1 յուլիս 1923-ին Մաամըլթէյնի մէջ պաշտօնապէս հիմնադրուած հայ թոքախտաւորներ խնամող հայկական բուժարանը 12 օգոստոս 1938-ին կը փոխադրուի Ազունիէ` իր շուրջ համախմբելով աշխարհասփիւռ հայութիւնը եւ ծառայութիւն մատուցելով բոլորին:
Սկիզբը իբրեւ թոքախտաւորներ բուժող եւ անոնց հոգատարութիւնը ստանձնող այս կառոյցը ժամանակի ընթացքին իր երդիքին տակ կ՛ընդունի նաեւ այլ հիւանդութիւններէ տառապողներ, ինչպէս նաեւ` անձեր, որոնք ծանր հիւանդութիւններ չունենալով հանդերձ, կարիք ունին խնամքի, յատկապէս` ընտանեկան հարազատ յարկի:
Արդարեւ, Ազունիէի Ազգային բուժարանը այսօր բաւական ընդարձակուած ու սարքաւորուած է, օժտուած է հանգստաւէտութեան եւ առողջապահական բոլոր տուեալներով, պատրաստ է ծառայութիւններ մատուցելու բժշկական տարբեր մարզերու մէջ եւ իր բարիքները հասցնելու զանազան ախտերէ տառապող հայ հիւանդներուն:
Նախորդ տարի իր հիմնադրութեան 100-ամեակը ամբողջացուցած Հայ ազգային բուժարանը այս շաբաթավերջին` կիրակի, 9 յունիսին, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ պաշտօնապէս պիտի նշէ իր 100-ամեակը` «Ֆայհա» լիբանանեան պետական երգչախումբին կողմէ մատուցուած հայերէն երգերով, ինչպէս նաեւ` այս առիթով հրատարակուած 100-ամեակին նուիրուած յուշամատեանի շնորհահանդէսով:
Այս առիթով այս էջին մէջ կը հրապարակենք յուշամատեանին մէջ տեղ գտած խնամակալութեան խօսքը, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղակալ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի ողջոյնի գիրերը:
Հայրապետական Գիր Օրհնութեան`
Ազգ. Բուժարանի 100-Ամեակին Առիթով
Մեծ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հոգեկան անհուն ուրախութեամբ կ՛ողջունենք Ազունիէի Ազգային բուժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակը: Արդարեւ, յետադարձ ակնարկ մը` բուժարանի հարիւր տարիներու պատմութեան, յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ առողջապահական այս հաստատութիւնը բարձրագոյն աստիճանի բծախնդրութեամբ ու նուիրումով ծառայած է ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, այլ նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք բուժման կարիքը ունեցած են եւ դռները թակած` այս կեդրոնին: Բուժարանը ծառայած է անխտիր բոլորին` հայուն թէ արաբին, քրիստոնեային թէ իսլամին, լիբանանցիին թէ ոչ լիբանանցիին. եւ այս ծառայութիւնը եղած է մասնագիտական մօտեցումով ու մարդասիրական ոգիով: Տասնամեակներ շարունակ բուժարանը յատուկ տեղ գրաւած է Միջին Արեւելքի բժշկագիտական մարզէն ներս, յատկապէս` որպէս թոքախտի բուժման կարեւոր կեդրոն:
Իրենց մասնագիտութեամբ ու նուիրումով ծառայող անձերն են, որ կ՛երաշխաւորեն ընկերութեան կեանքէն ներս գործող հաստատութիւններու որակն ու համբաւը: Այսպէ՛ս եղած է նաեւ բուժարանը` շնորհիւ այն բազմաթիւ բժիշկներուն ու բուժքոյրերուն, տնօրէններուն ու խնամակալութեանց, որոնք իրենց լուրջ աշխատանքի ու անմնացորդ ծառայութեան դրոշմը դրած են բուժարանի գործունէութեան մէջ: Լիբանանի Շուֆ շրջանէն ներս հաստատուած Ազգային բուժարանը իր կազմակերպ ու ծառայական ներկայութեամբ նաեւ վայելած է խոր յարգանքը շրջանի տիւրզի համայնքին` մեծ պատիւ բերելով մասնաւորաբար Լիբանանի հայութեան:
100-ամեակը առիթ մըն է բանալու բուժարանի անցեալի պատմութեան էջերը եւ մեր սէրն ու յարգանքը արտայայտելու բոլոր անոնց, որոնք Աւետարանի բառերով` իրենց այրիի լուման դրին Ազունիէի Ազգային բուժարանի ծառայական գանձանակին մէջ: Երախտագիտութեամբ հարկ է յիշել բուժարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, բժշկական ու հիւանդապահական կազմերու երախտարժան անդամները, որոնք իրենց ժամանակն ու հանգիստը զոհած են` կանգուն պահելու բուժարանը եւ խնամելու հիւանդներն ու ծերունիները: Ջերմ գնահատանք նաեւ` իրենց նիւթական օժանդակութիւններով բուժարանին սատար հանդիսացած բարերարներուն:
Յատուկ գնահատանքով կ՛ուզենք յիշել բուժարանի Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբը, որ կը շարունակէ առաւելագոյն չափով նիւթապէս օգտակար հանդիսանալ հաստատութեան կարիքներուն, ինչպէս նաեւ` ծրագիրներու իրագործման: Մեր խոր գնահատանքը` մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք զանազան կերպերով նեցուկ կը կանգնին բուժարանին, որ սեփականութիւնն է մեր ժողովուրդին: Անհուն գոհունակութեամբ կ՛ողջունենք ներկայ խնամակալութեան նախաձեռնութեամբ կատարուող իրագործումները:
Կ՛աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Իր երկնային թագաւորութեան մէջ ընդունի հոգիները բոլոր անոնց, որոնք անձնուիրաբար ծառայեցին այս ազգային հաստատութեան: Մեր սպասումն է, որ ներկայ խնամակալութիւնը, տնօրէնութիւնը ու պաշտօնէութիւնը վերանորոգ հաւատքով շարունակեն իրենց նախորդներու կողմէ կատարուած ծառայութիւնը: Թող Աստուած երկնային օրհնութեամբ ծաղկեցնէ ձեր նուիրեալ ծառայութիւնը եւ կանգուն պահէ բուժարանը իր ծառայական ճամբուն վրայ:
Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Տուաւ Կոնդակս ի Կաթողիկոսարանիս
Ի դուռն Մայր Տաճարիս Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին
Որ յԱնթիլիաս, Լիբանան
Ի 20-ն Մարտի 2024 թուին Քրիստոսի, եւ
Ի թուին Հայոց ՌՆՀԳ.
Ընդ համարաւ Շ/ՈԼԷ.
Հարիւրամեակի Ողջոյն
Հաստատութիւններու տարեդարձներու նշումները ուրախառիթ միջոցառումներ ըլլալու կողքին, գնահատականի արժանի առիթներ են` վեր առնելու մանաւանդ հաստատութեան հիմնադիրներուն ունեցած եզակի ու կենսալից տեսլականը: Իսկ երբ նման հաստատութիւններ գաղթականութեան դժուարութիւնները ցմրուր ճաշակած հայորդիներու ֆիզիքական ու հոգեմտաւոր ապահովութիւնը եւ կեանքի գոյապայքարը ապահովելու կը միտին, անոնց նուիրուածութիւնը աւելիով իսկ կը պանծացուի:
Վերոյիշեալ մտորումներէն մեկնած, Ազունիէի Ազգային բուժարանի հարիւրամեակը տօն է ոչ թէ պարզապէս Լիբանանի հայկական հաստատութեան մը, այլ մանաւանդ տօնական առիթ հայուն հնարամտութեան` աղէտի ժամանակներուն, ներհայկական համագործակցութեան` կարեւորագոյն հարցերուն ներքեւ, եւ հայ անհատի ամբողջական բարօրութեան` կեանքի ճանապարհի բոլոր փուլերուն մէջ:
Բուժարանի հարիւրամեակը փառաբանութեան առիթ է առ Աստուած` Իր շնորհալի սիրոյն եւ ողորմութեան համար, որ շարունակեց մեր առաքելութիւնը հաստատել, որքան ալ ծանր եղած ըլլան պայմանները: Հարիւրամեակը կ՛ամբողջանայ միայն այն ատեն, երբ շնորհակալ սրտով գնահատենք` տեսլականը ուրուագծող ռահվիրան, առաջին օրերէն մինչեւ ներկայի բժշկական կաճառը, վարչական կազմերը, խնամակալ մարմինի նուիրեալները, նաեւ` առատաձեռն ու ազնիւ նուիրատուները:
Ազունիէի Ազգային բուժարանի հարիւր տարուան ընթացքին անընդմէջ իրագործուած աստուածահաճոյ աշխատանքը աւելի եւս ամրացնելու եւ յառաջիկայ տասնամեակները յոյսով դիմաւորելու հեռանկարով հաստատուն եւ ամուր քայլերով կ՛ուղղուինք դէպի երկրորդ հարիւրամեակ` միշտ ապաւինելով Բարձրեալին: Բարի՛ երթ եւ օրհնութիւն բուժարանին:
Աղօթարար
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
ՄԱՀԱԵՄ-ի Նախագահի Տեղապահ
Միտքեր, Յուշեր, Իրագործումներ Եւ Ծրագիրներ`
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարանի 100-Ամեակին Առիթով
2009-2022 ըլլալով Հայ ազգային բուժարանի խնամակալ մարմինի անդամ` պարտականութիւն կը նկատեմ այս տողերը գրելը:
Նախ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք վստահութիւն ունեցան ինծի նկատմամբ եւ քաջալերեցին կատարուած աշխատանքը` սկսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետէն մինչեւ այն բոլոր անձերը, որոնք գործակցեցան հետս:
Կ՛ուզեմ նաեւ յիշել մեզմէ առյաւէտ բաժնուած գրագէտ Ճորճ Աբէլեանը, որ իր կարգին խնամակալութեան անդամ էր: Պէտք է յիշել խնամակալութեան ատենապետ մօրեղբօրորդիս` Զոհրապ Թորիկեանը, անոր բարերար ընկերը` սիրելի Բիւզանդ Գէորգեանը, ատենապետներ` տոքթ. Փաուլօ Գազեզեանը, Սօսի Պարսումեանը, Թալին Գըլպաշեանը եւ փոխատենապետ Ներսէս Պաղտոյեանը, որոնք հմտօրէն կատարեցին իրենց վստահուած գործը, նաեւ` բոլոր այն անթիւ անձերը, որոնք իրենց ժամանակը, ներուժը եւ կարողութիւնները ի գործ դրին այս կառոյցի հաստատման, բարեկարգման ու յարատեւման:
Երկու խօսք ալ` կատարուած աշխատանքներուն մասին: Բազմաթիւ ծրագիրներ մշակուած ու գործադրուած են Հայ ազգային բուժարանին մէջ: Բայց եւ այնպէս, մեր կարեւոր հարցերէն մէկը ջուրի մատակարարման դժուարութիւնն էր, այդ պատճառով ալ շուտով ձեռնարկուեցաւ ջրամբարներու նորոգութեան, որոնք սուրիական ու իսրայէլեան ռմբակոծումներու ընթացքին վնասուած էին: Չմոռնանք յիշեցնել, որ ամէնէն բարձր կէտին վրայ զետեղուած էր բացօթեայ ջրամբար մը, որ ուղղակի պարտականութիւն ունի անձրեւի ջուրը հաւաքելու, եւ անիկա շինուած է երկրաչափական բարձրորակ չափանիշներու համապատասխան: Նաեւ գնեցինք 8000 լիթր տարողութեամբ որոշ թիւով կերպընկալէ մեծ տակառներ, որոնք օգնութեան հասան ջուրի նեղութեան օրերուն: Մայր շէնքի տանիքին վրայ նաեւ զետեղուեցան տաք ջուրով բանող խողովակներ, որոնք օգտագործեցին արեւի ճառագայթներ:
Նորոգուեցան նաեւ երկու ջրհորներ: Խնամակալութիւնը որոշեց նոր ջրամբարի շինութեան համար դիմել գաղութիս ծանօթ Րաֆֆի Կէօվօղլանեանին, որ պատրաստեց ամբողջական ծրագիր մը` քարտէսներով, քանակական հաշիւներով: Ամբողջական ծրագիրը ուղարկուեցաւ Նիւ Եորքի մարմինին` առ ի գնահատանք եւ գործի ստանձնում: Նոր ջրամբարի ծրագիրը երկու մեծ սենեակներու մէջ կը պարփակէ 980.000 լիթր, 560.000 եւ 420.000 լիթր, իսկ անոր տանիքը` 400 քառակուսի մեթր, պիտի ծառայէ իբրեւ ինքնաշարժներու կառատուն:
Կարեւոր ուրիշ ծրագիր մըն է կոյուղիին վերաբերողը, որովհետեւ բաւական մեծ դժուարութիւններու ու հարցերու դուռ բացաւ, սակայն հետեւողական աշխատանքով կարելի եղաւ ատոր ալ վերջնական լուծում գտնել:
Ուրիշ կարեւոր գործ մըն էր Ազունիէի արեւելեան ձորին մէջ ամբարտակի եւ լիճի շինութիւնը, որ կենսոլորտի հիմնական փոփոխութեան պիտի ենթարկէ շրջանը:
Այս տարիներուն ընթացքին կարեւոր իրագործումներ եղան տարրալուծարանի, մարձումի (ֆիզիոթերափի) եւ դեղարանի ստեղծումը կամ նորոգութիւնը: Այլ ծրագիր մըն ալ մշակուեցաւ «Կիւլպէնկեան» շէնքը, որ ծանր կերպով ռմբահարուած էր, վերածելու ապաքինումի եւ հիւանդանոցէն հանգիստի վայրի` որոշ հիւանդներու, կամ ալ օդափոխութիւն կատարել փափաքողներուն համար: Առ այդ, Մկօ Եափուճեան սիրայօժար կերպով ընդունեց սերտել ծրագիրը եւ ներկայացնել 3 յարկի վրայ իրարմէ անկախ սենեակներէ ծրագիր մը:
100 տարուան ընթացքին հարիւրաւոր ծրագիրներ, հարցեր, դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ դիմագրաւեց Հայ ազգային բուժարանը, բնականաբար, բայց եւ այնպէս, հարիւրաւոր կամաւորներու, մասնագէտներու, բժիշկներու եւ կառոյցին մէջ գործողներուն ջանքերով կարելի եղաւ շարունակել երթը եւ հասցնել հոս` մէկ դարու պատմութիւն եւ ծառայութիւն կերտելով:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՐՄԱՔՍԶԵԱՆ
Մեր Խօսքը
Հարիւրամեակ Մը Կարեկցանքի
Եւ Վճռականութեան
Պատմութեան տարեգրութեան մէջ ողբերգութեան պահերը յաճախ կը միաձուլուին մարդկային տոկունութեան եւ կարեկցանքի մասին ոգեշնչող դրուագներու հետ: Աւելի քան 100 տարի առաջ հայ ժողովուրդին ճաշակած Ցեղասպանութեան ու զանգուածային տեղահանութիւններու սարսափները անջնջելի պիտի մնան մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ: Բայց կարծէք չէին բաւեր ջարդն ու սովը, թոքախտը կու գար նոր զոհեր խլելու խլեակներէն: Ահա այս խաւարին մէջն էր, երբ իբրեւ յոյսի փարոս, Լիբանանի ու Սուրիոյ հայերը դէմ կը դնէին յուսահատութեան` հիմնելով Հայ ազգային բուժարանը, նախ Մաամըլթէյնի, ապա զայն շարունակելու Ազունիէի մէջ:
Լիբանանի գեղատեսիլ Շուֆի շրջանի կանաչազարդ մէկ բարձունքին վրայ 100 տարիէ ի վեր աներկիւղ կաղնիի պէս իր բոլորանուէր ներկայութիւնը կր պարզէ ազգային հաստատութիւն մը, որ եղած է ջերմ ու ազնիւ ապաստանարանը տառապած ու դարմանումի կարօտ հայ թէ օտար բազմահազար հիւանդներու:
Այսօր, երբ կը նշենք այս նուիրական հաստատութեան հարիւրամեակը, անպայման պահ մը կը խոնարհինք հայ ժողովուրդի ընկրկիլ չգիտցող ոգիին առջեւ: Ինչ որ սկսաւ իբրեւ թոքախտաւոր հիւանդներու խոնարհ ապաստանարան մը, շուտով վերածուեցաւ հաւաքական աներեր կամքի եւ իրերօգնութեան խորհրդանիշի ու աներեւակայելի փորձութիւններու ենթարկուած ժողովուրդի մը տոկունութեան վկայութեան:
Ազգային բուժարանը ցուցանիշ մը չէ միայն գոյատեւումի. ան կը հանդիսանայ նաեւ վկայութիւնը վերակառուցելու, խնամելու եւ բուժելու աշխարհասփիւռ հայութեան աննկուն կամքին: Տարիներու ընթացքին ան ծաւալած է իր առաքելութիւնը` դառնալով խնամքի ու սփոփանքի վայր մը ո՛չ միայն առողջական հարցերով տառապողներուն, այլեւ հայ պապիկներուն եւ մամիկներուն համար: Այս հաստատութեան սիրտը կը բաբախէ կարեկցութեամբ եւ հոգատարութեամբ` ապաստանարան տրամադրելով նաեւ կարիքաւորներուն:
Հայ ազգային բուժարանի ուշագրաւ առանձնայատկութիւններէն մէկը եղած է իր տնտեսական-ելեւմտական երբեմն հաստատ, երբեմն անհաւասարակշիռ վիճակը, որուն կայունացման համար իրենց բարերար հոգիով մեծապէս սատարած են հայերը աշխարհի բոլոր անկիւններէն: Այդպէս էր անցեալին, նոյնն է նաեւ այսօր. նուիրատուութիւններով, կտակներով եւ հանգանակութեամբ անհատներ ու միութիւններ համախմբուած են այս իւրայատուկ հաստատութեան շուրջ` երաշխաւորելու անոր անընդհատ առաքելութիւնը:
Այս առիթով մեր սրտագին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառին եւ 1923-էն ի վեր իրեն նախորդած բոլոր կաթողիկոսներուն (բուժարանի հիմնադիրներէն երջանկայիշատակ Սահակ Բ. Խապայեան, Բաբգէն Ա., Պետրոս Ա., Գարեգին Ա., Զարեհ Ա., Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներուն) եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեանին եւ իրեն նախորդած բոլոր վերապատուելիներուն (բուժարանի հիմնադիր վեր. Ենովք Հատիտեանին, վեր. Յովհաննէս Ահարոնեանին, վեր. Յովհաննէս Գարճեանին, վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին), որոնք մօտէն հետեւեցան ու կը հետեւին ազգային այս հաստատութեան բարօրութեան ու վերելքին: Շնորհակալութեան խօսք` նաեւ բոլոր խնամակալութիւններուն, որոնք` իբրեւ արթուն պահակներ, հսկեցին բուժարանի արդիւնաւէտ գործունէութեան: Շնորհակալութեան խօսք` նաեւ անձնակազմին ու բժիշկներուն, որոնք իրենց ծառայութեան դրոշմը դրած են բուժարանի հարիւրամեայ երթին վրայ: Բուժարանի յաջողութեան հիմնաքարը եղած է անոնց անսասան հաւատարմութիւնը` իրենց խնամքին յանձնուած հիւանդներու եւ տարեցներու հոգատարութեան:
Բայց եւ այնպէս, երբ մենք կը նշենք անոր հարիւրամեակը, չենք կրնար չընդգծել, որ բուժարանը` իբրեւ աւանդ ու օրինակելի նախաձեռնութիւն, կրնայ գոյատեւել միայն մեր մնայուն հոգատարութեամբ եւ օժանդակութեամբ: Մեր օրերու մարտահրաւէրները, որոնք զուգորդուած են Լիբանանի տնտեսական ու քաղաքական տագնապներով, յաւելեալ բեռ կը դնեն այս կենսական հաստատութեան վրայ, որուն նիւթական աջակցութիւն տրամադրելը կը մնայ նոյնքան` կարեւոր, որքա՛ն անոր առողջապահական ծառայութիւններուն ապաւինողներուն խնամք տրամադրելու պարտաւորութիւնը:
Աչքէ անցընելով բուժարանի անցեալ հարիւր տարիներու պատմութիւնը, պիտի նկատենք, որ մեծագոյն իրագործումը եղած է հաւաքական կամքի, համերաշխութեան ու վճռակամութեան յաղթանակը թշուառութեան ու հիւանդութեան դէմ: Ազգային բուժարանը այն յուշարարն է, թէ ինչե՜ր կարելի է իրագործել, երբ մարդիկ կը համախմբուին ընդհանուր նպատակի մը շուրջ:
Երբ կը նշենք այս հարիւրամեայ յոբելեանը, ապագային կը նայինք յարատեւութեան յանձնառութեամբ: Ծրագրուած աշխատանքն ու արդիականացումը էական նշանակութիւն ունին Ազգային բուժարանի բարգաւաճման եւ երկրորդ 100-ամեակին պատրաստուելու համար: Յարափոփոխ կարիքներուն յարմարիլը եւ առողջապահական նորարարութեանց որդեգրումը անխուսափելի են, եթէ կ՛ուզենք երկրորդ 100-ամեակի մը առաջին էջերը յաջողութեամբ դարձնել:
Պէտք չէ մոռնալ, որ մեր աջակցութիւնը` ըլլա՛յ նուիրատուութեամբ, ըլլա՛յ հանգանակութեամբ, կամ նոյնիսկ` երբեմն կամաւոր մասնակցութեամբ, ոչ միայն առատաձեռնութեան, այլեւ մեր վերապրածներէն ժառանգուած տոկունութիւնը յուշող արտայայտութիւն մըն է: Մինչ մենք մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք, անդին` Ազգային բուժարանը կը մնայ կանգուն` իբրեւ յոյսի փարոս, ապաքինման ապաւէն եւ հայ հոգիի վճռակամութեան վկայութիւն:
Ահաւասիկ մեր ետին կը թողունք կարեկցանքով ու հոգատարութեամբ լեցուն դարաշրջան մը եւ ապագային կը նայինք յոյսով, ուր Ազգային բուժարանը կը շարունակէ փայլիլ իբրեւ միասնականութեան, ազնիւ հոգատարութեան եւ վեհ գործի ու անմնացորդ նուիրումի խորհրդանիշ:
Հարիւրամեակդ շնորհաւո՛ր ըլլայ, Հայ ազգային բուժարան:
ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ



