Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անոյին… (Անահիտ Փոլատեանի Յիշատակին)

Ապրիլ 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Նարնջագոյնի, վարդագոյնի, կարմիրի երանգներով ծաղկեփունջի մը կը վերածուէր Անոն` տուած բարեւին հետ:

Մանկութենէս տպաւորուած էի անոր չափազանց լուռ ու քաղաքավար կեցուածքէն: Յաճախ կը տեսնուէինք, հակառակ ատոր, դպրոցի բակին մէջ երբ զիս տեսնէր, կը շիկնէր:

Այն ատեն ես` տասը տարեկան աշակերտուհի, իսկ ինք` մանկապարտէզի ուսուցչուհի: Ճեմարանի մայր մուտքի դարպասին քով անուշիկ, խնամուած պարտէզ մը կար, ուր մանկապարտէզի երեխաները կը խաղային: Զինք կը տեսնէի, ուրախութեամբ կը բարեւէի, ինք կը կարմրէր:

Տարիներու թաւալքին հետ որքան զինք ճանչցայ, մտերմացայ, այնքան տպաւորուեցայ իր բարի ու քնքուշ նկարագիրէն: Ծառայասէր էր ու անձնուրաց, ուրիշին հասնող մէկ հատիկ Անոն էր մեր շրջանակին մէջ: Երկար տարիներ անտրտունջ խնամեց ծնողքը: Ամուսնացաւ, անուշիկ տիպար ընտանիք մը կազմեց, բայց երբեք չմոռցաւ իր շրջապատը, ազգին ծառայելու իր անսակարկ կորովը չկորսնցուց: Հակառակ առողջական ծանր հարուածներուն` ուրֆացիի ուժեղ նկարագիրով ժպիտով կրեց ամէն պարտականութիւն, ծառայեց Ծերանոցին, փորձեց ժպիտ բերել տարեցիներուն դէմքին, հետագային` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի խոհանոցին մէջ իր բծախնդիր ու անշահախնդիր ծառայութիւնները մատուցեց` առանց իր անձնական դժուարութիւնները դրսեւորելու:

Լուռ ու զուսպ, գանգատիլը, ընդվզիլը չեմ լսած երբեք: Մօրս ազգական էր, որքա՜ն գուրգուրացած էր անոր եւ` տարեցի քմայքները գոհացուցած: Արագ, կարճատեւ, բայց յաճախակի այցելութիւնները կու տար` պարզապէս ուրախացնելու համար իր ներկայութեամբ:

Ընտանեկան յարկին տակ հոգածու եւ գուրգուրոտ ամուսիններ էին իրարու` Գէորգն ու ինք: Ճշդապահ Անոն ամէնօրեայ դրութեամբ ժամը երեքին սեղանը պատրաստած կ՛ըլլար` գործէն ամուսնոյն վերադարձին սպասելով:

Ականջին մէջ տակաւին իր վերջին գիշերուան պատգամը կը հնչէ բջիջայինին վրայ. աղջկան ու թոռներուն գովքը կ՛ընէր, զանոնք կարօտցած էր, կը համակերպէր կեանքի պարտադրած պայմաններուն` պատերազմ, «Քորոնա», հեռաւորութիւն, եւ փառք կու տար:

Քնքուշ ու մեղմ արտայայտութեամբ յուշ մը ձգեց բոլորին մտքին մէջ, որքան լուռ ապրեցաւ, բայց մահուան լուրը շռնդալից հարուած մը եղաւ բոլորիս:

Վա՛րձքդ կատար, Անօ:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Կովկասի Մէջ Ռուսական Ռազմավարութեան` Դիւանագիտութեան Պարտութի՞ւնը

Յաջորդը

Բազմավաստակ Դասապետը Եւ Նուիրեալ Սարկաւագը. Պետրոս Սրկ. Պալպուչաքեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?