Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Թագաւորը Մերկ Է…»

April 20, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Իւրաքանչիւր անգամ, երբ Հայաստանի վարչապետ կոչեցեալը բերանը բանայ կառավարութեան մէկ նիստին, Ազգային ժողովի բեմէն կամ հոս ու հոն այցելութեան պահուն (նաեւ` երկրի սահմաններէն դուրս), կրկին ու կրկին կը փաստէ, որ տգէտ է, համբակ է, թշնամիին ծրագիրները կատարող բանբեր է: Կրկին ու կրկին կ՛ապացուցէ, որ չի գիտեր պատմութիւն, ծանօթ չէ մեր հայրենիքի աշխարհագրութեան ու իւրաքանչիւր քայլափոխի կը կրկնէ թուրք-ազերիներու տեսակէտները, կը կատարէ թշնամիին պահանջները: Եւ դիպուկ է ընդդիմադիր մեկնաբաններու այն նշումը, որ Ալիեւին ու Էրտողանին շատ բան չի մնար ընելիք, որովհետեւ Փաշինեան եւ իր խմբակը ամէն օր եւ մինչեւ իսկ օրական քանի մը անգամ այս իրականութեան ապացոյցները կը շարեն մեր ժողովուրդին աչքերուն առջեւ, իսկ նախկին նախարար մը քանի մը առիթով պահանջեց անկէ, որ լուռ մնայ, ցնդաբանութիւններուն վերջ տայ:

Նոյնքան մեծ հարց է այն, որ այս փաստերը տեսնողները, զանոնք օրն ի բուն հանրութեան աչքին դիմաց պարզողները կը մնան «մեկուսացած», այն իմաստով, որ «ժողովո՛ւրդ, արթնցի՛ր», «ժողովո՛ւրդ, ձեռքերդ միացո՛ւր եւ իսկական իշխանափոխութիւն իրականացուր», «ժողովո՛ւրդ, աչքիդ առջեւ հայրենիքդ պատառ-պատառ կը կորսնցնես», «այս խմբակի անդամներուն մէկ ըսածը երկրորդին չի համապատասխաներ» ու նման կոչեր կը մնան անարձագանգ, նոյնինքն Փաշինեանի «հռչակած» Հայաստանի տարածութիւնը կը փոքրանայ փուլ առ փուլ, կործանարար վարքագիծը նոր «նուաճումներ» կ՛արձանագրէ երկրի կեանքի բոլոր կալուածներուն վրայ: Ողբերգութեան մէկ այլ երեսն ալ հոն է, որ իւրաքանչիւր ցնդաբանութիւն օրեր շարունակ կը ստեղծէ միտք, ուժ ու շունչ սպառող անվերջանալի մեկնաբանութիւններ, որոնք բան չեն աւելցներ «ես համբակ տգէտ մըն եմ»-ի իրողական խոստովանութիւններուն վրայ…

***

Հայաստանի մէջ ստեղծուած եւ սփիւռքն ալ մասամբ վարակած այս վիճակը կը յիշեցնէ դանիացի նշանաւոր հեքիաթագիր Հանս Քրիսթիան Անտերսընի «Մերկ թագաւոր»-ին պատմութիւնը:

Պատմութիւնը ծանօթ է, չէ՞: Փառասէր եւ պճնամոլ թագաւոր մը, որ կը սիրէր օրական քանի մը անգամ նոր զգեստներով ներկայանալ, օր մը թակարդը կ՛իյնայ: Երկու ճարպիկ խաբեբաներ, ստահակներ կը ներկայանան պալատ եւ կը խոստանան կարել չնաշխարհիկ զգեստ մը, որ տեսանելի պիտի ըլլայ միայն իմաստուններու, իսկ ան, որ կարողութիւնը չունի տեսնելու զայն, պարզապէս տգէտ ու անարժան մըն է: Ու աւազակները իբր թէ կը հիւսեն անտեսանելի զգեստ մը` ստանալով առատ ոսկի, արծաթ եւ այլն: Պալատականներ, անմիտ ու անարժան չհռչակուելու համար, կը սկսին գովել չնաշխարհիկ զգեստը: Թագաւորն ալ կը միանայ «տեսնողներուն» եւ զայն «հագած»` կը ներկայանայ ժողովուրդին: Միայն անմեղ մանուկ մը կը պոռայ. «Թագաւորը մերկ է…»:

Հայաստանի դժբախտութիւնը բազմերես է: Անտեսանելի զգեստը կը կարեն ՔՊ-ականները, անոնց օգնութեան հասած են, այսպէս կոչուած, բարեկամները, որոնք կը գտնուին Եւրոպա, Ամերիկա եւ այլուր: Անտեսանելի հագուստեղէնը տրամադրուած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ, հագնողը կը կոչուի Նիկոլ Փաշինեան: Չկարծէ՜ք, որ մեր խօսքը միայն քաղաքական-դիւանագիտական «զգեստներ»-ուն մասին է, որովհետեւ տնտեսութիւնն ու ներքին բազում տագնապներ ալ կան նոյն` անտեսանելի հանդերձարանին մէջ: Եւ այդ անտեսանելի զգեստներով զուգուած-զարդարուած` Նիկոլ պէյը ամէն օր հրապարակ կու գայ իր նոյնքան չնաշխարհիկ յայտարարութիւններով, գիւտերով, աշխարհագրութիւն ու պատմութիւն վերախմբագրելու… կամակատարութեամբ:

***

Ի տարբերութիւն յիշեալ պատմութեան` թագաւորին մերկութիւնը տեսնողը միայն մէկ անմեղ մանուկ մը չէ Հայաստանի մէջ:

– Նիկոլն ու կողքին քալողները մե՜րկ են,- կը գոռան բանգէտ պատմաբաններ:
– Նիկոլն ու կողքին քալողները մե՜րկ են,- կը գոռան աշխարհագրութիւն գիտցողներ:
– Նիկոլն ու կողքին քալողները մե՜րկ են,- կը գոռան քաղաքական մարդիկ:
– Նիկոլն ու կողքին քալողները մե՜րկ են,- կը գոռան հող կորսնցուցածներ, հող կորսնցնելու սեմին եղողներ:
– Նիկոլն ու կողքին քալողները մե՜րկ են,- կը գոռան նահատակներու ծնողներ:
– Նիկոլն ու կողքին քալողները մե՜րկ են,- կը գոռան զինուորականներ, մինչեւ իսկ անոնք, որոնք ատեն մը իր կամակատարներն էին:
– Նիկոլն ու կողքին քալողները մե՜րկ են,- կը գոռան եկեղեցւոյ սպասարկուներ, որոնք չեն հաւատար, թէ Փաշինեան քրիստոսատիպ յատկութիւններով օժտուած է:
– Նիկոլն ու կողքին քալողները մե՜րկ են,- կը գոռան հոգեբուժներ ու գիտութեան ծառայողներ:
– Նիկոլն ու կողքին քալողները մե՜րկ են,- կը գոռան արուեստագէտներ:
– Նիկոլն ու կողքին քալողները մե՜րկ են,- կը գոռան սփիւռքցի հայրենասէրներ, հայրենիքի ճակատագիրով մտահոգներ:

ՔՊ-ականներու մերկութիւնը տեսնողները մանուկներ չեն, այլ` հայրենիքին ու նահատակներուն արժէքը գիտցողներ, հողին հաւատարիմ մնալու ու արմատներուն տիրութիւն ընելու ատակ մարդիկ: «Մերկ են» արտայայտութիւնը իբրեւ հասցէ ունի մասնաւորաբար մտային մերկութիւնը, որ ասոնց յանցանքներուն փոքրագոյնն է, իսկ հայրենալքումն ու թշնամիին ծրագիրներուն գործակատարի դերը` վատագոյնը:

«Նախկին»-ներէն Շիրազն էր գոռացողը.

«Ա՜խ, ե՞րբ պիտի լեռներիդ պէս վե՛ր բռնցքուեն ձեռքերն հայոց,

«Որ չդառնայ հայոց արծիւն օտար ծովին ճայ, Ղարաբա՛ղ…»:

Հիմա, երբ Արցախը` Շիրազի բառերով` Ղարաբաղը, արդէն խլուած է ու բռնած` ճայ դառնալու ճամբան, պէտք չէ թոյլ տանք, որ ո՛չ միայն Հայաստանն ալ բռնէ նոյն «թռիչք»-ի ուղին, այլ շրջադարձ ապրին Արցախի ու հայապատկան բոլոր հողերու երթը, հայրենիք ու ազգ վերադառնան ինքնաճանաչումի եւ վերականգնումի բնական հուն:

13 ապրիլ 2024

Նախորդը

Ինչո՞ւ Մենք Ծառերուն Պէտք Ունինք Շնչելու Համար

Յաջորդը

Ակնարկ. Կովկասի Մէջ Ռուսական Ռազմավարութեան` Դիւանագիտութեան Պարտութի՞ւնը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.