ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ձմեռը դեռ չէր վախճանած, սակայն իր դիրքերը արդէն կը զիջէր դեռատի գարնան: Ձիւնահալքն ալ աւարտած էր` բացի գերի ինկած Կասիոսի գագաթը զարդարող շղարշէն, ու Քեսապ փափկիկ հարսի մը պէս կը լոգնար մերթ ընդ մերթ տեղացող թաթաւէն (1):
Երեկոյեան, դասերս ու տնային պարտականութիւններս նոր աւարտած, կ՛երթամ մօրս քով` տալու աւետիսը. հակառակ այդ տարիքի իմ սովորութեանս, այդ օր ինքնուրոյն, առանց մօրս անվախճան ջանքերուն սորված էի բոլոր դասերս, անգամ` գրաւոր պարտականութիւններս, որոնք ատելո՜վ կ՛ատէի, ըստ սովորութեան, եթէ մայրս չմիջամտէր, անոնցմէ հրաժարելով կը հրաժարէի:
Այդ օր կարծես մեր տան մէջ կը տիրէր դիւթական ուժ մը, որ զիս մղած էր ջանասիրաբար ու լիապէս կատարել իմ տնայիններս:
Մայրս ալ, հակառակ իր սովորութեան, այս անգամ մանրակրկիտ քննութիւն մը չըրաւ, այլ բաւարարուեցաւ հարցնելով.
– Վերջացուցի՞ր դասերդ:
– Այո՛, մամի:
– Շա՛տ լաւ, գնա՛ մեծ մամայենց*, քեզի կը սպասէ:
* Այսպէս կ՛անուանէինք մեծ ծնողներուս տունը: Մեր տան մէջ «իգականութեան» (Feminism) ջատագովներ չկան, բայց կիները միշտ յարգուած են, ես ալ ատոր ականատես ու ականջալուր եղած եմ, նաեւ լսած եմ հօրս մեծ հօր` իգական սեռին նկատմամբ ունեցած յարգալիր վերաբերմունքին մասին:
– Մեծ մամայե՞նց: Զանգե՞ց, բայց կանուխ չէ՞,- հարց կու տամ ամենայն անմեղութեամբ:
Դեռ հեռատեսիլ դիտելու, «Կկու», «Պզտիկ Մզտիկ» եւ «Պատանեկան արձագանգ» կարդալու ժամն էր, որուն պիտի հետեւէր մեծ ծնողներուս այցելութիւնս` իմ ամէնօրեայ սովորութեանս համաձայն: Մայրս ինչո՞ւ միջամուխ կ՛ըլլայ, եթէ արտաքոյ կարգի համով բան մը ըլլար, մեծ մայրս կը զանգէր եւ անձամբ զիս տեղեակ կը պահէր (թէեւ մեծ մօրս տան մէջ իր ձեռքերով պատրաստած այդքա՜ն համով բաներ կը գտնէիր, որքան ցորեն` շտեմարանի մը մէջ):
***
Մեծ մօրս տան դուռը կը բանամ, դուռը զարնելու կամ բանալի գործածելու կարիք չկար, որովհետեւ այնպէս դասաւորած էին հարս ու պէպոյիս (արեւմտահայերէնի փոփոխուած` պապուկս, մեծ հայրս), որ դուռը դիւրաւ կարենայինք բանալ:
Մօրս օրինակին հետեւելով, դուռը հազիւ բացած, նախազգուշական կանչ մը կը հնչեցնէի.
– Մե՜ծ մա՞մ:
Սովորաբար մեծ մայրս փութով կ՛արձագանգէր կանչիս` ըստ որպիսութեան.
– Այո, անուշս:
Կամ եթէ հազարորդավայրկեան (millisecond) մը ուշանար պատասխանելու, ապա փաղաքշական արձագանգը առաւել կ՛անուշնար.
– Վահան-շահա՜ն, Վահուն-շահու՜ն:
Իսկ եթէ բախտաւոր ըլլայի եւ ձայնս արձակէի այն պահուն, երբ մեծ մայրս կը գեղգեղար, ան խոհանոցէն դէպի տան մուտքը կու գար` երկա՜ր միջանցքէն անցնելով, ու տան պատերը կը հմայէր իր աղու ձայնով ու քաղցրակարկաջ երգեցողութեամբ:
Երգը միայն քովս հասնելէն ետք կ՛աւարտէր, աչքերով զիս ողջունելէ եւ ձեռքի ու գլխու շարժումներով տան մէջ տարածուած դիւթանքը ետ կը կանչէր մթնոլորտէն: Այս պարագային «Բարեւ-բարի եկար»-ին կը փոխարինէր երգին մեկնութիւնը կամ երգին պատումը, կամ երգահանին (երբեմն երգիչին) մասին հաճելի պատմութիւն մը, ընթացքին կարօտէն կիզուած պաչիկ մը դրոշմելով գլխուս:
Սակայն այս անգամ պատուական ու ջերմեռանդ դիմաւորութեան չարժանացայ: Ի պատասխան իմ կանչին` ստացայ կտրուկ եւ երկիւղալի պատասխան մը.
– Այո՛:
Ձայնը կու գայ նստասենեակէն, անոր ուղղութեան կը հետեւիմ: Դուռը բանալուս պէս մեծ մայրս կ՛ըսէ.
– Եկար… Վահա՛ն:
Եւ ձեռքով ցոյց տալով բազմոցը` կը հրամայէ.
– Նստէ՛:
Այս ի՜նչ լուսաւոր է նստասենեակը այսօր, թէեւ սենեակը լուսաւորողը միեւնոյն եւ միակ աշտանակն էր: Կը ստուգեմ, թէ լոյսի ուրիշ` նո՛ր աղբիւր մը կա՞յ սենեակին մէջ. ո՛չ, նոր լապտերներ չեմ տեսներ, բայց ուրկէ՞ այս լուսաւորութիւնը, կարծես շողարձակներ վառած ըլլան այս փոքր նստասենեակին մէջ: Սենեակը չափազանց կոկիկ էր այսօր, հակառակ անոր որ երբե՛ք ալ թափթփած չէր եղած, սակայն այսօր նոյնիսկ «Գանձասար»-ի եւ «Ազդակ»-ի թիւերը վերցուած էին մէջտեղէն, զետեղուած էին եկեղեցական գրակալի նմանող թղթակալին մէջ:
Այս կարճ, բայց դանդաղընթաց երկվայրկեանին աչքս դէպի մեծ մայրս կ՛ուղղեմ, երկվայրկեանը աւելի կ՛ընդարձակուի, հակառակ շաբթուան սովորական օրերէն մէկը ըլլալուն` մեծ մայրս կը կրէ այն հանդերձանքը, որով կը տեսնէի զայն կիրակի օրերը` պատարագի ժամանակ: Թէեւ գլուխը չէր ծածկած, սակայն սենեակի մթնոլորտին մէջ տիրող շնորհափայլութիւնը, զոր կ՛արտացոլար անոր դէմքէն, քողարկած էր անոր գլուխը:
– Մե՛ծ մա՞մ, հի՞ւր պիտի գայ ձեզի:
– Չէ՛, տղաս, ո՞վ պիտի գայ:
– Պաշտօնակա՛ն հագած ես:
– Այո՛ (hաստատող ժպիտով մը գլուխը խոնարհելով):
Այդ ատեն հարցումս մնաց անպատասխան, եւ պարոյկը տեղաւորուած մնաց տառին վրայ, բայց միայն հիմա կը գիտակցիմ, թէ մեծ մայրս միտումնաւոր ըրած էր այդ բոլորը` զգեստաւորումը, գերլուրջ պահելակերպը եւ այլն… ան պատրաստ էր եւ զիս կը պատրաստէր ուսերուս բեռցնելու հայոց լեզուի ազնուագոյն գոհարներէն մէկուն քաղցր լուծը:
Զմայլանքս փրկութիւն պիտի չըլլար ինծի համար, մեծ մայրս աչքի վաղանցուկ նայուածքով մը յուշեց, որ պէտք է նստիմ:
Իսկոյն տեղս նստայ:
Մեծ մայրս գրակալի աստիճանի բարձրացուած թղթակալէն դուրս բերաւ իմ նոր ժամագիրքս, զոր ես խորհեցայ, թէ մայրս փոխանցած էր անոր` առեղծուածային հանգամանքներու ներքոյ:

փրկուելով հրկիզումէն, ի տարբերութիւն մնացեալ գիրքերուն:
Ոգեւորուած ձայնով մը կ՛ըսեմ.
– Մե՛ծ մամ, տեսա՞ր նոր ժամագիրքս:
– Այո՛:
– Փոքրիկներու ժամագիրք չէ, ինչպէս` մեծ քոյրերուս եւ մնացած բոլորին ժամագիրքերը:
Այս յոյժ կարեւոր ծանուցումս մնաց անպատասխան, մեծ մայրս ստիպուած էր սաստող նայուածքները ուղղել ինծի:
Աչքերուն մէջ կը կարդայի.
– Այսօր մեր հանապազօրեայ հանդիպումներէն մին չէ, զուսպ մնա՛, գործ ունինք ընելիք:
Ժամագիրքը կ՛երկարէ կողմս ու կ՛ըսէ.
– Բա՛ց այն էջը, ուր էջադիրը դրած եմ: Միշտ էջադիրը գործածէ, երբե՛ք չծալես թերթիկները:
– Ի՞սկ եթէ պէտք ըլլայ երկրորդ էջ մը նշել: (Ի մտի ունէի արեւագալի ժամերգութեան «Յարեւելից»-ը, կարծիքս յայտնելը անհրաժեշտ էր, մանաւանդ որ ժամագիրքը ի՛մս էր):
Անգամ մը եւս յոյժ կարեւոր խօսքս մնաց անպատասխան:
Մեծ մայրս դեռ դիմացս կանգնած` կը թելադրէ.
– Կարդա՛ վերնագիրը:
– «Հաւատով խոստովանիմ»:
Այս անգամ կ՛ուզէի հարցնել, թէ ի՞նչ խոստովանանք, հարցաքննութի՞ւն է: Բայց չհամարձակեցայ, արդէն հասկցած էի, թէ ե՛րբ է խօսելու ճիշդ պահը:
Մեծ մայրս` որպէս նախաբան, պատմեց Ներսէս Շնորհալիին մասին` նախ զգուշացնելով, որ պէտք չէ զայն շփոթել Գրիգոր Նարեկացիին հետ:
– Անոնց երկուքին գրած աղօթքներուն պիտի հանդիպիս «Հանգստեան ժամերգութեան» ընթացքին: Նարեկացիին «Ընկալ քաղցրութեամբ»-ը եւ Շնորհալիին «Հաւատով խոստովանիմ»-ը: Երկուքն ալ մեծ անուններ են, բայց` տարբեր անձնաւորութիւններ:
Այդ երեկոյ ինծի բախտ չվիճակուեցաւ Նարեկացիին մասին տեղեկանալու, սակայն Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին վերաբերող հարուստ դաս մը ստացայ:
– «Շնորհալի» կոչումը այս սուրբին տրուած է իր ուսուցիչին կողմէ, հաւանական է, որ անոր մասին կարդաս Սուրբ Ներսէս Կլայեցի անուան տակ (ան ծնած է Հռոմկլա քաղաքին մէջ):
Շնորհալիին մասին պատմած ատեն մեծ մայրս կ՛օգտագործէր այնպիսի բառեր, որոնցմէ շատերը այդ պահուն չէի ըմբռներ` միջնադար, դաւանաբանական, դիւանագէտ, մանրանկարչութիւն, բանակցութիւն, իմաստասիրութիւն, յանգաւոր բանաստեղծութիւն, երաժիշտ, շարակնոց, ազգային գործիչ եւ այլն:
– Անո՛ւշս, հիմա միտքդ մի՛ չարչրկեր այս բոլորով, եկուր` «Հաւատով խոստովանիմ»-ը սորվինք:
Մեծ մայրս կը նստի կողքիս, ձախ ձեռքը կը դնէ ուսերուս ու կը բռնէ ձախ թեւս, կարծես` ուժ եւ կորով փոխանցելու համար: Եւ չդիմանալով կարօտին (կարծեմ կարօտը գոյացած էր ո՛չ թէ ծանրաշարժ ժամանակին պատճառով, այլ անոր` այդ օրուան խիստ վարմունքէն) ուժգնօրէն կը բռնէ գլուխս եւ կը համբուրէ անոր կառափը(2)` միաժամանակ խորունկ շունչ մը քաշելով, կարծես բուրումնալից ծաղիկի մը հոտը կը քաշէր: Այս վերջին շարժումը խորհրդաւոր ուժով լեցուց ամբողջ էութիւնս, եւ բոլոր` քսանչորս տուներն ալ կարծես ակնթարթի մը մէջ սահուն կարդալ սորվեցայ: Ձայնս երբե՛ք այսքան հաճելի չէր հնչած ականջիս, մինչ օրս ալ երբեք ուրախ չեմ եղած իմ ձայնս լսելով այնքան, որքան` այդ օրը: Մանկական ձայնովս կը լիանար սենեակը:
Մեծ մայրս զիս կ՛ընդհատէր` ուղղումներ կատարելու կամ ցուցումներ տալու.
- Մի՛ փութար, կամաց-կամաց, հատիկ-հատիկ:
- Աւելի յստակ պիտի կարդաս:
- Ուշադի՛ր առոգանութեանդ, հարցական չկայ այստեղ, աղերս է` խնդրանք:
- «Եւ ողորմեա քո արարածոց…»-ը արագ-արագ չկարդա՛ս, եթէ ամբողջ տունը ջարդուփշուր ըրած ես, քաջագործութիւն չէ այս երկու տողը սրընթացօրէն կարդալը, ի՜նչ ամանակով (կշռոյթ), որ սկսար, նոյնո՛վ ալ աւարտէ՛, դաշնակութեամբ կարդա՛:
Երբե՛ք չէի նեղանար մեծ մօրս ճշդումներէն ու նկատողութիւններէն, ոչ ալ ան կը յոգնէր իմ բազում եւ անաւարտ սխալներէս, միասին, բերկրութեամբ կը գործէինք քանդակը:
Բացի Շնորհալիի աղօթքի քաղցր լուծէն` մեծ մայրս ուրիշ պատասխանատուութիւններ ալ բառնալ կու տար ինծի:
– Դուն պէ՛տք է շատ լաւ կարդաս` ձայնդ, առոգանութիւնդ, շեշտաւորումը եւ այլն, ոչ միայն քեզի համար, եւ ոչ միայն այս տարուան համար, այլ երբ մեծնաս, ապագային ամէն տարի պիտի կարդաս, փոքրերը պիտի լսեն քու ընթերցումդ եւ սորվին քեզմէ:
Մերթ ընդ մերթ կը փորձէի խոյս տալ սերտողութենէն` նիւթը փոխելու փորձ մը ընելով կամ ձեւացնելով, որ ձայն մը լսեցի եւ մեծ մօրս սուտ-տեղեկացնել, թէ մեծ հայրս եկաւ, սակայն` բոլորը ապարդիւն, մեծ մայրս վճռականապէս կ՛ուղղէր կեդրոնացումս դէպի աղօթքը:
– Պապուկդ պիտի ուշանայ այսօր: Շարունակէ՛:
Մեծ հայրս ալ այս գործունէութեան մասնակից էր, բացառութեան կարգով եւ ի սէր այդ օրուան ծանրակշիռ դպրութեան` ան այսօր իր դիրքը զիջած էր մեծ մօրս, թէ ոչ պիտի մրցէր անոր հետ` ինծի բան մը պատմելու եւ կամ գիտելիք մը փոխանցելու: Մեծ մայրս գրական, մշակութային եւ արուեստի նիւթերու, իսկ պապուկս պատմական, ազգային եւ գաղափարախօսական նիւթերու մասին կը պատմէր: Իսկ վա՛յ որ օր մը բարձրացնէի հարցում մը, որ երկուքն ալ կը հետաքրքրէր, եւ բոլոր նիւթերս կը հետաքրքրէին զանոնք: Ո՛չ «լեզուի կաղապար» մը (օր. Չաթ Ճի.Փի.Թի.ին), ո՛չ ալ հանրագիտարան մը կրնար անոնց նման պատասխանել հարցումներուս:
Անշուշտ այդ օր ուշ երեկոյեան պիտի վերադառնայի տուն, եւ մեծ հայրիկս հոն պիտի գտնէի: Մայրս եւ ան զրոյց մը կ՛արկանէին, իմ պատճառովս կարծես թէ զրոյցը երկարած էր այսօր: Վստահ եմ` ոչ մէկը դժգոհ էր այդ զրոյցի երկարելէն, կարծես անոնք մանկութեան ընկերներ ըլլային:
– Պապո՜ւկ, հո՞ս ես:
Մեծ հայրս կը շտապէ հարցնել.
– Լաւ սորվեցա՞ր, շպիէն (3):
– Այո՛, մեծ մամային հարցուր:
– Աֆֆերի՛մ, վուողը կ՛իշինք (Ապրի՛ս, վաղը կը նայինք):
Այդ ուսումնական երեկոյի աւարտին, «Փառաւորեալ Տէր»-ը միասին կարդալէ ետք, այնպէս` ինչպէս եկեղեցւոյ մէջ խմբովին պիտի կարդացուէր, երբ մեծ մայրս իսկապէս համոզուեցաւ, որ անթերի, կամ ինչպէս այդ ժամանակուան հայերէնի ուսուցչուհիս պիտի ըսէր, «ջուրի պէս» կը կարդամ «Հաւատով խոստովանիմ»-ը, իր մնայուն լուսաշող ժպիտը կրկին ուրուագծեց դէմքին եւ «Ապրի՛ս, անուշս» ըսելով` շտապեց հիւրասենեակ` տան մուտքը եւ կեդրոնական մասը, ուր նաեւ կը գտնուէր ճաշասեղանը, որուն վրայ տեղադրած էր սկուտեղ մը` ծածկուած շղարշով:
Եռանդով վերադարձաւ նստասենեակ, ուր բարութեամբ կը սպասէի անոր: Այդքա՜ն ուրախ էր մեր իրագործումէն, որ կը զգայի, թէ քիչ մնար արցունքներ պիտի հոսէին անոր կապուտակ աչքերէն, եւ կարմրուկ այտերը (որոնք ուրախութենէն առաւել հրաբորբոքած էին) զարդարող ժպիտով մը խօսքը կ՛ուղղէր ինծի.
– Հրամմէ՛, անո՛ւշս (Ինծի ծանօթ տնական կարկանդակն ու օշարակը):
Շղարշին տակ քողարկուած «համով բաները» աչքերուս նմանեցան գողտրիկ հարսի մը, մեծ մօրս խօսքերը ականջներուս մէջ կ՛այլափոխուէին, ու ես կը լսէի.
– Ուրախ լեր, Վահա՛ն, ուրա՜խ լեր…
***
Այո՛, այս անգամուան մեծ մօրս հետ անցուցած ուսուցողական երեկոն արտասովոր էր: Ճիշդ է, որ ի տարբերութիւն մեր ամէնօրեայ հանդիպումներուն` անիկա հաճելի զրոյցներով եւ զուարճալի խօսակցութիւններով յագեցած չէր, սակայն ինծի համար մեծ մօրս հետ ապրած լաւագոյն եւ ամէնէն յիշատակելի օրերէն մին էր: Իրապէս ալ այդ օրը, ի տարբերութիւն մնացած օրերուն, խանդավառութեան գործօնը չբանեցուց մեծ մայրս, բայց եւ այնպէս, այդ օր ապրած պահերս անջնջելի կը մնան էութեանս մէջ:
Այս տարբերութիւնը ընդգծելու համար տամ սրտիս խօսող երկու օրինակ. անգամ մը, երբ տեղեկացաւ, թէ եօթներորդ դասարանիս սկսայ ֆրանսերէն սորվիլ դպրոցը, իբրեւ ոգեւորութեան աղբիւր եւ տիպար` ինծի ցոյց պիտի տար իր հօր` Յովսէփ Պասմաճեանի (որուն անունը յաջորդաբար պիտի փոխուէր նախ Եուսուֆի` Սուրիոյ անապատի արաբներուն կողմէ, ապա ուսուցիչները` լատին վարդապետները, զայն պիտի անուանէին Ժոզեֆ) ֆրանսերէն գրատետրը` կատարելութեան սահմանն ալ շրջանցած ձեռագիրը ներկայացնելու: Իսկ ուրիշ անգամ մը, երբ իմացաւ, որ ջութակ նուագել կը սորվիմ, նոյն մեծ հօրս կտրտուած ու վաղեմի ջութակը ցոյց պիտի տար: Ան միշտ իր տրամադրութեան տակ եղած լաւագոյն միջոցով, ամենայն իրօք (ամէն բանով, ամէն ձեւով) զիս պիտի մղէր դէպի լաւը:
Այսօր, երբ որ միտքս կը սկսի խոհիլ ու հոգւոյս հետ խոյանալ դէպի այն բնազանցական աշխարհին մէջ, ետ կը կանչեմ զայն ու կը խորհիմ, թէ ո՞ւր են այն խստասէր եւ խստիւ-սիրող (4) մայրերն ու մեծ մայրերը, հայոց դպրութեան մեծազօր մեր դպրոցները, այս օրերուս ինչո՞ւ չենք հանդիպիր անոնց: Դարը փոխուեցաւ… համաձայն եմ, ուսուցման եղանակները զարգացան… միանշանակ: Բայց ի՞նչն է, որ կը խանգարէ մեզ օգտագործել այս նոր ու նորարական եղանակներն ու դարուս բերած նոր գործիքները մեր նպատակին ծառայելու համար, ու` մեր գործը դիւրացնելու համար: Արդեօ՞ք մեր լեզուի հանդէպ սէրը կը խամրի, թէ՞ մեր կամքն ու կորովը կորսնցուցած ենք:
(Շարունակելի)
******
1.- Թաթաւ – մեղմ, յորդ, ջրալի անձրեւ: Առատ անձրեւը` տարափ, տեղատարափ:
2.- Կառափ – գագաթ, սկաւառակ (գլխու):
3.- Արաբերէն իշպին բառն է, որ կը նշանակէ խաչեղբայր եւ կը գործածուի իբրեւ փաղաքշանք մօտիկներուն:
4.- Խստութիւնը սիրող եւ շատ սիրող: