Կարեւոր է փորձ մը ընել մտածելու Հայաստանի քաղաքական արեւելումի խնդրին մասին: Ո՞րն է ճիշդ արեւելումը:
Դիտարկումները եւ տրամաբանութիւնը կ՛ըսեն հետեւեալը.
- Հայաստանը ի վիճակի չէ թուրք-ազերի զոյգին պատերազմով սպառնալու:
- Թէ՛ Ամերիկան, թէ՛ Ռուսիան, համաշխարհային մակարդակի իրենց մրցակցութեան ծիրին մէջ, կը փափաքին տիրել Հարաւային Կովկասին:
- Երկուքն ալ կը փորձեն Հայաստանի վրայ տիրութիւն ընել: Հայաստանը անգամ մը եւս վերածուած է կռուախնձորի:
- Ռուսիա կը ճնշէ իր թուրք-ազերի դաշնակիցներուն վրայ, որպէսզի հաւատարիմ մնան իրենց եռակողմանի համաձայնութիւններուն (եւ իրենց հակաարեւմուտք շեղումներուն):
- Արեւմուտքը կը ճնշէ նոյն զոյգին վրայ` պահանջելով հակադրուիլ Ռուսիոյ (ոչ Հայաստանի) եւ հակաարեւմուտք շեղումներ չկատարել: Հոսկէ կու գայ նաեւ իրենց ընդդիմութիւնը` պատերազմի ճամբով Հայաստանը ծունկի բերելու այդ զոյգին մտադրութեան:
Այժմ քանի մը իրողութիւն.
- Թուրքիա-Ազրպէյճան-Ռուսիա երրորդութեան բացայայտ նպատակն է տիրել Սիւնիքի «միջանցք»-ին: Անդադրում կը պնդեն ասոր վրայ: Եթէ յաջողին, Հայաստանի հակակշիռէն դուրս պիտի գայ ռազմավարական արժէք ունեցող Սիւնիքը, եւ Հայաստանը պիտի վերածուի քաղաքականօրէն անարժէք պետութեան մը: Այս տուեալէն մեկնելով, կարելի՞ է որդեգրել ռուսական կամ թրքական արեւելում: Պարզ չէ՞ որ` ոչ:
- (ա) Ռուսիան Հայաստանին կրնայ սպառնալ Գիւմրիի իր բանակային միաւորով, սահմաններու վրայ իր ներկայութեամբ եւ տնտեսական-ուժանիւթային ազդեցութեան հուժկու միջոցներով: Կրնայ նաեւ քաջալերել Ազրպէյճանի յարձակողական քայլերը:
(բ) Արտօնելով ազերիներուն, որ շարունակեն իրենց յարձակողական ոճը, Արեւմուտքը Հայաստանի վրայ անուղղակիօրէն կը ճնշէ: Կը ճնշէ նաեւ իր տնտեսական, քարոզչական, յարաբերական եւ մարդուժային գերմիջոցներով, որոնցմով անոնք կ՛ուզեն սիրաշահիլ Հայաստանը, այո՛, բայց դիւրութեամբ կրնան այդ «նուէրները» զլանալ եւ առանձին ձգել Հայաստանը:
Այս երկու տուեալներէն մեկնելով` կարելի՞ է երթալ ճակատային բախումի Ռուսիոյ հետ` որդեգրելով ամերիկեան արեւելում: Պարզ չէ՞ որ` ոչ:
- Թուրքիա եւ Ազրպէյճան ունին թէ՛ Արեւմուտքին կապուած շահեր, թէ՛ Ռուսիոյ: Ի վիճակի չեն արհամարհել Ամերիկայի կամ Ռուսիոյ կողմէ գծուած կարգ մը կարմիր գիծեր: Այս տուեալը սահման կը դնէ իրենց կարողութիւններուն: Հոսկէ կրնանք եզրակացնել, որ Հայաստանի վիճակը անյոյս չէ:
- Կան նաեւ այլ երկիրներու (Իրան, Իսրայէլ, այլ…) դերակատարութիւնները, որոնք կարեւոր են անշուշտ, բայց այստեղ զանց կ՛առնենք, որովհետեւ արեւելումի հարցին նուազ կ’առնչուին:
***
Եզրակացութիւն. կռուախնձոր եղող Հայաստանը չի կրնար որդեգրել որեւէ միակողմանի արեւելում:
Կը մնայ, որ Հայաստանը փորձէ խաղալ միակ կարելի խաղը` ժամանակ շահիլ եւ իմաստութեամբ օգտուիլ շրջանին մէջ գործող պետութիւններու ներքին հակադրութիւններէն:
Այսպիսով կը հասնինք հայկական միակ կարելի արեւելումի հետեւեալ ամփոփ տարազումին.
Մերժել դէպի օտար պետութիւն ուղղուած ամէն միակողմանի արեւելում: Փորձել աւելցնել երկրին անկախութիւնը այլոց տիրապետութենէն: Իմաստութեամբ օգտուիլ այլոց հակադրութիւններէն: Ժամանակ շահիլ եւ օգտուիլ Հայաստանի ռազմավարական դիրքով հետաքրքրուած բոլոր երկիրներէն` հզօրացնելու համար երկիրը: Միաժամանակ առաւելագոյն կարելի չափով պաշտպանել երկրին շահերը եւ արժանապատուութիւնը:
Այս արեւելումը գործադրելու համար կարեւոր է զարգացնել ժողովուրդին դիմադրականութիւնը, քաղաքական կամքը եւ գիտակցութիւնը եւ ամրապնդել ներքին միասնականութիւնը: Պէ՛տք է համախմբուիլ:
Ապրիլ 2024, Պէյրութ