Հայաստանի եւ հայութեան համար բախտորոշ պայմաններու մէջ կը տօնենք Հայաստանի անկախութիւնը: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, 1918 մայիս 28-ը դարձաւ առաջին հանրապետութեան տարեդարձի օր եւ ստացաւ «Հանրապետութեան օր» անուանումը: Անկախութենէն առաջ, 1960-ական թուականներու կէսերէն սկսեալ կը յիշուէր Սարդարապատի յաղթանակը զանց առնելով անկախութեան գաղափարը:
Հայաստանի անկախութեան 106-րդ տարեդարձը կը տօնենք մերօրեայ դէպքերու լոյսին տակ` «Ահա՛ զանգը Տաւուշէն» խորագրին ներքեւ: Այս հրաւէր է կեդրոնանալու այս օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վրայ, իրադարձութիւններ, որոնք յղի են անկախութեան գաղափարը, անոր իմաստը բնորոշող տարրերով:
Հակառակ այժմէականին կարեւորութեան, անմիջականին վրայ յաւելեալ լոյս սփռելու անհրաժեշտութենէն մեկնելով, հարկ է վերադառնալ 106 տարի ետեւ ու անգամ մը եւս յիշեցնել 28 մայիս 1918-ի աքթին պատմակերտ նշանակութիւնը:
Շարունակուող Եղեռնի պայմաններուն մէջ, երբ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան պատճառով ռուսերը լքած էին ճակատը, ստորագրած էին Պրեսթ Լիթովսկիի պայմանագիրը` Թուրքիոյ զիջելով հայկական հողերը, մինչեւ Կարսը ներառեալ, այսինքն բան մը, որ իրենց չէր պատկաներ, հայկական կամաւորական փոքրաթիւ ուժերը մնացած էին մինակ թշնամիին դէմ, իսկ թշնամին անդադար յառաջացած էր ու Կարսով չգոհանալով` հասած էր Ալեքսանդրապոլ (Գիւմրի) ու կը սպառնար Արարատեան դաշտին, Էջմիածնին ու Երեւանին: Թիֆլիսի Հայոց ազգային խորհուրդին կողմէ 1917-ի դեկտեմբերին արտակարգ լիազօրութիւններով Երեւան ղրկուեցաւ Արամ Մանուկեանը: Ան վերակազմեց Երեւանի Ազգային խորհուրդը, կազմեց յատուկ կոմիտէ եւ ձեռնամուխ եղաւ կազմակերպելու երեւանեան նահանգի զինուորական ու վարչական իշխանութիւնը:
Ահաւասիկ ինչ կ՛ըսէ Արամ` իբրեւ քաղաքական ու մարտական ուղեգիծ: «Ամէն ոք իր մասին է մտածում: Իր երկրի սահմաններից այն կողմ եթէ նայող կայ, նայում է միայն յանուն իր շահերի: Ոչ ոք ոչ մի մարդ չի ուղարկի տաճկական ճակատ` տուն գնացող ռուսներին փոխարինելու համար: Եթէ ընդհանուր ուժերով ճակատ պահելու խօսք էլ է լինում, դա լոկ խօսք է, զուրկ` հիմքից ու անկեղծութիւնից: Հայերով ոչ ոք չի հետաքրքրւում շօշափելի օգնութիւն հասցնելու մտքով: Դրա հակառակը, կայ դաւադրական վերաբերմունք: Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միա՛յն մեր ուժերին` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրի ներսը կարգ հաստատելու համար»:
Չկրկնենք պատմութիւնը, որ բազմաթիւ առիթներով պատմուած է: Մայիսին թուրքերը արդէն հասած էին Սարդարապատ, գրաւած` երկաթուղիի կայարանը: 1918 մայիս 22-ին հայկական զօրքերը հակայարձակման անցան ու երեք ճակատներու վրայ` Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ Ղարաքիլիսէ (Վանաձոր), անոնք ոչ միայն կասեցուցին թրքական յառաջխաղացքը, այլ զայն նահանջի մատնեցին: Ասիկա հրաշքի համազօր իրագործում մըն էր: Երբ Անդրկովկասեան դաշնակցային պետութիւնը (ծանօթ` Սէյմ անունով) քայքայուեցաւ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի անկախացումով, Հայաստան եւս հռչակեց իր անկախութիւնը:
Թրքական եւ ռուսական տիրակալութեան ամբողջ տեւողութեան մեր ժողովուրդի ճնշիչ տոկոսը ունէր այն խոր համոզումը, որ հայը անզօր է թօթափելու այդ լուծերը: Սարդարապատը շպրտեց այդ անզօրութիւնը: Եւ վեց հարիւր տարուան գերութենէն ետք հայը եկաւ այն եզրակացութեան, որ ինք կարող է իր տէրը դառնալ: Այդ համոզումը անկախութեան գաղափարն է:
Կարճատեւ եղաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կեանքը: Ուղիղ 2,5 տարի: Այդ 2,5 տարիներու ընթացքին, Սիմոն Վրացեանի բնորոշումով, «անձեւ քաոսէն» ստեղծուեցաւ պետութիւն: 600 տարիներ հայերը գտնուած էին զանազան նուաճողներու ենթակայութեան տակ, եւ կազմաւորուած էր օտարին հարկատու, նոյնիսկ օտար ճնշողին ու շահագործողին հնազանդ տիպարը: Հայը հայուն կողմէ կառավարելու բնական ձգտումը մարած էր շատոնց, եւ խրոխտ ու անկախասէր հայու տիպարը` աղարտած: Երկու եւ կէս տարիներու ընթացքին, պետականաշինութեան վիթխարի աշխատանքներու կողքին, ստեղծուեցաւ հոգեմտաւոր մակարդակի վրայ հայ քաղաքացիի, հայկական վերազարթնած պետութեան մաս կազմողի, հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասող հայերու բազմութիւն մը, որ Հայաստանի անկախութեան խորտակման արդէն մեծամասնութիւն կը կազմէր:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը դադրեցաւ անկախ գոյութենէ` պոլշեւիկ Ռուսիոյ եւ քեմալական Թուրքիոյ համատեղ հարուածներուն չդիմանալով: Անկախ ու ազատ հանրապետութիւնը դադրեցաւ, սակայն անկախութեան գաղափարը մնաց: Խորհրդային իշխանութեան 70 տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդը պահպանեց իր սրտին խորքը ազատութեան տենչը եւ անկախութեան երազը, մինչեւ որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն օգտուելով` վերահռչակեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Խորհրդային Միութեան մէջ ազատականացման քաղաքականութիւնը խթան հանդիսացաւ ղարաբաղեան պահանջատիրութեան պոռթկումին: Ստեփանակերտէն սկսելով` շարժումը տարածուեցաւ Հայաստանի եւ սփիւռքի բոլոր անկիւնները: Նոյնիսկ Հայաստանի հիւսիսային շրջաններու ահաւոր երկրաշարժը, որ հայութեան ծոցին մէջ միասնականութեան հզօր ալիք յառաջացուց, չկրցաւ կոտրել թափը շարժումին, որ խաղաղ պահանջատիրութենէն անցաւ զինեալ պայքարի: Պայքարը կորուստներ ունեցաւ, վերիվայրումներ եղան, սակայն ի վերջոյ յաղթանակեց եւ յանգեցաւ Արցախի Հանրապետութեան ստեղծումին:
Ղարաբաղեան պահանջատիրական շարժումը գլխաւորող «Ղարաբաղ կոմիտէն» վերածուեցաւ Հայոց համազգային շարժման եւ ուղղութիւն փոխեց: Հայաստանեան ներքին զանազան պայքարներէ ետք շարժումը կեդրոնացաւ Հայաստանի անկախութեան պահանջին վրայ:
Անկախութեան հռչակումին եւ զայն օրինականացնող հանրաքուէին նախորդեց տակաւին խորհրդային հանրապետութիւն հանդիսացող Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի կողմէ որդեգրուած Անկախութեան հռչակագիրը, Խորհրդային Միութեան մէջ նախագահ Կորպաչովի կողմէ հռչակուած ժողովրդավարացման շնորհիւ, Հայաստանի մէջ կայացած էին համեմատաբար ազատ խորհրդարանական ընտրութիւններ, կազմաւորուած Գերագոյն խորհուրդի մէջ Հայոց համազգային շարժումը ունեցաւ մեծագոյն խմբակցութիւնը առանց մեծամասնութեան հասնելու սակայն: Այս Գերագոյն խորհուրդն էր, որ թափ տուաւ անկախութեան հռչակման գործընթացին, մշակեց Անկախութեան հռչակագիրը եւ կազմակերպեց անկախութեան հանրաքուէն:
Ամբողջ եօթանասուն տարի Հայաստան չէր կրնար տէր կանգնիլ հայութեան իրաւունքներուն, Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման համար պայքարին, մեր պահանջատիրութեան մէկ խօսքով` Հայ դատին: Յոյսը մեծ էր, որ անկախութիւնը պիտի սրբագրէր այս արգելքը եւ սփիւռքահայութեան ծաւալած պայքարին պիտի բերէր պետական հետապնդման բարիքները: Երկարատեւ վիճաբանութիւններէ, թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակումներէ ետք, Անկախութեան հռչակագիրը յիշատակեց Ցեղասպանութիւնը` որոշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի սատարէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Ոչ մէկ խօսք` պահանջատիրութեան մասին, ոչինչ` Հայ դատի մասին: Հետագային Անկախութեան հռչակագիրը մաս կազմեց Հայաստանի սահմանադրութեան նախաբանին:
Նոյն հռչակագիրը կը պահանջէր Արցախի եւ յարակից հայաբնակ շրջաններու միացումը Հայաստանին:
Երկրի մը անկախութիւնը պայմանաւորուած է այդ երկրի քաղաքացիներուն ըմբռնումովը անկախութեան մասին: Անոնց մտածումներուն ամբողջութիւնն է, որ հիմք պէտք է ծառայէ իրենց երկրի անկախութեան: Անկախութիւնը իրեն հետ պէտք է ունենայ ոչ միայն գաղափարը, այլեւ` ոգին եւ զգացումը:
Մտածումի կամ գաղափարի այդ անկախութիւնը փորձեցին ջնջել Հայաստանի նորաստեղծ հանրապետութեան առաջին իշխանութիւնները` ուրանալով Հայ դատը եւ ազգային գաղափարախօսութիւնը հռչակելով հինցած ու անընդունելի հաւատամք:
Անկախութեան հռչակումէն ետք Հայաստան որդեգրեց ազատական տնտեսական դրութիւնը եւ գռեհիկ ժողովրդավարութիւն մը, որ ամբողջատիրութեան մեղմացուած տարբերակն է: Արհեստական կերպով ստեղծուեցաւ դրամատէրերու, այսպէս կոչուած, գործարարներու, դասակարգ մը, այն յոյսով, որ անոնք տէր դառնալով պետական հիմնարկներուն եւ գործարաններուն` աշխատատեղեր պիտի ստեղծեն եւ տնտեսութիւն զարգացնեն: Ատոր փոխարէն` ստեղծուեցան մենաշնորհներ: Հայաստան դադրեցաւ արտադրական տնտեսութիւն ունենալէ, վերածուեցաւ առեւտուրի եւ վաճառականութեան բաց ասպարէզի: Տնտեսական հզօրութիւն ձեռք ձգած գործարարները մտան քաղաքական ասպարէզ ու առանց գաղափարաբանութեան ու առանց ազգային նպատակի` հիմնեցին տասնեակներով կուսակցութիւններ, ոմանք` շատ փոքրաթիւ անդամներով, եւ քաղաքական դաշտը տարտղնուեցաւ ու նիւթը դարձաւ առաջնորդ հանրային կեանքին:
Փոփոխութեան փորձեր եղան, Ցեղասպանութեան ճանաչումը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան օրակարգի նիւթ դարձաւ: Սակայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակեց մնալ կեդրոնացեալ նախագահական իշխանութեամբ կառավարուող սակաւապետութիւն մը:
Սահմանադրական փոփոխութիւնը, որ նախագահական կեդրոնացեալ կառավարումէն անցում կը կատարէր խորհրդարանական կառավարման, պէտք էր վերջ տար փոքրաթիւ խմբակի մը իշխանութեան եւ հաստատէր իրա՛ւ ժողովրդավարութիւն, իրա՛ւ բազմակարծութիւն, իրա՛ւ բազմակուսակցութիւն: Պէտք էր ապահովէր անհատներու փոխարէն` գաղափարներու գերակայութիւնը, խթանէր կուսակցութիւններու դաշինքներու միջոցով համագործակցութիւնը:
Ստեղծուած վիճակէն, ժողովուրդի դժգոհութենէն օգտուեցան արտաքին ուժեր եւ իրենց շրջանային քաղաքական շահերը սպասարկելու նպատակով Հայաստանի մէջ յաջողցուցին բազմաթիւ երկիրներու մէջ փորձուած գունաւոր յեղափոխութիւններէն մէկը: Հայաստանի մէջ իրականացած իշխանափոխութիւնը կոչուեցաւ թաւշեայ յեղափոխութիւն:
Թաւշեայ յեղափոխութիւնը օգտագործեց ամբոխավարական արհեստագիտութեան բոլոր հնարքները: Փոփոխութեան մը համար հիմքեր կային անկասկած: Սակայն յառաջդիմութիւնը եւ յաջողութիւնները ժխտելով, թերութիւններն ու սխալները մեծցնելով, գոյութիւն ունեցողն ու ունեցածները մերժելով, յեղափոխականի պատմուճան հագած ցուցարարները, առաջնորդութեամբ ժխտական անցեալով ամբոխավարի մը` Նիկոլ Փաշինեանի, հատեցին բոլոր կարմիր գիծերը ու կրցան ժողովրդային նեցուկ ապահովել եւ տիրանալ իշխանութեան: Ժողովուրդը պառակտուեցաւ, հանրութիւնը բաժնուեցաւ սեւերու եւ սպիտակներու, նախկինները, բոլո՛ր նախկինները հալածուեցան ու դատապարտուեցան, պետական վարչամեքենան գրաւուեցաւ անփորձ, անգաղափար ու պատեհապաշտ, բայց յաւակնոտ պաշտօնեաներու կողմէ: Քաղաքացիական հասարակութեան պառակտումը առաջնորդեց ժողովուրդի անտարբերութեան:
Ինչո՞ւ զարմանալ, որ նման պայմաններէն փորձեց օգտուիլ Ազրպէյճանը, որ 2020-ի աշնան դիմեց լայնածաւալ յարձակման եւ 44 օր տեւած արիւնալի պատերազմէ մը դուրս եկաւ յաղթական: Կորսնցուցինք Արցախի մեծագոյն մասը, մնացածն ալ կորսնցնելու համար աւելի ուշ: Դարերով հայ ազատագրական պայքարի հնոց հանդիսացած Արցախը դատարկուեցաւ իր բնակչութենէն: Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուեցան նոյնիսկ Հայաստանի պատկանող սահմանամերձ ու ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող բարձունքներ:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս դադրեցաւ Արցախի ապահովութեան երաշխաւորը ըլլալէ: Չորս հազարէ աւելի մահերուն, հսկայական տարածքներու կորուստին, Արցախի մնացորդացի շրջափակումին, ապա նաեւ բնակչութեան պարտադրուած գաղթին համար Հայաստանի իշխանութիւնները ոչ մէկ պատասխանատուութիւն ստանձնեցին: Թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ արեւմտեան տէրութիւններու անտարբեր, չըսելու համար քաջալեր հանդիսատեսի առկայութեամբ, Ազրպէյճան իրագործեց նոր ցեղասպանութիւն մը: Հայաստանի իշխանութիւնները վճռական կերպով որդեգրած էին, այսպէս կոչուած, խաղաղութեան քաղաքականութիւն մը: Ամենաբուռն եղանակով դատապարտելով հանդերձ Ազրպէյճանի եւ իր աւագ եղբայր Թուրքիոյ կատարած աւերը, չենք կրնար չմտածել, որ Հայաստանի հլու ու հնազանդ, կատարուածին պատասխանատուութիւնը մերժող, չդիմադրող իշխանութիւնը արդեօ՞ք մեղսակից չէ կատարուածին: Արդեօ՞ք այս արդիւնքը ստանալու համար չէ՞, որ բերուած է իշխանութեան:
Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովին մէջ յայտարարեց, որ Արեւմուտքը կը թելադրէ Արցախի հարցով իջեցնել նշաձողը, այսինքն` հրաժարիլ անկախութեան պահանջէն. իր ըսելով, նման զիջման մը պարագային, Արեւմուտքը զօրավիգ պիտի կանգնէր Հայաստանին: Հայաստան իջեցուց նշաձողը, սակայն զօրակցութիւն չեղաւ Արեւմուտքէն, ոչ ալ` Արեւելքէն: Ազրպէյճան իր յաջողութիւններէն գինովցած` անդադար պահանջներ կը դնէ: Միւս կողմէ` իրեն կ՛արձագանգէ Թուրքիան: Արեւմուտք եւ Ռուսիա կը յայտարարեն, որ պատրաստ են օգտակար դառնալու Հայաստանին ու Ազրպէյճանին` խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու նպատակով կատարուող բանակցութիւններուն:
Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք արդէն վերածուած են միայն մէկ մարդու կողմէ ղեկավարուող սակաւապետութեան մը, դրական կերպով կ՛արձագանգեն Ազրպէյճանէն ու Թուրքիայէն եկող ամէն պահանջի: Պատրաստակամութիւն կը յայտնեն` փոխելու սահմանադրութիւնը` անկէ դուրս բերելու համար Անկախութեան հռչակագրով ամրագրուած պահանջատիրական յօդուածները, Արարատը լեռը փոխարինել Արագածով, պատմական Հայաստանը հակադրել իրական Հայաստանին, շփոթել հայրենիքն ու պետութիւնը, իրարու հակադրել ընտրանիի պետութիւնը եւ ժողովուրդի պետութիւնը: Ամէն օր` նոր գիւտ մը:
Հայաստանը մէկ կողմէն Արեւմուտքի եւ միւս կողմէ` Ռուսիոյ եւ Իրանի հակամարտութեան մէջ մանրադրամի վերածելէն ու քաղաքական դիակ դարձնելէն չգոհանալով, Նիկոլ Փաշինեան կ՛ուզէ փոխել մեր հայրենիքին բովանդակութիւնը, հայ մարդու ինքնութիւնն ու արժէքները` ժխտելով մեր խորհրդանիշները, մեր երազներն ու իղձերը, մեր գոյութեան իրաւունքն ու կենսագրութիւնը` հայոց պատմութիւնը:
Հայաստանի քաղաքացին, պայքարներէն յոգնած, պարտութեան պատճառով խոր տեղատուութեան մատնուած, կը թուէր, որ անտարբեր է թէ՛ կատարուողին եւ թէ՛ ըսուածին նկատմամբ: Դարերու ընթացքին մեր ժողովուրդի հոգեկան աշխարհին վրայ մշուշներ եկած էին եւ մթագնած` անոր հոգին: Ժամանակը, սակայն, փարատած էր զանոնք: Այս անգամ, սակայն խոցը խորն էր ու անբուժելի կը թուէր: Ցոյցերը, հաւաքները, բողոքները, անհնազանդութեան խաղաղ արարքները անկարող եղան արթնցնելու խոր թմբիրի մատնուած հայու հոգին, երբեմնի արժանապատիւ ու խրոխտ ոգին:
Անկախութիւնը վտանգուեցաւ: Հայութիւնը հերոսական խոյանքով մը, ինչպէս 1918-ի մայիսին, պէտք է նուաճում կատարէր ինքն իր վրայ: Պարտուածի հոգեվիճակէն դուրս գար եւ զինուէր յաղթողի հոգեվիճակով: Անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պէտք չէր մնային լոկ խօսքեր, այլ իրական դառնային:
Ի վերջոյ, ձայն մը հնչեց Տաւուշէն: Անօրինական, հակասահմանադրական սահմանազատումի համաձայնութիւն մը ոտքի հանեց Տաւուշի ժողովուրդը, որ ղեկավարուելով Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի կողմէ, մերժեց կորաքամակ յանձնումի հերթական արարքը: Ահազանգը Տաւուշէն սկսաւ, սակայն շուտով համահայաստանեան դարձաւ, նոյնիսկ` համահայկական: Որեւէ հաւաքական նպատակ նախ պէտք է իւրացուի այդ հաւաքականութեան կողմէ: Ասիկա նախապայման է անոր իրականացման համար:
Մեծ ճիգերէ եւ զոհողութիւններէ ետք, կարելի է ըսել, որ Հայաստանի ժողովուրդը վերագտած է ինքզինք: Վերազարթօնքին համար հարկ էր զօրաւոր ու կազմակերպուած ազդակ մը, որ երեւան եկաւ անսպասելի առաջնորդի մը միջոցով, որ ո՛չ անցեալին կը պատկանէր, ո՛չ ներկային առնչուած էր: Հայրենասէր ու զոհաբերող բարձրաստիճան եկեղեցական մը, որ պարտութեան ալիքին դէմ թումբ կանգնելու անհրաժեշտ պայքարին բերաւ նաեւ Հայ եկեղեցւոյ օրհնութիւնը:
Այժմ ազգայինը մակընթացութեան մէջ է, իշխանութիւնը` տեղատուութեան:
«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդները կը հաւատան, որ.
Ոգին կը յաղթէ դուխին, (որ փաշինեանական յանդգնութիւնն է)
Լոյսը` խաւարին,
Եռագոյնը` սեւ ու սպիտակին,
Ճշմարիտը` սուտին,
Արժանապատուութիւնը` ստորացման:
Հետզհետէ բազմացող ցուցարարները կը գոռան. «Հայ, Հայաստան, հայրենիք, Աստուած»:
Իշխանութիւնները մեծ ճիգեր կը թափեն շարժումը իր սաղմին մէջ խեղդելու համար: Ոստիկանական յատուկ ուժեր կ՛արգիլեն օրէնքով արտօնուած խաղաղ ցոյցերը, կը ծեծեն ու կը խոշտանգեն ցուցարարները, բերման կ՛ենթարկեն (կը ձերբակալեն) հարիւրներով: Միաժամանակ լրատուական գետնի վրայ իշխանութիւնները գործի լծած են իրենց սուտ լուրերու ու վարկաբեկման արշաւներու ողջ զինանոցը:
Անհրաժեշտ է ծառանալ այս վտանգաւոր գրոհին դէմ: Կամաւոր կամ անգիտակից անտարբերութեամբ պէտք չէ զոհենք դարերէն եկող այն սրբազան կրակը, զոր ամէն հայ պարտաւոր է իր մէջ անվթար ու անձեռնմխելի պահել` պահպանել մեր ժողովուրդի դարաւոր ձգտումը` ազատ, անկախ ու միաւորուած հայութեամբ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի գաղափարը: Պէտք չէ թոյլ տալ, որ օղակ առ օղակ փշրուի այն շղթան, որ Հայոց պատմութիւն կը կոչուի, որ մեր ժողովուրդին բարոյական հայրենիքն է, իր վերջնական ապաստանը:
Պայքարը նոր սկսած է: Պայքարը կրնայ երկար տեւել, որովհետեւ արդարութեան եւ ճշմարտութեան վրայ յենուող յաղթանակները դժուար կը շահուին: Հաստատակամ պէտք է մնալ ու ժողովուրդին ներշնչել յոյս, հաւատք, կամքի զօրութիւն եւ քաջութիւն:
Պէտք է վերանուաճել ու վերաիմաստաւորել անկախութիւնը, վերադարձնել հպարտութիւնը: Մեր ժողովուրդին վիճակուած յարատեւ պայքարը, երբեմն ընկրկումներով, երբեմն նաեւ մասնակի յաղթանակներով մեր ազգային ճակատագրին անբաժան մասն է: Պէտք չէ ընկրկիլ, պէտք է յարատեւել:
Որովհետեւ ո՛վ որ չի յուսահատիր, ո՛վ որ կը յարատեւէ, ի վերջոյ կը յաղթէ:
* Բանախօսութիւն` արտասանուած Հայաստանի անկախութեան 106-ամեակին նուիրուած «Ահա՛ զանգը Տաւուշէն» խորագրեալ ձեռնարկին: