Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդը Այցելեց Շամմարի Ցեղապետ Մաննհ Հումէիիտի Տահամ Ալհատի
11 յունուարին Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Յարաբերական մարմինի ներկայացուցիչներուն, այցելեց Շամմարի ցեղապետ Մաննհ Հումէիիտի Տահամ Ալհատիին:
Այցելութեան ընթացքին կողմերը քննարկեցին` շրջանի ընդհանուր կացութիւնը, համայնքներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները եւ խաղաղ համակեցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը: Լեւոն վրդ. Եղիայեան ընդգծեց հայ համայնքի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու համագործակցութիւնը ի նպաստ կայունութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ համերաշխութեան:
Ցեղապետ Մաննհ Հումէիիտի Տահամ Ալհատին, իր կարգին, ողջունեց այցելութիւնը եւ շնորհաւորեց հայ համայնքի դերակատարութիւնը շրջանի հասարակական ու մարդասիրական կեանքին մէջ: Ան շեշտեց, որ Շամարի ցեղին դռները միշտ բաց են բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն առջեւ, որոնք կը ծառայեն ժողովուրդներու մերձեցման եւ խաղաղութեան ամրապնդման:
Այցելութիւնը եզրափակուեցաւ` բարեկամական մթնոլորտի մէջ, փոխադարձ օրհնանքներով ու ապագայ համագործակցութեան յոյսերով:
Միացեալ Նահանգներ
Մարալ Գարակէօզեան Նշանակուեցաւ Լոս Անճելըս Գաւառի Տարեցներու Բաժանմունքի Վարիչ
Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդը միաձայնութեամբ գաւառին Տարեցներու եւ անկարութիւններ ունեցողներու բաժանմունքին վարիչ նշանակեց այդ ոլորտի վաստակաւոր մասնագէտներէն Մարալ Գարակէօզեանը, որ կը հանդիսանայ գաւառի բաժանմունքի մը առաջին հայ վարիչը:
Գարակէօզեան առաւել քան երկու տասնամեակներու փորձառութիւն ունի այս մարզին մէջ եւ անդամ է այդ հարցերը հետապնդող գաւառային յանձնաժողովին:
Այս առիթով Լոս Անճելըս գաւառի Վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Հիլտա Սոլիս դրուատեց գաւառի տարեցներուն, մանուկներուն եւ անկարներուն կեանքի պայմանները բարելաւելու նպատակով Գարակէօզեանի երկար տարիներու ծառայութիւնները:
Գարակէօզեան, որ մասնագիտացած է «Եու. Սի. Էլ. Էյ.» եւ «Եու. Էս. Սի.» համալսարաններուն մէջ, իրեն համար պատիւ համարեց այս նշանակումը` յոյժ կենսական նկատելով բաժանմունքին տրամադրած ծառայութիւնները:
Քանատա
Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Ընդունելութիւնը
11 յունուարին, Նոր տարուան եւ սուրբծննդեան զոյգ տօներուն առիթով, Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան ամանորեայ ընդունելութիւնը` մասնակցութեամբ քաղաքական հիւրերու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու: Ձեռնարկին ներկայ էին դաշնակցային խորհրդարանի եօթը անդամներ, որոնց շարքին` Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան ատենապետ Մայքըլ Քութոյ, եւ երեսփոխաններ` Ռոպ Օլիֆանթ, Ալի Էհսասի, Մակի Չի, Մայքըլ Մա, Աննա Ռոպերթս եւ Վինսենթ Հօ: Նահանգային կառավարութիւնն ու խորհրդարանը կը ներկայացնէին Օնթարիոյի քաղաքացիութեան եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Կրահամ ՄքԿրեկոր եւ երեսփոխաններ` Արիս Պապիկեան, Լոկան Քանափաթի, Շարիֆ Սապղաուի, Ռոպ Սիրճանըք, Ճոնաթան Թսաօ, Ատիլ Շամճի եւ Անտրէա Հազել: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Թորոնթոյի, Մարքամի եւ Ռիչմընտ Հիլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ` Հայ կեդրոնի յարկին տակ գործող քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Էլիզապէթ Գանտահարեան, որ անդրադարձաւ անցնող մէկ տարուան ընթացքին Հայ դատի ուղղութեամբ տեղի ունեցած զարգացումներուն` յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով արցախահայութեան դիմագրաւած կենսական դժուարութիւններն ու հաւաքական իրաւունքներու վերատիրացման հրամայականը: Ան նշեց, որ հակառակ խաղաղութեան բանակցային գործընթացի հոլովոյթին` արցախահայութեան իրաւունքները կը շարունակեն անտեսուիլ, մինչդեռ Պաքուի մէջ բանտարկուած կը մնան հայ ռազմագերիները, եւ Արցախի պատմամշակութային ժառանգութիւնը ամէնօրեայ աղաւաղումի կ՛ենթարկուի Ազրպէյճանի կողմէ: Այս բոլորին ու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող նոյնքանով մտահոգիչ զարգացումներուն ի տես` Գանտահարեան յանձնախումբին անունով կոչ ուղղեց ընտրեալ պաշտօնատարներուն ըլլալ աչալուրջ եւ շարունակել այս հարցերու ուղղութեամբ բարձրաձայնել Քանատայի մէջ եւ միջազգային հարթակներու վրայ: Ան նաեւ անդրադարձաւ տեղական մակարդակի վրայ տարուող աշխատանքներուն եւ քաղաքացիական պարտականութեանց ուղղութեամբ հայ համայնքի յանձնառութեան ու ներդրումին:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական ներկայացուցիչները, որոնք վեր առնելով հայ համայնքի կարեւոր դերակատարութիւնը, յատուկ կերպով անդրադարձան հայ համայնքը յուզող հարցերուն` յայտնելով իրենց աջակցութիւնն ու գնահատանքը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ
Էրիթրիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը Այցելեց Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած այցելութեան ընթացքին, 14 յունուարին Էրիթրիոյ ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ պետ Պասիլիոս Զ. պատրիարքը, ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան, այցելեց Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեանի կողմէ: Սրբազան հօր կողքին ներկայ էր եկեղեցւոյ հովիւ Արամ Ա. քհնյ. Տէյիրմենճեան:
Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը պատրիարքին յայտնեց Արամ Ա. վեհափառին եղբայրական ողջոյնները, ապա ամփոփ կէտերու մէջ պարզեց Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը տարածաշրջանէն ներս, ինչպէս նաեւ` քոյր եկեղեցիներու միջեւ փոխյարաբերութիւնները եւ միջեկեղեցական ու միջկրօնական կեանքը:
Պատրիարքը, իր կարգին, իր եղբայրական ողջոյնները յղելէ ետք Արամ Ա. վեհափառին, շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար` աւելցնելով, որ շրջանէն ներս գործող Էրիթրիոյ եկեղեցւոյ զաւակները որոշ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, եւ իր այցելութեան հիմնական նպատակն է օգտակար դառնալ իր համայնքի զաւակներուն` վերադասաւորումի ենթարկելով անոնց եկեղեցական ու հոգեւոր կեանքը:
Յայտնենք, որ շուրջ տարի մը առաջ, սրբազան հայրը Էրիթրիոյ մայրաքաղաք Ասմարայի մէջ մասնակցած էր Պասիլիոս Զ. պատրիարքին գահակալութեան արարողութեան` ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:


