Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

January 21, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտին յաղթական դաշնակիցները ստեղծեցին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) իբրեւ վայր մը, ուր պէտք է լուծուէին ազգամիջեան տագնապները, պատերազմները բացառուէին եւ տարակարծութիւնները վերանային խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով: ՄԱԿ-ի 1945 յունիսին ստորագրուած Ուխտագիրը դարձաւ հիմնաքարը միջազգային օրէնքին. անոր վրայ աւելցան բազմաթիւ այլ միջազգային օրէնքներ, հաստատուած ՄԱԿ-ի ընդհանուր համագումարին կողմէ:

Ի՞նչ կը տեսնենք ՄԱԿ-ի հիմնադրութենէն ութսուն տարիներ ետք: Պատերազմները չեն դադրած, տարակարծութիւնները աւելցած են, խաղաղ բանակցութիւններով հարցեր լուծելու դէպքերը հազուագիւտ դարձած:  Աւելի քան երբեք, աշխարհի բոլոց ցամաքամասերուն վրայ կը յայտնուին տագնապի բոյներ, որոնց մարումին համար ՄԱԿ-ը անկարողութեան կը մատնուի: Անկարողութեան պատճառը միայն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ հինգ մնայուն անդամ երկիրներու (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Մեծն Բրիտանիա եւ Ֆրանսա) վեթոյի իրաւունքը չէ: Իսկական պատճառը համաշխարհային պատերազմէն ետք ազդեցութեան գօտիներու փոփոխութիւնն է, աշխարհի բազմաբեւեռ ղեկավարման մերժումը կարգ մը մեծ տէրութիւններու կողմէ: 51 պետութիւններով ստեղծուած ՄԱԿ-ը այժմ կը հաշուէ 193 անդամ պետութիւններ, որոնք սկզբունքով ինքնիշխան են եւ անկախ, ՄԱԿ-ի Ուխտագիրին համաձայն ունին հաւասար իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ: Այս սկզբունքը կ՛ենթադրէ ազդեցութեան գօտիներու չգոյութիւնը եւ անխտիր բոլոր երկիրներուն, մեծ ու փոքր, գերիշխանութեան յարգումը:

Գերիշխանութիւններու յարգումին մերժումը կ՛առաջնորդէ տագնապներու բռնկումին: Տնտեսապէս զօրացած երկիրներ, ոմանք կորսնցուցած իրենց երբեմնի գաղութները, ոչ միայն իրենց արտադրութիւններուն համար շուկաներ կը փնտռեն, այլեւ ազգային անվտանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւն կը յօրինեն, իրենց սահմաններէն հազարաւոր քիլոմեթրներով հեռաւոր երկիրներու մէջ: Նման արարքներու կը տրուին պատշաճ պատճառաբանութիւններ, ինչպէս` յարգում մարդկային իրաւունքներու, փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւն, ժողովրդավարութեան հաստատում, նոյնիսկ` համաշխարհային խաղաղութեան պահպանում:

Միջազգային իրաւունքը դադրած է գործելէ: Այժմ կը գործէ զօրաւորին իրաւունքը: ՄԱԿ-ի անդամներուն իրաւահաւասարութենէն նշոյլ չէ մնացած: Ինչպէս Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք ստեղծուած Ազգերու համադաշնակցութիւնը, նոյնպէս Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը վերածուած է անզօրութեան դատապարտուած խօսարանի մը: Լուծումներ կը գտնուին, համաձայնութիւններ կը հրապարակուին, դաշնագիրներ կը կնքուին ՄԱԿ-ի սկզբունքներու ոտնահարումով, այսինքն` ուժեղին կամքին բռնի կատարումով:

ՄԱԿ-ը ստեղծուած էր համաշխարհային գետնի վրայ յառաջացնելու արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութիւն: Համաշխարհային ահաւոր աղէտի մը ազդեցութեան տակ հռչակուած խաղաղարար ազնիւ նպատակներով սկզբունքները շուտով տեղի տուին տիրապետելու ախորժակներուն դիմաց: Նախկին ժամանակներու նման կայսրութիւններ չեն ստեղծուիր, հեռաւոր գաղութներ չեն նուաճուիր. այժմ ճնշումներու միջոցով ազդեցութեան գօտիներ կը յառաջանան, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու նիւթական մատակարարմամբ ամբողջ հաւաքականութիւններ կը ստրկացուին, իշխանափոխութիւններ կը կատարուին: Եթէ «խաղաղ միջոցները ապարդիւն մնան, ի հարկին կը դիմուի բիրտ միջոցներու, աւերումի, պատերազմի:

Ընթերցողը չծանրաբեռնելու համար տագնապներու, աղէտներու եւ պատերազմներու թւումով, խուսափեցայ օրինակներ տալէ: Ամէնօրեայ լրահոսը լեցուն է այդ օրինակներով: Քաղաքական հարցերու խորագէտ ըլլալու կարիք ալ չկայ տեսնելու համար, որ աշխարհը կ՛եռայ տագնապներով: Առաջարկուած լուծումները, երբեմն նոյնիսկ կայացած համաձայնութիւնները նոր տագնապներու սերմեր կը պարունակեն: Արդարութեան գաղափարը այլեւս քաղաքական հակամարտութիւններու լուծման սկզբունք չէ: Կացութիւն մը կը ստեղծուի այս կամ այն միջոցով, ապա կատարուած իրողութիւնը վաւերացնելու պարտադրանքը հրամայական կը դառնայ:

Սկզբունքով հաւասարազօր պետութիւններու անտառին մէջ դժնդակ է փոքր պետութիւններու կացութիւնը: Իրենց անկախութիւնը պահպանելու համար անոնք պէտք է խուսանաւեն անարդար աշխարհի խութերուն միջեւ: Այս կամ այն մեծ տէրութեան հաւատարմութիւնը երաշխիք չի հանդիսանար, եթէ ատիկա մեծ տէրութեան այս ռոպէական շահերուն չի համապատասխաներ: Չէզոքութիւնն ալ լուծում չէ, եթէ չէ համեմուած ազգային շահերու գիտակցութեամբ եւ այդ շահերը պաշտպանելու անկոտրում կամքով:

 

 

Նախորդը

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

Յաջորդը

Ռոնալտօ` Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Վարձատրուող Մարզիկը

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.