ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի ազգային եւ եկեղեցական տօներէն է Սուրբ Թարգմանչաց տօնը, որ կը նշուի Խաչվերացի չորրորդ կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը:
Թարգմանչաց տօնը կը խորհրդանշէ հայերէն գիրերու գիւտը, Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը, Թարգմանչաց շարժումը եւ հայ դպրութեան սկզբնաւորումը:
Հայ եկեղեցին Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետացն մերոց անուան տակ կը տօնէ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր աշակերտներուն` Եղիշէի, Մովսէս Խորենացիի եւ Դաւիթ Անյաղթի, ինչպէս նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի եւ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի յիշատակը:
***
Հայաստան 301-ին քրիստոնէութիւնը ընդունեց իբրեւ պետական կրօն: Սակայն եկեղեցական ծիսական արարողութիւնները կը կատարուէին յունարէն եւ ասորերէն լեզուներով: Հայաստան 387¬ին բաժնուեցաւ Սասանեան Պարսկաստանի եւ Բիւզանդական կայսրութեան միջեւ: Պարսկաբաժին Հայաստանի մէջ կը գոյատեւէր Արշակունեաց թագաւորութիւնը, բայց անուանական կերպով` ենթակայ ըլլալով արքայից արքայի գերիշխան կամքին: Հայ ժողովուրդին երկու հատուածները հետզհետէ կ՛օտարանային իրարմէ, եւ ձուլման վտանգը կը սպառնար ազգի գոյութեան:
Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս եւ հոգեւոր ու աշխարհիկ մեծամեծներ որոշեցին հայերէն գիր ու դպրութիւն ստեղծել, քրիստոնէութիւնը հայացնել եւ մշակոյթ կերտել, ձուլման վտանգը չէզոքացնելու եւ հայ ազգին յաւերժութիւնը ապահովելու նպատակով:
Հայերէն գիրերը ստեղծելու նպատակով Մեսրոպ Մաշտոց մեկնեցաւ Եդեսիա եւ Սամոսատ, ուսումնասիրեց օտարալեզու մատեանները եւ 405¬ին ստեղծեց հայերէն գիրերը:
Գիրերու գիւտէն ետք, 404-406-ին, սկսաւ Թարգմանչաց շարժումը:
Վռամշապուհ արքային աջակցութեամբ սկսած Թարգմանչաց շարժումը գլխաւորեցին Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս, Մեսրոպ Մաշտոց եւ անոնց աշակերտները` Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ, Կորիւն, Եզնիկ Կողբացի, Դաւիթ Անյաղթ, Յովսէփ Պաղնացի, Ղեւոնդ Վանանդեցի, Յովհաննէս Եկեղեցացի, Մամբրէ Վերծանող եւ Ղազար Փարպեցի:
Առաջին անգամ թարգմանուեցաւ Աստուածաշունչը` ասորերէն եւ յունարէն բնագիրներէն: Առաջին թարգմանուած ու հայերէն գրուած նախադասութիւնն է` «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»: Թարգմանութիւնը այնքան կատարեալ եղաւ, որ նկատուեցաւ «Թագուհի թարգմանութեանց»:
Թարգմանուեցան նաեւ ծիսական (Խորհրդատետր¬Պատարագամատոյց, Ժամագիրք), հայրախօսական, վկայաբանական, վարքագրական, կանոնական եւ պատմական երկեր:
Թարգմանական գրականութիւնը հիմք ստեղծեց հայ ինքնուրոյն` մեկնողական, աստուածաբանական, դաւանաբանական, իմաստասիրական եւ պատմական գրականութեան ստեղծման համար:
Թարգմանչաց շարժման շնորհիւ քրիստոնէութիւնը հայացաւ եւ դարձաւ կեանքի ձեւ: Աստուած խօսեցաւ հայերէն հարազատ ու կենդանի լեզուով, Կերտուեցաւ հայ մշակոյթի Ոսկեդարը եւ լուսաւորուեցաւ հայոց աշխարհը:
Հայկական առաջին դպրոցը բացուեցաւ Վաղարշապատի մէջ: Այնուհետեւ դպրոցներ բացուեցան տարբեր գաւառներու մէջ:
Վաղարշապատի մայր դպրոցը կը պատրաստէր, եկեղեցական գործիչներ, ուսուցիչներ ու քարոզիչներ կը պատրաստէր, որոնք լուսաւորական գործունէութիւն կը ծաւալէին Հայաստանի չորս ծագերուն:
Վաղարշապատի մայր դպրոցը եւ միւս դպրոցները հիմք հանդիսացան հայ գրականութեան ու մշակոյթի զարգացման եւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման:
Թարգմանչաց շարժումը խթան հանդիսացաւ հոգեւոր երաժշտութեան զարգացման: Առաջին հոգեւոր երգերը կցուրդներն են, որոնք հիմք հանդիսացան հայ ազգային շարականերգութեան: