Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Տիգրանակերտ
Երաժշտութիւն` Սուրբ Կիրակոսի Կամարներուն Ներքեւ
Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումը միայն տաճարի մը վերակենդանացումէն աւելին կը խորհրդանշէ: Երկար տարիներ անտէր մնացած եկեղեցին վերակառուցելու գաղափարը զանազան շրջանակներու կողմէ տարակուսանքով դիմաւորուած էր, որովհետեւ հարց կու տային, թէ ինչի՞ կը ծառայէ ժողովուրդ չունեցող եկեղեցիի մը կառուցումը: Սակայն ի յայտ եկաւ, որ եկեղեցւոյ վերաբացումով համախմբուեցան բազմաթիւ հայեր, որոնք նախապէս ամբողջովին տարանջատուած էին:
Դժբախտաբար յաջորդող քանի մը տարիներուն Ամիտը մատնուեցաւ քաղաքացիական կռիւներու աւերին, որմէ իր բաժինը ստացաւ նաեւ Սուրբ Կիրակոս տաճարը: Այս անգամ աւերը եւ սրբապղծութիւնը կասեցնելու համար աւելի լուրջ ներուժ մը կար քաղաքին մէջ, որուն պատճառով կատարուեցան եկեղեցւոյ նորոգութիւնը եւ օծումը:
Ներկայիս Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին թէ՛ աղօթատեղի է, թէ՛ մէկտեղման վայր եւ թէ՛ մշակութային կեդրոն: Արդարեւ, վերջերս հայազգի երգահան ու երաժիշտ Ստեփան Եփրեմեան յատուկ համերգով մը ներկայացուց հայ երաժշտութենէն ընտիր նմուշներ:
«Արգիլուած սերենատ» խորագիրով հաղորդման ընթացքին պաստառին վրայ ցոլացին նաեւ վերջին տարիներու համահայկական ապրումներէ քաղուած տեսանիւթեր, որոնք ա՛լ աւելի փայլ տուին Կոմիտաս վարդապետի, Սայաթ Նովայի եւ Արամ Տիգրանի գործերէն բաղկացած երաժշտական համերգին:
Միացեալ Նահանգներ
Բողոքի Ցոյց Լոս Անճելըսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Դիմաց
Վերջերս ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցը` Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը կազմակերպեց բողոքի ցոյց` Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան շէնքին դիմաց: Կը հնչէին «Նիկոլն ու Ալիեւը նոյնն են», «Արցախը ողջ է», «Նիկոլ, դաւաճան», «Արցախը հայկական է», «Ամօ՛թ Նիկոլին», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Ազգ-բանակ-յաղթանակ» լոզունգները:
Ցոյցի մասնակիցները բողոք յայտնեցին Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոխելու Փաշինեանի նախաձեռնութեան վերաբերեալ, Արցախը յանձնելու, Հայաստանէն տարածքներ յանձնելու անոր վարած քաղաքականութեան դէմ: Անոնք հիւպատոսութեան դռներուն վրայ ամրացուցած էին Արցախի Հանրապետութեան դրօշը եւ Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրի մեծ գրութիւնը:
Մասնակիցներէն մէկը Փաշինեանի յիշեցուց, որ հայ ժողովուրդի ճակատագիրը կախուած է ոչ թէ պաշտօն զբաղեցնող անձերէ, այլ` ժողովուրդի միասնական ուժէն: Ան ըսաւ. «Փաշինեան, մենք կը մերժենք քեզ այնպէս, ինչպէս Ալիեւին եւ Էրտողանին»:
Կեանքէն Հեռացաւ ՀՕՄ–ի Կեդրոնական Վարչութեան Նախկին Անդամ Տոքթ. Ժանեթ Մուրատեան–Մարգարեանը
25 փետրուարին իր մահկանացուն կնքեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ տոքթ. Ժանեթ Մուրատեան-Մարգարեանը: Ծնած էր 20 սեպտեմբեր 1938-ին, Մուսուլ, Իրաք: 1961-ին աւարտած է Պաղտատի բժշկական համալսարանը` արժանանալով առաջնութեան: Ան Իրաքի բժշկական համալսարանի պատմութեան մէջ եղած է առաջին կինը, որ փրոֆեսէօր կոչումին արժանացած է: 1964-ին Ամերիկայի «Քորնել» բժշկական համալսարանին մէջ մասնագիտացած է վիրահատութեան ախտորոշման` քաղցկեղի, երիկամներու եւ սիտա մարզերուն մէջ` արժանանալով Ամերիկայի բարձրագոյն` «Պորտ» վկայականին: Ան տարիներ շարունակ եղած է «Քորնել» բժշկական համալսարանի ախտաճանաչման բաժանմունքի տնօրէն եւ ստացած է համալսարանի բարձրագոյն պատուաւոր «Էմերիթա փրոֆեսէօր»-ի կոչումը: Ան վայելած է համաշխարհային ճանաչում:
Անդամակցած է ՀՄԸՄ-ի Պաղտատի մասնաճիւղին, ուր եղած է գրական յանձնախումբի անդամ: Հետագային եղած է Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի հիմնադիր անդամ: Անդամակցած է ՀՕՄ-ին: Վարած է Նիւ Եորքի մայր մասնաճիւղի ատենապետի պաշտօնը: Եղած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ: Անդամակցած էր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, 1957-ին: Հայ դատի անխոնջ զօրավիգ` յարատեւ նուիրումով մասնակցած է Դաշնակցութեան հրապարակային, պահանջատիրական ելոյթներուն: Վարած է նաեւ Ս. Լուսաւորիչ ամէնօրեայ վարժարանի խնամակալ մարմինի քարտուղարութիւնը:
Լոնտոն
Եղիշէ Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի» Հատորին Շնորհահանդէսը
Կազմակերպութեամբ բրիտանահայ համայնքային խորհուրդին, 10 մարտին Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» գիրքին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ դեսպան Վարուժան Ներսէսեանի, մասնակցութեամբ «Պուքինիսթ» հրատարակչութեան ներկայացուցիչներուն:
Հատորը կը պարունակէ Չարենցի ամէնէն սիրուած «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը 36 լեզուներով` նկարազարդուած Մարտիրոս Սարեանի ստեղծագործութիւններով:
Դեսպանը իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Չարենցի ունեցած դերակատարութեան եւ անոր գրական ժառանգութեան` յատկապէս ընդգծելով հայ մեծանուն գրողի բանաստեղծութեան բազմաթիւ լեզուներու թարգմանութիւնը, որ մեծապէս կը նպաստէ օտարները հայ գրականութեան եւ պատմամշակութային ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու նպատակին:
Ֆրանսա
Արցախի Նուիրուած Համաժողով` Սորպոնի Համալսարանին Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Սորպոն – ՄԱԿ» միութեան, համագործակցաբար «Սատար Արցախին» կազմակերպութեան, 1 մարտին Ֆրանսայի Սորպոնի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան – Լեռնային Ղարաբաղ. ժողովուրդներու իրաւունքներ եւ պետութիւններու իրաւունքներ» խորագիրը կրող համաժողով: Համաժողովին, որպէս բանախօսներ, ելոյթներով հանդէս եկան` Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր, ԵԽ Անվտանգային ու պաշտպանական հարցերու կոմիտէի նախագահ Նաթալի Լուազօ, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Փարիզի փոխքաղաքապետ Առնօ Նկաչա, «Լը Ֆիկարօ» պարբերականի փոխտնօրէն Ժան-Քրիստոֆ Պուիսոն, «Տեֆի Հիւմանիթեր» պարբերականի նախագահ, «Միջազգային համերաշխութիւն» մարդասիրական ընկերութեան հիմնադիր-նախագահ Ալեն Պուանէ:
Բանախօսները անդրադարձան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի դիմաց ծառացած պատմական եւ ժամանակակից մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային իրաւունքի երկու հիմնական սկզբունքներուն` ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին եւ տարածքային ամբողջականութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Ս. Մեսրոպ – Արապեան Վարժարանի 45-րդ Տարեդարձը
Հովանաւորութեամբ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատուրեանի, 2 մարտին Ս. Մեսրոպ – Արապեան վարժարանը տօնեց իր հիմնադրութեան 45-րդ տարեդարձը: Այս առթիւ վարժարանին հայերէնի ուսման պատասխանատուն` Նորա Թաշճեան, պատրաստած էր Ս. Մեսրոպ կրթարանի 45 տարուան պատմութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէս մը:
Սեւան Անանեան ներկայացուց Ալֆորվիլի հայ գաղութի կազմութեան հոլովոյթը: Յովհաննէս Գույումճեան կեդրոնացաւ Ս. Մեսրոպ կրթարանի հիմնադրութեան ու զարգացման պատմութեան վրայ:
Նախկին սաներէն Ֆիլիփ Արսլան եւ Սելին Պու Մըշրեք խօսք առին` իբրեւ աշակերտ իրենց փորձառութիւնը պատմելու եւ երախտագիտութիւն յայտնելու: Ապա դպրոցի Խնամակալ մարմինի նախագահ Քրիսթինէ Գաբրիէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ալֆորվիլի քաղաքապետին` մանկապարտէզի շինարարութիւնը իր աւարտին հասցնելու նպատակով անոր կատարած 250 հազար եւրոյի առատաձեռն նուիրատուութեան համար:
Ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումին զուգահեռ, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Սոնա Գրիգորեան (դաշնակ), Շուշաննա Վարդանեան (ջութակ), որոնք մեկնաբանեցին Բաբաջանեանի, Կոմիտասի եւ Արամ Խաչատուրեանի յօրինումներէն, իսկ Պօղոս Եղիազարեան մեկնաբանեց Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութեան վրայ յօրինուած «Օտար, ամայի ճամբէքի վրայ» երգը:
Յունաստան
Գաթայի Հատում Եւ Պարգեւատրում Քոքինիոյ Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քոքինիոյ «Վարանդեան» կոմիտէին, 26 փետրուարին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ, տարիներու սովորութեան համաձայն, տեղի ունեցաւ ամանորեայ գաթայի հատում:
Կոմիտէին անունով խօսք առաւ Պօղոս Տէր Արթինեան, որ անդրադարձաւ շրջանի գործունէութեան` մասնաւորապէս շեշտելով «Զաւարեան» կեդրոնի վերանորոգման աշխատանքները: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց նախկին յունահայ, այժմ արժանթինաբնակ Տիրուհի Տէր Յովսէփեանին, որուն իշխանական նուիրատուութեամբ կարելի եղաւ վերանորոգման աշխատանքները կատարել շէնքին մէջ: Ան թուեց իրագործուած նորոգումներու շարքը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ յաջորդ փուլի վերանորոգումներուն, որոնք ծայր պիտի առնեն ամբողջացնելու համար շէնքի նոր տեսքն ու շինարարական յաւելումները:
Տէր Արթինեան անդրադարձաւ նաեւ Նիքէայի նախկին քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիսի ունեցած բազմամեայ ներդրումին ու գործնական զօրակցութեան` շրջանի հայ գաղութին, նախ որպէս Ռենտիի, ապա` Նիքէայի քաղաքապետ: Ան Քոքինիոյ եւ շրջակայքի հայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետին ու յաջողութիւն մաղթեց մարզպետական ոլորտէն ներս ստանձնած նոր պատասխանատուութիւններուն առնչութեամբ:
Ապա տեղի ունեցաւ պատուոյ յուշանուէրի տուչութիւն նախկին քաղաքապետ Եորղոս Իոաքիմիտիսի: Այս առիթով Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան անդրադարձաւ Ռենտիի քաղաքապետութեան եւ շրջանի կոմիտէի մօտ քսան տարի առաջ ծայր առած գործակցութեան ու Հայաստանի Ալավերդի քաղաքին հետ կատարուած եղբայրացման բացառիկ համաձայնագիրին:
Նախկին քաղաքապետը յուզուած իր անձին հանդէպ եղած պատիւէն` դրուատեց հայ ժողովուրդը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց անցեալէն եկող սերտ գործակցութեան համար: Ան նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց յատկապէս Արցախի դիմագրաւած ողբերգական իրադարձութիւններուն առիթով:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ շրջանի հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեանը, որ կատարեց գաթայի օրհնութիւնը ու յունարէնով շնորհաւորեց պարգեւատրեալը:
Իրաք
Նախագահ Խաչատուրեանի Հանդիպումը Իրաքահայ Համայնքի Ներկայացուցիչներուն Հետ
26 փետրուարին, Իրաք կատարած իր պաշտօնական այցելութեան առաջին օրը Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունեց իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանը, հոգեւորականաց դասը, իրաքահայ թեմի Ազգային իշխանութիւնը, առաջնորդարանին առընթեր գործող յանձնախումբերու եւ հայ միութենական հաստատութիւններու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ` հայ կաթողիկէ համայնքի քահանայ հայրն ու ներկայացուցիչները:
Առաջնորդ սրբազանը ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց իրաքահայ համայնքի պատմութիւնը, նաեւ գաղութի անունով երախտագիտութիւն յայտնեց նախագահին` Իրաք պատմական այցելութեան համար, ապա իբրեւ յուշանուէր` անոր յանձնեց Իրաքի մշակոյթը խորհրդանշող արմաւենիի արձանիկ մը:
Իր կարգին, նախագահ Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ իրաքահայ համայնքին, այնուհետեւ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տիրող կացութեան, բացատրութիւններ տուաւ ներկաները յուզող հարցերուն շուրջ:
Պոլիս
«Արաս» Հրատարակչատան Երդիքին Տակ Եսայեան Միութիւնը Կը Բանայ Դռները
12 մարտին Իսթիքլալ պողոտայի «Հըտիվեալ փալաս» շէնքին մէջ կատարուեցաւ բացումը նորակազմ Եսայեան մշակոյթի եւ գրականութեան միութեան:
1993 թուականէն ի վեր Պոլսոյ մէջ հայ մշակոյթի եւ գրականութեան օրրան «Արաս» հրատարակչութեան նեցուկով եւ 2019-էն ի վեր հրատարակչատան կեդրոնատեղիին մէջ գործունէութիւն ծաւալող «Եսայեան սրահ»-ի փորձառութեան վրայ հիմնուելով` 2022 դեկտեմբերին հիմնուեցաւ Եսայեան մշակոյթի եւ գրականութեան միութիւնը:
Միութեան նպատակն է «Արաս» հրատարակչատան երդիքին տակ մինչեւ օրս հաւաքուած հատորներէ գրադարան մը կազմելով` Թուրքիոյ մէջ խորունկ արմատ ունեցող հայերէն հրատարակութեան ժառանգութեան շարունակութեան սատար կանգնիլ եւ ուսումնասիրական աշխատանքներու համար պարարտ հող պատրաստել:
Գրադարանը այժմ կը պարունակէ` 8000-էն աւելի հատոր, 200-էն աւելի պարբերականներու հազարաւոր թիւեր, ձեռագրեր, թերթերէ առնուած էջեր, լուսանկարներ, քարտէսներ, նամակներ, որմազդներ, գրքոյկներ, ձայնային եւ տեսերիզային արձանագրութիւններ:
Նուիրատուութիւններով, նուէրներով եւ «Արաս» հրատարակչական աշխատանքներուն շնորհիւ կազմուած գրադարանի դասաւորումը եւ ցուցակագրումը 2021 թուականէն ի վեր կը կատարուի աշխատակիցներու եւ կամաւորներու ջանքերով: Ցուցակները հասանելի են yesayan.org կայքէջին վրայ:
Նորոգութեան ընթացքը հսկած է ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու, իսկ ձեւաւորումը կատարած է արուեստագէտ Սերտար Աքա: Միութիւնը նաեւ բախտը ունեցած է վայելելու «Քալչըր սիվիք» նախաձեռնութեան օժանդակութիւնը` ապահովելու համար գիրքերուն եւ արխիւներուն պահոցները:
Միութեան զանազան մշակութային եւ ակադեմական ձեռնարկներուն եւ աշխատանոցներուն համար ապահովուած է տարածք մը եւ բոլոր ուսումնասիրողներուն ու այցելուներուն` գրադարանէն օգտուելու համար ընթերցասրահ մը, ինչպէս նաեւ` բանաւոր պատմութեան եւ յիշողութեան աշխատանքներու համար լսողական եւ տեսերիզային արձանագրութիւններ կատարելու անկիւն մը: Նաեւ պատրաստուած է միութեան աշխատակիցներուն եւ կամաւորներուն համար գրասենեկային անկիւն մը, ուր կ՛իրականացուին դասաւորումի եւ ցուցակագրութեան աշխատանքները: