Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զարեհ Սրբազան Զարեհ Կաթողիկոսի Մասին…

March 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՐԵՀ ԱՐՔ. ԱԶՆԱՒՈՐԵԱՆ

– Շշ՜, Վեհափա՛ռը…:

Բառերը յաճախ անբովանդակ կը դառնան իրենց քարացած գործածութեանց մէջ: Այդպէս են ընթացիկ դարձած բոլոր տիտղոսները՝ աշխարհիկ թէ հոգեւոր մարզերու մէջ.- Մեծայարգ, յարգարժան, պատուարժան, արժանապատիւ, համեստափայլ, ազնուափայլ, հոգեշնորհ, գերաշնորհ, եւ այլն: Այդպէս է նաեւ, անխուսափելիօրէն, վերջին դարերուն Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան բարձրագոյն աստիճանին՝ կաթողիկոսութեան հասած հոգեւորականներուն տրուած տիտղոսը՝ «վեհափառ»:

Այդպէս չէ՛ր ու չեղա՛ւ, սակայն, այս տիտղոսը՝ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Փայասլեանին համար, որ եղաւ ու մնաց, եւ միշտ պիտի մնայ՝ Վեհափա՛ռը, որովհետեւ իր պարագային կարծէք տիտղոսը պաշտօնին չէր, այլ՝ անձի՛ն, արժան եւ իրաւ:

– Մարմինը գնաց, հոգին մնաց: Եւ հակառակ անցնող քառասուն տարիներուն, դեռ իր գերեզմանին վրայ ամէն օր մոմ կը պլպլայ, անմար ճրագի պէս: Մեռելները չեն խօսիր, այլ միայն՝ կենդանիները: Եւ Զարեհ Կաթողիկոս դեռ կենդանի է մեր մէջ, ներկայ է միշտ ու կը շարունակէ խօսիլ:

Որովհետեւ՝ մեծութիւնները չեն մեռնիր: Եւ Զարեհ Կաթողիկոս մեծութեան շքեղ դուռն էր:

– Եկեղեցականին մասին խօսած ատեն ամէնէն դժուարն է գիտնալ եւ ըսել՝ թէ եկեղեցին իրեն համար ասպարէ՞զ է թէ կոչում: Առաջինը մարմինն է, երկրորդը՝ հոգին: Հոգին առանց մարմինին ալ կրնայ ըլլալ, բայց ո՛չ մարմինը՝ առանց հոգիին: Իսկ հոն ուր հոգին ու մարմինը փոխանակ իրարու դէմ կռուելու՝ իրար կը գրկեն, հոն հոգին հանդէս կու գայ իր ամբողջ շքեղութեամբ: Եւ Զարեհ Կաթողիկոս եկեղեցական մը չէր ասպարէզի առումով, հոգեւորական էր՝ բառին բովանդակ առումով: Եկեղեցին իր նեղ ու լայն առումներով՝ իր կեա՛նքն իսկ էր, Աւետարանի աստուածային վարդապետանոցի շաւիղէն սկսեալ մինչեւ բարձունքը խաչամատոյց Գողգոթային, որ անխուսափելի ճանապարհն է ամէն ճշմարիտ քրիստոնեայի ու մանաւանդ հոգեւորականի:

– Պէտք կը մնա՞յ ըսելու թէ որքա՜ն նախանձախնդիր էր արարողութեանց կանոնաւորութեան, շարականներու ճշգրիտ ու գեղեցիկ կատարման: Մեր սերունդը լաւ կը յիշէ Վարդանանցի օր մը, երբ դպրապետը մոռցեր էր իրեն հետ եկեղեցի բերել օրուան Մանկունք շարականին՝ «Արիացեալք» ստեղիին ձայնագրեալ տետրը, եւ ոչ ոք գոց գիտէր այդ ծանր եղանակը, եւ ուստի ափյափոյ շինծու եղանակ մը սկսան յարմարցնել շարականին, երբ յանկարծ եկեղեցիին մէջ որոտաց ձայնը Զարեհ Վեհափառին, յանդիմանութիւն մը՝ ուղղուած դպրապետին, բայց նաեւ բոլորին, «դեռ գացէք Պախ-Պեթհովէն մտիկ ըրէք եւ շարականները մի՛ սորվիք…»: Եւ յետոյ ինք սկսաւ երգել Մանկունքը՝ անգիր, առանց ձայնագրութեան տետրի…:

Իր մէջ հոգեւորական մարդուն հիմնական գիծը կը յայտնուէր նաեւ, եւ բնականաբար, իր հզօր հաւատքով եւ քրիստոսատիպ կեանքով: Իր քարոզխօսութիւնները ճարեր չէին, այլ՝ Աւետարանի քարոզութիւն, պարզուկ ու ժողովրդակա՛ն, բիւրեղային թափանցիկութեամբ, բայց նաեւ խորապէս տպաւորիչ, խօսո՛ւն, հոգելից:

– Նահատակութիւն մը երբեք արդար չէ եղած ու չի կրնար ըլլալ, բայց նահատակուողը առհասարակ արդար մը կ’ըլլայ դժբախտաբար. արդար մը՝ անարդարութեան համար, անարդարութեան իբրեւ հատուցում եւ արդարութեան իբրեւ պաշտպանութիւն: Բոլոր մեծ դատերը մեծ նահատակութեանց գնով կը պաշտպանուին: Եւ Զարեհ Կաթողիկոս՝ իր իսկ բացատրութեամբ՝ ինքզինք «մատա՛ղ ըրաւ» եւ իր նահատակութեամբ պաշտպանեց ու փրկեց ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, այլ նոյնինքն Հայ Եկեղեցին եւ սփիւռքահայ մեր գաղութները՝ անճիտումէ, կազմալուծութենէ, քայքայումէ եւ փլուզումէ:

– Այդպիսի՛ն եղաւ Զարեհ Կաթողիկոս: Մա՛րդը, սո՛ւրբը, իր կեանքով ու մահով՝ մարդոց եւ Երկինքին հաշտեցուցի՛չը:

Իրմո՛վ վերստին մեր մէջ գտանք աստուածաստեղծ մարդուն անխարդախ պատկերը:
Իրմո՛վ առինք ազնուութեան բոյրն ու համբոյրը:
Իրմո՛վ տեսանք ազատ մտածումի ճախրանքը:
Իրմո՛վ ճանչցանք իրաւ համոզումներու սխրանքը:
Իրմո՛վ ճաշակեցինք ճշմարիտ խօսքի քաջութիւնը:
Իրմո՛վ հաստատեցինք արդար գործին խիզախումը:
Իրմո՛վ համբուրեցինք վաւերական հաւատքին ջերմութիւնը:
Իրմո՛վ ապրեցանք ճշմարտուած կեանքի բերած կենսունակութիւնը:
Իրմո՛վ ստացանք մեր ժողովուրդին ու մեր եկեղեցիին նուիրեալ ծառայութեան մեծագոյն դասը եւ գերագոյն օրինակը:

Զարեհ Կաթողիկոս եղաւ այն միակ ծիծեռնակը՝ որ գարո՛ւն բերաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան. միակ ծաղիկը՝ որ գարո՛ւնը եղաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Մէկ ծաղիկով գարուն կու գա՞յ: Այո՛, կու գա՛յ: Եւ ի՛նքն է տակաւին գարունը այս դարաւոր ու հաստարմատ Կաթողիկոսութեան, որ իրմով կը մնայ միշտ երիտասարդ, միշտ առոյգ, միշտ ծաղկուն, միշտ յուսավառ ու լուսավառ, որ իր հաւատաւոր գործին մէջ կը տեսնէ Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ իր ժողովուրդին մշտանորոգ կեանքին գաղտնիքը, իր ծառայութեան հորիզոնին վրայ ունենալով Հայութեան մշտական արշալուսումը:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (22 Մարտ 2024)

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի 65-րդ Առցանց Լսարան. «Իր Հոգեւոր-Մշակութային Ժառանգութեան Գիտակից Եւ Զայն Արժեւորող Արցախի Ժողովուրդն Է, Որ Կրնայ Պաշտպանել Համամարդկային Այս Արժէքները». Արմինէ Տիգրանեան

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.