Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարլ Ազնաւուրի Ընտանիքին Մտերմութեան Մէջ

June 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ 

1974 մայիս 22-ին բարեկամուհիի մը այցելութեան գացած էի,  հոն եկաւ նաեւ քամանչա նուագող Ռուբէն Մուշեղեանին մայրը` Արաքսին: Հազիւ նստած` ըսաւ, որ Շարլ Ազնաւուրն ու ընտանիքը Պէյրութ կը գտնուին, հայրը, քոյրը եւ Կառվարենցը փափաքած են Համրայի «Սայաթ Նովա» ճաշարանը երթալ երեկոյեան, պայմանաւ որ յաճախորդ չըլլայ ուրիշ` բացի նուագախումբի կազմէն եւ ընտանիքներէն:

Ես Ազնաւուրն ու անոր երգերը շատ կը սիրէի, երբ լսեցի այս լուրը, ըսի` երանի ես ալ կարենայի հոն ըլլալ ու վայելել իրենց ներկայութիւնը: Բարեկամուհիին տունը ներկայ էր նաեւ տիկին Չուլճեանը. մեր դրացին անմիջապէս ըսաւ. «Աղջի՛կս, փափաքդ ալ այդ թող ըլլայ: Ես տղուս կ՛ըսեմ, ձեզ կը տանի»: Անմիջապէս ալ դասաւորում ըրաւ, եւ մենք երեկոյեան` Ռուբէնին արտօնութեամբ, իբրեւ իր հիւրերը գիշերը գացինք ճաշարան եւ մեր սեղանը գրաւեցինք: Քիչ անց ժամանեցին Ազնաւուրեանները, մենք ուրախութեամբ ոտքի ելանք եւ ծափերով ընդունեցինք զիրենք:

Շարլին հայրը տարեց ու պատկառելի հայ մըն էր, երբ սրահ մտաւ, յուզումով սկսաւ պատերուն վրայ Սայաթ Նովայի նկարները դիտել եւ գրութիւնները կարդալ` չափէն աւելի ազդուելով: Մինչ այդ Շարլը հօրը դառնալով` հայերէնով ըսաւ. «Հայրի՛կ, ինչո՞ւ կը յուզուիս, ես քեզ հոս բերի, որ ուրախանաս»: Մենք դարձեալ ոտքի ելանք եւ ծափահարեցինք, որովհետեւ Շարլը հայերէն խօսեցաւ հօրը հետ:

Երբ իրենք իրենց տեղերը գրաւեցին, մօտեցանք եւ մենք մեզ ծանօթացուցինք` ըսելով, որ մենք սքանչացումով եւ հպարտութեամբ կը լսենք իր երգերը, բայց այսօր շատ ուրախ ենք իր ու ընտանիքին ներկայութիւնը վայելելով:

Ամբողջ գիշերուան տեւողութեան լսեցինք Սայաթ Նովայի երգերը` Ռուբէնին նուագախումբին ընկերակցութեամբ:

Ժամը 3:00-ին Փարիզէն Շարլ Ազնաւուրին կինը հեռաձայնեց եւ ամուսնոյն յիսնամեակը շնորհաւորեց: Մինչ այդ ճաշարանին տէրը տարեդարձի կարկանդակը բերաւ, եւ բոլորս իրենց շուրջ հաւաքուելով` շնորհաւորեցինք զինք եւ մասնակցեցանք երգին:

Խնդրեցինք, որ իրենց հետ խմբանկար մը առնենք, սիրով ընդունեցին: Մենք այդ գիշեր ուրախութեամբ եւ գոհունակ վայելեցինք Ազնաւուրեանները եւ Շարլին մաղթեցինք անսպառ ձայն եւ նորանոր յաջողութիւններ:

Այս տարի` 22 մայիս 2024-ին, երբ նշուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակը, ուրախութեամբ լեցուեցայ, որ ես անոր յիսնամեակին ներկայ եղած եւ վայելած եմ զիրենք:

Բոլորին յիշատակը վառ մնայ:

 

 

Նախորդը

Շուշիի Ազատագրութեան 32-Ամեակի Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

«Օգնական Բուժքոյրերու Ծրագիր»-ի Վկայագիրներու Բաշխման Հանդիսութիւն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.