Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Այսօր Մեր Հիմնախնդիրը Հայրենիքի Տեսլականը Պահելն Ու Նոր Սերունդին Փոխանցելն Է

March 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Մտովի, ներքուստ գիտակցելով իրենց արարքներուն տարողութիւնը` յանցաւորները կը փորձեն երեւութապէս ցոյց տալ առաւելագոյն զսպուածութիւն եւ հանդարտութիւն: Սակայն անոնք որեւէ պահու կրնան բռնկիլ, հաւասարակշռութիւն կորսնցնել ու բացայայտել իրենց իսկական էութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ պէտք է դիտել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին աթոռը զբաղեցնողին հետեւեալ յայտարարութիւնը.

– Ես այսօրուան Հայաստանի վարչապետն եմ, պատմական Հայաստանի վարչապետը չեմ:

Ազգային ժողովի քննարկումներու ընթացքին ոչ մէկ ակնարկութիւն կատարուած էր պատմական Հայաստանի մասին, բայց նիստի ճնշուած մթնոլորտին մէջ վարչապետը ուզեց բոլորին ըսել, որ ինք Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն անդին` ոչ մէկ պատասխանատուութիւն ունի, ոչ մէկ պահանջ: Այս քայլը Հայաստանի քարտէսի ցուցադրութեան շարունակութիւնն է: Նշեալ յայտարարութիւնը փաստացի հայրենիքի գաղափարէն հրաժարիլն է, ազգային յիշողութեան դաւաճանութիւնն է: Այո՛, վարչապետէն կարելի չէ ակնկալել, որ Հայ դատի ներկայացուցիչը ըլլայ եւ պէտք չէ ըլլայ, բայց նաեւ կարելի չէ ականատեսը ըլլալ այնպիսի վարչապետի մը, որ Հայ դատի երթը խափանողն է: Անցեալին այս առնչութեամբ դերաբաշխումը ճիշդ ձեւով կատարուած էր, սակայն վերջին տարիներուն դերասանները իրենց դերակատարութիւններէն հրաժարած են:

2018-էն ի վեր Հայաստանի մէջ ակներեւ է հայրենիքի գաղափարը սպաննելու ճիգը, որուն յաջողութիւնը համազգային աւեր է: Եռագոյն դրօշին վրայ թղթախաղով սկսած փճացնող երթը, բարոյական համակարգի կազմաքանդումը, հերոսութեան հասկացողութեան արժեզրկումը, եկեղեցւոյ հեղինակազրկումը եւ վերջերս պետական երաժշտանոցը փակելու ճիգն ու հայոց պատմութիւն դասանիւթը Հայաստանի պատմութեան վերածելու փորձը պարզապէս օրինակներ են, եւ կարելի է հետագային մէկ առ մէկ մէկտեղել` ցոյց տալու համար կազմակերպուած եւ հեռանկարային աւերիչ մօտեցումը:

Այլեւս բացայայտ է, որ այս մէկը Հայաստանի իշխանութիւններու ու անոնց հովանաւորներու ռազմավարութեան առանցքն է: Ներկայիս պահանջուածը Հայաստանը անգոյն եւ անդիմագիծ պետութեան մը վերածելն է, որպէսզի վաղը ոչ մէկ ատեն կարողականութիւն ունենայ նոր ազատագրական պայքար մղելու:

Հոս է հիմնական վտանգը: Հողը կարելի է «կամքէ անկախ» տալ, պարտուիլ, բայց յետոյ կարելի է վերստին ազատագրել, սակայն երբ հայրենիքի գաղափարը` տեսլականը կը սպաննուի, կարելի չէ վերականգնել, կարելի չէ հաւաքական յիշողութիւնն ու ազգային պատկանելիութիւնը վերաթարմացնել…

Այսօրուան կռիւը միա՛յն Տաւուշի չորս գիւղերը չեն, երբե՛ք: Հոն պիտի չաւարտի: Այս բոլորին դիմաց` իշխանութիւնները «հովանաւորներու» ճամբով կը փորձեն ու պիտի փորձեն ներսը, այսպէս կոչուած, «բարեկարգումներ» եւ «ձեռքբերումներ» կատարել, որպէսզի մնացած տարածքին մէջ «բարօրութեան» զգացողութիւնը փոխանցեն քաղաքացիներուն, որոնք յագեցած ընկերատնտեսական ձեւական զարգացումներով` հլու հնազանդ մասնակից դառնան հայրենիքի գաղափարի քայքայման, Հայաստանի Հանրապետութեան ջլատման եւ ազգի կործանման քայլերուն:

Այո՛, այսօր մեր հիմնախնդիրը հայրենիքի տեսլականը պահելն ու նոր սերունդին փոխանցելն է, ազատ ու ամբողջական Հայաստանի գաղափարին շունչ տալն է, որպէսզի գալիք սերունդներէն այսօրուընէ խլած չըլլանք մեր դարաւոր ժառանգութիւնը վերականգնելու իրաւունքը…

 

 

Նախորդը

Մեսրոպեան Վարժարանի 85-Ամեակին Առիթով Հայրապետական Սուրբ Պատարագ Եւ Աղաճանեան Կարդինալի Կիսանդրիի Բացում

Յաջորդը

Դարձեալ Գրիգոր Լուսաւորիչ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.