Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Հալէպի մէջ սուրիական տագնապի տարիներուն հրկիզուած, բայց վերջերս վերանորոգուած Ս. Գէորգ Հայ առաքելական եկեղեցին կրկին հաւատացեալներ կ՛ընդունի, մինչդեռ Տէր Զօրի Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ ու Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի ամբողջական ռմբակոծումն ու կործանումը կը շարունակեն բաց վէրք մը մնալ: Այսօր, երբ Սուրիան քաղաքական, աշխարհաքաղաքական ու ընկերատնտեսական նոր փուլ մտած է, սուրիահայութիւնը հետեւեալ հարցադրումին պատասխանը կ՛որոնէ (կամ պէտք է որոնէ). «Ինչպէ՞ս կարելի է երաշխաւորել սուրիահայութեան անվտանգութիւնը, ինքնութիւնը եւ կայուն գոյատեւումը ու նուազեցնել փոփոխական քաղաքական տրամադրութիւններէ եւ ապահովական զարգացումներէ կախեալ ըլլալու հանգամանքը»:

Դեկտեմբեր 2024-ի իշխանափոխութեամբ եւ անցումային ղեկավարութեան ձեւաւորմամբ, Սուրիա, ըստ երեւոյթին, կը գործէ ժամանակաւոր համակարգով մը, որ նախատեսուած է ճանապարհ հարթելու դէպի մնայուն սահմանադրութիւն եւ ընտրութիւններ: 13 մարտ 2025-ին ստորագրուած Սահմանադրական յայտարարութիւնը հինգ տարուան անցումային շրջան մը կը սահմանէ եւ կը նկարագրէ պետութեան նպատակները` քաղաքացիութեան, արժանապատուութեան, օրէնքի եւ իրաւունքի գերակայութեան, ինչպէս նաեւ անցումային արդարադատութեան վրայ հիմնուած:

Անցումային այս շրջանը Սուրիոյ իսկակա՛ն վերածնունդի հիմնական ճանապարհն ու գրաւականը կրնայ ըլլալ, բայց նաեւ այս շրջանը Սուրիոյ ազգային, ցեղային, կրօնական ու լեզուական փոքրամասնութիւններուն համար անորոշութեան, սպասումի, ապահովական խնդիրներու, հալածանքներու, անվստահութեան անհանգի՛ստ ժամանակաշրջան մը կրնայ ըլլալ, մանաւանդ երբ պաշտօնական դրական եւ յուսալից խօսոյթին ու քայլերուն կողքին, մերթ ընդ մերթ փոքրամասնութիւններ կը թիրախաւորուին, անհատական բնոյթի ոճիրներ տեղի կ՛ունենան:

Փոքրամասնութիւններու իրաւունքները «համայնքային արտօնութիւններ» չեն, անոնք միջազգային օրէնքով հաստատուած ու Սուրիոյ կողմէ միջազգային դաշնագիրներով վաւերացուած մարդկային տարրական իրաւունքներ են:

Նկատելի է, որ Սահմանադրական յայտարարութիւնը բացայայտ կերպով չի գործածեր «փոքրամասնութիւն» եզրը` փոխարէնը գերադասելով աւելի ընդհանրական ձեւակերպումներ, ինչպիսիք են` «սուրիական ընկերութեան բաղադրիչները» եւ «բոլոր սուրիացիները»: Այս ընտրութիւնը թերեւս հասկնալի է այս տարածաշրջանին մէջ, ուր վերջին երկու դարերուն «փոքրամասնութիւն» բառը ծանրաբեռնուած է քաղաքական զգայնութիւններով` երբեմն կապուելով արտաքին խնամակալութեան, արտաքին միջամտութիւններու, համայնքային մասնատման, բեւեռացումի կամ պատկանելիութեան աստիճանակարգի գաղափարներուն հետ: Սակայն անունէն խուսափումը իրականութիւնը չի ջնջեր. Սուրիան, փաստացի ու նախքան օրէնքի օրակարգ դառնալը, բազմազգ, բազմակրօն, բազմալեզու եւ բազմացեղ ընկերութիւն մըն է: Սուրիոյ մէջ կ՛ապրին պատմական համայնքներ ու փոքրամասնութիւններ, որոնց անվտանգութիւնը, ինքնութիւնը, հաւասարութիւնը եւ հանրային կեանքի մասնակցութիւնը պէտք է պաշտպանուին յստակ սահմանադրական երաշխիքներով եւ գործադրելի իրաւական ընթացակարգերով:

Սուրիահայութիւնը նոր Սուրիոյ մէջ «յատուկ վերաբերմունք» խնդրելու կարիք չունի, այլ անոր պահանջները պէտք է ձեւակերպուին ու գործադրուին միջազգային օրէնքի եւ սահմանադրական ամենահիմնարար սկզբունքներու վրայ` լիարժէք քաղաքացիութիւն, լիիրաւ իրաւունքներով, որոնք յարգուած, պաշտպանուած եւ գործադրելի են:

Միջազգային օրէնքով հաստատուած ու ճիշդ ընկալուած փոքրամասնութիւններու իրաւունքները չորս սիւներու կը յենին`

1) Գոյութեան իրաւունք. անվտանգութիւն եւ պաշտպանութիւն

Փոքրամասնութեան ամէնէն հիմնական իրաւունքը գոյութեան եւ ապրելու իրաւունքն է` ապահովութեամբ: Ասիկա կը ներառէ կեանքի, ֆիզիքական անխախտելիութեան եւ համայնքի անվտանգութեան պաշտպանութիւնը` առանց խտրականութեան, առանց ընտրովի պաշտպանութեան եւ առանց բռնութիւն գրգռելը հանդուրժող վերաբերմունքի:

Սահմանադրական յայտարարութեան մէջ կը հաստատուի, որ բանակը` որպէս արհեստավարժ ազգային հաստատութիւն, պարտաւոր է պաշտպանել երկիրը «իրաւունքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համապատասխան»: Այս պարտաւորութիւնները կարեւոր են, բայց անոնք պէտք է վերածուին առօրեայ կառավարման իրականութեան. հաւասար պաշտպանութիւն եւ ծառայութիւններ` թաղամասերու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, գործարար կեդրոններու եւ համայնքային հաստատութիւններու համար:

2) Ինքնութեան իրաւունք. մշակոյթ, կրօն, լեզու եւ ժառանգութիւն

Ինքնութիւնը «ժողովրդական սովորութիւն» չէ: Ան կենդանի համակարգ մըն է` դպրոցներ, կրօնական-համայնքային-քաղաքացիական-մշակութային կեանք, լեզու, միութիւններ, լրատուամիջոցներ, բարեսիրական գործունէութիւն ու մանաւանդ համայնքային հաւաքական յիշողութիւն ու ապրելակերպ: Միջազգային իրաւունքը կը ճանչնայ, որ փոքրամասնութիւնները պէտք չէ զրկուին «իրենց խմբակի միւս անդամներուն հետ միասին» իրենց մշակոյթը վայելելէ, կրօնը դաւանելէ եւ լեզուն գործածելու իրաւունքէն (Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիր (ՔՔԻՄԴ), յօդուած 27):

Այս կէտը տեսական չէ սուրիահայերուն համար: Ժառանգութեան միտումնաւոր կործանումը, կամ ինքնութիւն կերտելու սահմանափակումները ամէնէն բռնի միջոցներէն են` հաւաքականութեան մը հասկցնելու, որ ան «տեղ չունի» տուեալ երկրի ընդհանուր հասարակութեան մէջ: Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց Հայոց ցեղասպանութեան եկեղեցի-յուշահամալիրի կործանումը 2014-ին ճի՛շդ այսպիսի գործողութիւն էր. յարձակում` յիշողութեան, ինքնութեան եւ գոյութեան վրայ միաժամանակ:

Ուստի, անցումային Սուրիան  փոքրամասնութիւններու ինքնութեան եւ ժառանգութեան պաշտպանութիւնն ու երաշխաւորումը պետական անյետաձգելի պարտաւորութիւն պէտք է նկատէ: Պարտաւորութիւններու շարքը երկար է` պահպանել փոքրամասնութիւններու հաւաքական կեանքն ու կալուածները, կանխել ատելութեամբ մղուած յարձակումները, լեզուական ու մշակութային իրաւունքները երաշխաւորել, փոքրամասնութիւններու ազատութիւններուն, սովորութիւններուն, պաշտամունքներուն ու ապրելակերպին չմիջամտել, այնքան ատեն որ օրինական են ու հանրային կարգը չեն վտանգեր, պաշտպանել կրօնամշակութային կալուածներն ու հարստութիւններն ու պատմական վայրերը եւ օժանդակել օրէնքով նախատեսուած վերականգնման աշխատանքներուն:

3) Հաւասարութեան եւ ոչ խտրականութեան իրաւունք. մէկ օրէնք` բոլորին համար

Սահմանադրական յայտարարութիւնը կը ներառէ հաւասարութեան յստակ դրոյթ. քաղաքացիները հաւասար են օրէնքին առջեւ` «առանց խտրականութեան ցեղի, կրօնի, սեռի կամ ծագման հիմամբ»: Այս սկզբունքը առանցքային է, բայց հաւասարութեան դրոյթները իմաստ կը ստանան միայն այն ատեն, երբ կը զուգորդուին գործնական օրէնքներով, հաստատութիւններով եւ իրաւական միջոցներով:

Սուրիան նաեւ վաւերացուցած է մարդու իրաւունքներու հիմնարար միջազգային պայմանագրերը, ներառեալ` ՔՔԻՄԴ, Տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներու միջազգային դաշնագիր (ՏԸՄԻՄԴ), Ցեղային խտրականութեան վերացման միջազգային դաշնագիր (CERD), Կիներու նկատմամբ խտրականութեան վերացման հռչակագիր, Մանուկներու իրաւունքներու դաշնագիր (CRC), Խոշտանգումներու դէմ դաշնագիր (CAT), որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը հաստատէ խտրականութեան բացառումը եւ իրաւունքներու հաւասար վայելումը:

Նոր Սուրիոյ համար ակնկալուածը պարզ է. միջազգային պարտաւորութիւնները պէտք չէ թուղթի վրայ գրուած խոստումներ մնան. անոնք պէտք է դառնան ներպետական երաշխիքներ, որոնց վրայ հիմնուելով սուրիացիները, անկախ թէ փոքրամասնութիւն են կամ մեծամասնութիւն, կրնան իրենց իրաւունքները պաշտպանել դատարաններու եւ վարչական մարմիններու առջեւ:

Գործնական մակարդակով, «խտրականութեան բացառումը» պէտք է ընդգրկէ հանրային կեանքի ամբողջ դաշտը. հանրային աշխատանք, կրթութիւն, արտօնագրում, բնակարան, ոստիկանութիւն, վերակառուցման օժանդակութեան հասանելիութիւն եւ մշակութային ու կրօնական կեանքը կազմակերպելու իրաւունք` առանց կամայական միջամտութեան:

4) Մասնակցութեան իրաւունք. նոր Սուրիան հաւաքաբար ձեւաւորել

Հանրային կեանքի մասնակցութիւնը այն միջավայրն է, ուր փոքրամասնութիւններու իրաւունքները կա՛մ կ՛ապրին ու կը զարգանան, կա՛մ հոգեվարքի մէջ կը մտնեն, մինչեւ որ մահանան: Օրինակ, եթէ սուրիահայերը միայն պաշտօնական արարողութիւններու հրաւիրուին, բայց բացակայ ըլլան որոշումներու գոյացման գործընթացներէն, անցումային այս փուլը անհաւասարութեան եւ բացառումի նոր մշակոյթ մը պիտի ձեւաւորէ:

Միջազգային օրէնքը իւրաքանչիւր քաղաքացիի հանրային գործերուն մասնակցելու իրաւունքը կը պաշտպանէ (ՔՔԻՄԴ, յօդուած 25), ներառեալ` քուէարկելու եւ ընտրուելու իրաւունքը: Անցումային պայմաններու մէջ, երբ ընտրութիւնները կրնան յետաձգուիլ, մասնակցութիւնը պէտք է երաշխաւորուի. իմաստալից ներկայացուածութիւն` անցումային մարմիններու մէջ, թափանցիկ նշանակումներու չափանիշներ, տեղական կառավարման դերակատարութիւն եւ կառուցուածքային խորհրդակցութիւն` սահմանադրութեան մշակման ընթացքին:

Այստեղ լուրջ մտահոգութիւններ գոյութիւն ունին: Ժամանակաւոր համակարգը զգալի իշխանութիւն եւ լիազօրութիւններ կը տրամադրէ անցումային նախագահութեան. Ժողովրդական ժողովը «ընտրուեցաւ» նախագահի սահմանած գործընթացով, իսկ նոր Սահմանադրական գերագոյն դատարանը կը նշանակուի նախագահին կողմէ: Թէեւ այս կառուցուածքը կրնայ պաշտպանուիլ որպէս կայունութեան անհրաժեշտ պայման, սակայն մէկ դիտարկում անխուսափելի է. փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը պէտք է բացայայտ եւ գործադրելի ըլլայ, յատկապէս` նկատի առած, որ պետական մարմիններու հակակշիռներն ու վերահսկողութեան գործիքակազմերը տակաւին նոր կը ձեւաւորուին:

Սահմանադրական պահը. ի՞նչ պէտք է ամրագրուի հիմա

Սահմանադրական յայտարարութիւնը կը պարունակէ խոստմնալից տարրեր, ուր, ի շարս այլ դրական իրաւական սկզբունքներու, կը նշէ, որ Սուրիոյ կողմէ վաւերացուած միջազգային համաձայնագիրներն ու դաշնագիրները «Յայտարարութեան անբաժանելի մաս» են (յօդուած 12): Հետեւաբար այդ պայմանագիրներուն մէջ տեղ գտած ու փոքրամասնութիւններուն վերաբերող յօդուածները նոյնպէ՛ս ու նոյնքա՛ն Սահմանադրական յայտարարութեան մաս կը կազմեն:

Այս դրոյթը կրնայ վերափոխիչ ըլլալ, եթէ լրջօրէն գործադրուի հիմնական հետեւեալ երեք քայլերու որդեգրումով.

1.- Սահմանադրական երաշխիքներ, որոնք յստակօրէն կը պաշտպանեն փոքրամասնութիւններու գոյութիւնը, ինքնութիւնը, հաւասարութիւնը եւ մասնակցութիւնը` առանց մշուշոտ ձեւակերպումներու, որոնք հետագային կրնան տարատեսակ մեկնաբանութիւններու ենթարկուիլ ու տկարանալ:

2.- Գործադրելի օրէնսդրութիւն (հաւասարութեան եւ ոչ խտրականութեան օրէնք, հանրային ծառայութիւններու հաւասար հասանելիութիւն, ատելութեամբ պայմանաւորուած յանցագործութիւններու եւ գրգռման վերաբերեալ ծանր պատիժներու դրոյթներ` մարդու իրաւունքներու չափանիշներուն համապատասխան, մշակութային ու կրօնական հաստատութիւններու պաշտպանութիւն, արդար սեփականութեան եւ վերականգնման/վերադարձի ընթացակարգեր:

3.- Օրէնքի անխափան եւ անկախ գործադրութիւն` դատարաններու եւ ոստիկանական արհեստավարժ հաստատութիւններու միջոցով, որոնք իրական լիազօրութիւն ունին խախտումներու հետապնդման, հետաքննութիւն, արդարութեան վերականգնման եւ կրկնուելու հաւանականութիւնը նուազեցնելու համար:

Աւելի՛ն. պատերազմէն ետք Սուրիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը չի կրնար միայն պետութեան կողմէ փոքրամասնութիւններու կեանքին «չմիջամտելու» քաղաքականութեամբ սահմանափակուիլ: Պետութիւնը դրական պարտաւորութիւններ ունի (positive duties)` յարգել, պաշտպանել եւ ուղղակիօրէն օժանդակել պատմական փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ սուրիահայերուն, անոնց գոյատեւման ու զարգացման ի խնդիր: Յատկապէս երբ նկատի կ’առնուի, թէ պատերազմին պատճառով տեղահանութիւնը եւ արտագաղթը զգալիօրէն նուազեցուցած են փոքրամասնութիւններու թիւը եւ տկարացուցած` անոնց հաւաքական հաստատութիւնները: Առանց օրինական եւ նպատակային հանրային օժանդակութեան`  պատմական փորձը այլ երկիրներու մէջ ցոյց կու տայ, որ փոքրամասնութիւնները յաճախ չեն կրնար պահպանել դպրոցները, մշակութային կեանքը եւ համայնքային ծառայութիւնները, եւ անոնց վայելած «իրաւունքներ»-ը կը վերածուին զուտ խորհրդանշական կարգախօսի: Օրէնքի սահմաններուն մէջ պետութիւնը կրնայ փոքրամասնութիւններուն աջակցիլ` թափանցիկ եւ ոչ խտրական միջոցներով, ինչպիսիք են` փոքրամասնութիւններու դպրոցներու եւ մշակութային կեդրոններու համար յատուկ պիւտճէ կամ համաֆինանսաւորման (matching) դրամաշնորհներ տրամադրել, փոքրամասնութիւններու լեզուական իրաւունքները խթանել, կրօնական ու պատմամշակութային ժառանգութեան վայրերու պաշտպանութեան եւ վերականգնման ծրագիրներ գործադրել, համայնքային բարեսիրական հիմնարկներու եւ կալուածներու օրինական ճանաչման ու հարկային արտօնութիւններու պարզացում կատարել, փոքրամասնութեան լեզուով լրատուամիջոցներուն օժանդակել, հանրային ծառայութեան մէջ աշխատանքի հաւասար հասանելիութիւն եւ վերակառուցման պայմանագրերուն արդար մասնակցութիւն ապահովել, ինչպէս նաեւ խորհրդակցական գործիքակազմեր ստեղծել` ապահովելու համար, որ փոքրամասնութիւնները ձայն ունենան տեղական կառավարման, անվտանգութեան համակարգման եւ վերազարգացման/վերակառուցման ծրագրաւորման գործընթացներուն մէջ:

Ճգնաժամէն ետք արդարութիւն` հաշուետուութիւն եւ վերականգնում

Ոչ մէկ անցումային շրջան արդիւնաւէտ ու կայուն կը դառնայ, եթէ զոհերուն կը թելադրուի անցեալն ու անցեալի տառապանքները մոռնալ: Սահմանադրական յայտարարութիւնը բացայայտօրէն անցումային արդարադատութեան կոչ կ’ուղղէ եւ անցումային արդարադատութեան յանձնաժողով մը կը ստեղծէ` «զոհակեդրոն գործիքակազմեր»` պատասխանատուները ճշդելու, ճշմարտութեան իրաւունքի (right to truth) եւ զոհերուն ու վերապրածներուն արդարութեան վերականգման համար (յօդուած 49):

Այս յանձնառութիւնը անկասկած պէտք է ներառէ նաեւ հայ համայնքին փորձառութիւնը հակամարտութեան տարիներուն. տեղահանութիւն, արտագաղթ, մահեր, առեւանգումներ, տուներու եւ գործատեղիներու կործանում կամ կողոպուտ, յարձակումներ եկեղեցիներու եւ դպրոցներու վրայ եւ համայնքային ժառանգութեան համակարգուած թիրախաւորում: Տէր Զօրի յուշահամալիրի կործանումը ոչ միայն խորհրդանիշ է, այլ նաեւ ան օրինակ մըն է, թէ ինչո՛ւ արդարութիւնը պէտք է ներառէ մշակութային եւ կրօնական հալածանքը` որպէս իրական վնաս:

Ուստի արժանահաւատ անցումային արդարադատութեան գործընթաց մը պէտք է ապահովէ`

Ա.- Ճշմարտութեան գործիքակազմեր, որոնք կը փաստագրեն բոլոր համայնքներուն հասցուած վնասները, ներառեալ` փոքրամասնութիւններու կրօնական եւ մշակութային վայրերու դէմ յարձակումները:

Բ.- Հաշուետուութեան ուղիներ, որոնք կը հասնին այն անձերուն, որոնք հրահանգած, դիւրացուցած, ֆինանսաւորած կամ գործադրած են ծանր յանցագործութիւններ` պատշաճ դատավարութեան ապահովումով:

Գ.- Փոխհատուցում եւ վերականգնում/վերադարձ, ներառեալ սեփականութեան վերադարձ` հնարաւորութեան պարագային, եւ փոխհատուցում, երբ վերադարձը անհնար է:

Դ.- Արժանապատիւ վերակառուցում` առաջնահերթ դարձնելով հանրային տարրական ծառայութիւնները (ջուր, ելեկտրականութիւն, արդիական ենթակառուցուածք, բժշկական ժամանակակից հաստատութիւններ) փոխադրամիջոցներ, դպրոցներ, համալսարաններ, գիտութեան կեդրոններ, քաղաքացիական հասարակութեան եւ համայնքային հաստատութիւններ:

Արդարութեան վերականգնումը վրէժխնդրութիւն չէ, այլ` հիմքը այն Սուրիոյ, ուր սուրիացիք մշտական վախով ու մտահոգութեամբ չեն ապրիր, թէ անցեալի ցաւալի եւ տագնապալի պատմութիւնը պիտի կրկնուի:

Այստեղ անհրաժեշտ է ընդգծել, որ Սուրիոյ անցումային փուլը ծանր աշխարհաքաղաքական ճնշումներու եւ զարգացումներու թոհուբոհէն կ՛անցնի. միջազգային պատժամիջոցներու վերացում, դիւանագիտական գերաշխուժ գործունէութիւն, վերակառուցման հսկայական ներդրումներ, ընկերատնտեսական վիթխարի ծրագիրներ, անվտանգային պայմանաւորուածութիւններ եւ Սուրիոյ ընթացքին վրայ ազդելու տարածաշրջանային ու միջազգային մրցակցութիւն: Միջազգային դերակատարները Դամասկոսի հետ իրենց ներգրաւուածութիւնը պայմանական դրոյթներով կը ձեւակերպեն: Ու դրականօրէն այդ պայմաններու շարքին յաճախ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն փոքրամասնութիւններու անվտանգութեան եւ իրաւունքներու խնդիրները:

Այս երեւոյթը սուրիահայութեան համար կարեւոր է երկու իմաստով. նախ` ցոյց կու տայ, որ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը երկրորդական խնդիր չէ, այլ` միջազգային բազմաթիւ դերակատարներու կողմէ ներկայ իշխանութիւններուն օրինականութեան եւ վաւերականութեան ցուցանիշերու եւ քննութեան կարեւոր մէկ բաղադրիչ: Երկրորդ` ան հնարաւորութիւն կը ստեղծէ, որ Սուրիոյ փոքրամասնութիւնները, ներառեալ` հայութիւնը, աչալուրջ ըլլան այս փուլին եւ լայնախոհ ու համասուրիական համակեցութիւնն ու բարօրութիւնը նկատի առած` ներգործող, ստեղծագործ ու արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալեն եւ վստահ ըլլան, որ իրենց իրաւունքները յարգուած, պաշտպանուած ու երաշխաւորուած են:

Սուրիահայութեան քաղաքացիական ռազմավարութիւնը` սկզբունքային, ժողովրդավար, տեսանելի, դաշինքներու վրայ հիմնուած

Ի՞նչ առաջարկներ կարելի է ընել սուրիահայութեան հիմա` որպէս անցումային պետութեան քաղաքացիներ:

Ա.- Խօսիլ քաղաքացիութեան լեզուով, ո՛չ թէ` համայնքային կախուածութեան. հաւասար իրաւունքներ, հաւասար պարտականութիւններ, հաւասար պաշտպանութիւն:

Բ.- Կանոնաւոր եւ աշխուժօրէն ներգրաւուիլ սահմանադրական բանավէճերուն մէջ` յստակ առաջարկներով (օրինակելի դրոյթներ, օրէնքի նախագծեր, հաստատութենական ձեւաւորումներ):

Գ.- Դաշինքներ կազմել այլ սուրիացիներու հետ, որոնք կը ձգտին իրաւունքի ու օրէնքի գերակայութեան, քանի որ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները ամէնէն լաւ կը պահպանուին այն համակարգին մէջ, որ բոլորը կը պաշտպանէ:

Դ.- Ներհամայնքային ժողովրդավար գործընթացներով ձեւաւորել սուրիահայութեան քաղաքացիական ներկայացուցչական խորհուրդ, որ կը ներառէ սուրիահայութեան աշխարհագրական ու ընկերային բոլոր խաւերը ու ապա նոր իշխանութիւններուն յստակացնել սուրիահայութեան հաւաքական քաղաքացիական ներկայացուցչութիւնը` պատմականօրէն առկայ կրօնական ներկայացուցչութեան կողքին ու համագործակցաբար:

Ե.- Համակարգուած վնասներու փաստագրում` անցումային արդարադատութեան համար (եթէ մինչ այս պահը արդէն իսկ տեղի չէ ունեցած). անհետ կորածներու, առեւանգուածներու, սեփական կալուածներու կորուստներու, հաստատութիւններու կործանման, տեղահանուած ընտանիքներու ու հայութիւնը կամ հայապատկան հաստատութիւնները թիրախաւորուած յարձակումներու յստակ ցանկագրում, վնասներու արժեւորում եւ փոխհատուցման պատկերացումներ:

Զ.- Ազդեցիկ մասնակցութիւն, խորհրդանշական ներկայացուածութենէ անդին` իրական տեղեր այն սեղաններուն շուրջ, ուր օրէնքներ կը ճշդուին, քաղաքականութիւններ կը մշակուին, պիւտճէ, կրթական, տնտեսական եւ ընկերային ռազմավարութիւններ ու մարտավարութիւններ կ՛որդեգրուին:

Սուրիոյ անցումային փուլը պիտի յիշուի ոչ թէ միայն, թէ ո՛վ իշխանութեան եկաւ, այլ թէ` ինչպիսի՛ պետութիւն մը կառուցուեցաւ 40 տարուան միատեսակ կառավարումէ ետք… Պետութիւն մը, որ իրապէս կը ձգտի քաղաքացիներուն արժանապատուութիւնը յարգել, պաշտպանել եւ երաշխաւորել, ինչպէս նաեւ` համերաշխ, զարգացող ու ապահով պետութիւն կառուցել, պարտաւո՛ր է բոլոր բնակիչներուն, ներառեալ` փոքրամասնութիւններուն, յստակ ու կայուն իրաւունքներ երաշխաւորել, ո՛չ թէ որպէս զիջում, այլ` որպէս սահմանադրական անխուսափելի առաջնահերթութիւն եւ կայուն զարգացման ու խաղաղութեան նախապայման:

Իսկապէ՛ս սուրիահայութեան համար այս փուլը իրաւասահմանադրական խաչմերուկ մըն է: Սուրիահայութեան ներկան ու ապագան պիտի չկերտուին չէզոքութեամբ կամ մտահոգ սպասումով: Ոչ ալ սուրիահայութիւնը ուրիշներուն պէտք է վստահի, կամ ուրիշներէն ակնկալէ, որ իր տեղն ու դերը սահմանեն նոր Սուրիոյ մէջ… Սուրիահայերը հաստատակամ, կառուցողական եւ իրաւական քայլերով վերահաստատելու են, որ լիիրաւ քաղաքացիներ են սուրիական պետութեան, իրենց արդարօրէն պատկանող ու միջազգային օրէնքով տրամադրուած փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու ամբողջ համալիրով` գոյութեան իրաւունք, ինքնութեան իրաւունք, հաւասարութեան եւ ոչ խտրականութեան իրաւունք, եւ մասնակցութեան իրաւունք քաղաքական, տնտեսական եւ հասարակական կեանքին մէջ, այնպիսի երաշխիքներով, որոնք դատարանները կրնան կիրարկել, եւ հաստատութիւնները պարտաւոր են իրագործել:

Իսկ Սուրիոյ անցումային ղեկավարութեան եւ միջազգային գործընկերներուն համար քննութիւնը պարզ է. կայուն ու խաղաղ Սուրիա չի կրնար կառուցուիլ ընտրովի պատկանելիութեան վրայ: Ան կրնայ կառուցուիլ միայն օրէնքի գերիշխանութեան, արդարութեան վերականգնման ու հաւասար քաղաքացիութեան սկզբունքներուն վրայ:

Եզրափակելու համար. սուրիահայութեան անվտանգութիւնը, ինքնութիւնն ու կայուն գոյատեւումը երաշխաւորելու եւ փոփոխական քաղաքական տրամադրութիւններէն եւ ապահովական զարգացումներէն կախեալ ըլլալու հանգամանքը նուազեցնելու համար անհրաժեշտ է անցում կատարել ոչ պաշտօնական «վստահեցումներ»-էն դէպի պարտադիր եւ գործադրելի երաշխիքներ.

1.- Սահմանադրական եւ օրէնսդրական պաշտպանութիւններ` հաւասարութեան, ոչ խտրականութեան, մշակութային/լեզուական ու կրօնական իրաւունքներու եւ քաղաքական մասնակցութեան համար:

2.- Անկախ հաստատութիւններ ու դատարաններ, որոնք իսկապէս կրնան խախտումներուն եւ յանցագործութիւններուն համապատասխան քայլեր ձեռնարկել:

3.- Պետութեան «դրական աջակցութեան» միջոցառումներ` պատերազմէն ետք փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն, մշակութային հաստատութիւններուն եւ ժառանգութեան պաշտպանութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համար:

4.- Արժանահաւատ անցումային արդարադատութեան ուղի մը (ճշմարտութիւն, հաշուետուութիւն, փոխհատուցում եւ սեփականութեան վերադարձ), որպէսզի համայնքին դէմ, ներառեալ` ժառանգութեան ու սրբավայրերու դէմ գործուած յանցագործութիւնները, անպատիժ չմնալով` չկրկնուին: Կարճ. իրաւունքները պէտք է ըլլան ամրագրուած, միջոցներով ապահովուած եւ գործադրելի:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հզպալլայի Ներկայացուցիչները

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.