Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իր Իրաւութեան Հաւատարիմ Մարգար Շարապխանեան

Հոկտեմբեր 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Օգոստոսին Մարգար Շարապխանեան` անուսադիր Հայը, կատարեց իր վերջին ճամբորդութիւնը եւ գնաց Աշտարակ, հոն թաղուեցաւ, յաւերժութիւնը ապրելու համար նախահայրերու կողքին:

Ոչ ոքի տուրք տալու համար կը գրեմ սրտի այս խօսքը:

Քիչ կը խօսինք ազգային իրաւութեան մասին, քանի որ զանազան բնոյթի «հանգամանաւոր»-ները պէտք չէ վշտացնել: Անոնք ամէն տեղ են` Ֆրանսայի կապուտակ ծովափը, Մոնաքօ, Պեւըրլի Հիլզ, Մանհաթանի երկինք շոյող աշտարակներուն գագաթը, Խաղաղականի դրախտ Փունթէ տել Էսթէ, Մայամի, կամ Լիբանանի առինքնող մայրիներու բլուրներուն վրայ, Հիւսիսային պողոտայ:

Մարգար Շարապխանեան` հայրենահանուածի ժառանգ, Յունաստանի գաղթակայաններէն հասած էր Մուրատ Ռափայէլեան վարժարան, ուր դարբնուած էր իր ինքնութիւնը, զոր որպէս ուսուցիչ բաժնած-բաշխած էր սփիւռքածին սերունդներուն:

Թորոնթոյի շատերու երազած իր հանգիստէն հրաժարած էր, չէր ուզած շարունակել պատմութեան չարիքով իրեն պարտադրուած ֆիզիքական եւ հոգեբարոյական աքսորը, զոր որպէս հանդարտեցնող դեղահատ կը կոչենք սփիւռք:

Ան հասկցած էր, որ սփիւռքը հայրենիք չէ, ազգ չէ: Եկած էր երկիր: Բոլոր մեծ քաղաքներուն նմանող Երեւան չէր մնացած, գացած էր Ուշի` գիւղ, հայրենիք-հողին հետ հաղորդուելու, ապրելու հողին տէր ժողովուրդին հետ եւ իր նպաստը բերած  էր հողին տէր ժողովուրդին, որպէսզի անոնց հետ ըլլայ հայրենատէր: Իր ընկերները եւ աշակերտները արժանին կը հատուցեն: Ինծի համար օրինակելին ոչ թէ բանիւ, ճառերով, խրախճանքներու ընթացքին կամ քաղաքական համարուած համախմբումներու ընթացքին հայրենասիրական եւ մշակութասիրական ինքնագոհական եւ բարեսիրական աւուր պատշաճի խօսքերն են, այլ` հայրենատիրութեան փաստը, որ ժողովուրդին հետ ըլլալ  է:

Մարգար Շարապխանեան կեանք վերսկսած էր ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին մէջ, գիւղին մէջ, գիւղացիներու հետ: Կը բաւէր, որ Ուշի հասնէիք, ձեր հանդիպած առաջին բնակիչին հարցնէիք իր հասցէն, կ՛ըսէին` «քանատացիի՞ն»… կը շարունակէք այսպէս, կը դառնաք այս կողմ, կը բարձրանաք եւ կը տեսնէք դրօշակով տունը»:

Մարգար Շարապխանեան գացած էր Ուշի` արմատ արձակելու, հիւր չըլլալու, գացած էր իր գրադարանով, իր գիրքերով, որոնք եղած էին հոգեկան կամուրջ անցեալին, իր յանձնառութիւններուն եւ երազներուն հետ: Իր ինքնատիպ հպարտութիւնը` Ուշիի բլրան վրայ իր ՏՈՒՆը: Իր ներկայութիւնը Ուշի կենդանի եւ վառ օրինակ էր ընելու համար այնպէս, որ հայրենի հող եւ տարածք բնակեցուին, ըսելու համար, որ հայուն հողը Հայաստան է, կենսագործելով քաղաքական այն պարզ իմաստութիւնը, որ «հողը տէր կ՛ուզէ», որ`  իրաւ հայրենասիրութիւնը բնակեցումն է, ՛ոչ ճառը, ո՛չ «տուրիզմ»-ը, որպէսզի երկիրը զարգանայ եւ պաշտպանուի:

Չեմ գիտեր, թէ Մարգար Շարապխանեան  կարդացա՞ծ էր, թէ՞ ոչ հայրենի գրող Վիգէն Խեչումեանի «Գիրք լինելութեան»-ը, ուր կայ ամպագոռգոռ յայտարարութիւններէ, դամբանականներէ, մահախօսականներէ, ինքնագովերգական խօսափողականէ տարբեր իմաստութիւն, զոր չլսեցին եւ չեն լսեր ո՛չ Հայաստանէն արտագաղթողները  եւ ո՛չ սփիւռքի կուշտ հայերը: Վիգէն Խեչումեան ըսած է.

«Ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:

Այս մեր կացութեան դիմաց կանգնած իրաւ քաղաքական առաջնորդի եւ վերլուծաբանի անսեթեւեթ խօսք է, ընթացիկ դարձած ամբոխավարութենէ եւ ամբոխահաճութենէ տարբեր եւ վեր: Մարգար Շարապխանեան հայու հարազատ եւ չխաթարուած իմաստութեամբ հասկցած  էր եւ կատարած` իր ազգային խորքով ԴԱՐՁը, այս բառին քաղաքական եւ հոգեբարոյական ըմբռնումով:

Թերեւս շատեր շատ բաներ ըսին, ըսած են, կրնան ըսել Մարգար Շարապխանեանի մասին, անձ, որուն կեանքը հայկական սփիւռքին մէջ թաւալած էր` յանձնառութեամբ, համոզումով, ծառայութեամբ: Հիմա որ չկայ, կը մնայ իր միշտ կենդանի վառ օրինակը, թուղթի վրայ չարձանագրուած եւ եթերէն չհնչող ՕՐԻՆԱԿԻ ԿՏԱԿը, կենդանի ներիմացումով ապրած իմաստութիւնը, այն որ պէտք է դադրիլ «ուրիշի դրանը հիւր եւ ծառայ ըլլալէ»…

Եթէ լսենք, լսած ըլլայինք այս վաւերական գոյապահպանական սոսկ մեր մաշկին չծառայող  իմաստութիւնը, այլ ընթացք կ՛ունենար մեր անցեալ, ներկայ եւ գալիք պատմութիւնը:

Հայրենահանուածի ժառանգը հիմա հայրենի հողին միացած է` որպէս տէր եւ որպէս շարունակութեան վառ օրինակ:

Սեպտեմբեր 2023

 

Նախորդը

Պարոն Մարգար Շարապխանեանը` Անզուգական Տնօրէնն Ու Մենտորը

Յաջորդը

«Բագին»-ի Վաթսունամեակ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?