ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Ջուրի մեծ հեծանիւը վախ կ՛ազդէր, բայց եւ կը գրաւէր. ինչո՞վ. կ՛երեւի` նորութեամբ, չէր փորձած:
Հեծանիւը վարող երիտասարդը զգաց իր տատամսիլը, միաժամանակ առաւ հոտը իր հմայուած վիճակին. վաւերական յաճախորդ:
– Ե՛լ,- ըսաւ համարձակութեամբ:
– Որքա՞ն է:
– Քառորդ ժամը 13$: Ե՛լ:
– Ո՛չ:
– Կը վախնա՞ս:
– Չեմ վախնար, ամուսինս…
– Ի՛նքն ալ թող գայ:
Ամուսինը չեկաւ, եւ ինք, մինակ չըլլալու համար տղուն հետ, կանչեց ընկերուհիին մանչը:
Ալիքները կը ճօճէին հեծանիւը, որ արագ ու հեզասահ կը բարձրանար` սիրտը հետը վեր տանելով: Ա՛ս է ազատութիւնը, կը մտածէր, ա՛ս, ծովուն անհունութեան մէջ, գրեթէ մերկ եւ ամբողջովին մինակ: Եթէ պիտի չունենամ ամբողջական ազատութիւն, անկէ փրցուած-խածուած պահը գոնէ իմս է…
Եւ ծովը կը խօսէր իրեն, կը պատմէր անվերջ ճամբորդութիւններու եւ խորտակումներու մասին: Ալիքները կը հրճուէին իրեն հետ ու կը յիշէին համը աղին ու արցունքին:
Ծանր հեծանիւը հեզասահ ու արագ կը բարձրանար եւ յետոյ կ՛իյնար մեծ թափով: Կը յիշէր մանկութեան երազները, նոյնը` ամէն գիշեր. կը բարձրանա՜ր, կը բարձրանա՜ր դանդա՜ղ-դանդա՜ղ ու յետոյ մեծ թափով կ՛իյնար: Ինչո՞ւ բոլոր բարձրացումները անկումներով կ’աւարտին: Կ՛որոշէր ալ բնաւ-բնաւ չտեսնել այդ երազը: Բայց կը տեսնէր ամէն գիշեր եւ միշտ նոյն վախը կ՛ապրէր:
Ինչպէս հիմա:
Այդ ապրումին ծանօթի պէս հանդիպեցաւ: Մեծցեր էր ինք, բայց վախը կը մնար իրմէ մեծ եւ անղեկավարելի:
Սկսաւ ճչալ:
Այդ ճիչերէն էր կ՛երեւի, որ մանչը կորսնցուց տիրապետումը եւ հեծանիւը կողին վրայ պառկեցաւ:
Ինկան:
Հեծանիւէն մինչեւ ջուրին հասնիլը շատ արագ տեղի ունեցաւ: Զգաց, որ կ՛իյնայ: Ոչինչ ըրաւ: Գիտէ՞ր որ անօգուտ պիտի ըլլար…
Բայց սուզուիլը երկար տեւեց` slow motion. իսկական առանձնութիւն էր` ո՛չ ձայն, ո՛չ շարժում, ո՛չ ոք: Ի՛նքը, խո՛րքը, սուզո՛ւմը:
Սպասեց, որ վախը գրոհէ հիմա, ճի՛շդ հիմա, այս կատարեալ առանձնութեան մէջ. գրոհէ եւ վերջնականօրէն տապալէ զինք:
Փոխարէնը` անդորր մըն էր. տարօրինակ, անսովոր, նոյնիսկ հաճելի անդորր մը. քերթուածը եւ ինք. սուզումը բառերուն խորքը, կատարեալ առանձնութեան մը մէջ` ո՛չ ձայն, ո՛չ շարժում, ո՛չ ոք: Ի՛նքը, քերթուա՛ծը, սուզո՛ւմը:
Մէկը դաստակը ցաւցնելու չափ ամուր բռներ էր: Զինք վեր քաշեց: Սուզումը կասեցաւ:
Չէր վախնար: Բնաւ չէր վախցած:
* * *
Ասիկա վաղուց ապրուած եւ վաղուց գրուած պատմուածք մըն է. օրերը յիշեցուցին զայն ինծի, որովհետեւ որոշ նմանութիւններ կան այսօրուան եւ վաղուց զգացած վախիս կամ վախերուս միջեւ:
Ժամանակին շատ դիւրին էր, կը կարծեմ, առօրեան ապրիլը, երբ չկային ընկերային ցանցերը եւ անոնցմէ ծորող լուրերը, որոնք ե՛ւ կը տիրապետեն մեր վրայ ե՛ւ մեր պաշտպանողական համակարգը կը ցնցեն կարծես:
Շրջան մը առաջ այլ էր հոգեբանական կեցուածքը, այնքան ատեն որ մեր քաղաքը/երկիրը խաղաղ է, աղէտներ եւ պատերազմներ չկան, ուրեմն լաւ կ՛ապրինք մեր առօրեան` իր դժուարութիւններով հանդերձ…
Այսօր, սակայն, բաւական յստակ դարձաւ, որ համաշխարհայնացումը սուսիկ-փուսիկ եկեր եւ մեր մէջտեղը նստեր է այն իմաստով, որ ա՛լ հեռու-մօտիկ չմնաց, բոլորս մէջն ենք այս երկրագունդ-կաթսային, որ սկսեր է մեծ ցնցումներով եռալ:
Ատենին շատեր ունէին Հայաստանը, որ իրենց համար վերջին կայքը պիտի ըլլար. ուրիշներ ունէին Քանատա-Ամերիկան, քիչերու համար Ֆրանսան կամ Աւստրալիան այլընտրանք էր:
Հիմա բառացիօրէն ամէն կողմ նոյն անապահով, նոյն անելանելի կացութիւնն է. կա՛մ պատերազմ է, կա՛մ քաղաքացիական կռիւներու վիճակ, կա՛մ բնութեան աղէտներ …
Եթէ ասոնք չեն, ապա պետական դպրոցներուն մէջ մանուկներուն եւ պատանիներուն ուղեղի լուացումն է անբնական գաղափարներով, որոնց դէմ ծնողն իսկ չի կրնար արգելք դառնալ, ըստ այդ երկիրներուն, մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու օրէնքներուն:
Սակայն պէտք է ըլլայ տեղ մը, վայր մը ներքին, ուր կարենանք մեր հաւասարակշռութիւնը պահել այս ցնցուող կաթսային մէջ: Տեղ մը, որ մեզի համար պէտք էր պատրաստած ըլլայինք, բայց թերացեր ենք: Տեղ մը, որ մեր ամէնէն նեղ շրջանակէն քիչ մը աւելին ըլլար, հայրենիքը, ուր չէինք, բայց որ մեզի համար արդէն ապահով կռուան դարձեր էր. դարձեր էր հոգեկան ապահովութիւն:
Բայց թերացեր ենք. շատ թերացեր ենք քանի մը կէտերու մէջ, այսպէս.
1.- Ճանչնալու Արեւմտահայաստանի պատմութիւնը, ճանչնալու այսօրուան Հայաստանը,
2.- Ճանչնալու այսօրուան պետութեան քաղաքական կեցուածքը,
3.- Գիտնալու, թէ օտար լեզուով ի՛նչ գրականութիւն ունեցած ենք պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ քաղաքականութեան մասին, որովհետեւ ունեցած ենք, բայց չենք գիտեր,
4.- Շատ լաւ ճանչնալու սփիւռքի գաղութները, իմանալու, թէ ի՛նչ նուաճումներ կ՛ըլլան հոն, անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ հաւասարապէս,
5.- Գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ նուաճել համաշխարհային հարթակները,
6.- Քարիւղ չունինք. ի՞նչ է փոխարինող նիւթը, որ կրնայ մեր հարցը կարեւոր դարձնել քաղաքականութեան մէջ:
Մեզմէ քանի՞ն գիտէ այս կէտերը, գոնէ` 1, 2, 4-ը, կամ մտածեր է անոնց մասին եւ փորձեր լուծումներ գտնել, կամ վիճակը դարմանել:
Ահա թէ ուրկէ՛ կու գայ իմ ներքին, էութենական վախը, որուն մէջ կարծեմ թէ մինակ չեմ, շատեր ինծի հետ նոյնը կը զգան: Եթէ արեւելքի գաղութներուն մէջ ատիկա կը զգանք նաեւ ֆիզիքապէս, արեւմուտքի գաղութները անոր հոգեկան անդրադարձը միայն կ՛ապրին:
Աւելի վախազդու կէտը այն է, որ կը կարծենք, թէ լուծումներ չունինք, լուծումներ չկան:
Իսկ ես կը կարծեմ թէ լուծումներ մի՛շտ կան` «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար». կը բաւէ փնտռել զանոնք լրջօրէն, փընտռել բառերէն անդին, փնտռել անպայմա՛ն գտնելու հաւատքով: