Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Աշակերտական Համերգ` Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի Ծննդեան 155-Ամեակին
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական միաւորի վարչութեան, 13 ապրիլին «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտական համերգ` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 155-ամեակին:
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական միաւորի վարչութեան ատենապետ Շողեր Մուշեղեան-Հայրապետեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումին նուիրուած ամսուան մէջ այս համերգը կազմակերպուեցաւ` յիշելու եւ մեծարելու հայ երաժշտութեան պատմութեան ամէնէն պայծառ եւ լուսաւոր դէմքերէն Կոմիտաս վարդապետը իր ծննդեան 155-ամեակին առիթով, շեշտելով, որ ան հայու հոգին երգով եւ երաժշտութեամբ շնչաւորեց, հայկական երաժշտութեան ազգային դիմագիծը պահեց եւ զայն ողջ աշխարհին ծանօթացուց:
Համերգի հանդիսավար, երաժշտանոցի տնօրէն Տալիտա Մինասեան-Թովմասեան մերթ ընդ մերթ մէջբերումներ կատարեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն:
Աշակերտները երաժշտական զանազան գործիքներով ներկայացուցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն ընտրանի մը:
Աւարտին սրբազան հայրը արտասանեց իր սրտի խօսքը: Ան հաստատեց, որ համերգը մեր ներաշխարհը ուրախութեամբ եւ յոյսով լեցուց, երբ հայու ոգին փոխանցեց մեզի: Սրբազանը շեշտեց, որ մեր պատանի եւ երիտասարդ ուժը կու գայ ապացուցելու, թէ որքան ալ կեանքի պայմանները ծանր կերպով փորձեն ճնշել ու սեղմել մեզ, անոնք չեն կրնար ընկճել հայու հոգին, աւելցնելով, որ սոյն համերգին նպատակն է ի գին ամէն զոհողութեան նախանձախնդիր ըլլալ մեզի փոխանցուած արժէքներն ու գանձերը անաղարտ պահելու:
Յունաստան
Համազգայինի 95-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն
7 ապրիլին Աթէնքի Քաղաքապետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած տօնական հանդիսութիւն:
Ելոյթի սկզբնաւորութեան ցուցադրուեցաւ յատուկ տեսերիզ մը, որուն մէջ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան խօսեցաւ միութեան 95-ամեայ երթին մասին, միաժամանակ ցուցադրուեցան պատկերներ Համազգայինի աշխարհատարած կառոյցներու գործունէութենէն:
Յաջորդաբար օրուան հանդիսավարներ Մարի Տանկուրեան եւ Վիգէն Մինասեան ներկայացուցին օրուան խորհուրդը եւ Համազգայինի 95-ամեակի պատմական ուղին` անդրադառնալով անցնող տասնամեակներուն ընթացքին սփիւռքահայ մշակութային կեանքին, որուն գլխաւոր արտայայտիչը եղաւ Համազգայինը, ապա շեշտեցին Յունաստանի կառոյցին գործունէութիւնը եւ միութեան դերակատարութիւնը` հայ նոր սերունդի հոգեմտաւոր զարգացման գործին մէջ:
Օրուան գլխաւոր բանախօս Միհրան Քիւրտօղլեան լուսարձակի տակ առաւ Համազգայինի հիմնադրութեան գաղափարը` որպէս հայ գիրի երկու հսկաներուն` Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի մտայղացում: Ան արժեւորումը կատարեց տասնամեակներուն ընթացքին Համազգայինին ունեցած դերակատարութեան մասին` նշելով Յունաստանի Համազգայինի նուաճումներուն եւ հայ գիրի ու մշակոյթի զարգացման մասին գաղութին մէջ:
Այնուհետեւ, ձեռամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, յանձնուեցան պատուոյ յուշատախտակներ միութեան մէջ իրենց աւանդը ունեցած նուիրեալ համազգայնականներուն, որոնք իրենց անփոխարինելի ներդրումը ունեցած են Համազգայինի մեծ ընտանիքին մէջ` վարչական, երգչախմբային եւ թատերական ոլորտներուն մէջ, իսկ որոնցմէ մաս մը անդարձ մեկնած է: Յուշանուէր ստացան` Յովսէփ Պարազեան, Սթաւրոս Ապարեան, Արթօ Աբարթեան, Ռոզա Պարսամեան, Աւետիս Պարսամեան, Նազիկ Պարսամեան, Արաքսի Պապօղլեան, Ռեբեկա Պարազեան, Սրբուհի Տէր Յովակիմեան, Վարդուհի Մանուկեան, Էլիզ Մարտիկեան, Էօժենի Մաղաքեան, Մերի Յարութիւնեան, Մարի Տէտէեան, Մարի Հաճեան, Երջանիկ Սոլաքեան, Թագւոր Գազանճեան, Գրիգոր Գզրեան, Սիրարփի Մինասեան, Հռիփսիմէ Գարամանեան, Անժել Օհանեան, Պերճուհի Ունճեան եւ Յովսէփ Այվազեան:
Գեղարուեստական յայտագիրով ներկայացուեցան հայ մշակոյթի ու արուեստի թանկագին գանձերը` հայ երգն ու պարը:
Հոգեւոր Համերգ` Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ
Համագործակցութեամբ Քալամարիայի եւ Քալամաթայի քաղաքապետարաններու զոյգ երգչախումբերուն, 3 ապրիլին Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր համերգ:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Պետրոս Հալաճեանը, որ ըսաւ, թէ համերգը կը միտի ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակները, եւ համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց երկու շրջաններու մետրոպոլիտներուն` իրենց համագործակցութեան համար:
Ապա երգչախումբերը ներկաներուն հրամցուցին հայկական, յունական եւ այլ լեզուներով շարականներ ու հոգեւոր երգեր:
Աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան երգչախումբերու ղեկավարներուն, որմէ ետք «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
ՀԿ Խաչի Արիւնատուութեան Արշաւը Հասաւ Իր Աւարտին
Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս Հ Կ Խաչի արիւնատուութեան Բ. փուլը տեղի ունեցաւ 7 ապրիլին, Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00: Կարելի եղաւ 29 հոգիէ արիւն ստանալ: Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էւանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի` Հայ կապոյտ խաչի անունին պահ դրուած արեան պահեստանոցին:
Միացեալ Նահանգներ
Ֆրեզնոյի Հայկական Գերեզմանոցին Մէջ Հրդեհները Ատելութեա՞ն Ոճիր Են
«Ֆաքս 26» կայանը կը հաղորդէ, որ յունուարի կէսերէն ի վեր Ֆրեզնոյի «Արարատ» հայկական գերեզմանատունը հրձիգի մը թիրախը դարձած է:
Ցարդ վեց յարձակումներու պատճառով հրկիզուած են 19 հին ծառեր: Յարձակումներէն վերջինը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 12 ապրիլի գիշերը, երբ գլխաւոր մուտքի երկայնքին հրկիզուեցան 8 ծառեր եւս:
Կանչուեցան թէ՛ Ֆրեզնոյի ոստիկանութիւնը եւ թէ՛ հրշէջները, սակայն ցարդ ոչ ոք ձերբակալուած է:
«Ինչպէս կրնաք երեւակայել, տեղի ունեցածը վրդովեցուցիչ է իմ գլխաւորած վարչութեան, հայ համայնքին, իմ անձնակազմին եւ անձնապէս ինծի համար: Մենք միակ հայկական գերեզմանոցն ենք Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքէն դուրս. մեր առաքելութիւնն է հայ ընտանիքներուն կարեկցանքով ծառայել պէտք եղած պարագային, նոյն ատեն` վառ պահել յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք հոս կը հանգչին: Անձնակազմը եւ ես շատ լուրջ կը վերաբերինք այս առաքելութեան, եւ անկարելի է գնահատել, թէ ասիկա որքան ցաւալի է մեզի համար», յայտարարեց «Արարատ» եւ «Մասիս-Արարատ» հայկական գերեզմանատուներուն գործադիր վարիչ Շերի Մենինկ Քարթրայթ:
Հրկիզումները կատարուած են 1885-ին հիմնադրուած գերեզմանոցի ամէնէն հին հատուածին մէջ: Կան դարպասներ եւ կամար մը, որոնք յստակօրէն կը յուշեն, թէ վայրը հայկական է: Այս նոր միջադէպը, որ պատահեցաւ ապրիլի 24-ի` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու նախօրեակին, կասկած կը յառաջացնէ, թէ ասիկա ատելութեան ոճիր մըն է, կը նշէ «Ֆաքս 26» կայանը:
Արձանագրուած վնասին նախահաշիւը շուրջ 25.000 տոլար է: Վարչութիւնը վստահ չէ, թէ արդեօք ապահովագրութիւնը պիտի հատուցէ՞ այս ծախսերը:
Նշենք, որ «Արարատ» գերեզմանատան մէջ թաղուած է Սողոմոն Թեհլիրեան: Անոր շիրիմին մօտ, իբրեւ յիշատակ, յուշարձան մըն ալ զետեղուած է: Հոն կը գտնուի նաեւ Ուիլիըմ Սարոյեանին շիրիմը:
Հայ Դատի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանի Մասնաճիւղերու Լիագումար Նիստ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի խորհուրդը եւ Արեւմտեան շրջանի 19 նահանգներուն մէջ ընդգրկուած տեղական մասնաճիւղերը 6 ապրիլին հանդիպում ունեցան` քննարկելու Հայ դատի առաջնահերթութիւնները եւ քաղաքականութիւնը, մինչ Հայ դատի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը կը շարունակէ պաշտպանել արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքները եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անվտանգութիւնը:
Համաժողովին ելոյթ ունեցաւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի տնօրէններու խորհուրդի քարտուղար Անդրանիկ Քիզիրեանը: Ան շեշտեց, որ նման հանդիպումներ, յատկապէս` մեր ազգի պատմութեան համար, կարեւոր այս պահուն, կարեւոր դեր կը խաղան մեր ազգի եւ պետականութեան գոյատեւումը ապահովելու եւ ուժեղ պաշտպանութիւն ձեւաւորելու համար, շեշտելով, որ համագործակցութեամբ կրնանք շատ տեղեր հասնիլ:
Նոյեմբեր 2024-ին սպասուող ճգնաժամային նախագահական ընտրութիւններուն հետ առնչուած, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի (ԱՀԴՅ) Արեւմտեան շրջանի խորհուրդի եւ ընտրական յանձնաժողովի անդամ Այգ Դիկիճեանը Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան բոլոր մակարդակներու բոլոր ապագայ թեկնածուներու եւ անոնց զօրակցելու կապակցութեամբ յայտարարեց, որ պէտք է միասնական քուէարկութիւն կատարենք ապահովելու համար, որ ամերիկահայ համայնքի մտահոգութիւնները լուծուին արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան մէջ:
ԱՀԴՅ Արեւմտեան շրջանի գործադիր տնօրէն Սարգիս Բալխեան ներկայացուց շրջանային գրասենեակի նախագիծները, համայնքային աշխատանքը եւ շրջանային առաջնահերթութիւնները: Ապա խօսք առին ԱՀԴՅ Արեւմտեան շրջանի ԶԼՄ-ներու եւ հաղորդակցութիւններու համակարգող Սոնիա Մերոյեանը եւ կառավարութեան տնօրէն Ռուբէն Կարապետեանը:
Ապա ելոյթ ունեցան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի զանգուածային զօրաշարժի տնօրէն Գեւ Իսկաճեանը եւ ծրագիրի տնօրէն Ալեքս Գալիցկին:
ԱՀԴՅ Արեւմտեան շրջանի խորհուրդի նախագահ Օշին Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` շեշտելով, որ բոլորս միասին կ՛աշխատինք համագործակցութեամբ եւ միասնութեամբ` հասնելու մեր նպատակներուն եւ առաջ տանելու մեր գործը հայ ժողովուրդին համար: