Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Եկեղեցին Պէտք Է Անյապաղ Կարգալոյծ Ընէ Բոլոր Ապստամբ Հոգեւորականները

January 23, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան նախորդ շաբաթ հրապարակեց խիստ վիճայարոյց յայտարարութիւն մը, որ մեծ աղմուկ բարձրացուց` խորացնելով Նիկոլ Փաշինեանի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ առկայ լարուած յարաբերութիւնները:

Վերջերս Յովհան արքեպիսկոպոս նաեւ միացեալ յայտարարութիւն ստորագրեց ինը այլախոհ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներու եւ Փաշինեանի հետ` կոչ ուղղելով Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հրաժարական տալու` Եկեղեցւոյ բարեփոխման պատրուակով: Անհեթեթ է հաւատալ, որ այս ապստամբ հոգեւորականները ի զօրու են բարեփոխել Եկեղեցին, քանի որ անոնցմէ ոմանք անբարոյական եւ քրէական ծանր արարքներ կատարած են: Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը շանթաժի ենթարկած է զանոնք` սպառնալով հրապարակել անոնց յանցագործութիւններն ու ապօրինի գործերը, որուն պատճառով անոնք հարկադրուած եղած են միանալ Փաշինեանի հակաեկեղեցական արշաւին:

Վեց ամիս շարունակ կաթողիկոսին հրաժարականը պարտադրելու անյաջող արշաւէն ետք վարչապետը փոխած է մարտավարութիւնը` ճնշում բանեցնելով կարգ մը հոգեւորականներու վրայ, որպէսզի կաթողիկոսը պաշտօնանկ ընելու մէջ միանան իրեն` այդպիսով պառակտում յառաջացնելով Եկեղեցւոյ մէջ:

Կան քանի մը լուրջ խնդիրներ այն քայլերուն մէջ, զորս կը փորձեն իրականացնել Փաշինեանն ու դժգոհ հոգեւորականները.

1) Վարչապետը կը խախտէ սահմանադրութեամբ ամրագրուած Եկեղեցւոյ եւ պետութեան բաժանման սկզբունքը` միջամտելով Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն:

2) Վերջին կիրակի օրերուն Փաշինեան աջակցած է կարգալոյծ եղած որոշ «հոգեւորականներ»-ու` մասնակցելով անոնց կողմէ Հայաստանի քանի մը եկեղեցիներու մէջ մատուցուած չարտօնուած պատարագներուն:

3) Մասեացոտնի թեմի առաջնորդ Գէորգ եպս. Սարոյեանը դատ բացած է կաթողիկոսին դէմ` զայն փոխարինելու համար: Դատաւորը, Փաշինեանի հրամանով, վերահաստատեց առաջնորդը` այդպիսով խախտելով Հայաստանի սահմանադրութիւնը եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) դրոյթները: Հայ առաքելական եկեղեցին պէտք է  ՄԻԵԴ-ին բողոք ներկայացնէ Հայաստանի կառավարութեան դէմ` խախտելուն համար Եւրոպական դատարանի այն դրոյթները, որոնք կ՛արգիլեն պետութեան` միջամտել Եկեղեցւոյ ներքին որոշումներուն:

Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան նախորդ շաբաթ իր յայտարարութեան մէջ թուարկեց կաթողիկոսին դէմ ըլլալու 11 պատճառներ: Կը ներկայացնեմ իմ հակափաստարկներս.

Յիսուս Քրիստոս ըսած է. «Թող առաջինը քարը նետէ ան, որ անմեղ է» (Յովհաննէս 8:7): Յիսուսը նաեւ ըսած է. «Կեղծաւո՛ր, նախ քու աչքիդ գերանը հանէ, ապա կը տեսնես, թէ ինչպէ՛ս եղբօրդ աչքէն շիւղը հանես» (Մատթէոս 7:5): Այս աշխարհին մէջ ոչ ոք կատարեալ է, ներառեալ` կաթողիկոսը, բայց անոնք, որոնք կը քննադատեն զայն, պէտք է մաքուր ձեռքեր ունենան եւ ամէն բանէ առաջ ճշմարտութիւնը ըսեն:

Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը կաթողիկոսը կը մեղադրէ հետեւեալներուն մէջ.

1.- Ծածկած է Արշակ արքեպիսկոպոսի ենթադրեալ անպարկեշտ արարքը. ան հերքած է այս անհիմն մեղադրանքը: Զայն անարդարօրէն ձերբակալած եւ բանտարկած են: Բարոյական անպարկեշտութեան մեղադրանքը, նոյնիսկ եթէ ճիշդ է, յանցանք չէ, որուն համար անձը կրնայ օրինականօրէն հետապնդուիլ կառավարութեան կողմէ:

2.- Յորդորած է կարգալոյծ վանականը եւ անոր մայրը` մասնակցիլ կառավարութեան դէմ բողոքի ցոյցին: Ասիկա բացարձակ սուտ է:

3.- Չէ արձագանգած կուսակրօնութեան երդումը խախտելու վերաբերող մեղադրանքներուն: Բամբասանքները ապացուցուած փաստեր չեն, իսկ լուրերը չհերքելը մեղաւորութեան ապացոյց չէ: Արեւմտեան թեմի առաջնորդին մասին եւս բամբասանքներ շրջան կ՛ընեն, սակայն ան անոնցմէ ոչ մէկը հերքած է:

4.- Լռութիւն կը պահէ  Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իր եղբօր` Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոսին ուղղուած մեղադրանքին գծով, թէ ան օտարերկրեայ գործակալ է: Ասիկա եւս կեղծ մեղադրանք է` հիմնուած կեղծ փաստաթուղթի վրայ: Այնուհանդերձ, Եզրաս արք. Ներսիսեանը հերքած է այդ   մեղադրանքը:

5.- Չեն բացայայտած Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ֆինանսները: Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը պէտք է աւելի շատ մտահոգ ըլլայ այն փաստով, որ Արեւմտեան թեմը Սուրբ Ղեւոնդի տաճարի համալիրը Քալիֆորնիոյ Պըրպանք քաղաքին մէջ կառուցած է հանրութենէն հաւաքուած տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներով, սակայն չեմ յիշեր, որ տեսած ըլլամ հաշուետուութիւն այն մասին, թէ ինչպէ՛ս ծախսուած են այդ գումարները:

6.- Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գլխաւորած բարեփոխումներու յանձնաժողովին կողմէ մշակուած եկեղեցական կանոնադրութիւնները մնացած են թուղթի վրայ: Ինչո՞ւ ան այսքան տարիէ չէ բողոքած այս անգործութեան համար եւ ինչո՞ւ միայն հիմա իր ձայնը կը բարձրացնէ` վարչապետին կողմէ Եկեղեցւոյ դէմ քաղաքական արշաւին միանալէ ետք:

7.- Միանձնեայ գործելաոճը: Նմանատիպ մեղադրանքներ կան նաեւ արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի գերիշխող ղեկավարման ոճին վերաբերեալ: Օրինակ` ոչ ոք կը համարձակի բարձրաձայնել, երբ ան հոգեւորականներ կը նշանակէ պաշտօններու վրայ` առանց Թեմական խորհուրդին հետ խորհրդակցելու:

8.- Եկեղեցւոյ քաղաքականացումը եւ «պետութեան խաղաղութեան օրակարգին» հակադրուիլը: Եկեղեցին չի կրնար լուռ մնալ` ականատես ըլլալով Փաշինեանի կործանարար գործողութիւններուն: Ան չի կրնար խաղաղութիւն հաստատել` անվերջ զիջումներ ընելով Հայաստանի թշնամիներուն: Եկեղեցին դէմ է ոչ թէ պետութեան, այլ` գործող իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան:

9.- Իր քննադատները վարկաբեկելու համար ընդյատակեայ լրատուական արշաւ կը մղէ: Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը  կը սխալի կաթողիկոսը ներկայացնելով իբրեւ հասարակութեան հետ կապերու մասնագէտ:

10.- Եկեղեցւոյ թուլացումը, «ժողովուրդը աղանդներու ճիրաններուն մէջ ձգելը»: Ասիկա շարունակական խնդիր է Հայաստանի անկախացումէն ի վեր: Սխալ է մեղադրել միայն գործող կաթողիկոսը: Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը պէտք է աւելի շատ մտահոգ ըլլայ Լոս Անճելըսի մէջ առկայ խնդիրներով, ուր մեծապէս տարածուած է աղանդաւորական գործունէութիւնը, մարմնավաճառութիւնը եւ թմրամոլութիւնը:

11.- «Հակապետական եւ առճակատման քաղաքականութիւն» վարելը: Ասիկա 8-րդ կէտին կրկնութիւնն է: Եկեղեցին «հակապետական» չէ: Ան դէմ է այս վարչակազմին, որ կը կործանէ երկիրը:

Ամփոփելով` արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանն անկեղծ չէ Եկեղեցւոյ հասցէին իր քննադատութիւններուն մէջ: Իբրեւ 36 տարուան առաջնորդ (Քանատա` 1990-2003 եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ 2003-էն մինչ օրս) եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ` ան մինչեւ օրս հնազանդօրէն ծառայած է կաթողիկոսին` առանց որեւէ բողոքի:

Անոր բարձրացուցած բոլոր հարցերը` ճիշդ թէ սխալ, պէտք է քննարկուին ներքին կարգով` համաձայն Եկեղեցւոյ վաղուց հաստատուած ընթացակարգերուն: Եկեղեցւոյ կեղտոտ լուացքը հրապարակայնացնելը կը վնասէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ կը վանէ հաւատացեալները:

Հայոց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին շահերէն չի բխիր, որ արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը միանայ Փաշինեանի քաղաքական արշաւին, որուն միակ նպատակը ոչ թէ Եկեղեցւոյ բարեփոխումն է, այլ` յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք իր վարչապետի պաշտօնի երկարաձգումը:

Շատեր այն կարծիքին են, թէ արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի այս անխոհեմ քայլին միակ պատճառը այն է, որ Փաշինեան անոր խոստացած է յաջորդ կաթողիկոսը դարձնել:

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմական խորհուրդը պէտք է քննարկէ արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը փոխարինելու հարցը` նոր առաջնորդի ընտրութիւններ կայացնելով:

Ժամանակն է, որ Հայոց եկեղեցին կարգալոյծ ընէ Տէրտէրեանն ու միւս բոլոր հոգեւորականները, որոնք խախտած են իրենց կրօնական երդումները եւ միացած` վարչապետ Փաշինեանին, որ պատրաստ է զոհաբերել Եկեղեցւոյ եւ պետութեան շահերը` յանուն իր սեփական քաղաքական նկրտումներուն:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (22 Յունուար 2026)

Յաջորդը

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.