Յօդուածներ

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն Եւ «Մհերը` Ներշնչման Աղբիւր» Գիրքի Շնորհահանդէս

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանքը` Արեան Մէջ Թաթախուած Հայադրոշմ Կնիք Իւրաքանչիւր Աշակերտի, Երիտասարդի Ու Կազմուող Ընտանիքի Մտքին Ու Հոգիին Մէջ

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ 414 էջերէ բաղկացած «Մհերը` ներշնչման աղբիւր» խորագիրով հատորին հրատարակութեան առիթով կազմակերպուած այս հաւաքին ներկայ ենք բոլորս` աշակերտ, ուսուցիչ, ծնողք, տնօրէն, ազգային եւ հասարակական կեանքի դերակատարներ, հոգեւորականներ եւ պատասխանատուներ: Այսուհանդերձ, ընդունուած սովորութեան համաձայն, մտաւորականի մը հրատարակած գրական-գեղարուեստական կամ տարբեր երանգի ծառայող գիրքի մը դէմ յանդիման չենք, ոչ ալ աւանդական շնորհահանդէսի կամ գինեձօնի մը` պանծացնելու կամ շնորհաւորելու գրագէտն ու հրատարակիչը:...

«Մհեր Ջուլհաճեան» Աշակերտական Շարադրական Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւն Եւ «Մհերը` Ներշնչման Աղբիւր» Գիրքի Շնորհահանդէս

Նահատակ Ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեան` Ներկայութիւն Աշակերտներուն Կեանքին Մէջ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ 31 տարիներ առաջ` 23 օգոստոս 1993-ին ազատատենչ եւ հայութեան դատին իսկական հաւատացող Մհեր Ջուլհաճեանին Արցախի Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մօտ նահատակութեան լուրը արցախեան սիգապանծ լեռներէն ճախրելով կը տարածուի աշխարհով մէկ` հասնելով հոն, ուր կայ հայ մը` յուզումի կողքին հպարտութեամբ լեցնելով անոր էութիւնը` լիբանանահայ այս խրոխտ երիտասարդին վճռակամութեան ու քաջութեան  ի տես: Լուր մը, որ ամբողջովին հեռու է սովորական...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Աղէտի Եւ Պայքարի Պատմութիւններ, Ինչպէ՞ս Պահպանել Մշակոյթը, Յիշողութիւնը Եւ Ազատ Արցախ Վերադառնալու Հաւատքը». Քննարկեցին Արցախցի Կիներ «Հայկական առաքելութիւն» բարեգործական հիմնադրամը մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնին առիթով կազմակերպեց «Արցախի կանայք հայկական հիմնահարցերու մասին. աղէտի եւ պայքարի պատմութիւններ» նիւթով քննարկում: Քննարկումին բանախօսեցին լրագրողներ` Ծովինար Բարխուդարեանը, Աննա Մանկասարեանը, Ալուինա Աղաբաբեանը, Հադրութի շրջանի վարչակազմի աշխատակազմի Երիտասարդութեան եւ մշակոյթի հարցերու բաժինի վարիչ Երազիկ Հայրիեանը,...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Հայ-Թաթարական Կռիւները Շուշիի Մէջ Եւ Ասկերանի Հերոսական Դիմադրութիւնը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայ-Թաթարական Կռիւները Շուշիի Մէջ Եւ Ասկերանի Հերոսական Դիմադրութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Շուշի Հայ-թաթարական կռիւները ամէնէն աւելի բուռն եւ արիւնալի եղան Արցախի եւ յատկապէս Շուշիի մէջ: Շուշիի մէջ թաթարներ հայկական թաղերուն ուղղութեամբ առաջին գնդակը արձակեցին 16 օգոստոս 1905¬ի յետմիջօրէի ժամը 4:00¬ին, եւ կռիւը սկսաւ: Հայկական մարտական ուժերը, որոնք նախատեսած էին թուրքերու յարձակումը, պատրաստ վիճակի մէջ կը գտնուէին: Քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման համար հայկական թաղերուն մէջ դիրքեր հաստատուած էին: Շուշիի կեդրոնական գօտիին...

«Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» Թատրերգութեամբ Ելոյթ Ունեցաւ Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» Թատերախումբը

«Մենք Հայերէն Չենք Գիտեր» Թատրերգութեամբ Ելոյթ Ունեցաւ Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» Թատերախումբը

ՔՐԻՍՏ ԳԱՐԱՄԱՆԵԱՆ Հալէպահայ հանդիսատեսը առիթը ունեցաւ վայելելու Քեսապէն ժամանած «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի թատերախումբին կատակերգական ներկայացումը, ծանօթանալու նոր դերակատարներու եւ ըմբոշխնելու հայկական մեր իրականութեան մէջ յոռի երեւոյթներ քննատադող Սարուխանի երգիծական ոճը։ Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի,  կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, Կիրակի, 14 Ապրիլ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահէն ներս...

Լոյս Տեսաւ Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի Երախայրիքը՝ «Լո՜յս Իմաստութիւն, Իմաստութիւն Լոյս» Եռահատոր Գիրքը

Լոյս Տեսաւ Թորգոմ Արք. Տօնոյեանի Երախայրիքը՝ «Լո՜յս Իմաստութիւն, Իմաստութիւն Լոյս» Եռահատոր Գիրքը

ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ լոյսին եկաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Թորգոմ Սրբազան Եպիսկոպոս Տօնոյեանի գրիչին պատկանող «ԼՈ՛ՅՍ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ, ԻՄԱՍՏՈՒԹԻ՜ՒՆ ԼՈՅՍ» եռահատոր նորընծայ ընտրանին, որ կազմուած է՝ այժմ Արքեպիսկոպոս Սրբազան Հօր՝ 2017-էն 2023 տարիներուն Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ իբրեւ Առաջնորդ կամ առաջնորդական փոխանորդ յօրինած հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային բնոյթի գրութիւններէն եւ կը հանդիսանայ հոգեւորական հեղինակի հոգիին, մտքին ու գեղարուեստական...

Նշմար.  Խոտերը Եւ Բերքերը

Նշմար. Խոտերը Եւ Բերքերը

ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ Նախանցեալ շաբաթավերջին դիտեցինք Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի «Տեսակ մը թատրոն» ներկայացումը: Լիբանանահայութեան հրամցուեցան Յակոբ Տէր Ղուկասեանի բեմադրութեամբ հինգ պատկերներ: Կրնանք ըսել, որ բոլոր պատկերներն ալ, իրենց կարգին, խնդրայարոյց կը սեպուին: Վստահ եմ` շատերը անհանգիստ զգացին: Ուրիշներ թերեւս յառաջդիմական պիտակումը նախընտրեն: Առարկելի չէ սակայն, որ կտորներու ընտրանքը այլընտրանքային է: Մեր իրականութենէն` դասակարգային սէրը, սուտերով զարդարուած տարբեր ձեւանալու փափաքը,...

Հալէպահայ Դոկտ.Արա Սայեղ Փրոֆ. Տիտղոսին Կ’արժանանայ

Արցախահայութեան Կորուստի Եւ Տառապանքի Մարդաբանութիւնը` Լեհերէնով

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Լեհաստանի մէջ 2023 թուականի վերջաւորութեան լեհերէնով հրատարակուեցաւ «Ludność cywilna wobec wojny w Górskim Karabachu. Antropologia straty i cierpienia»,  «Քաղաքացիական բնակչութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի կացութեան դիմաց. կորուստի եւ  տառապանքի մարդաբանութիւն» խորագիրով հատորը, 160 էջ ծաւալով: Հրատարակութիւնը իրականացած է Լեհաստանի ակադեմական փոխանակման ազգային գործակալութեան դրամաշնորհի շնորհիւ: Գիրքը հրատարակուած է Լեհաստանի Կտանսք քաղաքի Եւրոպական քաղաքականութեան գիտահետազօտական հիմնարկի Riep հրատարակչատունէն: Այս...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Նիքարակուա Կ՛ամբաստանէ Գերմանիան, Եւ` Ուրիշ Բաներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԼՈՒՐԵՐՈՒ ՏՈՊՐԱԿԷՆ. Նիքարակուա Միջազգային ատեանին ամբաստանագիր ներկայացուցած է Գերմանիոյ դէմ, զայն կը մեղադրէ պաղեստինցիները ցեղասպանութեան ենթարկող Իսրայէլին մեղսակից ըլլալու յանցանքով: Եթէ հարցնէք նիքարակուացիներուն, թէ ինչպէ՞ս տեղի կ՛ունենայ մեղսակցութիւնը, կը պատասխանեն. պաղեստինցիները ջարդելու համար գործածուած զէնքերուն աւելի քան 30 առ հարիւրը կը տրամադրուի Գերմանիայէն, 65 առ հարիւրը` Միացեալ Նահանգներէն, իսկ մնացեալ բաժինը` եւրոպական այլ երկիրներէ: Գերմանիա, որուն համար...

Արցախ` Մեր Տուն. Հաւատք, Յոյս, Սէր Եւ Մկրտութիւն

Արցախ` Մեր Տուն. Հաւատք, Յոյս, Սէր Եւ Մկրտութիւն

ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Արցախցի Լուսինէն ծնած է Մարտունի, հարս գացած է Ստեփանակերտ, իսկ փոքրիկ աղջնակը` Աննան, մկրտած է Շուշիի մէջ: 2023-ի պատերազմի բռնի տեղահանումէն ետք, ընտանիքով նախ եկած են Տաշիր, ապա` հաստատուած Գիւմրի: Քանատայի Ազգային առաջնորդարանին նախաձեռնութեամբ իրականացած «Արցա՛խ` մեր տուն» ծրագրի ծիրէն ներս, երբ Հայաստան ժամանած ներկայացուցիչներուն հետ այցի գացինք Գիւմրի, արցախցիներու հետ հանդիպման աւարտին Լուսինէն եւ իր տալը մօտեցան...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Փաշինեան Աւելի Մեծ Սպառնալիք Է Հայաստանի Անվտանգութեան Համար, Քան` Արցախի Վտարանդի Կառավարութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Բոլորս ալ գիտենք, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, բացի Արցախի կորուստէն, ինչպիսի՛ արհաւիրքներ բերած է Հայաստանի գլխուն իր անկարողութեան պատճառով: Կրնանք մէջբերել Փաշինեանի բազմաթիւ սխալ գործողութիւններ եւ իրերամերժ յայտարարութիւններ: 2020-ի պատերազմին, Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի պաշտօնին մէջ իր լիակատար ձախողութենէն ետք, Փաշինեան հիմա կը փորձէ այնպէս ընել, որ հայերը մոռնան Արցախի կորուստին մասին` ջնջելով Արցախի անունը ժողովուրդին յիշողութենէն: Փաշինեան ոչ...

Նշմար.  Ինչո՞ւ Աւելի Ուժեղ Եւ Վճռակամ

Նշմար. Ինչո՞ւ Աւելի Ուժեղ Եւ Վճռակամ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Հայաշխարհը այսօր կը պատրաստուի նշել Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը: Քայլարշաւներ, բողոքի ցոյցեր, ակադեմական նախաձեռնութիւններ, քաղաքական ձեռնարկներ, երիտասարդական-ուսանողական համախմբումներ կը կազմակերպուին ամէնուրեք: Թշնամիին եւ բարեկամին պատգամներ հասցէագրելու, հայութեան պահանջատիրական պոռթկումը արտայայտելու առիթ եղած են  Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ամեակները: Անտարակո՛յս յիշարժան եւ անկիւնադարձային կը մնան 50-ամեակի եւ 100-ամեակի նշումները: Եթէ 50-ամեակը հանդիսացաւ դարձակէտային փուլ` Հայ դատի քաղաքականացման ու մեր պահանջատիրական երթի...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Ոչ – Ուղղափառ Միտքեր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Դուն քեզմէ շատ պահանջէ եւ քիչ ակնկալէ ուրիշներէ: Այդպէս է, որ քեզի պիտի խնայուին շատ մը դժուարութիւններ» ԿՈՄՓԻՒԿԻՈՍ, Confucius, չին իմաստուն Կարճամտութիւն է խորհիլ,  որ աշխարհատարած պատերազմի եւ աղէտի նախօրեակին կը գտնուինք, երբ ան սկսած է արդէն, ան ամէնուրեք է: Պատերազմներ, որոնց կանխարգիլման եւ դադարեցման մասին յորդառատ շատախօսութիւն կայ, եւ կայ աղմկարարներու բազմապատիկ քաղաքական զբօսաշրջութիւն: Կ’ըսուի` համաշխարհային, կրօնական,...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»` «Հարպորտ Առաքելութեան» Հաստատումներէն, 1919-ին Թուրքիոյ Վարչապետ Տամատ Ֆերիտ Փաշա Փարիզի Խորհրդաժողովին Կը Խոստովանի Հայերու Դէմ Իր Կառավարութեան Կատարած Ոճիրները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Նախորդիւ տեսանք «Հարպորտ առաքելութեան» լրջագոյն եւ արժանավայել վարմունքը, երբ Հարպորտի շքախումբը յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց պետականութեան վերջին ներկայացուցիչին` Լեւոն Զ. Թագաւորին (1342-1393) շիրիմը այցելելով, Փարիզի մէջ: Այս արարքը քաղաքական կեցուածք մըն էր, որ կը մատնանշէր Կիլիկիոյ հայկական ըլլալը եւ, առ այդ, հայոց թագաւորութեան փաստը, եւ որ` Կիլիկիան նաեւ իր «Առաքելութիւն դէպի Հայաստան»-ին մաս կը կազմէր (1): Հիմնականը ճշմարիտ...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.   Հոս Ապրիլը Յանցանք Է Դառն

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Կորսուած Ձեռնադաշնակս

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Ձեռնադաշնակս յուսամ այս պահուն Կ՛երգէ, կը նուագէ ճկուն մատներու Շոյանքներուն հետ, զգացումներուն` Ուրախ մթնոլորտ կը ստեղծէ անհուն: Թէ որ ան հեռու կը մնայ մեզմէ Սակայն իր հոգին մեր սրտերուն մէջ` Երազներ անգին, ճոխ մեղեդիներ, Պարեր, կենացներ կը հրամցնէ: Յուշանուէրս այս պիտի մնայ Աւոյին կողմէ միշտ ալ հարազատ Ու մենք միասին երկար տարիներ Պիտի շարունակենք Ընկերութիւնն մեր:    

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» Գրքի Շնորհահանդէսին  (Քուէյթ)

Դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ` Տեսիլք, Կամք Եւ Յոյս» Նորատիպ Գիրքի Շնորհահանդէս-Գինեձօնը Քուէյթի Մէջ

ՄԱՐԻԱ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ «Գիրքերու աշխարհը… Տիեզերք է անեզր…» Եղիշէ Չարենց Գիրքերու աշխարհը անսահման է: Գիրքը մարդուն թեւեր կու տայ, եւ կը տանի տարբեր աշխարհներ: Չարենցեան այս իմաստալից խորհուրդին մեծ համոզում ունեցող, հրապարակագիր եւ գրող՝ Դոկտ․ Հրայր Ճէպէճեան, իր աշխատասիրութիւններով կը սատարէ արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ կենսունակութեան յոյժ կարեւոր գործին։ Ան իր յօդուածներու ճոխ ծաղկաքաղով, կարծարծէ շարք մը նիւթեր, որոնց հիմնական առանցքը կը...

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» Գրքի Շնորհահանդէսին  (Քուէյթ)

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» Գրքի Շնորհահանդէսին (Քուէյթ)

ՏՈՔԹ. ՆԵՐՍԷՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Գիրքին պիտի մօտենամ շարքային ընթերցողի դիտանկիւնէն: Երբ գիրք մը ձեռքս առնեմ, -Կրնայ պատահիլ որ ընդհատեմ ընթերցանութիւնը, գիրքը հոգեմտաւոր աշխարհիս անհաղորդ է: -Կրնայ պատահիլ որ գիրքը զիս մղէ մտածելու վերլուծելու այնտեղ արծարծուած միտքերուն ու գաղափարներուն մասին կարծիք ձեւաւորելու: «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ» ու պարագային, երբ դարցուցի գրքի վերջին էջը, հարազատ ընկերոջմէ մը բաժնուելու զգացումը ապրեցայ. Գիրքը զիս գրաւած էր,...

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» Գրքի Շնորհահանդէսին  (Քուէյթ)

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» Գրքի Շնորհահանդէսին (Քուէյթ)

ԿԱՐՕ Յ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ  Բոլորիդ թոյլտուութեամբ յայտարարեմ, որ գիրքի մը հրատարակութիւնն ու անոր նուիրուած շնորհահանդէսը, գէթ ինծի համար,  «ծնունդի, ապա մկրտութեան» ուրախ ու շնորհալի առիթներ են: Հետեւաբար այսօրուան մեր հանդիպման առիթը նուիրական է, ու պէտք է նաեւ բոլորիս համար ըլլայ ցնծութեան առիթ: Ինչպէս ամէն երեխայ ունի իր ծնողը, իւրաքանչիւր գիրք պայմանականօրէն ունի իր հեղինակը, հետեւաբար անկարելի է անդրադառնալ գիրքի մը մասին՝...

Ի՞նչ Կը Կատարուի Այնտեղ` Մութին … ( Ազգային Ժողովի Ամպիոնէն` Պրաթիսլաւա )

Նշմար. Լոյսի Շողեր

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ Ընդհանրապէս բացասական են հայ կեանքին կապուած լուրերը վերջին տարիներուն` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան գաղութներ: Սակայն մուգ գոյներով լրատուութեան մէջ յանկարծ լուր մը կը պայծառացնէ երանգապնակը: Գունեղ այդ  շարքին մաս կը կազմէ «Ազդակ»-ի հաղորդած աւետիսը` «Ապագայ լրագրողներ»-ու նոր իրագործումին մասին: Կը կարդամ հրճուանքո՛վ, որ 9 ամսուան տեսական-գործնական վարժողականութենէ ետք, մատղաշ գրիչներուն թուղթին յանձնած միտքերը ամփոփուած եւ հրատարակուած են յատուկ յաւելուածով...

Սթափելու Ժամանակը

Կրկին Ազգային Միասնականութեան Անհրաժեշտութեան Մասին

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Միջազգային յարաբերութիւնները անհրաժեշտ են երկրի մը արտաքին բազմաբնոյթ շահերը ապահովելու համար: Այդ յարաբերութիւնները յաճախ երկկողմ են, երբեմն` բազմակողմ: Ինչ բնոյթ ալ ունենան անոնք, պէտք է հիմնուին միջազգային օրէնքներու վրայ: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ միջազգային օրէնք. երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, միջազգային են այն օրէնքները, որոնք կը բխին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան համաձայնագիրէն եւ Արդարութեան միջազգային ատեանի կանոնագրութենէն: Այս երկու հիմնարար...

Page 195 of 1110 1 … 194 195 196 … 1,110

Արխիւներ