Տեսակէտ. Այսօր Մեր Հիմնախնդիրը Հայրենիքի Տեսլականը Պահելն Ու Նոր Սերունդին Փոխանցելն Է
ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Մտովի, ներքուստ գիտակցելով իրենց արարքներուն տարողութիւնը` յանցաւորները կը փորձեն երեւութապէս ցոյց տալ առաւելագոյն զսպուածութիւն եւ հանդարտութիւն: Սակայն անոնք որեւէ պահու կրնան բռնկիլ, հաւասարակշռութիւն կորսնցնել ու բացայայտել իրենց իսկական էութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ պէտք է դիտել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին աթոռը զբաղեցնողին հետեւեալ յայտարարութիւնը. - Ես այսօրուան Հայաստանի վարչապետն եմ, պատմական Հայաստանի վարչապետը չեմ: Ազգային ժողովի քննարկումներու ընթացքին ոչ մէկ...

















