Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարսէյի Հայութիւնը Հանդիսաւորապէս Կատարեց Թեհլիրեան Արդարահատոյցի Կիսանդրիին Բացումը Պոմոնի Մէջ

March 23, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

103 տարիներ առաջ` 15 մարտ 1921-ին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան որոշումով, Պերլինի հրապարակին վրայ Թեհլիրեանի արդարահատոյց գնդակով կ՛իյնար Հայոց ցեղասպանութիւնը յղացող ու գործադրող իթթիհատականներէն Թալէաթը:

15 մարտ 2024-ին Մարսէյի «Փլաս փասթէօր» հրապարակին վրայ, կազմակերպութեամբ 11-12 շրջանի քաղաքապետութեան, բացումը կատարուեցաւ  հայ ժողովուրդի արդարահատոյց բազուկին` Սողոմոն Թեհլիրեանի  կիսանդրիին:

Ներկայ էին ֆրանսական պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ` Մարսէյի 11 եւ 12 ընտրաշրջանի քաղաքապետ` Սիլվեն Սուվեսթրը, հայազգի երեսփոխան Տիտիէ Փարաքեանը, ծերակոյտի անդամ Վալերի Պուայէն, հարաւի Ֆրանսահայ միութիւնները համակարգող մարմինի համանախագահները, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Կեդրոնական կոմիտէի կազմը, Մարսէյի «Հ. Մարուխեան» կոմիտէի կազմը, «Նոր սերունդ»-ի Կեդրոնական վարչութիւնը,  «Աբօ Աշճեան» մասնաճիւղի  եւ այլ շրջաններէ ժամանած անդամներ, «Արաբօ» պատանեկան միութեան վարիչ կազմն ու պատանիները, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու` ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու խորհուրդը, Կապոյտ խաչի ու Համազգայինի վարչութիւնները եւ Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը, ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ` մարսէյահայերու յարգելի թիւ մը:

Կղերական դասին կողմէ կիսանդրիին օրհնութեան աղօթքներէ  ետք, արձանի նուիրատու Օհան Հեքիմեան արտասանեց իր սրտի խօսքը, որմէ ետք ելոյթ ունեցան  պետական, հայկական ու դաշնակցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, քաղաքապետ Սիլվեն Սուվեսթրը, երեսփոխան Տիտիէ Փարաքեանը, ծերակոյտի անդամ Վալերի Պուայէն, ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչ Օրօր Պրիւնան, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանը, հարաւի Ֆրանսահայ միութիւնները համակարգող մարմինի համանախագահ Ազատ Պալալաս Գազանճեանը եւ Համազգայինի աւարտական դասարանի աշակերտուհի Վարդենի Դաւիթեանը:

Բոլոր պետական անձնաւորութիւններն ալ դրուատեցին հայ ժողովուրդին ներդրումը ֆրանսական համայնքին ու երկրին մէջ, ինչպէս նաեւ իրենց զօրակցութիւնը արտայայտեցին Հայաստանին ու հայութեան:

Աւարտին աշակերտներուն, պատանիներուն, սկաուտներուն եւ ներկաներուն սրտաբուխ մասնակցութեամբ երգուեցաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի նուիրուած «Գինի լից» երգը:

Ձեռնարկէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան Պոմոնի հայ առաքելական եկեղեցւոյ սրահը, ուր քաղաքապետարանի կողմէ կազմակերպուած էր հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

Ոսկիի Չափ Արժէքաւոր Քաքաոն

Յաջորդը

Մեսրոպեան Վարժարանի 85-Ամեակին Առիթով Հայրապետական Սուրբ Պատարագ Եւ Աղաճանեան Կարդինալի Կիսանդրիի Բացում

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 1, 2026
Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը
Գաղութէ Գաղութ

Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը

September 28, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.