Յօդուածներ

Առաքինի Մայրը (Մայրերու Օրուան Առիթով)

Գիտակից Հօր Մը Յատկանիշները (Հայրերու Օրուան Առիթով)

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ Յունիս ամսուան երրորդ կիրակին Հայրերու օր է: Անյիշատակ դարերէ ի վեր ընտանեկան յարկէն ներս հայրը ունի իր դերն ու պարտականութիւնը: Պարզ զուգադիպութիւն մը չէ, որ կրօնական եւ մշակութային շատ մը գաղափարներ կամ արտայայտութիւններ ծագում առած են ընտանեկան յարաբերութիւններէն: Օրինակի համար, Աստուած կոչուած է «Հայր»: Հայրութեան գաղափարը իր ազնուագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ Նոր կտակարանին մէջ: Յիսուս...

Հաղորդագրութիւն.  ՀՕՄ-ի Միջազգային 8-րդ Նաւապտոյտը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

Հաղորդագրութիւն. ՀՕՄ-ի Միջազգային 8-րդ Նաւապտոյտը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

Հայ օգնութեան միութեան ութերորդ միջազգային նաւապտոյտը մեծ յաջողութեամբ աւարտեցաւ, եւ բոլոր մասնակիցները գոհ ու լիցքաւորուած, ՀՕՄ-ի առաքելութեան եւ աշխատանքներուն մասին տեղեկութիւններով վերադարձան իրենց բնակած երկիրները: 17-29 ապրիլ տեւած պտոյտին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՕՄ-ի 230  անդամներ եւ համակիրներ, որոնք եկած էին տարբեր երկիրներէ: Նաւապտոյտը կ՛ընդգրկէր երեք օր Արժանթին եւ երկու օր ալ Պրազիլի մէջ ցամաքային պտոյտներ, որոնց ընթացքին մասնակիցները ապրեցան հաճելի...

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը

Ես Ու Շուքս

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գարուն է: Բնութիւնը հետզհետէ կը վերականգնի: Ծառերը ծաղկած են. ամէն մէկ ծառ կարծէք մէկ հարս ըլլար` ճերմակ հագած, կամ հարսնքոյր` վարդագոյն զգեստով: Դաշտի խոտերն ու մանր-մանր ծաղիկներուն ձողիկները կարծէք վիզեր ըլլային, ու անոնց վրայ մանր ծաղիկները` մէյ-մէկ վեր ցցուած գլուխներ, որոնք ամբողջ ձմեռը` ցուրտէն ու բուքէն պահուըտած գետնի տակ, գարնան առաջին արեւուն տաքուկ շողերուն հետ հողը ճեղքած`...

Ամերիկեան Մահակ, Թրքական Մղձաւանջ ու Հայկական Սպասում

Ամերիկեան Մահակ, Թրքական Մղձաւանջ ու Հայկական Սպասում

ԳԷՈՐԳ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Քաղաքական գիտութիւնների թեկնածու, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերի պատասխանատու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների մուտքը միջազգային յարաբերութիւնների որոշումների ընդունման գործընթաց, ազդարարուեց 20-րդ դարի առաջին քառորդում, մասնաւորապէս 1917 թ․-ից։ Լաւ պատրաստուած այդ մուտքին, որ կոչուած էր միջազգային քաղաքական գործընթացների հիմքում դնել ամերիկեան արժէքները, մեծացնել Նահանգների քաղաքական կշիռը, ամերիկեան քաղաքական միտքը պատրաստուել էր տասնամեակներ շարունակ։ Միջազգային յարաբերութիւններում ամերիկեան ներգրաւման...

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամները Լուսարձակի Տակ Բերին Ներկայ Իշխանութեան Չյարգուած Խոստումները

«Հայաստան» Խմբակցութեան Անդամները Լուսարձակի Տակ Բերին Ներկայ Իշխանութեան Չյարգուած Խոստումները

11 յունիսին, մինչ Ազգային ժողովին դիմաց «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը ցոյց կը կատարէր, իսկ աւելի ուշ ոստիկանները նռնակներ կը նետէին անոնց վրայ, Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի օրակարգին ընթացքին ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան անդամներուն մեծամասնութիւնը զանազան հարցումներով կամ տեսակէտներով դիմեց իշխանութեան` յատկապէս հարցնելով, թէ ինչո՞ւ չեն յարգուած տրուած մեծ խոստումները կամ դրժուած է որդեգրուած ուղեգիծը: ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, «Հայաստան»...

Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Բաց Նամակ` Հայաստանի Ոստիկանութեան Պետ Արամ Յովհաննիսեանին. Հաւատարիմ Մնացէ՛ք Ձեր Երդումին Եւ Եղէ՛ք Արդար, Անկողմնակալ Ու Ազնիւ

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Պարո՛ն Արամ Յովհաննիսեան, Կը յիշէ՞ք, որ 2002-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հրամանագիրով ստացած էք մարտական ծառայութեան մետալը: Ո՞ւր է այդ ծառայութեան ոգին ու մետալը: Եթէ տակաւին ձեր քովն է, պահ մը նայեցէք, որպէսզի գիտնաք, որ այդ ծառայութենէն միայն այդ կտոր մը մետաղը մնացած է: Գո՞հ էք: Իրականութիւնը ա՛յն է, որ նախկինները մեղաւոր են, որ 2002-ին եւ հետագային 2010-ին ու...

Արուեստի Արժէքը Կեանքի Մէջ

Արուեստի Արժէքը Կեանքի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ  Արուեստի մասին միշտ եւ շատ գրուած է: Այս ցոյց կու տայ, որ կեանքը առանց արուեստի արժէք չունի: Այս մասին Ejazkhan հրապարակած է յօդուած մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ: Ն. Ինչո՞ւ Արուեստը Այսօր Կարեւոր Է Հասարակութեան Համար   Արուեստը իմաստ կու տայ մեր կեանքին եւ կ՛օգնէ մեզի` հասկնալու մեր աշխարհը: Այդ մեր մշակոյթի էական մասն է, քանի որ...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Որպէս Անմիջականի Օրագրութիւն. Աշտարակ. Ընկուզենիի Եւ Եղրեւանիի Ստուերին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Լրագրութեան եւ գրականութեան սահմանը հատելով պէտք է խօսիլ: Հայաստան եւ հայրենիք զգալով, պատմութիւն եւ հայութիւն շնչելու, նախահայրերու կոխած հողին վրայ կանգնելու համար պէտք է հեռանալ այն վայրերէն, ուր փողոցները, շէնքերը, վաճառատուները, ճաշարանները, ժամանակակից կեանքի հեւքով զիրար հրմշտկող ինքնաշարժները կը ստեղծեն այն խաբկանքը, որ կը գտնուինք Նիւ Եորքի, Փարիզի, Լոս Անճելըսի կամ Պէյրութի պերճ թաղամասերէն մին: Այս կապկումային արդիականացման...

«Կրօն Եւ Ազգ Երբեք Իրարմէ Չենք Կրնար Բաժնել, Անոնք Զիրար Կ՛ամբողջացնեն». Սարգիս Ա. Քհնյ. Սարգիսեան

«Կրօն Եւ Ազգ Երբեք Իրարմէ Չենք Կրնար Բաժնել, Անոնք Զիրար Կ՛ամբողջացնեն». Սարգիս Ա. Քհնյ. Սարգիսեան

Հարցազրոյցը վարեց ԼԻՒՍԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ Միշտ լսած ենք, որ եկեղեցւոյ կողքին կառուցուած ու գործած են դպրոցներ, ասիկա առկայ է տարբեր ժամանակներու եւ աշխարհագրական տարբեր վայրերու մէջ: Այս մասին յաւելեալ մանրամասնութիւն ունենալու եւ հայկական դպրոցներուն մէջ Հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան վրայ լուսարձակ սփռելու միտումով ունեցանք հետեւեալ հարցազրոյցը Սարգիս  Ա. քհնյ. Սարգիսեանին հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ո՞ր դարէն ծնած է գաղափարը եկեղեցի եւ դպրոց կառուցելու իրարու...

Հայրենիքի Համար Պայքարն Է Սրբազան

Հայրենիքի Համար Պայքարն Է Սրբազան

ԳՐԻԳՈՐ ՏՈՒՆԿԵԱՆ Հայ անկախ պետականութեան գոյառման եւ պաշտպանութեան սրբազան պարտաւորութենէն միշտ ալ հեռու չէ եղած Հայ եկեղեցին` բոլոր աստիճաններու իր սպասաւորներով, եւ մարտնչած է անոր համար: Հայաստանի Հանրապետութեան 106-րդ տարենշման տօնին յիշենք միասին ու յիշեցնենք բոլոր անոնց, որոնք դիտումնաւոր կերպով կ՛անգիտանան այս ճշմարտութիւնը, թէ ինչպէ՛ս 23 մայիս 1918-ին Սարդարապատի ճակատամարտին առաջին դիրքերու վրայ եղած է եւ խրամատէ խրամատ շրջելով զինուորները...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Դամասկահայութիւնը Վերանորոգ Ուխտով Յիշատակեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կերտման 106-Ամեակը Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան եւ յարակից միութիւններու, ուրբաթ, 31 մայիս 2024-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 106-ամեակին նուիրուած ժողովրդային տօնակատարութիւն Ազգ. Միացեալ ճեմարանի շրջափակին մէջ: Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութեամբ` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ, որմէ ետք...

Սթափելու Ժամանակը

Ինչի՞ Համար Է Սրբազան Շարժումը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ամէն օր, օրական բազմաթիւ անգամներ, ծանօթներ, բարեկամներ ու ընկերներ հարց կու տան, թէ ի՞նչ պիտի պատահի Հայաստանի մէջ: Շարժում մը սկսեր է արդէն գրեթէ ամիսէ մը ի վեր. ե՞րբ պիտի վերջանայ ու ի՞նչ արդիւնքով: Հանրային սպասումը միշտ այսպէս է` շուտափոյթ արդիւնք կը պահանջէ: Իսկ վերջին օրերուն, կիրակի, 9 յունիսի հաւաքէն ետք, երբ յայտարարուեցաւ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստ հրաւիրելու...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Համազգայինը Կը Շարունակէ Սատար Կանգնիլ Արցախէն Տեղահանուած Երեխաներուն Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ վերջերս մեկնարկեցին դասապատրաստման ամառնային խմբակներ, ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ուր կը յաճախեն Արցախէն տեղահանուած երեխաները: Խմբակները նախատեսուած են կրտսեր եւ միջին խումբերու համար` առանձին-առանձին: Համազգայինի Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, անվճար դասապատրաստման եւ ստեղծագործական խմբակները կը գործեն նաեւ Հայաստանի Մասիս,...

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ.   Գանձակի Հայոց Հերոսական Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Աւազակաորջերու Ոչնչացումը

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Գանձակի Հայոց Հերոսական Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Աւազակաորջերու Ոչնչացումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գանձակի սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին Հայ-թաթարական կռիւներու ալիքը 1905 նոյեմբերին հասած էր Գանձակ: Գանձակի մէջ ռազմական գործողութիւններու ընդհանուր ղեկավարութիւնը Համազասպի յանձնուած էր: Ան ժողովրդական հերոս էր եւ զինուորներն ու ժողովուրդը կատարեալ հաւատք ունէին անոր հանդէպ: Համազասպ իր շուրջ անձնուրաց եւ քաջ երիտասարդներ հաւաքեց եւ հիմը դրաւ Գանձակի եւ շրջակայ հայկական գիւղերու ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման: Կամաւորներ հասան Պաթումէն, Թիֆլիսէն եւ Պաքուէն:...

Ակնարկ.   Պատժից Խուսափել Չի Ստացուի. Պատմութիւնն Է Վկայում Այդ Մասին

Ակնարկ. Պատժից Խուսափել Չի Ստացուի. Պատմութիւնն Է Վկայում Այդ Մասին

 Ա. ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆ Բ. Աշխարհամարտի աւարտից յետոյ նացիստական Գերմանիայի ղեկավարները, ինչպէս նաեւ` այդ համակարգին ծառայած տարբեր մակարդակի քաղաքական, ռազմական եւ... գործիչներ, ստիպուած եղան կանգնել դատարանի առջեւ` մարդկութեան դէմ յանցագործութեան մեղադրանքով: Նիւրենպերկեան դատավարութիւնից բացի, որը կենտրոնական եւ ամենայայտնին էր այդ դատավարութիւնների շարքից, ամենաուշագրաւ դատավարութիւնները տեղի ունեցան Լեհաստանում: Լեհաստանում տեղի ունեցած դատավարութիւններից ամենայայտնին անկակսած Քրաքովում կայացած «Աուշուիցի» դատավարութիւնն էր, որի ընթացքում զինուորական դատարանի...

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Ե.)

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (Ե.)

ԳԱՌՆԻԿ Ա. Ք. Գ. Ե.- Անդրազգայինը II.- Թէօլէօլեանի հայեացքով, ազգայնականութիւն մը կը ներկայանայ իբրեւ «բարոյական հրամայական» եւ «քաղաքական ծրագիր»: Անիկա խօսոյթ մըն է, զոր կը հրապարակեն մշակութային գործիչներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, ներառեալ` կղերական մտաւորականներ, «ազգին ղեկավարներ» եւ քաղաքական գործիչներ: Խօսոյթը հաւաքականութեան մը «նկարագրութիւն»-ը կը յօրինէ, այսինքն անոր ինքնըմբռնումը կը բանաձեւէ եւ կը նկարէ յղացքներով ու պատկերներով: «Նկարագրութիւն»-ը հողը կը փոխակերպէ հայրենիքի,...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Մայիսի Խորհուրդն ու Ժամանակի Մարտահրաւէրը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Մայիսի Խորհուրդն ու Ժամանակի Մարտահրաւէրը

Մայիս ամիսը միշտ տօնական տրամադրութեամբ, լաւատեսութեամբ է համակել մեզ, պարուրել է յաղթողի զգացողութեամբ: Հայաստանի անկախացման օրերից սկսած` քառորդ դար ոգեշունչ միջոցառումները յաջորդում էին իրար, յիշում էինք «Աւարայրի» մասին, գալիս հասնում էինք սարդարապատեան երկունքին եւ փառաւորւում էինք` մտածելով, որ այս կամ այն կերպ առնչութիւն ունենք նորօրեայ Աւարայրին ու Սարդարապատին` արցախեան հերոսական յաղթանակին: Ժողովուրդները միշտ կառչած են մնում իրենց պատմական հերոսների ու...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան 5-րդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան 5-րդ Թիւը

Արդէն իսկ հրապարակուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան «Դրօշակ» պաշտօնաթերթի այս տարուան 5-րդ թիւը: Հետեւելով Հայաստանի համար ճակատագրական այս օրերուն երկրին մէջ տեղի ունեցող ներքաղաքական իրադարձութիւններուն` «Դրօշակ»-ի առաջնորդողը եւ յաջորդող քաղաքական յօդուածը անդրադարձ կը կատարեն «Սրբազան շարժման» նշանակութեան` դէպի անդունդ գլորուող երկրի ներկայի ու ապագայի համար: Վերջին շրջանին կարելի է հանդիպիլ վերլուծումներու, ըստ որոնց, այսօրուան եւ հարիւր տարի առաջուան հայոց երկրի մեծ...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Հարս, Հարսանիք Եւ… Ապահարզան

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Պսակադրութեան եկեղեցական արարողութեան մը ներկայ էի: Եկեղեցին ու անոր խորանը արտակարգօրէն լուսաւորուեր էին: Ամէն կողմ` հարսնեւորներ, գեղեցիկ հանդերձանքով պճնազարդուած կիներ ու մանկամարդ օրիորդներ, կոկիկ ու վայելուչ արտաքինով երիտասարդներ: Ուրախութի՛ւն կը ճառագայթէր ամէնուն դէմքէն: Փեսան` հազիւ 25-ամեայ երիտասարդ մը, դասին մէջ է արդէն: Ակնդէտ կը սպասէ հարսին գալուստը` նայուածքը չհեռացնելով տաճարին մայր դռնէն... Ժամադրութիւնը յարգուեցաւ ու ահա՛ հասաւ հարսին...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Բռնութեան Դէմ Փառապսակ Յաղթանակ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Վախը ցունամիի ուժգնութեամբ իր ահեղ կազմին մէջ կլանած է ներկայ իշխանաւորները, եւ անոնք ամէն օր շատ աւելի անօրինական ու վայրագ, ճիփ ու ճիշդ անտառներէն փախած վայրի անասուններու նման կը յարձակին չորս տարիէ բռնատիրութեան ու սգաւորութեան մէջ տուայտող քաղաքացիներուն ու կազմակերպութիւններուն վրայ: Ոստիկանական հսկայ ինքնաշարժներու շարքի փոխարէն` շոգեկառք մը վարձելու էին. երկաթուղագիծ չկա՞յ. հարց չէ, անոնք իրենց նպատակին հասնելու...

Page 183 of 1110 1 … 182 183 184 … 1,110

Արխիւներ