Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօտախտի Մայրուղիս, Կ’անցնի Առինքնող Հալէպէն

January 23, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Որքա՜ն փորձեցի վանել հոգիէս եւ մտքի տեսադաշտէս ծննդավայրիս քաշողական թովչութիւնը՝ չյաջողեցայ: Վտարանդիութեան առաջին օրէն, կոյս տենչանքներս թեւածեցին հետազօտելու հիւրընկալ նոր ափունքները: Սակայն, ծննդավայրիս վերադիրներու խլացնող ամպրոպի գոռոցին ներքոյ, ուր Հալէպ եւ Սուրիոյ բառերուն զուգորդուեցան՝ անզուգական, ասպնջական, հիւրընկալ, օրհնաբեր եւ չնաշխարհիկ մակդիրները, աքցանեցին հոգիս ու  անբաժանելի մաս դարձան, ո՛չ միայն արտայայտութեան մը ձեւի, այլեւ անքակտելիօրէն մէջս ամրագրուեցան որպէս կենցաղային նկարագիր ու հպարտութիւն:

Հալէպը դարձաւ անբուժելի ժահր մը, որ հանգչած խոկումներու ընթերքիս մէջ, փորձեց կրծել իղձերս, մշուշապատելով շշնչած ամէն մէկ բոյր, ամէն մէկ տեսարան, ամէն մէկ  դիմագիծ, որ զիս կը փոխադրէր էութեանս գոյառման ամրոցը՝ ծննդավայրս:

Օրեր անցա՜ն, տարիներ սահեցա՜ն, մտաբերելով ծննդավայրի օրրանս, սպասելով խապրիկ մը, որոճալով ետին ձգուած յիշատակներ, փորձելով վերակենդանացնել անբիծ կենցաղ, աղօտած դէմքեր, մակագրուած վայրեր: Ծննդավայրի արգասիքէս ժայթքող անմեղունակ մեղքերս անգամ, քէնոտած, զիս մինակ ձգելով, թեւածելով հառաչանքներու ալիքներուս վրայ, ափալ-թափալ թաքնուեցան օտարութեան նորօրեայ մրոտած խորհրդածութիւններուս ներքեւ։

Այսպէս, անկեղծ ըլլամ եւ խոստովանիմ, որ ծննդավայրս ուր մանկաբարձի ձեռքին հանգչած  աղիողորմ առաջին ճիչս արձակած եմ, արարած եմ, հասակ նետած, ըմբոշխնած անոր բարիքները, մէջս ապրեցաւ որպէս հայրենիքի համարժէք զուգահեռ իմացութիւն:

Մինչ, կարօտախտի գերանդին ամէն օր կը մանէր յիշատակներու շղարշս, փորձելով պոկել անոր ներքեւ անթեղուած ու ամրօրէն ամրագրուած մռայլ յուշերն անգամ, ջանալով զանոնք մեքտեղել օտարութեան «ոսկեայ ճաղերու» վանդակին մէջ:

Իսկ մոռացութեան ժանիքը անգութօրէն իր սարդոստայնը կը հիւսէր կոտտացող հալէպաբաղձութեան բաց խոցիս շուրջ, հակառակ արձակած վայնասուն կարեկցեալ  աղերսանքներուս:

Մեծ ճիգ թափեցի, որ ծննդավայրի հետ զօդող պորտակապը չբեկանեմ, սակայն գործնականօրէն՝ յումպէտս վատնեցի տուն դարձի գաղափարը, հակառակ անոր, որ տուն դարձի ճամպրուկներս ամրացած էին օտարութեան կայմի անթեղուած խարիսխին ու պատրաստ խոյանալու, յոյսերու եւ ցնորքներու թոհուբոհի սաւառնակով դէպի օրրան:

Բաղձանքներս, ցայտող շատրուանի նման, հեզաճկուն՝ արագ- արագ յիշատակներու կաղամարէս դուրս սահեցան: Միակ սփոփանքս՝ դիւթիչ անցեալը որոճալով, անոր տիպը պեղելով արարելն էր, կշտամբելով վիճակուած բախտս՝ որուն անողոք մաքիլներուն կը փորձէի անձնատուր չըլլալ:

Այնքա՜ն անզօրութեան բարդոյթով կլանուած կը զգայի, որ կը փորձէի չվանել յիշատակի շիթեր, որոնք կը ծորէին գանկիս կարօտի բջիջներու սարդոստայնէն, կարծես հերձուածողի մեկուսարանի ճաղերուն ետին յայտնուած ըլլայի:

Հակառակ յուշը մշուշի չվերածելու յամառ ճիգերուս, աւաղ՝ անոր բեկորացած ցօղերը, յումպէտս ցնդեցան օտարութեան երաշտ ովասիսի խլեակներուն մէջ, հազիւ ձգելով պատառիկ մը յիշատակներու աղօտած շղարշէն:

Ընդունեցի, որ կոչուիմ անցեալի մէջ ապրող թշուառական, բաղձանքոտ հէք գաղթական, կարեւորը կրկին ընձեռնուէր այն պատեհութիւնը, ուր պիտի ապրէի Զահրատի ողջագուրման տենդաքին պատեհ պատկերը՝

Քաղաք – օր մ’ալ կու գամ հարկաւ թուշս դնել մայթերէդ մէկուն
Կարօտս առնել – անցած օրերու մենութեանս վրայ լալ…
Ինծի համար անցեալի մէջ ապրիլը ՝ քմայքի խնդիր չէր, այլ բալասան:

Հալէպաքաղցութեան կրծող տենչը, վրան գումարած հայաստանաբաղձութիւնը, մանաւանդ երբ  հողմ մըն ալ մրրկելով, մարեց հազիւ պլպլացող տուն դարձի երազս, ուր անհամատեղելի արհաւիրքէ կ’անցնէր ծննդավայրս եւ հեռակայ կարգով անմիջական սատար կանգնելու անզօրութիւնս, խոփի նման կ’արգելակէր յուշերու արտիս մէջ արօրս անկաշկանդ վարելու հաճոյքը: Այսպէս, անկարողութեան հեծեծանքով ապրիլը՝ պժգանք կը յառաջացնէր մէջս:

Քաշ տալով վիճակուած այս տհաճ կեանքի ձեւը, փորձեցի վանել ամէն պատկեր, բոյր, դէմք, հանգստարան եւ կառոյց, որ կը խայթահարէր ձեւաւորուած ողորմելի՝ անպաճոյճ աշխարհս:

Վերջապէս, կարօտախտի ժահրի կոտտացող այրուցքս յաղթանակեց, կլանելով խայտացող դարձի մորմոքս։

Բարեբաստիկ առիթով մը, նորահաստատ երկրակամարէս՝  քանատական ոստաններէն, Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Մարմնի ծառայութեան աշխատանքին նուիրուելով, այդ  նուիրական ակօսէն համեմատական յագեցում գտայ, այդ աշխատանքներուն ընդմէջէն ուրուագծելով տունդարձի ճեպընթաց մը: Լոկ Երազանքով յագուրդ ստանալը, հազիւ զիս կը հասցնէր միա՛յն ըղձանքի մը լիութիւնը ապրելու սոսկական բաւարարութեան:

Իրողապէս կարօտախտը՝ դարձաւ հայկական բանաստեղծութեան հիմնական առանցքը, անոր հոգիին մէջ անթեղուած կրակը, որ մէյ մը կը շիկանայ, մէյ մը կը խամրի։

Հանգչելով յուշերուս քարափին վրայ, կարծեցեալ վաղանցուկ կարօտի ցաւերու անդոհանքս գրկելով,  անձկութեամբ հառաչեցի՝ յիշելով Ռուբէն Որբերեանի անմահ տողերը՝

Կեանքի նաւակն հետք չի թողուց իր ետին
Մոռացումը առա՛ւ ինձմէ ամէն բան,
Հին երազներս ամպերու պէս կ’անհետին,
Յիշատակն ալ կ’անցնի երգի մը նման:

Այս հոգեպարար սրտաբեկ դրուագներու ու ադամանդեայ հեքիաթային յիշատակներու ուխտագնացութեանս, երբե՛ք պիտի չփնտռեմ ուղղորդող աստղ մը, քանի ճեպընթացութեանս միակ ուղենիշ գիսաւորս կ’անցնի Հալէպի վերեւ։

Յոգնաբեկ, յիշատակներու փասոտած գանձարանս գրաւական կը դնեմ վտարանդի գերեզմանին առաջ հօրս՝ իմ բագինին, որ մէջս սերմանած է բարոյական արժէքներու հունտեր, որոնց կարեւորագոյնն էր ծննդավայրի հանդէպ հաւատարմութիւն, ծառայութիւն ու գորով։ Հետեւաբար, արիօրէն պիտի թռչիմ օրրանիս  քաղաքամասի մայթերէն, դեգերելով Սալիպէի արահետներէն, անցնելով միջնաբերդի՝ Սուլամանիէի հինը ու նորը կամրջող ոստաններէն, հասնելով Նոր Գիւղի հայկական երեւելի ու անտեսանելի քարակոփներու կրանիթէ կամք մրճահարող, երանաւէտ, ոգեղէն ապարանքներէն ու խպնոտ ածուներէն:

Թախանձագին Հառաչե՜լով,
Թաթախուէի Հալէպի բերդի անդնդախոր խրամատին փոշիով, ապա հողամաղի դրոշմերը լուայի Հէյլանի զուլալ աղբիւրին ջուրով:
Հեշտագին,

հպէի քիմքիս վարդի անուշի քաղցրահամ տակառին մէջ, թելէ պանիրի լծորդութեամբ պատուաստուած, համտեսելով հարազատ համը ծննդավայրի ինքնութեան տենչերուս, որպէս սպեղանի անդնդախոր կսկիծներուս:

Անցնէի,
քաղաքապետարանի մարզադաշտէն, ուր պիտի լսէի՜ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակներու ցնծութեան կոչերը ու տողանցողներու շքերթի թնդիւնը ամեհի։

Ա՜հ,
ման գայի Նոր Գիւղէն դէպի քաղաք տանող շաւիղներէն ու լիաթոք, ի սպառ շնչէի կիրակնօրեայ հայկական քէպապի ծխանի ծուխը զգլխիչ:
Ըմպէի՜,
Եփրատէն մատակարարուող տանս ծորակի ցայտկլտացող զուլալ ջուրը, հայրենաբաղձ հոգիիս պապակը յագեցնելով:

Շատ իրաւացի էր ատենօք Հալէպի մէջ գործող հանգուցեալ սասունցի՝ Տէր Մկրտիչ Մուրատեան, որ հաւանաբար այդ պահուն կը մրմնջէր.

«Թեքուէի աղբիւրին,
Կարօտած պաղ ջրին,
Լինէի հանդերում,
Մեր կանաչ մարգերում,
Ուր ծաղկունքն են բուրում,
Ուր մանուկ օրերում,
Հովն էր ինձ միշտ համբուրում»:

Ան, այնքա՜ն հարազատ ու ինքնաբուխ պոռթկումով պետական ջուրի ընկերութեան հարկահաւաքը կը յանդիմանէր, երբ եկած էր իր տանը ըմպելի ջուրին հարկը հաւաքելու ըսելով․

«Ի՞նչ համարձակութեամբ եկած ես դրամ կը պահանջես: Դուք լա՛ւ պէտք է իմանաք, հայերս կ՚ըմպենք մեր Բինկէօլի եւ Արածանիի ջուրը: Արդեօ՞ք մէկը, որ կ՚ըմպէ իր հարազատ երկրի աղբիւրներուն արգասիքը, այդ մէկուն համար գումար պիտի մուծէ…: Ես կը մերժեմ վճարում ընել անոր համար»:

Գգուէի,

թաղի մոլորած տողանցող փետրուարեան ամեհի կատուները, որոնք խարխափող քայլերով՝ պարարտ առնէտ մը որոգայթի մէջ առնելու դաւադիր ծրագիր կը մշակեն:

Տեսնէի,
Հայ Ծերանոցի մուտքին ընծայաբերուած մատաղները, ու հոգիս կարօտախտի ժահրով վարակուած՝ խանձարուրէի այդ մատղաշ գառի շամփուրով, աւելի ուշ ՝ խնկելով օճախէն քուլայ-քուլայ բարձրացած շուարած ծուխի ծուէնները, որպէս դեղաստոմս յոգնաբեկ կարօտի ժահրիս:

Խաղաղօրէն ունկնդրէի,

երաշտ հոգիիս ընթերքէն կարօտի չորցած շեղջի խշշոցներու մեղեդին, որ միախառնուած օժիտ կրելու շքերթի սուլոցներուն եւ հինայումի զուռնայի փչոցին, կը զարթնեցնեն անտարբերութեան ովկիանոսին մէջ մրափող հէք կենցաղս ու մեղրածոր աղբիւրի թրթռացումով՝ կրկնէի Մարտիկի պսպղուն բառերը.

Թռչէի մտքով տուն,
Ուր իմ մայրն է արթուն,
Տեսնէի այն առուն,
Կարօտով ես անհուն,
Որ ամէն մի գարուն
Ջրերով վարարուն
Կարկաչում էր սարերում:
Երկիւղած,
օծանուէի Քուէյք գետի գարշահոտութեամբ, լուալով յուռթի խամրող յիշատակներս, հասնելով Արամ Մանուկեան Ժողովրդային տան փարթամ սեմին, յիշատակարաններուս փրկութեան լաստին:

Չնաշխարհիկ ապրումներէս անմասն չեն կրնար մնալ, «կարծեցեալ պակասամիտներն» անգամ, «պիս-պիս նաու» Խորէնը, հասնելով «եանասիպճի» Օսկոյին, որոնք կը ներկայացնեն պարզունակ դիմագիծը ժամանակահատուածի մը, որոնք իրենց համեստ պահուածքով կը պարունակէին չակնկալուած իմաստութիւնն անգամ, միախառնուած երգիծանքով եւ արուեստի ամօթխած պատառիկներով։ Այսպէս, Օսկօն՝ Աւետիք Իսահակեանի «օտա՜ր, ամայի ճամբէքի» դիւթիչ երգեցողութիւնը, բանադրանք էր բոլոր անոնց, որոնք զինք կը դասէին որպէս սոսկ միմոս մը:

Իսկ խորէնը ծաղրածուի արտաքին կերպարանքով, Պարպարա եկեղեցւոյ դիմացի շէնքին տանիքի խցիկին մէջ առանձնացած, պաղ-տաք չըսելով, իր կարճ սկաուտական տաբատով, հանդիսացած էր Սուլէյմանիէի ինքնութեան դեսպանը՝ կավռօշը, որ ի զարմանս «թերաճ ուղեղին», ամբարած էր անոր մէջ շրջապատի բոլոր հարազատներուն եւ թաղեցիներուն ծննդեան թուականները։

Այսպէս, սպասելով կռունկի ժամանման, բացագանչելով Նահապետ Քուչակին հետ,

Ի Պաղտատ կուգաս, կ’երթաս ի Սահրաթ,
Թըղթիկ մը գրեր եմ, տամ քեզ ամանաթ,
Աստուած ալ թող վկայ լինի քու վրադ,
Տարեալ հասուսցես զայդ իմ սերելեաց,
Կռո՛ւնկ, մեր աշխարհէն խապրիկ մի չունի՞ս։

Այսպէս, մոլեռանդ հալէպահայու ջահը առկայծ պահելով, քաջաբար կրնամ արձանագրել, որ գաղթական հալէպահայը, իր հետ շալկած տարբեր գաւառներու բառբարները եւ կենցաղային բարքերն ու սովորութեանց տարբերութիւններու ծաղկեփունջը, փոխանակ զանոնք յաւելեալ վիհ յառաջացնելու գործօնի մը վերածելու, հմտաբար՝ կարողացաւ ուրոյն եւ միաձոյլ նկարագրի բողբոջման «Մայր Գաղութ»-ի ածուն հանդիսանալ:

Այդ մէկը յղկուեցաւ անձնդիր հոգեկերտներու եւ դարբնուեցաւ վաստակաւոր դաստիարակներու ոգեղէն պատուաստներով։

Այսպիսով, ձեւաւորուեցաւ հալէպահայու իւրայատուկ կերպը, դառնալով մակնիշ հայկական զուլալ աւանդութիւններու պահպանման ու լուսարձակման։

Այսօր ա՛լ, հալէպահայը՝ առաքինացնելով իր առօրեայ կենցաղը, յաջողեցաւ ներկայանալ որպէս պատուական անմրցելի դեսպան, հայկականութեամբ յղփացած տոհմիկ բարքերով ու գերբնական ճիգերով ամրացուց հետզհետէ մաշող հայկական դիպուկ վարքագիծը։

Հոս կ՚արժէ փոխաբերաբար յիշատակել Խորենացիի խօսքը հայ ժողովուրդի մասին՝

Թէեւ փոքր ածու մըն ենք եւ թիւով քիչ,
բայց մեր ա՛լ աշխարհին մէջ կատարուած են մեծ գործեր՝
արժանի յիշատակութեան:

Սիրելինե՛ր, վտարանդիութեան մղկատցող վիշտը, որ իր վերջին ձեւաւորումով կը վերածուի «կարօտախտ»-ի, կարելի չէ կիսել եւ նոյնիսկ ձերբազատիլ անոր կալանքէն։ Ան կը մնայ ամրօրէն կպած անձիդ, ուր բոցավառ, մորմոքող հուրը միա՛յն ինկած տեղը կ՛այրէ։

Այսպէս, յիշողութիւնս համարելով ճգնաւորութեանս փրկութեան լաստս, իսկ ծննդավայրս՝ մինուճար հանգստեան քարափս, ճամպրուկներս պատրաստ կը թեւածեմ Հալէպի կարօտով։

Թէեւ կ՚ապրինք առօրեայ սրտաբեկ իրողութիւններ, անհամատեղելի դժուարութիւններ, միախառնուած ասեկոսներու չարամիտ ժխորին, սակայն կը հաւատամ, եթէ նոյնի՛սկ անցեալի փարթամ Հալէպը, վերածուի փոքր ածուի մը, ան  պիտի մնայ կենսատու երանելի աւիշ համայն հայութեան:

Թորոնթօ, 12 Յունուար 2026

«Գանձասար»

Նախորդը

Բագրատունի. «Չենք Մոռցած Ու Չենք Կրնար Մոռնալ Ցեղասպանութիւնը, Նոյնիսկ Եթէ Հայաստանի Պետութիւնը Վաղը Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Հետ Խաղաղութիւն Կնքէ»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (23 Յունուար 2026)

RelatedPosts

«Թրամփի Ուղի»-ն Հայաստանում Պաշարների Նոր «Զարդատուփ» Է Միացեալ Նահանգների Համար
Անդրադարձ

«Թրամփի Ուղի»-ն Հայաստանում Պաշարների Նոր «Զարդատուփ» Է Միացեալ Նահանգների Համար

January 24, 2026
Դէպի Նորոգուած Ազգային Տեսլական
Անդրադարձ

Դէպի Նորոգուած Ազգային Տեսլական

January 23, 2026
Հայոց Եկեղեցին Պէտք Է Անյապաղ Կարգալոյծ Ընէ Բոլոր Ապստամբ Հոգեւորականները
Անդրադարձ

Հայոց Եկեղեցին Պէտք Է Անյապաղ Կարգալոյծ Ընէ Բոլոր Ապստամբ Հոգեւորականները

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.