Յօդուածներ

Ցեղասպանութեան 106-րդ Տարելիցին Առիթով.   Ցեղասպան Թուրքը` «Միւս Թուրք»-ին Պատմագիտական Դատաստանին Ընդառաջ

Յատուկ «Ազդակ»-ին. «Միւս Թուրքը» Կարմիր Գիծէն Անդին(2). Ռակըպ ԶարաքօլուԱրցախահայութեան Բռնի Տեղահանման Ոճիրի Մասին

ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ «Արցախահայութեան իր բնօրրանէն բռնի տեղահանումը ցեղասպանութիւն է... ո՛չ մեծ զոհերով ցեղասպանութիւն ...» «Մնա՛ս բարով գեղեցիկ Արցախ...» «Մնա՛ս բարով գեղեցիկ Ստեփանակերտ...» ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ Թուրք յառաջապահ մտաւորական, ազատախոհ հրապարակագիր, հանրայայտ իրաւապաշտպան, «ՊԵԼԿԷ» հրատարակչատան հիմնադիր սեփականատէր, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ առնչակից բազմաթիւ գիրքերու հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու այս անգամ կը պատասխանէ մեր զոյգ հարցումներուն ոչ միայն յուզիչ, այլ նաեւ` իրապաշտ մեկնաբանութիւններով անդրադառնալով...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Ես Եւ Դիմացի «Ես»-ս

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Աշնանացած շատ կանուխ առաւօտ մըն էր, ու չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս, յանկարծ ես ու ազգակիցս` երկուքով, սենեակէս ներս կրկին անգամ իրար հանդիպեցանք: Մտերիմ բարեկամս էր ան, անբաժան ընկերս ու նաեւ` խորհրդակիցս: Գրեթէ լուսաբացի սկիզբն էր ու դուրսը, քաղաքին վրայ կախուած էր մշուշը, իսկ ծառերու կատարին գունատ դեղինը շատոնց նստած էր արդէն: Թէեւ փողոցներուն մէջ անձրեւ-ձիւն չկար, սակայն բացայայտ էր,...

Հայագիտութիւնը` Ազգայինի Յենասիւն

Հայագիտութիւնը` Ազգայինի Յենասիւն

- Հայագիտութիւնը` Ազգայինի Յենասիւն - Ուսանողի Վկայութիւն Զրուցեց` ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆԸ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կողմից Երեւանի պետական համալսարանի հետ տարիներ շարունակ իրականացւում են տարբեր կրթական ու գիտական նախաձեռնութիւններ: Կարեւոր ծրագրերից է համագործակցութիւնը համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի հետ, որտեղ գործող հայագիտութեան բաժնում Համազգայինի հովանաւորութեամբ պատրաստւում են հայագիտութեան ուսուցիչներ` աշխարհի տարբեր ծայրերում գործող հայկական ուսումնական հաստատութիւններում դասաւանդելու համար: Ծրագիրը գործում է...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Նախագահ Ուիլսընի «Ամերիկեան Զինուորական Առաքելութիւնը Դէպի Հայաստան»` Հարպորտ Առաքելութեան» Կարգ Մը Այժմէական, Կարեւոր Եւ Պատմական Մնայուն Հաստատումները` 1919-ին

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Անհրաժեշտ է շեշտել, որ «Հարպորտ առաքելութեան» տեղեկագիրը Հայ դատին` Արեւմտահայաստանի վերականգնման համար մնայուն եւ այժմէական կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ, որուն փաստերէն երկուքը տեսանք նախավերջին յօդուածիս մէջ (1), ուր Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարը փորձած էր անյաջող կերպով խեղաթիւրել զայն, ինչպէս նաեւ ամերիկացի զինուորական մը անհատական, անպաշտօն կերպով, իրենց դոկտորականի թէզերով, որպէսզի արժեզրկեն Հարպորտի տեղեկագիրը, որմէ կը սարսափի թուրքը: Այս նիւթը...

Հայ Ազգային Բուժարանի Հարիւրամեակ` Դար Մը Հոգածութիւն Եւ Խնամատարութիւն

Հայ Ազգային Բուժարանի Հարիւրամեակ` Դար Մը Հոգածութիւն Եւ Խնամատարութիւն

1 յուլիս 1923-ին Մաամըլթէյնի մէջ պաշտօնապէս հիմնադրուած հայ թոքախտաւորներ խնամող հայկական բուժարանը 12 օգոստոս 1938-ին կը փոխադրուի Ազունիէ` իր շուրջ համախմբելով աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ ծառայութիւն մատուցելով բոլորին: Սկիզբը իբրեւ թոքախտաւորներ բուժող եւ անոնց հոգատարութիւնը ստանձնող այս կառոյցը ժամանակի ընթացքին իր երդիքին տակ կ՛ընդունի նաեւ այլ հիւանդութիւններէ տառապողներ, ինչպէս նաեւ` անձեր, որոնք ծանր հիւանդութիւններ չունենալով հանդերձ, կարիք ունին խնամքի, յատկապէս` ընտանեկան...

«Ես Ալ Հայ Եմ Պարտաճանաչ…» (Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանի յիշատակին)

«Ես Ալ Հայ Եմ Պարտաճանաչ…» (Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեանի յիշատակին)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Մանուկ օրից սար ու ձորին ես մնացի մօտ ընկեր, Աշխատանքի, հանգիստ օրին ես մնացի մօտ ընկեր...» Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Մայիսի կէսերուն կեանքին հրաժեշտ տուաւ բարի, հեզ ու ծառայասէր մարդ մը, որ կը կոչուէր Նարեկ աւագ քահանայ Փեհլիվանեան: Ապրեցաւ անաղմուկ, գործեց առանց փողի ու թմբուկի, շահեցաւ աշխատասէրի թափնեպսակ ու անջնջելի հետք ձգեց զինք ճանչցողներուն յիշատակներուն մէջ, անոնք ըլլան` ընտանիքի անդամներ...

Լիբանանահայութիւնը Ոգեկոչեց Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 106-Ամեակը` «Ահա՛ Զանգը Տաւուշէն» Խորագիրով

Պէտք Է Վերանուաճել Ու Վերաիմաստաւորել Անկախութիւնը, Վերադարձնել Հպարտութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի եւ հայութեան համար բախտորոշ պայմաններու մէջ կը տօնենք Հայաստանի անկախութիւնը: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, 1918 մայիս 28-ը դարձաւ առաջին հանրապետութեան տարեդարձի օր եւ ստացաւ «Հանրապետութեան օր» անուանումը: Անկախութենէն առաջ, 1960-ական թուականներու կէսերէն սկսեալ կը յիշուէր Սարդարապատի յաղթանակը զանց առնելով անկախութեան գաղափարը: Հայաստանի անկախութեան 106-րդ տարեդարձը կը տօնենք մերօրեայ դէպքերու լոյսին տակ` «Ահա՛ զանգը Տաւուշէն» խորագրին ներքեւ: Այս հրաւէր...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Մեր Յաղթանակներն Ամրապնդում Են Կամքն Ու Վճռակամութիւնը` Հասնելու Խաղաղութեան, Անվտանգ Պահելու Մեր Ժողովրդին, Վերահաստատելու Համազգային Համերաշխութիւնը. Գարեգին Բ. Կիրակի, 2 յունիսին Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի առիթով յղած իր պատգամին մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս շեշտեց, որ մեր յաղթանակներ կ՛ամրապնդեն կամքն ու վճռակամութիւնը` հասնելու խաղաղութեան, անվտանգ պահելու մեր ժողովուրդը, վերահաստատելու համազգային համերաշխութիւնը «Սուրբ Էջմիածնի տեսիլքը այսօր եւս շարունակում...

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէնի  «Ոստայն 19 – Էջեր Զուգահեռ Օրատետրէս» Հատորը

Լոյս Տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 19 – Էջեր Զուգահեռ Օրատետրէս» Հատորը

Դարձեալ առցանց լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի նոր հատորը` «Ոստայն 19-էջեր զուգահեռ օրատետրէս»: Ան կը բովանդակէ  օրագրական բնոյթի 48 յօդուածներ, մեծ մասամբ` անտիպ: Բայց ինչո՞ւ «զուգահեռ օրատետր»: Իր ներածական «Բացատրութիւն մը» գրութեան մէջ հեղինակը կը գրէ. «Սովորական օրատետրս կը բովանդակէ չոր ու ցամաք արձանագրութիւններ` տուեալ օր մը ի՛նչ ըրի, ի՛նչ ժողովի մասնակցեցայ, կամ ի՛նչ ձեռնարկի ներկայ եղայ, ի՛նչ գրեցի եւ այլն: Գրեթէ...

Ոտնակոխ Տունը

Բազում Ջանք Վասն…

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Դիտած եմ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի «Հայրս ո՞վ է» (Ray Cooney, It Runs in the Family, 1987) (1) զաւեշտի առաջին ելոյթը` բեմադրութեամբ Վաչէ Տօնէրեանի: Մօտիկ անցեալին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի բեմ հանուած էին հայր Ռէյ ու հայրանման որդի Մայքըլ Գունիներէ ոչ նուազ քան երեք այլ գործեր որոնց անդրադարձած եմ: (2, 3, 4) Հեղինակը.- Կը նկատուի մեր ժամանակներու Ֆէյտոն (Georges...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Փաշինեան Հայաստանը Վերածած Է Ոստիկանապետութեան

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Հայաստանի կառավարութիւնը երկու տարբերակ ունէր վարչակարգի դէմ ժողովրդական ընդվզումը խաղաղ ճամբով լուծելու համար. 1) Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կրնար հրաժարական տալ` իշխանութեան ղեկը յանձնելով համախոհական կառավարութեան, որ վեց ամսուան ընթացքին խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կ՛իրականացնէր եւ կ՛ընտրէր նոր վարչապետ: 2) Փաշինեան կրնար ընդունիլ ընդդիմութեան նոր առաջնորդ` Բագրատ արք. Գալստանեանի առաջարկը` հանդիպում ունենալ հետը եւ քննարկել քաղաքական ներկայ  ճգնաժամին բանակցային լուծումը:...

Շարլ Ազնաւուրի Ընտանիքին Մտերմութեան Մէջ

Շարլ Ազնաւուրի Ընտանիքին Մտերմութեան Մէջ

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ  1974 մայիս 22-ին բարեկամուհիի մը այցելութեան գացած էի,  հոն եկաւ նաեւ քամանչա նուագող Ռուբէն Մուշեղեանին մայրը` Արաքսին: Հազիւ նստած` ըսաւ, որ Շարլ Ազնաւուրն ու ընտանիքը Պէյրութ կը գտնուին, հայրը, քոյրը եւ Կառվարենցը փափաքած են Համրայի «Սայաթ Նովա» ճաշարանը երթալ երեկոյեան, պայմանաւ որ յաճախորդ չըլլայ ուրիշ` բացի նուագախումբի կազմէն եւ ընտանիքներէն: Ես Ազնաւուրն ու անոր երգերը շատ կը...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Մայիս 28-Ի Տօնակատարութիւններ Կիպրոս Նախագահութեամբ Կիպրոսի աշխատանքի նախարար Եաննիս Պանայոտուի, կազմակերպութեամբ Կիպրոսի ՀՅԴ մարմինին, 25 մայիսին Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի խաղավայրին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106 ամեակը: Օրուան պատգամաբերն էր Տաւուշի թեմի առաջնորդ  Բագրատ արք. Գալստանեան, սակայն Հայաստանի մէջ առկայ վիճակին պատճառով տեսահոլովակով մը կարճ ուղերձ մը յղեց եւ բաւարարուեցաւ իր ողջոյնի խօսքերը ուղարկելով ձեռնարկի բոլոր մասնակիցներուն: Ստեղծուած...

Սթափելու Ժամանակը

Սպասելով Նորերու Յայտնութեան

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի անկախութեան 106-րդ տարեդարձը նշուեցաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի բազմաթիւ գաղութներուն մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութիւններով: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները բնականաբար ատաղձ հայթայթեցին տօնական մթնոլորտը մասամբ շղարշելու ու հանդիսութիւններու ընթացքին բանախօսութիւնները այժմէականացնելու համար: Մամուլը եւս հետեւեցաւ նոյն օրինաչափութեան: Ուշադրութեան արժանի է «Ազդակ» օրաթերթի մայիս 28-ի համարը, իր բացառիկ բովանդակութեամբ: Համարը բաղկացած է 20 մեծադիր էջերէ: Բացի ընթացիկ տօնական բովանդակութենէն, որ...

Կը Սպասենք Սարդարապատի Զանգերու Երկրորդ Ղօղանջին

Կը Սպասենք Սարդարապատի Զանգերու Երկրորդ Ղօղանջին

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, հայն ու Հայաստանը ականջ պէտք է դնեն Սարդարապատէն հնչած զանգերու ղօղանջին, որովհետեւ դժբախտաբար այդ զանգերը լռեցնելու ելած է մեր դարաւոր թշնամին եւ այս անգամ` ներքին, ապազգային, անխոհեմ ու անվճռական մօտեցումներու հետ միասին, փորձելով ազգս կերակրել` իբր թէ նոր Հայաստանի ստեղծման սին ու հայրենակործան քաղաքականութեամբ: Շատեր հայ ժողովուրդին պատմութիւնը կը նմանցնեն Քրիստոսի...

Արման Պըզպզեան  Մեծատաղանդ Ասուպ Մը Եւս

Արման Պըզպզեան Մեծատաղանդ Ասուպ Մը Եւս

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Այս անգամ խօսքը չի վերաբերիր Հայոց ցեղասպանութեան, ստալինեան խժդժութիւններու եւ կամ անբուժելի հիւանդութիւններու իբրեւ հետեւանք զոհուածներուն, այլ` քանդակագործ Արման Պըզպզեանի, որ հազիւ իր կեանքի քսանեօթը տարիները բոլորած` 1977-ին, «կամովին» վերջ կու տար իր կեանքին սիրոյ հողի վրայ: Թէեւ իր տաղանդը ասուպի նման քանի մը տարի միայն փայլատակեց արուեստի երկնակամարին վրայ, այնուամենայնիւ այն, ինչ որ կտակեց արուեստի պատմութեան, ոչ...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.  Հակի Հայոց Կոտորածը, Գիւղերու Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Սկիզբ Գանձակի Կռիւներուն

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հակի Հայոց Կոտորածը, Գիւղերու Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Սկիզբ Գանձակի Կռիւներուն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ-թաթարական կռիւները սաստկացած էին 1905-ի ամրան: Վրանաբնակ թաթար քոչուորներ, որոնք իրենց անհամար անասուններու հօտերով զանգուածաբար ամարանոց կը բարձրանային Արցախի լեռները, ամէն տեսակ խժդժութիւններ ի գործ կը դնէին հայ խաղաղ ազգաբնակչութեան վրայ: Խաչենի շրջանի զինուորական հրամանատար Համազասպ հրաման արձակեց ռազմական գործողութիւններու ժամանակ երբեք զէնք չբարձրացնել կիներու, երեխաներու, ծերերու եւ անզէն մարդոց վրայ: Համազասպ նաեւ հրամայեց ամենախիստ վերաբերմունք դրսեւորել բոլոր...

Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առիթով.  Իւրայատուկ Ու Անկրկնելի Վահան Յովհաննիսեան

Մտորումներ Ճանապարհի Կէսին

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ «Սրբազան շարժում» անուամբ ազգային հերթական պոռթկումը կարճ ժամանակում մեծ ծաւալ ընդունեց: Առաջին անգամ ոտքի կանգնեցին մարզերի բնակիչներն ու ուսանողութիւնը, նրանց միացան հասարակութեան ու մտաւորականութեան ամենատարբեր շերտերը: Անհանգստանալով իշխանութեան հիմքերը սասանող շարժման հեռանկարից` իշխանութիւնը (բնականաբար իր ղեկավարի յստակ ուղղորդմամբ) դիմեց պայքարի սիրած մեթոտներին` ստին, կեղծիքին ու վարկաբեկումներին: Յատկապէս շարժման Երեւան հասնելու առաջին օրերին ապատեղեկատուութեան շեշտը հիմնականում դրւում էր վերջինիս...

Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին

«Խենթերի» Սրբազան Պայքարը…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ 1918 թ. մայիսեան յաղթանակների արդիւնքում հայոց անկախ պետականութեան 106-ամեակը իրաւամբ կարելի է բնութագրել որպէս ողջ հայութեան համազգային տօնախմբութեան վերականգնման ու նորովի նուիրականացման խորհրդանշական տարեդարձը: Քանզի մեր տօների տօնը պարտաւորուել էինք այնքա՜ն էլ տօնական զգացումներով չդիմաւորել յատկապէս 102-ամեակից սկսեալ, երբ ներքին ու արտաքին թշնամիների կողմից 2020 թ. դաւադրուած պատերազմի պատճառով կորցրինք մեր չքնաղ Շուշին... Առաւել եւս ոչ տօնական բնոյթ...

Ժողովրդային Արդար Պահանջով…

Ժողովրդային Արդար Պահանջով…

Ա. Ա. Ժողովուրդներու արժէքային համակարգին մէջ անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը կը գտնուին առաջին դիրքի վրայ: Անկախ ու գերիշխան ապրելու իրաւունքը, որ ամրագրուած կ՛ըլլայ սահմանադրութեամբ անսակարկելի է եւ չի փոխարինուիր որեւէ բանով: Եթէ անկախութիւնը բացակայ է, ժողովուրդը կը տուայտի օտարին լուծին տակ ու կը զրկուի իր էութենէն եւ ազգային դիմագիծէն շատ բան կորսնցնելով` կը վերածուի անտէր ու անդիմագիծ ամբոխի մը: Մեր պարագային,...

Page 184 of 1110 1 … 183 184 185 … 1,110

Արխիւներ