ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Աշնանացած շատ կանուխ առաւօտ մըն էր, ու չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս, յանկարծ ես ու ազգակիցս` երկուքով, սենեակէս ներս կրկին անգամ իրար հանդիպեցանք: Մտերիմ բարեկամս էր ան, անբաժան ընկերս ու նաեւ` խորհրդակիցս: Գրեթէ լուսաբացի սկիզբն էր ու դուրսը, քաղաքին վրայ կախուած էր մշուշը, իսկ ծառերու կատարին գունատ դեղինը շատոնց նստած էր արդէն: Թէեւ փողոցներուն մէջ անձրեւ-ձիւն չկար, սակայն բացայայտ էր, որ ցուրտերը հասած էին:
Քայլերս սառեցան: Ինքնաբերաբար ես ալ կեցայ:
– Ո՞ւր,- յանկարծ ինք խօսեցաւ` անախորժ հետաքրքրութեամբ մը կիսելով սենեակին լռութիւնը:
Անմիջապէս անդրադարձայ, որ խօսքը ինծի էր: Կանգ առի եւ արագ մը ըսի.
– Ո՛չ մէկ տեղ,- ու փորձեցի ազատիլ իր ներկայութենէն եւ ուղղուիլ դէպի պատուհան: Գիտէի գլխուս գալիքը: Առաջին անգամ չէր, որ այսպէս յանկարծակի դէմս կ՛ելլէր, կամ ալ նոյն տեղը իրարու կը հանդիպէինք: Ուժգին ցնցուած կ՛երեւէր: Վախազդու երազէ մը հալածուողի մը նման կը դողար: Դէմքը պաղ քրտինք մը կապած էր, տեսանելի ու նոյնքան ալ առատ: Շատ մօտիկէն սկսած էի լսել իր սրտին զարկերը:
Ժամադրութեան ուշացողի հարազատ պատկերն էր, միաժամանակ անիմաստ աճապարանք ունեցողի կերպարանք մըն ալ ունէր: Ուզեցի իր ներկայութիւնը անտեսել, խուսափիլ, դուրսը դիտել:
Դիտել աշխարհը: Փորձեցի կրկին անգամ պատուհանին մօտենալ, որուն վարագոյրին ետեւէն փշրանք մը աղօտ լոյս հազիւ ներս կը նայէր:
Կանխեց զիս: Ճիգս անօգուտ էր: Ձախողած էի: Հիմա երկուքս ալ կանգնած էինք դէմ դիմաց: Ներքին հաշտութենէ մը մղուած` ստիպուած ես ալ սկսայ զինք դիտել:
Ա՜խ, Աստուա՛ծ իմ, այս որքա՜ն փոխուած էր: Տակաւին երէկ, երբ դարձեալ հոս` նոյն տեղը, այսպէս անխօս հանդիպած էինք, ինք բոլորովին տարբեր էր: Իսկ հիմա` գրեթէ ծերացած, յոգնած ու ջարդուած: Անժամանակ հոգեդարձ մը ապրողի նման` դէմքին վրայ օղակ-օղակ հետքեր կային: Զիս կը դիտէր երկարօրէն ու ագահ, կեանքի հեգնանքին նման: Վերջապէս իր աչքերը նայուածքս որոնեցին:
– Այս օրերուն բաւական ծուլացած կ՛երեւիս,- ըսաւ համարձակ, առանց նախաբանի: Մտադրութիւնը հասկնալով` ինքզինք աժան ձեւով արդարացնողի պարզ բառերով, գրեթէ անտրամադիր, ըսի.
– Ժամանակ չունի՛մ:
– Չե՛մ հաւատար: Փորձէ՛,- սաստեց:
Ձայնն ու արտասանած բառերը բիրտ էին եւ նոյնքան ալ` խիստ: Իր այսքան լայն ու ընդարձակ համարձակութիւնը կու գար թանձր ու անթափանց սեւ ամպի մը ծանրութեան նման ճզմելու մէջս արթուն մնացած ամէն ապրում:
– Ո՞ւր մնացին հայկականութիւն բուրող ոգիիդ թելադրանքները:
Յանկարծ յոգնութենէ ճնշուողի նման` ձայնը մարեցաւ: Բայց ինչո՞ւ այսօր այս բոլորը կրկին անգամ ինծի կը յիշեցնէր… Տարօրինակ եւ զարմանալի:
Խորքին մէջ իր այս թելադրանք-խօսքերը նորութիւններ չէին:
Յանկարծ նշմարեցի, որ վիշտի նման բան մը սահեցաւ դէմքին վրայէն, իսկ շրթունքի եզրին` հեգնանք մը: Անկասկած, որ ինծի ուրիշ բան մը կը փորձէր հասկցնել: Լուրջ էր: Կը զգայի, որ որդերու նման միջուկը կրծող հարցեր կային մտքին մէջ եւ լեզուին ծայրը:
– Մտիկ ըրէ՛, կ՛ըսեմ քեզի, – ըսաւ աւելի ջղային:
– Ժամանակ չունիմ, – պատասխանեցի իրմէ աւելի հեւքոտ,- է՜հ, չես տեսներ, արդէն ազատ ժամերու մուրացկան մը դարձած եմ,- ըսի կանխելու համար իր մէջ ամբարուած ամէն ուրախութիւն կամ տխրութիւն, սպասում եւ կամ յուսախաբութիւն:
– Հո՛ս` այս երկրին մէջ, օրուան ժամերդ քեզի չեն պատկանիր,- սկսայ արդարանալ: – Մեծ ու փոքր, քաղցր ու լեղի պարտաւորութիւններ եւ պարտականութիւններ կան, ազգային կամ ընտանեկան, զաւկի, թոռնիկի, միութեան հանդէպ ու նկատմամբ, որոնք կու գան կլանելու օրերդ, ամիսներդ ու տարիներդ:
– Դուն քեզի համար ժամանակ յատկացո՛ւր,- սաստեց խստօրէն: – Առանձնացի՛ր: Մինակութի՛ւնն է, որ մարդուս ուժ կու տայ: Այլապէս, մարդիկ ինչպէ՞ս պիտի գրէին այնքան գիրքեր, վէպեր եւ կամ ալ պատմուածքներ: Ինչպէ՞ս, ըսէ՛: Անոնք ինչպէ՞ս գիւտեր պիտի կատարէին այս աղմկոտ բազմութեան մէջ: – Յանկարծ լռեց` պատասխանի մը սպասողի ակնկալութեամբ ու կերպարով:
Կրկին անգամ փորձեցի զինք դիտել` գաղտագողի եւ նոյնպէս ամչկոտ: Վայրկեանին ուզեցի ձեւով մը վերլուծել` իր ըսածները, «շարածները», քննադատական բառերն ու խօսքերը ու այս բոլորէն ծնունդ առած` իր թելադրանքները: Հոգիս պաշարուեցաւ ինքնածին ու անծանօթ երկիւղով մը: Վախցայ: Յուսախաբ ու տխրութեամբ կրկին մտածեցի: Կարծես մտասեւեռման բրիչը սկսած էր կամաց-կամաց փորել յիշողութեանս հողը: Մտածումներու անթիւ փշրանքներ արդէն լեցուցած էին ամբողջ միտքս:
Անմիջապէս որոշեցի տարբեր առուներով փոխել մտքիս հունը: Վայրկեանին նոր ու հին եւ սակայն մեծապէս մտահոգիչ այլ բաներ մտաբերելով` խօսքս շարունակեցի.
– Ճի՛շդ ես, – ըսի համոզիչ ու տխուր, – բայց ասոնց վրայ անպայմանօրէն պէտք է աւելցնել նաեւ` արեւմտահայ մեր լեզուի ներկայ տխուր իրավիճակը, ամէն տեղ ու ամէն առիթով մե՛ր հայախօսութեան անտեսումը, հայերէն գիրքերու եւ թերթերու ընթերցման նահանջն ու պակասը, մեր հայու հարազատ գիտակցութեան հետզհետէ մաշումն ու անհետացումը: Աւելի՛ն. հայ աշակերտներու մեծ թիւին բացակայութիւնը, հո՛ս` այս երկրի հայ վարժարաններէն ներս: Եւ տակաւին` շատ յաճախ հայ բեմերէն հրապարակային ձեռնարկներուն կամ յայտագիրներուն մեր պատասխանատուներուն կողմէ արտասանուած ճառերու անհաճոյ խորքն ու արտայայտութեան ոճերը:
Լռեցի: Իսկապէս, որ խօսելէն յոգնած էի: Ես ինծի, ձայնիս ու հեւքիս քիչ մը դադար տուի: Ինք լուռ եւ անժպիտ զիս կը դիտէր: Իր կեցուածքէն քաջալերուած` վերադարձայ մտահոգութիւններուս կծիկին ու աւելի համարձակ շարունակեցի` յիշեցնելով, որ հայրենիքին չափ եւ նման` սփիւռքի ամբողջ տարածքին տակաւին անսասան պատերու պէս հարցեր կային, որոնք տեսանելի դարձած էին եւ վախազդու ժայռերու նման` ցցուած մեր ժողովուրդին դիմաց ու կը մաշեցնէին զինք:
– Ըսէ՛,- պոռացի,- ե՞րբ պիտի անդրադառնանք ամէնօրեայ այս վտանգներուն: Ե՞րբ պիտի սկսինք լաւապէս ճանչնալ մեր թշնամիները, մեր բարեկամները: Ո՞ւր է համայն հայութեան մտահոգութիւնն ու կեցուածքը: Ըսէ՛, խնդրեմ:
Զգալի էր, որ կսկիծը սկսած էր հոսիլ սրտէս: Դիմացինս իրաւունք ունէր, կը փորձէի ես զիս համոզել: Պէտք է խօսիլ: Պէտք է ամէն վայրկեան եւ ամէն գինով յիշեցնել ու յարատեւ պայքարիլ` յանուն լեզուի գիտակցութեան: Այսօր ամէն բանի պէտք ունինք` բացի անտարբերութենէ:
Հաստատապէս բառերուս մէջ յոյզերն էին, որոնք կ՛ապրէին: Սիրտս պիտի կենար: Ի՞նչ կարիք կար առաւօտ կանուխ նման հոգեկան տագնապ բերել կամ ստեղծել: Ինչո՞ւ, հը՜, ինչո՞ւ…
Հայեացքս կրկին անգամ խաչուեցաւ անոր աչքերուն: Ինքն ալ յուզուած էր: Կարծես տեսակ մը տմարդի խայթոցներէ կը տառապէր: Խայթոցներ, որոնք ո՛չ սահման կը ճանչնային եւ ո՛չ ալ ժամանակ: Կրծող, թրթուրի նման իմ միտքերս քրտինք բերած էին նաեւ իր ճակտին:
Դարձեալ լռեցի, ինծի հետ նաեւ` ինք: Տարօրինակ կերպով ինք աւելի երկար սկսաւ զիս դիտել: Կապարի նման ծանրացած էր հայեացքը: Աստուա՛ծ իմ, կարծես լքուած, սակայն ապրող ուրուական մը ըլլար:
Սրտին մէջ հաստատապէս ինկած էր շուրջը ծաւալող, ազգը մտահոգող հարցերուն ծանրութիւնը: Կասկած չկար, որ վերապրումներու յիշողութիւն մըն էր, որ տենդագին յուզում մը ստեղծած էր մեր երկուքին համար: Զգացի, որ ինքն իրեն հետ որոշ չափով հաշտուած էր: Այդ պահուն էր, որ իմ ալ սիրտս լռութեան եւ ինքնազսպումի կարօտը զգաց ու խաբուածի նման հանդարտեցաւ:
Արդեօք իրական աշխարհի մէջ նման բան կա՞ր, թէ՞ ո՛չ եղածն ու պատահարը պարզ երազ էին կամ պատահական յօրինուածք մը, կամ` ընդարձակ կեղծիք, համատարած սուտ եւ խաբկանք:
Խոնաւութիւն մը իջաւ մեր լռութեան վրայ: Իր դէմքը պղտորեցաւ: Այլեւս յստակ կերպով չէի կրնար տեսնել իր երեսը, իր աչքերը, իր հասակը: Քաղաքի մշուշը կարծես հոս ալ հասած էր ու մեր լռութիւնը դարձուցած` անախորժ:
Հիմա սենեակին մէջ ոչինչ կար:
* * *
Անդրադարձայ: Արագ կերպով հեռացայ սենեակիս մեծ հայելիին դիմացէն: Մօտեցայ գրասեղանիս: Դուրսը գիշերը արդէն մեռած էր:
Կարծես խօսողը երեւակայութիւնս ըլլար:


