Դպրոցներ Եւ Ընթերցասիրաց Ընկերութիւն
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Արցախի մէջ ընկերային եւ տնտեսական բարեփոխումներու պայմաններուն տակ զարգացման շերամապահութիւնը, բամպակագործութիւնը, խաղողագործութիւնը եւ մետաքսի պատրաստութեան գործարաններ բացուեցան:
Շուշի դարձաւ մշակոյթի կեդրոն. թեմական դպրոցի կողքին բացուեցան այլ դպրոցներ, իսկ Ընթերցասիրաց ընկերութիւնը զարկ տուաւ ժողովուրդին մէջ լուսաւորութեան տարածման:
* * *
Ռուսաստանի մէջ 19 փետրուար 1861-ի կայսերական հրամանով ճորտատիրութիւնը ջնջուեցաւ: Նոյն ժամանակ կառավարութիւնը ձեռնամուխ եղաւ ընկերային եւ տնտեսական բարեփոխումներու:
Կայսերական 14 մայիս 1870-ի օրէնքով Կովկասի եւ նաեւ Ղարաբաղի մէջ գիւղացիական բարեփոխումներ կատարուեցան: Հողերու օգտագործման համայնական եղանակը ջնջուեցաւ: Գիւղական համայնքներուն պատկանող հողերը ընտանիքներու միջեւ բաժնուեցան: Իւրաքանչիւր ընտանիք իրեն սեփական հող ստացաւ, որ կրնար մշակել, վաճառել, նուիրել կամ գրաւ դնել:
* * *
Արցախ տնտեսապէս մեկուսացած գիւղատնտեսական երկրամաս էր: Աստիճանաբար ընդարձակուեցան մշակելի հողատարածութիւնները եւ զարկ տրուեցաւ հացահատիկի մշակութեան:
Շուշիի գաւառին մէջ աւելի զարգացած էր շերամապահութիւնը. Ջիւանշիրի գաւառին մէջ` բամպակագործութիւնը եւ խաղողագործութիւնը:
Կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն դարձուց Արցախի մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման եւ ոռոգման ցանցերու կատարելագործման:
Յատկապէս Շուշիի գաւառին մէջ սկսաւ զարգանալ գինիի եւ օղիի արտադրութիւնը: Գիշի եւ Ղզղալա գիւղերը գինեգործութեան կեդրոններ դարձան:
Շուշի գաւառը եւ ընդհանուր առմամբ ամբողջ Ելիզաւետպոլի նահանգը Կովկասի մէջ առաջին տեղը կը գրաւէր օղիի արտադրութեան մէջ:
Խուբլարեան եւ Սողոմոնեան ընտանիքները Աղտամի մէջ ոգելից ըմպելիներու արտադրութեան գործարաններ հիմնեցին: Այնուհետեւ Աղտամի մէջ քոնիաքի գործարան բացուեցաւ:
* * *
Արցախի շարք մը գիւղերու մէջ մէկը միւսին ետեւէն բացուեցան մետաքսի արտադրութեան գործարաններ:
Շերամապահ արցախցիք բոժոժ կ՛արտադրէին եւ տան մէջ, աւանդական եղանակով թելը կը մանէին: Բոժոժի հունտի աճեցման եւ տարածման մէջ մեծ դեր ունեցան յատկապէս Տէր Գրիգորեանները:
Շուշիի եւ յարակից գիւղերու մէջ մետաքսի պատրաստութեան բազմաթիւ արհեստանոցներ բացուեցան: Աղաբաբա եւ Գրիգոր Խաչատրեանները եւ Կարապետ Շահմուրատեան Խանքենդի (Ստեփանակերտ) մէջ մետաքսի գործարան բացին: Այնուհետեւ, 1873-ին Շուշիի մէջ մետաքսի ոլորման գործարան բացուեցաւ: 1888-ի տուեալներով Արցախի մէջ մետաքսի պատրաստութեան տասնութ գործարան կար, որոնք կեդրոնացած էին Շուշիի, Խանքենդի, Կրկժանի, Քարինտակի, Սղնախի, Չանախչիի, Ղարաբուլախի, Ղշլաղի, Թաղուտի, Տողի, Հադրութի, Շոշի, Բալուջայի, Խնածախի եւ Գիշիի մէջ:
Շուշիի մէջ 1894-ին Կովկասեան մետաքսագործական կայանի մասնաճիւղը հիմնուեցաւ:
Արցախի մէջ պատրաստուած մետաքսը մեծ մասամբ կ՛արտածուէր արտասահմանեան երկիրներ:
* * *
Շուշին արհեստաւորական կեդրոն էր: Կային գորգագործներ, ոսկերիչներ, արծաթագործներ, պղնձագործներ, բրուտագործներ, դարբիններ, քարտաշներ, կօշկակարներ, կաշեգործներ, դերձակներ, գդակագործներ, փականագործներ, պայտարներ, կլայեկագործներ, ատաղձագործներ, ժամագործներ, թամբագործներ, մաշկարարներ, սափրիչներ, ներկարարներ, հացթուխներ, հրուշակագործներ եւ խոհարարներ:
Շուշիի մէջ արտադրուած ապրանքները լայն սպառում ունէին Ռուսաստանի, Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու մէջ:
Շուշի ոչ միայն կ՛արտահանէր, այլ նաեւ կը ներածէր: Թաւրիզէն կը ներածուէր բամպակեայ գործուածքեղէն, մահուդ եւ թաւիշ, Պուխարայէն եւ Պաղտատէն` գառնուկի մորթ (քարաքուլ), Նիժնի Նովկորոտէն` ապակեայ եւ յախճապակեայ ամանեղէն, շաքար, մոմ եւ գիւղատնտեսական գործիքներ: Ապրանքներ կը ներածուէին նաեւ Ֆրանսայէն, Իտալիայէն, Հնդկաստանէն եւ Հոնկ Քոնկէն:
Շուշեցի ամենամեծ առեւտրականները Թառումեան եւ Հախումեան ընտանիքներն էին:
Թառումեաններուն ձեռքն էր Կասպից ծովու քարիւղի, ձուկի եւ աղի արտադրութեան կապալը: Զոհրապ եւ Մարկոս Թառումեանները իրենց միջոցներով կառուցած էին Ագուլեցոց եկեղեցին:
Հախումեանները Ռուսաստանի, Իրանի եւ եւրոպական երկիրներու մէջ գործատուներ ունէին:
* * *
Մեղրեցոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ արական դպրոցը բացուեցաւ 1860-ական տարիներուն:
Դպրոցը սկզբնական շրջանին ունէր քսան աշակերտ: 1874-1875 կրթական տարեշրջանի տուեալներով դպրոցը ունէր 26 աշակերտ եւ մէկ ուսուցիչ:
Դպրոցը 1890-ական տարիներուն փակուեցաւ եւ վերաբացուեցաւ 1906-ի աշնան:
Վերաբացուած դպրոցը ունէր երկու բաժանմունք, 70 աշակերտ եւ երեք ուսուցիչ: Դպրոցը 1913-ին վերանորոգուեցաւ: 1915-ին դպրոցը ունէր երեք բաժանմունք, 126 աշակերտ եւ երեք ուսուցիչ:
Դպրոցը կը պահուէր Մեղրեցոց եկեղեցւոյ միջոցներով, կրթաթոշակներով եւ նուիրատուութիւններով:
* * *
Ագուլեցոց ծխական դպրոցը բացուեցաւ 1860-ական տարիներուն, Ագուլեցոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ կից: 1870-ական տարիներու տուեալներով դպրոցը ունէր քառասուն աշակերտ եւ երկու ուսուցիչ:
Դպրոցը հաւանաբար նիւթական դժուարութիւններու պատճառով 1896-ին փակուեցաւ եւ վերաբացուեցաւ 1906-ի աշնան:
Դպրոցը երկսեռ էր, միադասեայ եւ ունէր մէկ բաժանմունք, 1906-1907-ի տուեալներով` 42 աշակերտ, որոնց 19-ը` աղջիկներ: Դասաւանդող միակ ուսուցիչը Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի շրջանաւարտ Գրիգոր Ղարագէոզեանն էր:
Դպրոցը Շուշիի հայոց Բարեգործական ընկերութեան եւ հասարակութեան միջոցներով կը պահուէր:
* * *
Շուշիի Ռէալական ուսումնարանը հիմնուեցաւ 1881-ին, շուշեցի Մովսէս բէկի տան մէջ:
Ռէալականը ունէր երկու նախապատրաստական եւ հինգ հիմնական դասարաններ: Հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանները բաժնուած էին հիմնական (նախակրթական) եւ առեւտրական բաժանմունքներու, իսկ եօթներորդ լրացուցիչ դասարանը ունէր երեք բաժանմունք` մեքենական-արհեստագիտական, քիմիական-արհեստագիտական եւ հանրակրթական:
Ռէալական ուսումնարանին մէջ կը դասաւանդէին ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, թուաբանութիւն, գիտութիւն, Ռուսաստանի պատմութիւն, բնագիտութիւն, աշխարհագրութիւն, գծագրութիւն եւ կրօնք: Հայերէն դասաւանդուած է միայն 1881-էն 1883, յետոյ հանուած է կրթական ծրագիրէն:
Ռէալական ուսումնարանին նպատակը ռուսերէն լեզուի ու մշակոյթի տարածումն էր:
* * *
Թադեւոսեան արական դպրոցը հիմնուեցաւ 1895-ին, Շուշիի Վերին թաղի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիին կից, շուշեցի պաքուաբնակ Իսահակ Թադեւոսեանի մեկենասութեամբ:
Դպրոցը ռուսական կառավարութեան հրամանով նոյն տարին իսկ փակուեցաւ եւ վերաբացուեցաւ 1905-ին, երբ ազգային դպրոցները վերաբանալու արտօնութիւն տրուեցաւ:
Դպրոցը երկսեռ էր եւ 1908-1909 տարեշրջանի տուեալներով ունէր 110 աշակերտ, որուն 30-ը` աղջիկ, 1912-ի տուեալներով` 120 աշակերտ, իսկ 1915-ի տուեալներով` 123 աշակերտ եւ երեք ուսուցիչ:
Իսահակ Թադեւոսեան մաս կը կազմէր հոգաբարձութեան, մնայուն կերպով աւելի քան յիսուն աշակերտի թոշակ, սնունդ եւ հագուստ կը մատակարարէր եւ դպրոցի գոյատեւման համար ամէն տարի 30 հազար ռուբլի կը յատկացնէր:
* * *
Շուշիի թեմական դպրոցի ուսուցիչներ Յակոբ Տէր Մովսիսեանի, Նիկոլայ Աթաբէկեանի եւ Ստեփանոս Ներսիսեանի նախաձեռնութեամբ 1858-ին Շուշիի մէջ հիմնուեցաւ Ընթերցասիրաց ընկերութիւնը:
Ընկերութեան առաջնահերթ նպատակն էր հասարակական գրադարաններ բանալ եւ ժողովուրդին մէջ լուսաւորութիւն եւ ռուսական ու եւրոպական գրականութիւն տարածել:
Ընթերցասիրաց ընկերութեան ջանքերով 1859-ին Շուշիի մէջ գրադարան-ընթերցարան բացուեցաւ:
Գրադարան-ընթերցարանի բացման մեծապէս նպաստեցին Աստուածատուր Շխեանց եւ Բաբա Բահադուրեանց, որոնք, բացի դրամական օգնութենէ, գրադարանին մեծ քանակութեամբ գիրքեր նուիրեցին:
Գրադարան-ընթերցարանը իր կանոնադրութիւնը ունեցաւ:
Գրադարան-ընթերցարանին շուրջ խմբուած անդամները Թանգարան վերածնութեան անունով ընկերակցութիւն կազմեցին:
Գրադարան-ընթերցարանը ընտրուած յանձնաժողովի մը կողմէ կը ղեկավարուէր: Յանձնաժողովի անդամները տարին անգամ մը կը փոխուէին: Յանձնաժողովը իր ծախսերը կ՛ապահովէր անդամակցական վճարներով:
Գրադարան-ընթերցարանը իր գոյութիւնը պահեց մինչեւ 1867, որմէ ետք փակուեցաւ եւ գիրքերը Շուշիի թեմական դպրոցին նուիրուեցան:
Ընթերցասիրաց ընկերութեան յաջորդ նախաձեռնութիւնը ուղղուած էր մշակութային հիմնարկներու վերաբացման: Շուշիի եւ այլ վայրերու բնակիչներէ նիւթական միջոցներ ստանալով, ընկերութիւնը զանոնք տրամադրեց դպրոցներու վերաբացման, որոնք նիւթական միջոցներու անապահովութեան պատճառով փակուած էին, ինչպէս նաեւ չքաւոր աշակերտութեան, տպագրական եւ հրատարակչական գործի բարելաւման եւ նպաստեց դասագիրքերու տպագրութեան ու տարածման:
Ընկերութիւնը իր միջոցներով կը ստանար հայկական եւ ռուսական հասարակական, քաղաքական եւ գիտական հանրամատչելի բազմաթիւ պարբերականներ եւ մանկավարժական ամսագիրներ:
Ընթերցասիրաց ընկերութեան նախաձեռնութեամբ 10 մարտ 1889-ին Շուշիի մէջ քաղաքային ժողովարանի շէնքին մէջ գրադարան-ընթերցարան բացուեցաւ` հայերէն եւ ռուսերէն շուրջ չորս հազար գիրքերով: Գրադարան-ընթերցարանը իր կանոնադրութիւնը ունեցաւ: Գրադարանէն օգտուիլը վճարովի էր: Գրադարանը իր մնայուն ընթերցողները ունէր:
Գրադարանը ընդարձակ ընթերցասրահ ունէր եւ հայերէն ու ռուսերէն լեզուներով գրականութիւն ու մամուլ կը ստանար:
Գրադարանէն օգտուողներուն եւ մնայուն ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը հայեր էին. կային նաեւ փոքրաթիւ ռուսեր եւ հատուկենտ թաթարներ:
Ռուսական կառավարութեան հրամանով, 1896-ին, հայկական դպրոցներու փակման պայմաններուն տակ, փակուեցաւ նաեւ ընթերցարան-գրադարանը: Իսկ Ընթերցասիրաց ընկերութեան գործունէութիւնը արգիլուեցաւ: