Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բագին»-ի Վաթսունամեակ

Հոկտեմբեր 14, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Ինքը` բագինն է, որ աշխարհի չորս ծագերէն շրջանակած է իր քուրմերն ու քրմուհիները վաթսուն տարիներէ ի վեր: Իսկ անոնք գիրով ու բանով, երկիւղածութեամբ կամ աներկիւղ, դասական կամ փորձառական ծէսերով, մայրենիի հոգատարութեամբ, ձայնի ելեւէջներով, ոճային յանդգնութիւններով, իմաստասիրութեան խաւերով, քննադատութեան ակնոցներով եւ հրաշագործ մականներով, շարան-շարան ձայներգութեամբ «զոհ»-ին տուած են կեանք, մարմին եւ արիւն. բարձրացուցած կամ սուզած են խորհրդաւորի ծալքերուն: Արարած են, երկնած են, փառքի հնչիւններ ու ողբերգներ ծաւալած են:

Այբուբենեան միլիոնաւոր գիրեր ընդգրկող միայն հի՛նգ գիր` «Բագին»: Անոր էջերէն կը ցոլան` կեանքին ցեղը, ցեղին սիրտը, սրտին զարկը, զարկին յարգը. ակնածանքն ու նուիրումը գիրի մարդոց, բաբախուն ու աներեր: Անվերադարձ հեռացեր է քրմապետը` Պօղոս Սնապեան: Բայց կու գան յաջորդները, միշտ պիտի գան ուխտաւորները` նուիրեալ ու լեզուահմայ:

Մէկը երկչոտ զարկաւ դուռը, միւսը կարծեց իր սեփական ապարանքը կը մտնէ. մէկը բերաւ աղօթքի սար, միւսը բերաւ ծաղրանկար, մէկը մկրատ բռնած եկաւ, միւսը տուաւ աւանդութեան ծալ-ծալ ծրար, մէկը` թռիչքներու վարպետ, միւսը տեղէ տեղ թռելու համար պէտք ունէր կարպետ: Մէկը եկաւ բազում փորձառութեանց անթացուպով, պատմեց ու պատմեց, ծանօթացուց օտարազգի գրիչներ եւ վերլուծեց ու անցաւ, միւսը կռթնեցաւ նորահնար անթացուպին, որպէսզի չիյնար: Մէկը եկաւ հայրենի գրողներու Բանով ձայնով հմայուած, միւսը բացաւ սփիւռքի հանքերուն գանձերը թաքնուած: Նոր հեգողներն ու յանկերգողները դուրս մնացին, անոնք պէտք էր անդունդներէ ու լեռներէ անցնէին: Բազում գիրքեր, ազգակիցներ երբեմն հաշտ, երբեմն անհաշտ ապրեցան: Իմաստունը ըսելիքը ըսաւ ու գնաց, ջուրը եռաց, շոգին մնաց: Մէկը ռահվիրայ` ճամբայ բացաւ, միւսն անվեհեր` այդ ճամբան անցաւ: Քրմապետը արթուն էր միշտ, եւ «Բագին»-ը ժամանակի փորձանքներուն դիմացաւ: Երկիրը վախ ու վտանգ, պատերազմ ու գաղթ գուժեց, բայց «Բագին»-ի խորախորհուրդ ու սրտառուչ խունկը բուրե՜ց ու բուրե՛ց:

Հիմա կայնինք ու երկիւղած աղօթենք`

Փառք ու պատիւ` անորոշութիւնը հաւատքի, հոգեվարքը կեանքի, մահը վերյառնումի, գրականութիւնը կենսաձեւի վերածողներուն: Գրական աշխարհի մէջ այս տիեզե՜րքը ստեղծողներուն:

Վաթսուն տարին ի՛նչ է որ: Մեսրոպ Մաշտոց ահա կ՛ապրի՛:

Ապրիլ 12, 2023
Նիւ Ճըրզի, Միացեալ Նահանգներ

 

 

 

 

Նախորդը

Իր Իրաւութեան Հաւատարիմ Մարգար Շարապխանեան

Յաջորդը

Տօն Սրբոց Թարգմանչաց

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?