Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հայկականութիւն յիշեցնող ամէն բան քանդելու, իւրացնելու մոլուցքը թուրքերն ու ազրպէյճանցիները իրարու ամուր կապող տարրերէն մէկն է: Բնականաբար միջազգային որոշումներն ու կոչերը ոչինչ կ՛ըսեն: Ոչ ոք խօսքէն գործի կ՛անցնի, թէեւ լծակներ ունեցողներ ալ չկան:
Ն.
Թուրքիոյ Էրզրում (Կարին) նահանգի նախկին նահանգապետ Մուսթաֆա Չիֆթչի յայտարարած էր, որ Կարնոյ քոնկրեսի շէնքը պիտի քանդուի:
Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանի այդ շէնքին մէջ գործած է հայկական Սանասարեան վարժարանը, որ հիմնադրուած է 19-րդ դարուն` Մկրտիչ Սանասարեանի միջոցներով եւ Կարապետ Եզեանի ջանքերով:
6 յունուար 2026-ին Կարնոյ մէջ կառուցուած համալսարանը հրապարակած էր զեկոյց մը, որուն մէջ նշուած էր, որ այդ շէնքը կիսաւեր ու փակ է այցելուներու համար:
Տեղական լրատուամիջոցներէն մէկը` «Փուսուլան», այդ հարցին շուրջ զրուցած է Կարնոյ նախկին նահանգապետին հետ:
Ան նշած է, որ օսմանեան շրջանի կառոյցները ընդհանրապէս ամուր են, եւ յիշատակած է, որ Էրզրումի քոնկրեսի շէնքը հայերու կողմէ գործածուած է որպէս դպրոց: Անոր կարծիքով, հայկական կառոյցները նոյնպէս պէտք է ուսումնասիրուին:
«Եթէ այդ քանդուի, կը վերականգնուի իր սկզբնական տեսքին համապատասխան», յայտնած է նախկին նահանգապետը:
Շէնքի հնարաւոր քանդումին անդրադարձած է Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան Էրզրումէն ընտրուած երեսփոխան Քամիլ Այտըն:
«Կարնոյ քոնկրեսի շէնքի քանդումը անընդունելի է: Այդ եղած է Ազգային պայքարի սկզբնական հրամանատարական կէտը եւ այնտեղ պատրաստուած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ճամբու քարտէսը», շեշտած է երեսփոխանը:
Նշենք, որ 1919-ին այդ շէնքին մէջ տեղի ունեցած է քեմալականներու ժողովը, որ փաստացի հիմք դրած է մերօրեայ Թուրքիոյ:
Ըստ երեսփոխանին, նոյնիսկ եթէ այդ կառուցային առումով անկայուն է, քանդման մասին խօսք անգամ կարելի չէ ընել, քանի որ գոյութիւն ունեցող շէնքը պատմական յուշարձան է, նոյնիսկ մէկ քար չի կրնար քանդուիլ:
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան Կարնոյ նահանգային վարչութիւնը եւս յայտարարութիւն տարածած է, որ քանդումի փոխարէն` կարելի է կիրարկել ամրացնելու ժամանակակից մեթոտներ:
Պատմական ակնարկ
Սանասարեան վարժարանը հիմնադրուած է 8 մարտ 1882 թուականին, Կարնոյ մէջ, Մկրտիչ Սանասարեանի նուիրած գումարով եւ Կարապետ Եզեանի ջանքերով:
Կառավարութեան մօտ վարժարանին օրինական պատասխանատու եւ վերատեսուչ ճանչցուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքը: Մինչեւ 1892 թուական վերին հսկողութիւնը կը վարէ հիմնադիրը:
Սանասարեան վարժարանը գերմանացիներու միջնակարգ վարժարաններու հաւասար աստիճան ունէր, իննամեայ ընթացքով: Կարնոյ մէջ վարժարանին հսկողութիւնը վստահուած էր ուսումնական խորհուրդի մը, որ կը բաղկանար` Մաղաքիա վրդ. Օրմանեանէ, Գէորգ Աբուլեանէ, Յովսէփ Մատաթեանէ եւ Սարգիս Սողիկեանէ, որոնք կը վարէին ներքին տեսչութեան պաշտօնը` հաւաքական պատասխանատուութեամբ:
Վարժարանին ծրագիրը կը պարունակէր հետեւեալ նիւթերը` կրօն, հայերէն աշխարհաբար, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, բնական գիտութիւններ, օսմաներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ուսողութիւն, գեղագրութիւն, գծագրութիւն եւ նկարչութիւն, ձայնական երաժշտութիւն, երաժշտութիւն, մարմնամարզ եւ չմշկում:
Մկրտիչ Սանասարեանի կտակը կ՛ապահովէր վարժարանին գոյութիւնը: Կտակը կատարողներէն Կարապետ Եզեանց պատրաստեց նոր կանոնագրութիւն մը, եւ ուսման շրջանը վերածուեցաւ եօթը տարիի: Սոյն կանոնագրութեան համաձայն, վարժարան մտնել ուզող աշակերտները պէտք էր գիտնային` հայերէն կարդալ, ընթեռնլի գրել, քերականութեան մասունք բանին սորված ըլլալ, շարադրութիւն մը ուղղագրական նուազագոյն սխալներով գրել եւ թուաբանութեան չորս գործողութիւնները լաւ կատարել:
1892-էն ետք յատկացուեցաւ գումար մը` ուսուցիչներ պատրաստելու Սանասարեան վարժարանին համար: 1906-ին վարժարանին կից բացուեցաւ երկամեայ դասընթացքով ուսուցչանոց մը, որուն նպատակը ուսուցիչ եւ ուսուցչուհի պատրաստելն էր հայկական գաւառներու համար: Ըստ կտակին, վարժարանին մէջ պէտք էր ուսանէին առնուազն 30 ձրիավարժ Սանասարեան սաներ:
1882-83 տարեշրջանէն սկսեալ տեղի ունեցան հրապարակային քննութիւններ, որոնց ներկայ կը գտնուէին` Կարնոյ առաջնորդը, Մաարիֆի ներկայացուցիչներ, քաղաքային եւ զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, հիւպատոսական մարմինի ներկայացուցիչներ, Գաւառական ժողովներու անդամներ, աշակերտներու ծնողներ եւ հայ ու օտար ունկնդիրներ: Եզեանցի վերապահուած իրաւասութենէն բացի` վարժարանը ունեցաւ հետեւեալ վարիչ մարմինները.
Պոլսոյ խնամակալութիւնը
Պոլսոյ խնամակալութիւնը, պատրիարքին նախագահութեամբ, Ազգ. վարչութեան կողմէ ընտրուած պոլսաբնակ վեց անդամներէ բաղկացած մնայուն մարմին մըն է: Կը քննէր տեղական հոգաբարձութեան ներկայացուցած ելեւմտացոյցը, կը վաւերացնէր հաշիւները, կ՛ընտրէր եւ կը հրաժարեցնէր վարժարանին տնօրէնը եւ ընդհանուր պաշտպան կը հանդիսանար վարժարանին նիւթական եւ բարոյական շահերուն:
Տեղական հոգաբարձութիւն
Կը նախագահէր տեղւոյն առաջնորդը: Հոգաբարձութեան կ՛անդամակցէին, բացի տնօրէնէն, տեղւոյն եկեղեցւոյ հօտին ընտրած վեց անձեր: Պաշտօնն էր` վարժարանին գոյքերուն պահպանութիւնը, պատրաստել ելեւմտացոյցը, որոշել ուսուցիչներու թոշակները, ընտրել ձրիավարժ աշակերտները եւ Եւրոպա ղրկուելիք սաները:
Տնօրէն
Կ՛ընտրէր Պոլսոյ խնամակալութիւնը, որ կը հաստատուէր պատրիարքական պաշտօնագրով, եւ ան պետն էր վարժարանին ներքին վարչութեան: Պաշտօնն էր` հոգ տանիլ վարժարանին օրէնքներուն եւ կանոններուն անթերի գործադրութեան, ընտրել եւ արձակել ուսուցիչները, հսկել անոնց պաշտօնավարութեան եւ վարժարանին կարգապահութեան եւ այլն:
Ուսուցչական ժողով
Կը բաղկանայ վարժարանին բարձրագոյն երեք դասարաններուն գիտութեանց եւ լեզուներու ուսուցիչներէ` ատենապետութեամբ վերատեսուչին: Մասնաժողովին պաշտօնն է` որոշել դասաւանդուելիք ուսմանց նիւթերն ու արհեստները, կազմել անոնց մանրամասն ծրագիրը, ընտրել դասագիրքերը եւ այլն:
Ուսումնական բաժինէն բացի` յատուկ խնամք տարուած է նաեւ վարժարանի արհեստից բաժինին, որուն ընթացքը չորս տարի որոշուած էր: Արհեստի հետեւող տղաքը երկու տեսակ էին եւ օրական մէկ երկու ժամ կը յատկացնէին արհեստ սորվելու, եւ անոնք միայն արհեստ կը սորվէին:
Մինչեւ 1901 արհեստանոցը ունեցաւ 16 շրջանաւարտներ: Ասոնցմէ կազմարարները զբաղեցան վարժարանին գիրքերը կազմելով: 1892-93-ին արհեստաւոր ցերեկօթիկ աշակերտներուն յատուկ կարգադրութիւն մը ըրաւ հոգաբարձութիւնը, որ որոշեց աշակերտներուն նուիրել վաճառելի ապրանքներու զուտ շահին 25 առ հարիւրը, որ աշակերտին կը յանձնուէր իր արհեստից ուսման ընթացքը աւարտած ժամանակ:
Գոյութեան 34 տարիներուն ընթացքին Սանասարեան վարժարանը տուած է 1000-է աւելի ընթացաւարտներ: 1915-ին քանդուած է Սանասարեանը:
Կեդրոնական-Սանասարեան
Թուաբանագէտ Պետրոս Ատրունիի Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնութեան օրով, սանասարեանցի 10 աշակերտի համար Սանասարեան խնամակալութեան օրուան ատենապետ Նարոյեան պատրիարք հօր եւ ժողովի վաւերացումով, 1927-էն սկսեալ երեք շրջան յատկացում կը կատարուի Ղալաթիոյ Կեդրոնականի խնամակալութեան: 1930-էն մինչեւ 1932 Կեդրոնական եւ Սանասարեան խնամակալութեան համաձայնութեամբ, Կեդրոնականը կը յիշուի «Կեդրոնական-Սանասարեան» անունով, կրթութեան նախարարութեան վաւերացումով եւս: Սակայն Սանասարեան հիմնարկը լուծարուած նկատուելով` պատրիարքարանի բացած դատի վերջաւորութեան Սիրքէճիի Սանասարեան Խանը կը պետականանայ եւ Կեդրոնական վարժարանն ալ հինգ տարի ետք կը զրկուի կարեւոր հասոյթէ մը:
Սանասարեան Վարժարանը`
Կարնոյ Կրթական Կեանքի Կեդրոն
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն Քրիստինէ Նաճարեան գրած է.
Արեւմտահայութեան կրթութեան զարգացման եւ կազմակերպման գործին մէջ մեծ ներդրում ունեցած է Կարնոյ (Էրզրում) Սանասարեան վարժարանը:
Մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը Կարնոյ մէջ ազգային ուսումն ու կրթական կեանքը կը բացակայէին: Կրթութիւնը կը սահմանափակուէր միայն վանքերու մէջ երեխաներուն տրուող դասերով, սակայն 1850-ական թուականներուն աստիճանաբար իրավիճակը փոխուեցաւ: Այդ պայմանաւորուած էր Oսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններով: 1876 թուականին օսմանեան սահմանադրութեան ընդունումէն ետք, դպրոցներու ղեկավարութիւնը անցաւ թաղային խորհուրդներու եւ անոնց կողմէ նշանակուած հոգաբարձուներու ձեռքը: 1878 թուականէն սկսած` դպրոցները աշակերտներուն կու տային ոչ միայն կրօնական, այլեւ աշխարհիկ գիտելիքներ: Միայն Կարնոյ մէջ կը գործէր 10 վարժարան, որմէ 7-ը` խառն, 2-ը` արական, մէկը` իգական:
Սակայն կրթական կեանքը իր բարձրակէտին հասաւ, երբ Սանասարեան վարժարանը հաստատուեցաւ Կարնոյ մէջ եւ սկսաւ իր բեղմնաւոր աշխատանքը:
1881 թուականին ռուսահայ բարերար Մկրտիչ Սանասարեանի ջանքերով Կարնոյ մէջ կը հիմնուի Սանասարեան միջնակարգ վարժարանը:
Բացման տարին Սանասարեան վարժարանը ունէր 9 դասարան, որոնցէ 3-ը` նախակրթարան, իսկ 6-ը` միջնակարգ: Վարժարան կը յաճախէին 198 աշակերտ, որոնցմէ 85-ը կարնեցի էին:
1881-1901 վարժարանը տուած է 110 շրջանաւարտ, որոնցմէ 94-ը` ուսումնական, 16-ը` արհեստից բաժիններէն:
1883 թուականին վարժարանի խորհուրդը կ՛որոշէ դպրոցը տեղափոխել Հռիփսիմեանց վարժարանի տարածք, քանի որ կ՛աւելնար աշակերտութեան թիւը: Ահա այստեղ կը հաստատուի Սանասարեան վարժարանը:
1899-1900 թուականին Սանասարեան վարժարանը Կարնոյ պետական-կրթական տնօրէնութեան կողմէ յատուկ պաշտօնագրով կը ճանչցուի որպէս բարձրագոյն նախակրթարան եւ միջնակարգ վարժարան (ռիւշտիէ-իտատի):
Վարժարանի նոր կառոյցը բաղկացած էր երեք խոշոր շէնքերէ, որոնք կը բաւարարէին գիշերօթիկ հաստատութեան բոլոր պահանջները` սեփական արհեստանոց, փուռ, լուացարան, ընդարձակ խաղավայր, մարզարան, չմշկելու ընդարձակ տարածք: Վարժարանը ունէր` իր մատենադարանը (հին մագաղաթեայ Աւետարան, 986 թուական), թանգարանը, տարրալուծարան սարքեր, հիւանդանոց, դեղատուն, փուռ, ներկատուն, հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, թրքերէն, պարսկերէն, արաբերէն եւ ռուսերէն լեզուներով հրատարակութիւններ:
Մկրտիչ Սանասարեանը իր ջանքերով ստեղծած հարուստ գրադարանը, գեղարուեստական ալպոմները, թանգարանային հաւաքածոները, որով կրթուած ու դաստիարակուած են վարժարանի սաները, նուիրաբերած է Սանասարեան վարժարանին:
Սանասարեան վարժարանը երեսուն տարուան կեանք ունեցաւ Կարնոյ մէջ: 1912 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ խնամակալութեան կարգադրութեամբ Կարինէն տեղափոխուեցաւ Սեբաստիա (Սվազ):
Կարնոյ հայութիւնը, վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն Ռոստոմ Զօրեանի գլխաւորութեամբ, դէմ կը կանգնի այդ որոշման եւ գոյքին մէկ մասը կը մնայ տեղը, շուտով նոյն շէնքին մէջ կը սկսի գործել «Նոր Սանասարեան» վարժարանը, իսկ Սեբաստիոյ մէջ` Սանասարեան գիշերօթիկը:
Սանասարեան վարժարանի բացառիկութիւնը, յաջողութիւնները, մեծապէս կապուած են վարժարանի կրթադաստիարակչական իւրայատկութիւններով եւ անոր երախտաւորներու անուան:
Վարժարանի ուսումնական ծրագիրը պատրաստուած են գերմանական, ֆրանսական, անգլիական բարձրագոյն վարժարաններու տնօրէններ: Վարժարանը ունէր յատուկ կրթական ծրագիր, որ կը համապատասխանէր գերմանական Realschule կոչուած միջնակարգ վարժարաններու ծրագրին նախակրթարաններու եւ երկրորդական վարժարաններուն:
Սանասարեան վարժարանի կանոնագրին մէջ նշուած է. «Սանասարեան վարժարանի նպատակն է դաստիարակել հայ մանուկները` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ոգւոյն եւ կանոնաց համաձայն, աւանդել անոնց ընդհանուր ուսում եւ կրթութիւն, նաեւ կրթել զանոնք արհեստագիտութեան եւ արուեստագիտութեան մէջ»:
Վարժարանին մէջ, ուսումնական եւ դաստիարակչական աշխատանքներէն բացի, առանձին աշխատանք կը կատարուէր պատրաստելով ուսանողները` որպէս ապագայ հանրային գործիչներ, մտաւորականներ, նկատի ունենալով, որ Կարնոյ եւ գաւառներու մէջ նման գործիչներու պահանջը մեծ էր:
Ազգային մարմինները, որոնք ունէին հեղինակութիւն եւ իրենց գործին գիտակից էին, կը ջանային կրթական գործը բարելաւել` համախոհ ունենալով բարձր կոչման գիտակից եւ աշխատունակ առաջնորդներ: Այս ամէնուն հետ նաեւ Սանասարեան վարժարանի աւարտական երիտասարդ ուսուցիչները եւ տնօրէնները կը գործէին` համաձայն Մկրտիչ Սանասարեանի «անմահ կտակի»` նուիրուելով հայ կրթական գործին` դառնալով ուսուցիչներ, ուսումնական խորհուրդներու անդամներ:
Սանասարեան վարժարանին մէջ կրթութիւն ստացած են մեծաթիւ երեւելիներ, ինչպէս ` Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած, ազգային, հասարակական գործիչ Գրիգորիս Պալաքեանը, Ցեղասպանութեան զոհեր` Լեւոն Աղապապեանը, Սերովբէ Նորատունկեանը եւ այլք:
Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն օսմանեան կառավարութիւնը դադրեցուց վարժարանին գործունէութիւնը` շէնքը ծառայեցնելով որպէս հիւանդանոց: Դժբախտաբար Սանասարեան վարժարանի ամբողջ անձնակազմը Օսմանեան կայսրութեան ոճրագործ քաղաքականութեան զոհը դարձաւ: 23 յուլիս 1919-ին Քեմալ Աթաթուրք Կարնոյ Սանասարեան վարժարանի շէնքին մէջ գումարեց թուրք ազգայնականներու համագումարը:
Վարժարանին պատկանող պատմական շէնքը Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը տարբեր ժամանակներուն ծառայեցուցած է տարբեր նպատակներու. այսպէս` 1920-1921 թուականին` արուեստի դպրոց, 1922-1923 թուականին` լսարան, 1924-ին` նախակրթարան, 1940-ին` Աթաթիւրքի անուան արուեստի դպրոց, 1960 թուականէն Աթաթիւրքի եւ Էրզրումի քոնկրեսի թանգարան, ապա` Ազգային վարչութեան կեդրոն: Մեր օրերուն Սանասարեան վարժարանը կը ծառայէ որպէս Քոնկրեսի եւ ազգային պայքարի թանգարան եւ Մկրտիչ Սանասարեանի կիսանդրիի փոխարէն` այժմ տեղադրուած է Քեմալ Աթաթիւրքի արձանը:


