Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Նորոգուած Ազգային Տեսլական

January 23, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱԿ ՊԷԼԵԱՆ

Աւելի քան մէկ դարէ ի վեր հայ ժողովուրդը տարագիր, վիրաւոր, բայց նպատակի գիտակցութեամբ կոփուած, առաջնորդուած է համայնական համոզումով մը, որ աշխարհի բոլոր հայերը պատասխանատուութիւն կը կրեն իրենց անհատական կամ տեղայնական մտահոգութիւններէն աւելի բարձր առաքելութեան մը ծառայելու: Այս համոզումը, որ ժամանակի ընթացքին մարմնաւորուած ու ամփոփուած է Հայ դատի լուծման համար տարուող պայքարի հասկացողութեան մէջ, երկար տարիներու ընթացքին գործած է որպէս կազմակերպչական այն կառոյցը, որուն շուրջ համախումբ ձեւաւորուած են` սփիւռքեան ինքնութիւնն ու քաղաքական գործունէութիւնը, մշակութային կեանքն ու ազգային գիտակցութիւնը: Սակայն այս փուլին ամբողջ հայաշխարհը կը դիմագրաւէ շարք մը բեկումնային զարգացումներ, որոնք անհրաժեշտ կը դարձնեն լուրջ ինքնաքննութիւնն ու վերարժեւորումը: Վերջին տարիներու քաղաքական, ռազմական ու հոգեբանական պարտութիւններու պատճառով, յատկապէս` 2020-ի արցախեան պատերազմի արհաւիրքը, շարունակուող աշխարհաքաղաքական նահանջները եւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու որդեգրած գաղափարական ուղղութիւնը, ծնունդ տուած են անորոշութեան եւ ռազմավարական խոտորումի:

Սփիւռքը, որ իր գոյութեան առաջին իսկ օրերէն անծայրածիր մարդկային եւ նիւթական ներդրում ունեցած է հայոց պետականութեան ստեղծման ու կայացման մէջ, այսօր կը կանգնի հիմնարար հարցադրումի մը դիմաց` ո՞ր ուղղութեամբ պէտք է առաջնորդուի ազգի ապագան:

Այս համեստ տողերուն նպատակն է` քննել այն պայմանները, որոնք ծնունդ տուած են այս փուլին, բացատրել անոնց հետեւանքները եւ փորձ մը կատարել սահմանելու այն սկզբունքները, որոնց վրայ կարելի է խարսխել Հայ դատի վերաիմաստաւորուած օրակարգային ընթացքը: Այս ճիգը նպատակ չի հետապնդեր զգացականութիւն վերարտադրել կամ անցեալը ներկայացնել իբրեւ իտէալական յղում մը: Ընդհակառակը, կը միտի պարզել այսօրուան դժուարութիւններու արմատները եւ առաջարկել գաղափարական ու կազմակերպական ընդհանրական հասկացողութիւն մը` համազգային նպատակադրումը նորոգելու համար: Հայ դատի գործունէութիւնը կարելի չէ սահմանափակել դիպուածային ու լոկ հակազդող աշխատանքներով կամ խորհրդանշական արտայայտութիւններով: Ան կը պահանջէ նորոգուած մտաւոր ճշգրտութիւն, աւելի խորքային եւ երկարաշունչ ռազմավարական ծրագրաւորում, որ կարողանայ ըստ արժանւոյն պատասխանել մեր ժամանակի մարտահրաւէրներուն:

Ժամանակակից սփիւռքագիտութիւնը կը շեշտէ, որ համայնքները կը դիմանան, ոչ միայն որովհետեւ կը պահպանեն հաւաքական յիշողութիւնը, այլ` յստակ առաքելութեան մը գիտակցութեամբ: Ցեղասպանութենէն ետք սփիւռքահայութիւնը նման առաքելութիւն մը սահմանեց. յիշել, բայց միեւնոյն ժամանակ նպաստել հայկական պետականութեան ապագայ վերականգնումին ու ամրապնդման: Այս նպատակադրումը տասնամեակներու ընթացքին կերտեց սփիւռքեան հաստատութիւններուն ինքնութիւնը. դպրոցներ, եկեղեցիներ, քաղաքական կազմակերպութիւններ (թէկուզ` ոչ բոլորը), բարեսիրական եւ մշակութային կառոյցներ, ինչպէս նաեւ միջազգային քարոզչական ցանցեր` բոլորն ալ կը գործէին հասարակական պարտաւորութեան եւ ազգային պատասխանատուութեան աներկբայ գիտակցութեամբ: Այս համակողմանի համակարգին մէջ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ունեցաւ եւ կը շարունակէ ունենալ առանձնայատուկ դեր: Դաշնակցական գաղափարախօսութիւնը միացուց ու ցարդ կը շարունակէ ամուր պահել ազգային բոլոր իտէալներն ու իղձերը` պատրաստելով այն ամբողջական մտաւոր եւ կազմակերպական շրջանակը, որով սփիւռքահայերը կը մեկնաբանէին ու պիտի շարունակեն մեկնաբանել իրենց ինքնութիւնն ու պարտականութիւնները:

1991-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումը եւ ապա առաջին արցախեան պատերազմի յաղթանակը աւելի ամրապնդեցին ու նոր իմաստ հաղորդեցին այդ մեկնաբանութեան: Աւելի քան եօթանասուն տարուան պետականազրկութենէ ետք, հայկական պետականութիւնը գոյութիւն ունեցաւ իբրեւ անկախ քաղաքական միաւոր` ունակ ինքնիշխան կառավարման եւ իր բնակչութեան հաւաքական իրաւունքներու եւ կենսապայմաններու պաշտպանութեան: Այս պատմական իրողութիւնը կը վաւերացնէր տասնամեակներու սփիւռքեան նուիրումով կատարուած աշխատանքը` Հայաստանը դարձնելով երբեմնի ցնորք համարուող երազանքներու իրականացումը: Արցախի յաղթանակը աւելի ամրացուց սփիւռքի վստահութիւնը, որովհետեւ կը կենսաւորէր այն համոզումը, թէ համերաշխ եւ համակարգուած ազգային ձգտումները կարող են հիմնական դեր ունենալ պատմութեան ընթացքը փոխելու մէջ: Շատերու համար Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնը աւելի քան կայուն ու փոխլրացուցիչ կը թուէին ըլլալ:

Սակայն վերջին տարիներուն, եւ յատկապէս` 2018-էն ետք, այս յարաբերութիւնը յայտնի ճեղքերու ենթարկուեցաւ: «Յեղափոխութեան» սուտ շղարշին տակ իրականացուած իշխանափոխութիւնը ծնունդ տուաւ մեծ ակնկալութիւններու` թափանցիկութեան, բարեկարգման եւ կառավարման արդիականացման: Թէեւ այս ձգտումները լայն ժողովրդականութիւն վայելեցին օրին, սակայն իշխանութեան որդեգրած մօտեցումները առաջին իսկ օրերէն ստեղծեցին խորքային գաղափարական ընդհանրացումներու խզում: Նախկին համակարգերուն շրջանցումի փորձին մէջ իշխանութիւնը սկսաւ ձեւակերպել հայ ինքնութեան եւ պետականութեան ձեւակերպում մը, որ կը հակադրուէր երկար տարիներու ազգային պատմագրութեան ու ժողովրդական հասկացողութեան եւ մտածումին: Այս փոփոխութիւնը կը փորձէր` նուազեցնել պատմական շարունակականութեան արժէքը, թերագնահատել Հայաստանը կլանած աշխարհաքաղաքական բարդ իրականութիւնները եւ ներմուծել ազգային պետականութեան նոր ձեւակերպում մը, որ հեռու էր այն պատմական փորձառութիւններէն, որոնք ձեւաւորած էին հայ քաղաքական մտածողութիւնը:

Բարեկարգումը` իր սկզբունքով, հակասութիւն չունի ազգային հասկացողութիւններու եւ սկզբունքներու շարունակականութեան պահպանման հետ: Բայց բարեկարգում մը, որ կը մերժէ ժառանգուած հիմքերն ու հասկացողութիւնները` առանց զանոնք փոխարինելու բովանդակալի եւ կշիռ ունեցող այլընտրանքներով, կ՛առաջնորդէ հաստատութենական եւ գաղափարական անորոշութեան: Քաղաքագիտական տեսութեանց մէջ այս երեւոյթները կը բնորոշուին որպէս «քաղաքական քայքայում» (political decay), երբ հաստատութիւնները աւելի արագ կը կորսնցնեն իրենց ուղղութիւնը, մինչ կարելի է ստեղծել օրինականութեան (legitimacy) նոր աղբիւրներ: Հայաստանը 2020-ի պատերազմէն առաջ ու հետագայ տարիներուն ցոյց տուաւ այս երեւոյթին բնորոշ բազմաթիւ ներքին նշաններ. երկարամեայ ռազմավարական ուղղութիւններ յանկարծակի կերպով մերժուեցան` առանց յստակ փոխարինումի, հանրային ակնկալութիւնները ձեւափոխուեցան` առանց ծրագրային տեսլականի, իսկ ազգային քաղաքականութիւնը ամբողջութեամբ սկսաւ վերափոխուիլ` առանց երկարաժամկէտ, համակարգուած ուղղութեան մը: Այս բոլորը առաջնորդեցին աղէտաբեր սխալներու, որոնց գագաթնակէտը եղաւ 2020-ի արհաւիրքը եւ Արցախի քաղաքական ու վարչական գոյութեան ամբողջական կործանումը:

Այս տկարացման հետեւանքները չսահմանափակուեցան սակայն միայն Հայաստանով: Սփիւռքը, որ երկար տարիներ իր ինքնութիւնը կազմաւորած էր հայկական պետականութեան ամրապնդման նպաստելու շուրջ, այժմ կը գտնուի անորոշութեան մէջ` փորձելով սահմանել իր դերը, երբ Երեւանէն այլեւս չի բխիր համադրուած եւ յստակ ազգային տեսլական: Այս իրավիճակը բնականաբար պատճառ կը հանդիսանայ շփոթի, տատանումի եւ որոշ համայնքներու մէջ` նաեւ նահանջի եւ գործակցութեան դադրեցումի: Ամէնէն խորքային վտանգը նիւթեղէն անկումը չէ, այլ` նպատակի մաշումն ու կորուստը: Առանց յստակ ձեւակերպուած առաքելութեան մը` սփիւռքեան հաստատութիւնները ի վիճակի չեն պահպանելու այն բարձր ներգրաւուածութիւնը, որ պահանջուած է ազգային պահանջատիրութեան, մշակութային պահպանման եւ նպատակասլաց քաղաքականացման համար:

Այս պահը, սակայն, նաեւ առիթ մը կը ներկայացնէ: Ան կը պարտադրէ, որ սփիւռքը առաւել յստակութեամբ ձեւակերպէ իր պատասխանատուութիւնները` հիմնուելով ոչ թէ նախորդ տասնամեակներէն ժառանգուած ուղղութիւններուն, այլ` ներկայ աշխարհաքաղաքական իրականութիւններուն հիմամբ: Այս առումով, Դաշնակցութեան գաղափարական ժառանգութիւնը կը պահպանէ իր առանձնայատուկ արդիականութիւնը: Դաշնակցական միտքը ձեւաւորուած էր ճիշդ այն ժամանակներու համար, երբ ազգը կը դիմագրաւէր մասնատում, տեղաշարժ եւ անորոշութիւն: Անոր շեշտադրումները` ազգային ինքնիշխանութեան, քաղաքացիական պատասխանատուութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան, կը տրամադրեն համակողմանի գաղափարական ու կազմակերպական շրջանակ մը` իբրեւ ուղեցոյց մեր ժամանակի մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման: Դաշնակցական գաղափարախօսութիւնը միայն պատմական աւանդ մը չէ, այլ` սկզբունքներու ամբողջութիւն մը, որ կրնայ ուղղութիւն տալ թէ՛ քաղաքական մտածումի, թէ՛ հաստատութենական զարգացման ժամանակակից կարիքներուն:

Նորոգուած ազգային տեսլական մը պէտք է հիմնուի երկու փոխլրացուցիչ սկզբունքներու վրայ` իրատեսութիւն եւ իտէալ: Իրատեսութիւնը կը պահանջէ` ճշգրիտ գնահատում Հայաստանի անվտանգային միջավայրին, տարածաշրջանային ուժերու հաւասարակշռութեան, հայրենիքի ընկերատնտեսական զարգացման ներուժին, սփիւռքի իմաստալից դերակատարութեան, ներկայ իշխանութեան աշխարհայեցողութեան լուրջ սահմանափակումներուն ու մանաւանդ անոնց գնայուն ըլլալու հանգամանքին: Ան կը պարտադրէ գիտակցիլ այն սպառնալիքներուն, որոնց դիմաց այսօր կը կանգնի Հայաստանը, այն կառուցուածքային թուլութիւնները, որոնք պէտք է հետեւողական կերպով ուղղուին, ինչպէս նաեւ` այն հաստատութիւններու անհրաժեշտութիւնը (բանակէն անկախ), որոնք ունակ են պաշտպանելու պետականութեան յարատեւութիւնը: Իտէալը` հասկցուած ոչ թէ իբրեւ միամտութիւն, այլ` իբրեւ սկզբունքային ձգտում, կը պահանջէ` նուիրում մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն, Հայաստանի ինքնիշխանութեան ամրապնդում եւ երկարաշունչ ազգային տեսլականի շարունակութիւն, որ կը գերազանցէ առօրեայ քաղաքական շրջափուլերը: Այս երկու սկզբունքները հակադրական չեն: Ճիշդ համադրուած` անոնք կը դառնան ռազմավարական ծրագրաւորման եւ ազգային խաղաղ ու զարգացող գոյակցութեան ամուր եւ մնայուն հիմք:

Սփիւռքի համար այս սկզբունքները գործնական դարձնելը կը պահանջէ` հաստատութիւններու վերազինում, քաղաքական ու դիւանագիտական կարողականութեան խորացում, շարունակական ղեկավարութեան պատրաստութիւն եւ համակարգուած քարոզչական ռազմավարութիւններու մշակում: Ան կը պահանջէ ընկալել Հայաստանը ոչ թէ միայն իբրեւ յուզական խորհրդանիշ, այլ` իբրեւ բարդ քաղաքական իրականութիւն, որուն երկարատեւ կենսունակութիւնը կը պայմանաւորուի մասնագիտական կարողութեամբ, ներդրումով եւ կազմակերպուած գործակցութեամբ: Ան նաեւ կը պարտադրէ յստակ եւ հետեւողական ձեւով հաստատել, որ սփիւռքի դերը այս կամ այն իշխանութեան ծառայել չէ, այլ` պաշտպանել հայ ժողովուրդի մշտնջենաւոր եւ կենսական շահերը:

Ազգ մը, որ գիտակից է իր գերագոյն նպատակին, կարող է ելք գտնել անգամ ամենաբարդ պայմաններու մէջ: Իսկ ազգ մը, որ կը կորսնցնէ այդ նպատակը, վտանգի տակ կը դնէ իր համախումբ կամքի տոկունութիւնը: Հայութեան առաջ կանգնած է պարտականութիւն մը` վերագտնել այն գիտակցութիւնը, որ տարիներ շարունակ առաջնորդած էր իր համատեղ ճիգերը եւ այդ գիտակցութիւնը վերածել նորոգուած, համահունչ ու գործնական տեսլականի: Հայ դատի ապագան կախեալ է այս ընթացքէն, եւ անոր իրականացման պայմանները տակաւին հասանելի են, եթէ մօտենանք հաւասարակշռուած լրջութեամբ եւ աննահանջ համոզումով:

 

 

Նախորդը

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

Յաջորդը

ՀԵՀՈՄ-ի 60-Ամեակի Նշում Եւ Անոր Ձօնուած Յուշամատեանին Շնորհահանդէս

RelatedPosts

«Թրամփի Ուղի»-ն Հայաստանում Պաշարների Նոր «Զարդատուփ» Է Միացեալ Նահանգների Համար
Անդրադարձ

«Թրամփի Ուղի»-ն Հայաստանում Պաշարների Նոր «Զարդատուփ» Է Միացեալ Նահանգների Համար

January 24, 2026
Կարօտախտի Մայրուղիս, Կ’անցնի Առինքնող Հալէպէն
Անդրադարձ

Կարօտախտի Մայրուղիս, Կ’անցնի Առինքնող Հալէպէն

January 23, 2026
Հայոց Եկեղեցին Պէտք Է Անյապաղ Կարգալոյծ Ընէ Բոլոր Ապստամբ Հոգեւորականները
Անդրադարձ

Հայոց Եկեղեցին Պէտք Է Անյապաղ Կարգալոյծ Ընէ Բոլոր Ապստամբ Հոգեւորականները

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.