Դաստիարակ, ազգագրագէտ, պատմաբան, մրցանակակիր հեղինակ, ՀՕՄ-ի անդամ, հայ կիներու պատմութեան եւ իրաւունքներու ջատագով Սոնա Զէյթլեան (ծնեալ` Սիմոնեան) պատուուեցաւ իր 70 տարիներու ծառայութեան համար, Հայ օգնութեան միութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութիւններուն կողմէ: Կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան, կիրակի, 7 ապրիլ 2024-ին Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նշեալ հանդիսութիւնը, որուն ներկայ եղան հարիւրաւորներ` Արեւելեան Ամերիկայէն, Քանատայէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն, եւ աւելի մօտակայ շրջաններէ, ինչպէս` Տէյվիս, Սան Տիեկօ, Լոս Անճելըս եւ Օրենճ Քաունթի: Ձեռնարկը ոչ միայն քով քովի բերաւ ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի ընտանիքները, այլ նաեւ առիթ տուաւ, որ յոբելեարին ընտանեկան պարագաները իրենց յուշերը բաժնեն ներկաներուն հետ` պայծառամիտ անձնաւորութեան մը մասին, որ առանձինը կարողացաւ պահպանել հայ կիներու բանաւոր պատմութիւնները եւ արձանագրել կիներու դերը հայ պատմութեան ընթացքին:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան, որ վեր առաւ Սոնա Զէյթլեանին տիպարը, 70 տարիներու ազգի ծառայութիւնը` իբրեւ օրինակելի, իմաստուն, համբերատար ու նուիրուած անձնաւորութեան մը: Շնորհաւորական նամակ մը կարդաց Փարիզէն ֆրանսահայ հեղինակ Գրիգոր Պըլտեանէն: Ապա ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանին հետ ներկայացուց գնահատագիրներ Կլենտէյլ քաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Էլէն Ասատրեանէն եւ Քալիֆորնիոյ 30-րդ ընտրաշրջանի քոնկրեսական Ատամ Շիֆէն:
Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Նժդեհ քհնյ. Քէշիշեան կարդաց սրբազանին շնորհաւորական նամակը` յիշեցնելով, որ յոբելեարը 2015 թուականին արժանացած էր Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հայրապետական կոնդակին:
Սոնա Մատարեան, որ անդամ է ՀՕՄ-ի վարժարաններու Խնամակալ մարմինին, յոբելեարը ներկայացուց` իբրեւ ուսուցիչ, հետազօտող, հեղինակ եւ պատմաբան, որ գրի առած է այնճարաբնակ վերապրող մուսալեռցիներու բանաւոր պատմութիւնները, հրատարակած է «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ» հատորը: Ան աւելցուց, որ Զէյթլեան ռահվիրան եղած է հայ կիներու ուսումնասիրութիւններու, ոչ միայն անոնց պատմութեան, այլ նաեւ` քաղաքական եւ առողջապահական ասպարէզներուն մէջ անոնց դերակատարութեան: Ան ներկայացուց Զէյթլեանը` իբրեւ ընտանիքին նուիրուած մայր, անանձնական կեանքով ապրելով մասնաւորաբար ամուսնոյն` Սարգիսի` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին կորուստէն ետք:
Մրցանակակիր ճարտարապետ, բանաստեղծ եւ հրապարակագիր Հրազդան Զէյթլեան դիտել տուաւ, որ իր մօրը կեանքի գործը եղաւ եւ է հայ կնոջ ինքնուրոյն, հպարտ տիպարի ուսումնասիրութիւնը: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց անոր յատկանիշները` հետեւեալ կէտերով. ան նպատակային պատմաբանութիւն կատարեց հայ կնոջ ղեկավար դերին, բան մը, որ իրմէ առաջ չէր կատարուած: Ան կիներու ուսումնասիրութեան մարզի հիմնադիր ռահվիրան է` կիները ներկայացնելով իբրեւ յառաջդիմութեան ու փոփոխութեան գործիչներ: Ան արձանագրած է հայ կնոջ նպաստը` սեռերու հաւասարութեան եւ կենտերային արդարութեան միջազգային հաստատման մէջ: Ան մատչելի ազգագրութիւն կը գործադրէր, երբ «Մուսա Լերան ժողովրդական հեքիաթներ» ընդարձակ ազգագրական աշխատանքը կը կատարէր, որ գիտական ուսումնասիրութենէ մը անդին` նաեւ հեքիաթները մատչելի դարձնել էր ընթերցողներու լայն շրջանակի մը: Սփիւռքի գաղութներու ինքնակազմակերպումը ներկայացնելու համար կը գրէր «Հայութեան ներդրումը Եգիպտոսի միջնադարեան եւ արդի պատմութեան մէջ» ուսումնասիրութիւնը` ի նպաստ գաղութի հայեցի նկարագրի վերապրումին:
Երեկոյի հանդիսավարն էր Սուզանա Դաւիթեան, ծրագիրին մաս կը կազմէր մեներգող Հայկուհի Բաբախանեանը, որ ներկայացուց 2 աշուղական երգեր: ՀՕՄ-ի «Սիփան» մասնաճիւղի «Սալբի Հացպանեան» շաբաթօրեայ վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Զէյթլեանի մանկական շարքէն «Երախտագէտ կենդանիները» կենդանի պատկերը, որ հիմնուած էր Մուսա Լերան բանահիւսութեան վրայ: Ապա տեսերիզի վրայ ելոյթ ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Ըրվայն համալսարանի հայագիտական կեդրոնէն փրոֆ. Դալար Շահինեանը, որ յայտնեց, թէ Զէյթլեանի առանցքային գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները անկիւնադարձային նախակարապետի դեր ունեցան հայ կիներու մասին ուսումնասիրութիւններու ասպարէզին մէջ: Ան նաեւ շնորհաւորեց Զէյթլեանը` աննկուն կամքով կիներու ուսումնասիրութիւններ կատարողներու առջեւ եղող խոչընդոտներու շրջանցման համար:
Ապա խօսք առաւ թոռը` Վիկկօ Զէյթլեան, որ երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի ֆութպոլիստ է, եւ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս իր կարծիքը զարգացաւ իր սիրելի մեծ մօր մասին: Նախ իր աւագ եղբայրը` Գայլը, սկսած էր մասնակցելու ընտանեկան զրոյցներուն: Եղբօրը համալսարան մեկնելէն ետք իր կարգը եկած էր: Ան հաստատեց, որ ներշնչուած է եւ բարելաւած է իր մտածելակերպը` մեծ մօր իմաստութենէն տոկուն դիմադրականութենէն ներշնչուելով:
Փրոֆ. Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփա` մրցանակակիր հեղինակ, որ արուեստի պատմութիւն կը դասաւանդէ Քալիֆոնիոյ Տէյվիս համալսարանէն ներս, պատմեց, որ իր մանկութեան օրերուն գաղափար չունէր իր մօր երկրորդ կեանքին մասին` իբրեւ հետազօտող: Ան կը նկատէր, որ մայրը յարատեւ ուսումնասիրութիւններու վրայ կ՛աշխատէր խոհանոցի սեղանին կամ գրասեղանին վրայ: Անոր աշխատանքները կ՛ընդգրկէին մանկապատանեկան յատուկ գիրքեր` նիւթ ունենալով հայկական առասպելական դէմքեր, ինչպիսիք են Հայկ նահապետն ու Արա Գեղեցիկը: Երբ ինք այդ գիրքերը կարդալու տարիքին հասաւ, մայրը իր կարծիքը հարցուցած էր, թէ որքանո՛վ կ՛առնչուէին նիւթերը իր տարեկիցներու հետ: Ինք պատմուածքներուն մասին հարցումներ ունեցած էր` շատ կարեւոր զգալով ինքզինքը: Հեղնար յայտնեց, որ «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ» հատորը տպագրուած էր 1968-ին, իր ծնունդէն առաջ: Շատ աւելի ուշ անդրադարձած էր հատորի կարեւորութեան: Գիրքի նիւթերու պրպտումներու ընթացքին նոյնիսկ ղեկավար պաշտօնի վրայ եղող մարդիկ փորձած էին իր մայրը տարհամոզել, որ չհետապնդէ կիներու մասին իր ուսումնասիրութիւնները: Հակառակ անոր որ մատչելի նիւթերու աղբիւրներ չկային, իր մայրը մշակեց ինքնուրոյն հետազօտութեան եւ գրելու իր յատուկ ոճը:
Զաքար Քէշիշեան` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը, բացատրեց, թէ հերոսները միայն անոնք չեն, որ կը զոհուին ռազմաճակատի վրայ կռուելով եւ նահատակուելով, հերոսը նաեւ այն է, որ ամբողջ կեանք մը կը նուիրէ այն հաւաքականութեան, որուն անբաժանելի մէկ մասն է: Քէշիշեան յայտնեց, որ Սոնա Զէյթլեան այդ հերոսներէն է, նոյն այն հերոսներէն, որոնց պատմութիւնը գրած է: Համազգայինը իր միակ շքանշանով պատուեց Սոնա Զէյթլեանը: Զաքար Քէշիշեան հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Արեւմտեան Ամերիկայի անդամ դոկտ. Տիգրան Պապիկեանը, որ վկայագիրը կարդայ հայ գրականութեան ներդրումին նկատմամբ, ապա երկուքը մօտեցան յոբելեարին եւ շքանշանը զետեղեցին կուրծքին:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան իր սրտի խօսքով դիտել տուաւ, թէ ՀՕՄ-ի կամաւորներու բանակին համար կրկնակի հպարտութիւն եւ պարծանք կը պատճառէ պարգեւատրել Սոնա Զէյթլեանին նման իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը` բառին ամբողջ առումով հերոսուհի մը, որուն նմանները հազուագիւտ են մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ան նշեց, որ Զէյթլեան եղած է տիպար ու ակնառու ՀՕՄ-ուհի եւ երկար տարիներու անխոնջ ծառայութիւն բերած է ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս, իսկ հայ կնոջ բարձր արժանիքները, քաջութիւնը, վճռակամութիւնն ու հայրենասիրութիւնը յաւերժացնելու աշխատանքին մէջ իր գրական, վաւերագրական եւ ուսումնասիրական ստեղծագործութիւններուն մէջէն կը հաստատէ հայ մօր եւ մեծ մօր դերը ազգային աւանդներու պահպանման ու փոխանցման մէջ: Ա. Մելքոնեան դրուատեց յոբելեարին կեանքի կոչած անթիւ հերոսուհիներու անյայտ պատմութիւնները` իբրեւ յաւէտ հնչող ղօղանջներու ու փարոսներու, որոնք կը լուսաւորեն ապագայ սերունդներու ճանապարհները: Ան դիտել տուաւ որ յոբելեարը իր գիրքերուն մէջ ներկայացուցած հերոս հայ կիներու իսկական տիպար օրինակն է, ու մաղթեց, որ անոր կտակած իւրաքանչիւր գիր եւ գիրք, խօսք ու պատգամ շարունակեն ոգեշնչել եւ ուժ հանդիսանալ` քաջաբար դիմագրաւելու մեր առջեւ ծառացած ներկայ ու ապագայ մարտահրաւէրները:
Ապա Մելքոնեան խնդրեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան գանձապահ Անի Քէշիշեանէն եւ խորհրդական Ժարմեն Միրզախանեանէն, որ միասնաբար յանձնեն ՀՕՄ-ի գնահատագիրն ու ՀՕՄ-ի խորհրդանիշով յուշանուէրը:
Վերջապէս ժամանակը հասաւ, որ Սոնա Զէյթլեանն ալ իր սրտի խօսքը արտասանէ: Ան սրտանց շնորհակալութիւն յայտնեց` ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւններուն, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպիչ ընկերուհիներուն, Եգիպտոսէն, Քալիֆորնիայի Տէյվիսի շրջանէն եկած եւ այլ շրջաններէն ներկայ եղող ընտանիքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ` յայտագրին մասնակիցներուն, գործակիցներուն եւ ներկաներուն: Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց գնահատանքը գրաւոր արտայայտեցին, որոնց կարգին` Եգիպտոսի եւ Լիբանանի նախկին աշակերտներն ու անոնցմէ ոմանց զաւակները: Յոբելեարը դիտել տուաւ, որ իր կեանքի բոլոր փուլերուն` Գահիրէէն Այնճար, Պէյրութէն Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, ինչպէս նաեւ Քանատայի հայաշատ կեդրոնները, փորձած է օգտակար ըլլալ շրջապատին` ծառայելով հայ կնոջ վերելքին մեր նորագոյն պատմութեան մէջ շատ կարեւոր դերին, յեղափոխական շարժումէն սկսեալ մինչեւ հերոսամարտերը եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Ան վերյիշեց, որ Այնճարի մէջ առաջին անգամ ըլլալով իրենց ծննդավայրէն տեղահանուած մուսալեռցիներուն բերնէ բերան փոխանցուող պատմութիւնները գրի առած էր, որոնք իրենց բարքերը եւ հաւատալիքները կը ներկայացնէին` նպատակ ունենալով օտարութեան մէջ հասակ նետող սերունդներուն հաղորդակից դարձնել իրենց նախնիներուն ժառանգութեան, ամրապնդելով անոնց ազգային ինքնութիւնը, ազգային հպարտութիւն ներշնչելով: Ս. Զէյթլեան նշեց, թէ գրաւոր աշխատանքներու կողքին, գործակցած է կնոջական կազմակերպութիւններու հետ` դասախօսութիւններով` յանուն մեր մշակոյթի ընկերային եւ ընտանեկան հարցերու քննարկման, ինչպէս նաեւ` հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ կիներու գործունէութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Զէյթլեան դիտել տուաւ, որ 60-ական թուականներուն սկսած աշխատանքը ծաւալած է, կիներու հարցերու ուսումնասիրութեան ծրագիրներ եւ դասընթացքներ հիմնուած են, եւ կիներու դերակատարութիւնը ուշագրաւ է զանազան մարզերուն մէջ: Ան իր համոզումը յայտնեց, որ միասնական կամքով մեր շրջապատին օգտակար ըլլալու աշխատանքը կը շարունակուի` միշտ յանուն հայ կնոջ շարունակական վերելքին եւ ազգային բարիքին:
Ձեռնարկի աւարտին ներկաներու ոգեւորութիւնը զգալի էր, անոնք խուռներամ հաւաքուեցան յոբելեարին շուրջ` զայն շնորհաւորելու եւ իրենց ժպիտներով ու ծաղկեփունջերով ողողելու շատ սիրելի ու յարգելի հայուհիին: