Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օսքար»-ի Արժանացած Կարճամեթրաժ Վաւերագրական Ժապաւէնին Մէջ Կայ Դրուագ` Պաքուի Հայերու Ջարդերու Մասին

Մարտ 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարուան «Օսքար»-ին «Լաւագոյն կարճամեթրաժ վաւերագրական ժապաւէն» ճանչցուած է «Վերանորոգման վերջին արհեստանոցը» (The Last Repair Shop) շարժանկարը, որուն մէջ դրուագ կայ Պաքուի մէջ ապրած հայերու մասին:

Ժապաւէնին գործողութիւնները տեղի կ՛ունենան Լոս Անճելըսի մէջ: Անիկա կը պատմէ  չորս նուիրեալ արհեստաւորի մասին, որոնք կ՛աշխատին արհեստանոցին մէջ եւ կը վերանորոգեն ուսանողներու աւելի քան 80.000 երաժշտական գործիքներ: Ժապաւէնին հերոսները, աշխատանքէն զատ, կը պատմեն նաեւ իրենց ծանր ճակատագրերուն մասին:

Հերոսներէն մէկը արհեստանոցի տնօրէն Սթիւ Բաղմանեանն է: Ան ծնած եւ մեծցած է Պաքուի մէջ, բայց 1987-88 թուականներէն ետք Ազրպէյճանի մէջ սկսած են տեղի բնակիչ հայերու նկատմամբ հալածանքները, ջարդերը: Ան պատմած է Պաքուի մէջ հայերու ջարդերէն առաջ Խորհրդային Ազրպէյճանէն փախչելու մասին:

«Ես փոքրիկ հայ տղայ էի, որ կ՛ապրէր Պաքուի մէջ… Ծնողներս չէին կրնար պատկերացնել, թէ որեւէ վատ բան կրնայ տեղի ունենալ, որովհետեւ մենք ունէինք ընկերներ, հարեւաններ, որոնց հետ կողք կողքի ապրեր ենք այդքան տարի: Եւ ոչ ոք կը մտածէր, որ պատերազմ կը սկսի: 1986-1987 թուականներուն բոլոր հայերը սկսան վռնտել Պաքուէն: Օրէ օր աւելի դժուար կը դառնար: Մենք կը հաւաքուէինք միասին դուրսը, մեր շէնքերու մօտ, խարոյկ կը վառէինք եւ ամբողջ գիշեր կը հսկէինք մեր տուները: Սակայն ամէն օր աւելի քիչ մարդ կը մնար մեզի հետ, որովհետեւ ամէն օր աւելի վտանգաւոր կը դառնար, եւ մարդիկ կը վախնային ապրելէ այնտեղ:

Հայրս լաւատես էր, կ՛ըսէր. «Սթի՛ւ, ես ոչ մէկ տեղ պիտի երթամ, ես ոչ մէկուն վատ բան ըրած եմ, որ մեզ նեղացնեն: Մենք կ՛ապրինք Խորհրդային Միութեան մէջ, եւ մեր կառավարութիւնը թոյլ չի տար, որ նման բան պատահի»: Ան խելացի մարդ էր, բայց սխալեցաւ: Զայն սպաննեցին աշխատանքի վայրին մէջ:

Ես քսան տարեկան էի, պէտք էր վերցնէի մայրս ու հեռանայի այնտեղէն: Ուստի ուղղակի փակեցինք դուռը, ամէն ինչ ձգեցինք: Օդակայան հասնիլը հեշտ չէր, քանի որ հայու տեսք ունիս, ու մարդիկ կրնան փողոցին մէջ կանգնեցնել քեզ եւ վնասել: Բայց իմ ազրպէյճանցի ընկերները մեզ հասցուցին օդակայան եւ մարդկային միջանցք ստեղծեցին այնտեղ, որ անցնինք, պատմած է Բաղմանեանը` չկարենալով զսպել յուզմունքը:

Այնուհետեւ ան խօսած է Ամերիկա տեղափոխուելու եւ այնտեղ դաշնամուրով հրապուրուելու մասին:

Շարժանկարի բեմադրիչներն են Պեն Փրատֆութը եւ Քրիս Պոուըրսը:

2024 թուականի փետրուար 16-ին ժապաւէնը ցուցադրուած է Ամերիկայի եւ Քանատայի մէջ աւելի քան 700 անգամ:

https://www.youtube.com/watch?v=xttrkgKXtZ4

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Արցախի Վարագոյրին Ետեւ Մայր Քաղաք Անի

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?