այդ բոլոր կալուածներու, ստացուածքներու ճակատագիրը անհեռանկար եւ տարակուսելի կը մնայ կալուածներու սեփականատէրերուն համար:
Անկանխատեսելի իրադարձութիւն մըն էր կիրակի, 28 օգոստոս 2022-ին, Եագուպիէի Սուրբ Աննայի տօնին առիթով քայլը Մոհամետ ալԺոլանի ծածկանունով այդ շրջանի ահաբեկչական խմբաւորումներու գլխաւոր իշխանաւորին, որ սուրբին տօնէն շաբաթ մը առաջ հրահանգած է ահաբեկիչներուն եւ անոնց համակիրներուն, որոնք իրաւատէրի համարձակութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ հոն հաստատուած են, որ չխանգարեն այդ տօնին հետ կապուած աղօթքը: Իշխանաւորը համաձայնութիւն տուաւ, որ հոն մնացող եագուպիէցի տեղացիները Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ աղօթք մատուցեն, ուստի գիւղ մնացողներու օգնութեամբ եկեղեցին մաքրուած եւ պատրաստուած էր կիրակի օրուան աղօթքին համար:
Այս զիջումի եւ երկխօսութեան մթնոլորտը եղած է յորդանանցի լատին քահանային` Լուայ Պշարաթի միջոցով, որ ժամանակէ մը ի վեր կ՛ապրի գիւղին մէջ եւ լեզու գտած է ու կը համագործակցի այդ իսլամ օտար, նոր եկուորներուն հրամանատարներուն հետ, որոնք ահաբեկիչներուն յաջորդներն են եւ անոնց «արժանաւոր» ժառանգորդները:
Սուրբ Աննայի տօնին առիթով կիրակի, 28 օգոստոս 2022-ին եւ նոյն եկեղեցւոյ խորանէն արաբերէնով միասնաբար աղօթք բարձրացուցած են յորդանանցի հոգեւորական Լ. Պշարաթը եւ Գընայէի լատիններու հոգեւորական Հաննա Ճալլուֆը: Աղօթքին մասնակցած են Եագուպիէ եւ Գընայէ մնացող տեղացիներ, աղօթքէն ետք տեղացիներու պատրաստած քաղցրեղէններու հիւրասիրութեամբ ներկաները յիշատակած են սուրբին տօնը (2): Պարտք է յիշել, որ Հալէպի լատինաց եկեղեցւոյ առաջնորդութեան պատկանող հոգեւորականը` Հաննա Ճալլուֆը, ծնած է Գընայէ գիւղին մէջ, 1952 թուին, գնահատանքի գիր ստացած է Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ 17 յունուար 2022-ին` իբրեւ իր հօտի բարօրութեան նուիրեալ օրինակելի հոգեւորական:
Տասներկու տարիներէ ի վեր պատերազմին պատճառած ապահովական, ընկերային, առողջապահական եւ ուժանիւթի տագնապները, պատժամիջոցներու բերումով գործադրուած երկրի շրջափակման «Կեսար» օրէնքը, կենցաղային ամէնէն տարրական պէտքերու ապահովման դժուարութիւնը երեւի բաւարար չէին բազմատանջ սուրիացի քաղաքացիներուն համար, այդ բոլորին վրայ գումարուեցան 6 փետրուար 2023-ին սկսած եւ տարբեր ուժգնութեամբ յետցնցումները, որոնք շարունակուեցան Հալէպի եւ մանաւանդ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ: Բնութեան կողմէ եկող վշտահար տառապանքը` երկրաշարժն ու յետցնցումները, շարունակեցին իրենց մահաբեր աւերները: Յետցնցումներու ճակատագրական կործանիչ հետեւանքներէն անմասն չմնացին նաեւ Եագուպիէն եւ յարակից շրջանները, Եագուպիէի մէջ գտնուող ազգապատկան եկեղեցիներն ու կալուածները: Սուրբ Հռիփսիմէն ու մանաւանդ Սուրբ Աննա եկեղեցին բաւական լուրջ վնասներ կրեցին, ողբալի վիճակ ունի պատմական Սուրբ Աննայի սրբատեղին, քանդուած է խորանը, փլուզումի վտանգի տակ են` արեւմտեան պատը, եկեղեցւոյ սիւները, զանգակատունը:
Սուրբ Աննա եկեղեցին անմիջական վերականգնումի կարիքը ունի, շինարարական առաջնահերթ եւ հրամայական ամրացումներու` շինարարական անյետաձգելի աշխատանքներու կը կարօտի փրկելու համար եկեղեցւոյ ամբողջական կառոյցը: Յետցնցումներու պատճառով աւելի նուազ տուժած է Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին, որ դարձեալ արագ խնամքի կարօտ է: Նման պարագայի օժանդակութիւնները առաւել եւս կը խոչընդոտուին իրաւատէր պետութեան անտիրակալութեամբ: Իտլիպ նահանգը ընդհանրապէս եւ Եագուպիէի ազգապատկան կալուածները մասնաւորապէս այսօր սուրիական գերիշխանութեան սահմաններէն հեռու են, այդ տարածքները տակաւին անհասանելի են պետական գերիշխանութեան համար, մանաւանդ որ այդ կալուածները հեռու են իսկական իրաւատէրերու խնամատիրութենէն` Բերիոյ հայոց թեմէն: Ներկայիս անկարելի է, նոյնիսկ արկածներով լեցուն ու վտանգաւոր է օգնութեան համար հոն հասնիլը:
Երկրաշարժի քանդիչ հետեւանքներուն գումարած, տեղահանութեան եւ իսլամական ծայրայեղականներու, ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ արաբ ու թուրքմէն ընտանիքներու բնակեցումը, արտերու եւ կալուածներու տիրակալութեան անյայտ վիճակը, սպառնացող գոյութենական վտանգները լայնցուցած են եագուպիէցիներու յուսախաբութեան տրամագիծը եւ հիասթափութեան սրտնեղիչ թախիծը: Արհաւիրքի, մարդածին եւ բնածին տառապանքը, նիւթական եւ հոգեբարոյական ցաւալի իրադարձութիւնները կը շարունակուին, պատահած դժբախտութիւնները կը լրացնեն ողբերգական օղակը: Աքցանի մէջ առնուած է Եագուպիէն: Ո՞վ պիտի ըլլայ ազգապատկան կալուածներով եւ հայկական հետքերով Եագուպիէի ազատագրողը, պաշտպանողը:
Եագուպիէի մէջ ապրուած օրերէն քաղուած յուշ-պատումներէն լուսամուտ մը բանալով` նախորդ եւ յառաջիկայի ծրագրուած մանրապատումներու շարքը կը նպատակադրէ վերապրեցնել տասնամեակներ առաջ հոն ապրած մեր յիշատակները, որոնք կը ցոլացնեն մեր ապրումներու վկայութիւնները, այդտեղ բնակուած կէս դարու կեանքի մը իրականութեան որոշ երեւոյթները ժամանակագրող պատկերներով, ուր իւրաքանչիւր բառ շոյանք էր: Ապրուած օրերու յիշատակները այդ ժամանակին պատկանող յուշեր են, որոնք, լոյս, շեշտ եւ անաղարտութեան հրապոյր մը ըլլալով հանդերձ, անցեալի գոյավիճակի հարազատ վկայութիւններ եւ լուսաբանող յետհայեացքներու նկարագրութիւններ են:
Եագուպիէի մէջ ազգապատկան կալուածներու, արտերու, ստացուածքներու նենգափոխումը, ապագայի մշուշապատ հորիզոնի անորոշ վիճակը, անբացայայտ ճակատագիրը, ձեւով մը անյայտ վախճանը, անծանօթ եկուորներու կողմէ այդ հողերուն տիրակալութիւնը, կերպարանափոխումը գիւղի նոր սերունդներուն համար անվերադարձ կորուստի մը տխրատեսիլ ուրուականը կը պատկերէ, մտախաբութիւն դառնալու չափ ընդվզում եւ պոռթկում կը յառաջացնէ թէ՛ սեփական եւ թէ՛ ազգապատկան բոլոր կորուստներով:
Եագուպիէի եւ յարակից շրջաններու համայնապատկերի նկարագրականը, անցեալի ապրուած օրերու, յուշերու հատընտիրները անփոփոխ եւ անփոխարինելի կը մնան մեր յիշողութեան եւ ենթագիտակցութեան մէջ: Արդ, ժամանակն է, որ օրերու սահանքին հետ մոռացութեան խրամատը նեղցնենք, կամուրջ մը նետենք վերաշեշտաւորելու նպատակով կամ սեղմ բառերով այդ բոլոր յուշագրութիւնները, յուշապատումները ամրագրենք` ոչ միայն իբրեւ սեփականութիւններ, այլեւ` իբրեւ ազգապատկան ժառանգութիւններ, կառոյցներ, կալուածներ: Ամրագրած, հաստատագրած պէտք է ըլլայինք հայկական հետքերու ամբողջական այդ շրջապատկերը: Լրջօրէն պէտք է վկայակոչենք, այս մանր հայկական ածուն` Եագուպիէ թէ այլուր, ամրագրենք անոր կենսապատումը եւ իրաւատէրի պահանջատիրութեամբ վերահաստատենք` այն գիտակցութեամբ, որ այդ բոլորը դրոշմուած են մեր ազգային հաւաքական յիշողութեան մէջ:
Հայկական բոլոր կալուածներու, հետքերու փճացումը, քանդումը, նոյնիսկ կերպարանափոխումը եւ առնչակից նորագոյն ժամանակներու պատմական իրադարձութիւններու եւ երեւոյթներու ծալքերը մեզ կը մղեն դէպի անցեալ թիավարելու, վերարտադրելու հաւաքական մեր ինքնութեան ոլորտներու մանրապատումները` ստուերներէն դուրս բերելու յանձնառութեամբ: Ստուգապէս իմանալով` ինչ որ չի գրուիր, մոռացութեան գիրկը կը նետուի:
1.- https://www.aztagdaily.com/archives/589960
2.- https://www.aztagdaily.com/archives/556097
(Շարունակելի 3)


