Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Յունիս 6, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Մայիս 28-Ի Տօնակատարութիւններ

Կիպրոս

Նախագահութեամբ Կիպրոսի աշխատանքի նախարար Եաննիս Պանայոտուի, կազմակերպութեամբ Կիպրոսի ՀՅԴ մարմինին, 25 մայիսին Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի խաղավայրին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 106 ամեակը:

Օրուան պատգամաբերն էր Տաւուշի թեմի առաջնորդ  Բագրատ արք. Գալստանեան, սակայն Հայաստանի մէջ առկայ վիճակին պատճառով տեսահոլովակով մը կարճ ուղերձ մը յղեց եւ բաւարարուեցաւ իր ողջոյնի խօսքերը ուղարկելով ձեռնարկի բոլոր մասնակիցներուն:

Ստեղծուած իրադրութեան լոյսին տակ օրուան պատգամը յղեց Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, որ շեշտեց, թէ մենք տարածք չունինք տալու թշնամիին, ընդհակառա՛կը, ազատագրելիք տարածք ունինք Արցախէն մինչեւ Արեւմտեան Հայաստան:

Ելոյթ ունեցան նաեւ Կիպրոսի աշխատանքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնը, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց, թէ հայերը Կիպրոսի տնտեսութեան մեծ ներդրում ունեցած են:

Կիպրոսի ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Ատուր Գարակիւլէեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ մայիս 28-ի անկախութիւնը եւ խաղաղութիւնը զիջումներով, յանձնումներով, թուրքին ձեռք երկարելով չեղաւ: Հոն կային ազգային նկարագիր ունեցող անձնաւորութիւններ, հերոսներ, որոնք պատրաստ էին զոհուելու` յանուն ազգին եւ հայրենիքին, եւ զոհուեցան շատեր, բայց ապահովեցին արժանապատիւ խաղաղութիւն:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Համազգայինի պարախումբը, Աստուածածին եկեղեցւոյ պատանիներու երգչախումբը, ԿԵՄ-ի եւ պատանիներու մասնակցութեամբ` կենդանի պատկեր:

Օրուան հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով:

Մայիս 28-ի տօնակատարութիւնը շարունակուեցաւ ճաշկերոյթով մը, խաղավայրին կից ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի ակումբին մէջ: Օրուան երգիչն էր Վիգէն Տիշչէքէնեանը, որ յատուկ ժամանած էր Լիբանանէն:

Թեհրան

27 մայիսին Հ Մ «Սարդարապատ» միութեան մէջ նշուեցաւ մայիսեան յաղթանակներուն 106-ամեակը: Բացման խօսքը արտասանեց Արփա Քարամեան:

Օրուան բանախօսն էր «ԱԼԻՔ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեան:  Ան նշեց, որ 1918 թուականին մոխիրներու մէջէն վեր ելլելով` հայ ժողովուրդը  կերտեց Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը, որ արդիւնքն էր ազգային ու հոգեւոր ղեկավարութեան եւ հայ ժողովուրդի միասնականութեան: Բանախօսը համեմատական եզրեր գծեց Հայաստանի ներկայ ճգնաժամային իրավիճակի եւ 1918 թուականի մայիսեան յաղթանակի օրերու միջեւ ի դէմս Բագրատ սրբազանի` եւ կարեւորեց այսօր հայ հոգեւորականութեան  խիզախ քայլերը` յանուն հայրենիքի:

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաքել աբղ. Գատեհճեան, որ ընդգծեց, թէ 28 մայիսը յոյսի թուական է, աւելցնելով, որ այսօր մենք շատ բաներ կը տեսնենք հայրենիքի մէջ, որոնք կը փորձեն հայրենիքի մէջ կտրել մեր յոյսերը, սակայն մենք` որպէս քրիստոնեաներ,  չենք յուսահատիր:

* Նախաձեռնութեամբ Հ Մ «Սիփան» միութեան, 28 մայիսին  միութեան «Նորայր Էլսայեան» մարզասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Բացման խօսքը միութեան անունով արտասանեց Քարմեն Չհարմահալի:

Օրուան բանախօսն էր «ԱԼԻՔ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեան, որ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան լինելութեան գործին մէջ մայիսեան յաղթանակներու առանցքային նշանակութեան եւ Հայաստանի ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն, որոնք Սարդարապատէն 106 տարի ետք հայոց պետականութիւնը կրկին դրած են գոյութենական բնոյթի լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Առաքել աբղ. Գատեհճեան, որ ընդգծեց, թէ հակառակ հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` մենք յոյս ունինք, քանի որ հայ ժողովուրդը իր նկարագրով յոյսի ժողովուրդ է:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Սուրիա

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք.Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ երիտասարդական միութեան, 28 մայիսին Ազգային Քարեն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովրդային տօնախմբութիւն` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 106-ամեակին: Տօնախմբութիւնը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով` կատարողութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին:

Օրուան հանդիսավար Նանար Պապեան-Քիլեճեան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու նահատակներուն յիշատակը:

Հայերէնով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարիա Չաղլասեան: Ան յայտնեց, որ 106 տարի առաջ ճիշդ այս օրերուն հայուն արեւը ճառագայթեց Սարդարապատէն, ու Սարդարապատեան լուսաւոր ղօղանջը նոր էջ մը բացաւ մեր պատմութեան մէջ: Հայը թօթափեց գերութեան կապանքները, հաւատաց իր բազուկի ուժին եւ վերակերտեց իր պետութիւնը` որպէս անկախ երկիր եւ ինքնուրոյն զարգացող ժողովուրդ` համաշխարհային ընտանիքին մէջ: Ապա դիտել տուաւ, որ ազգովին շատ դժուար օրեր կ՛ապրինք, սակայն, հայոց պատմութիւնը վկա՛յ, հայ ժողովուրդը օրհասական պահերուն ունակ է հրաշքներ գործելու, անդունդի եզրին հասնելէ ետք փիւնիկի նման վերածնելու:

Արաբերէն բացման խօսքով Անժելա Չաղլասեան յայտնեց, որ պայքարը մօտեցում է, դիմադրութիւնը ճանապարհ, իսկ անկախութիւնը` ձեռքբերում: Մենք` որպէս հայ ազգ, մեր պապերու ժամանակներէն որոշած ենք քալել պայքարի ճամբէն, ուրկէ քալած են նաեւ հերոսները:

Օրուան բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան դիտել տուաւ, որ այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, հայն ու Հայաստանը ականջ պէտք է դնեն Սարդարապատէն հնչած զանգերու ղօղանջին, որովհետեւ մեր դարաւոր թշնամին մեր ազգը լռեցնելու ելած է` այս անգամ անխոհեմ քաղաքական մօտեցումներ շահագործելով: Բանախօսը շեշտեց, որ գերագոյն զոհաբերութեամբ, նահատակութեամբ հայ ժողովուրդը կրցաւ նուաճել իր ազգային պետութիւնը: Մկրտիչեան ըսաւ, որ ներկայ իշխանութիւններուն հայրենակործան արարքները Հայաստանը դարձուցին գերուժերու բախման թատերաբեմ, սահմանափակեցին յարաբերութիւնները ռազմավարական դաշնակիցներու հետ` առանց նոր դաշնակիցներով փոխարինելու զանոնք: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստան շատ փոքր է քաղաքական հակադրութիւններու թատերաբեմ` դառնալու համար, սակայն այսօր դարձած է նման թատերաբեմ իշխանութիւններուն վարած ձախաւեր քաղաքականութեան պատճառով: Աւելի՛ն. Հարաւային Կովկասի մէջ սկսած է աճիլ թրքական գործօնը` իրենց քաղաքականութեան նպաստով եւս: Ան շեշտեց, որ Տաւուշէն ծայր առած, «Տաւուշը յանուն հայրենիք»-ի շարժումը այսօր իր յստակ պահանջքը դրած է սեղանի վրայ` վերջ տալու ազգակործան իշխանութիւններու ընթացքին: Համահայկական այս շարժումը աստիճանաբար ծաւալելով` յաջողած է իր շուրջ համախմբել ազգային գաղափարախօսութեան հաւատացող բոլոր ուժերը: Այս շարժումը վերքաղաքական, վերկուսակցական, ազգային շարժումի վերածուած է: Ան սկիզբ առած է` յանուն Հայաստանի անվտանգութեան, յանուն հայ ժողովուրդի ներքին համերաշխութեան, յանուն հայ ժողովուրդի կարողութիւններու մէկտեղման, յանուն պարտուողականութեան կասեցման եւ յանուն արցախահայութեան իրաւունքներու ձեռքբերման:

Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայու ազատատենչ ոգին, լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի դիմագրաւած ներքին ու արտաքին դժուարութիւնները աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներուն լոյսին տակ եւ յորդորեց գօտեպնդուիլ, ձեռք-ձեռքի տալով, միասնական ոգիով գործել` պաշտպանելու մեր հայրենիքի տարածքային ամբողջականութիւնը, տէր կանգնելու մեր ազգային-կրօնական արժէքներուն, որոնցմով հայը գոյատեւած է ու պիտի շարունակէ ծաղկիլ ու գոյատեւել: Ան շեշտեց, որ բոլորս կը հրաւիրուինք գիտակցօրէն մեր զօրակցութիւնը յայտնելու Հայաստանի հայութեան, որոնք արդար ցասումով իր պահանջը կը ներկայացնէ անարդարութեան դէմ:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ այս առիթով Լիբանանէն յատուկ հրաւիրուած Լոռի Կիւլիւմեան:

Քանատա

* Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներուն եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան, 25 մայիսին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման նուիրուած տօնակատարութիւն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալիա Ճապրայեան, որ ըսաւ, թէ վերջին 3 տարիներուն ընթացքին, հայ ազգը դիմագրաւեց եւ տակաւին կը դիմագրաւէ անսահման դժուարութիւններ, պարտութիւններ եւ կորուստներ, որոնց հետեւանքով շատեր կ՛ապրին յուսախաբութեան եւ յուսալքութեան ամէնէն սեւ օրերը աւելցնելով սակայն, որ մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին, իւրաքանչիւր սերունդ դէմ յանդիման գտնուած է անյաղթահարելի մարտահրաւէրներու, բայց հայերը զանոնք ոչ միայն պարզապէս յաղթահարած են, այլեւ` բարգաւաճած:

Զոյգ կոմիտէներուն անունով խօսք առաւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան, թէ նկատել տուաւ, որ մեր անկախութիւնն ու պետականութիւնը մեզի ոչ ոք նուիրեց, մենք այն կերտեցինք միայնակ, հայութեան հերոսական ոգիին շնորհիւ, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերով, որոնցմով հայ ժողովուրդը ոչ միայն պաշտպանեց իր գոյութիւնը, այլ ապացուցեց եւ արժանիօրէն նուաճեց իր անկախութեան իրաւունքը: Անդրադառնալով այսօրուան տիրող իրավիճակին` ան ըսաւ, որ այսօր կրկին կ՛ապրինք վճռորոշ ժամանակաշրջան, եւ 106 տարիներ առաջ հիմնադրուած հայոց պետականութեան սիւնը կրկին խախտուած է թշնամիին դէմ ծունկի եկած եւ խաղաղութիւն մուրացող Հայաստանի իշխանութեան կողմէ որ հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը դրած է գոյաբանական խնդրի առջեւ: Անոնց ապազգային քայլերուն պատճառով կորսնցուցինք հերոս հայորդիներու թանկագին արեամբ եւ գերագոյն զոհաբերութեամբ ազատագրուած հայրենի Արցախը: Ան յայտնեց, որ այսօր Տաւուշը կը պայքարի հայրենազրկման դէմ եւ, ցաւօք, ազգովին կանգնած ենք պետականութիւնը փրկելու հրամայականին առջեւ եւ կրկին ստիպուած ենք պայքարիլ մեր լինելութեան, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ հայոց ամուր պետականութեան ի խնդիր:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն մը, որուն մէջ Մոնրէալի եւ Լաւալի կրթական, մշակութային եւ միութենական հաստատութիւններու երիտասարդներու կարծիքներ կը շօշափուէին մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի անկախութեան եւ ներկայ մեր իրավիճակին մասին:

Օրուան պատգամաբերն էր պատմագիտութեան դոկտ. Գրիգոր Դերձակեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ մայիս 28-ն մեր ժողովուրդին գոյաբանական այն կարեւորագոյն օղակն է, որ բառացիօրէն ապահովեց մեր ազգի անվտանգ վերապրումը Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք մեր պետականութեան վերականգնումով: Պատգամաբերը անդրադառնալով Հայաստանի այսօրուան դժնդակ կացութեան` ըսաւ, որ Հայաստան այսօր դաժան աքցանի մը մէջ բռնուած է: Մէկ կողմէ թրքական ֆիզիքական վտանգը եւ միւս կողմէ` մեր իշխանութեանց որդեգրած արեւմտեան ոլորտին միանալու անզուսպ արշաւը: Ան հաստատեց, որ Երեւանը սպառնալիքի տակ էր 1918-ին, եւ այդ սպառնալիքը տակաւին կը մնայ այժմէական, եւ մենք որեւէ այլ ընտրանք չունինք բացի միասնականութենէն եւ յարատեւ պայքար մղելէ` հազարամեայ մեր պատմութեան ի խնդիր:

Աւարտին թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան յղեց իր օրհնութեան խօսքը:

*  28 մայիսին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ օրհնուեցաւ եռագոյնը, որուն յաջորդեց ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտներուն եւ շեփորախումբի տողանցքը ու ապա` դրօշակի արարողութիւնը:

Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին առջեւ տեղի ունեցած ձեռնարկին խօսք առաւ մասնաճիւղի խմբապետ Տարօն Տէրտէրեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ  անդրադարձաւ հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց:

ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Բալիկ Ճապախջուրեան: Ան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հրապարակէն յայտարարուեցաւ Բագրատ սրբազանի անունը` որպէս վարչապետի թեկնածու: Յաջորդող քանի մը օրերը ճակատագրական են հայրենիքին համար: Ան ըսաւ, որ այսօր կը նշենք Հայաստանի անկախութեան 106-րդ տարեդարձը, նաեւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 106-ամեակը, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի հիմնադրութեան 96-ամեակը, աւելցնելով, որ յուզումնախառն եւ հպարտալի երեւոյթ է տօնել մեր պետականութեան եւ այս երկու հսկայ կազմակերպութիւններուն տարեդարձները, թէկուզ` ծանրագոյն պայմաններու մէջ:

Ան դիտել տուաւ, որ 106 տարի առաջ արիւնով ձեռք բերուած եւ մեզի ժառանգ մնացած փոքրիկ Հայաստանը այսօր գոյութենական սպառնալիքի տակ է, իսկ մեր արեամբ ազատագրուած Արցախը յանձնուած է թշնամիին` հայրենատիրութիւն կատարելու անկարող, ապազգային իշխանութեանց կողմէ: Սիւնիքէն ետք Տաւուշը ցանկին վրայ յաջորդն էր: Եւ այդ ցանկը երկար կը թուի ըլլալ: Ան ըսաւ, որ Ճգնաժամային է վիճակը եւ ճգնաժամային պայմաններու յաղթահարումը հաւաքական ճիգ կը պահանջէ, եւ ահա այս հրամայականէն մեկնած է, որ սկսաւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» սրբազան շարժումը:

Խօսք առաւ Վարդան ծ. վրդ. Թաշճեան, որ կարեւորեց եկեղեցւոյ դերը մեր ազգային կեանքին մէջ` վեր առնելով բարոյական արժէքներ ու ազգերը ազատ կամքի դրսեւորումի իրաւունքները:

Վրաստան

28 մայիսին Ախալքալաքի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ: Կեդրոնի պատասխանատու Կարինէ Թադեւոսեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հայութեան համար այսօրուան խորհուրդը տօնական պէտք է ըլլայ, որովհետեւ 106 տարի առաջ իր ինքնութեան համար պայքարող հայ ժողովուրդը կրցաւ հռչակել անկախութիւն աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր է պահել զայն եւ  իր հայրենիքի զինուորը ըլլալ:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Նախորդը

Մանկավարժին Կարծիքով Քաջալերել Եւ Ոչ` Պարտադրել

Յաջորդը

Շուշիի Ազատագրութեան 32-Ամեակի Տօնակատարութիւն

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?