Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր, Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Այն պահուն, երբ Բագրատ արք. Գալստանեան իր հազարաւոր հետեւորդներուն հետ Տաւուշէն սկսաւ դէպի Երեւան ուղղուիլ, շատեր կը մտածէին, թէ ի՛նչ պիտի պատահի մայիս 9-ին, երբ անոնք հասնին Հանրապետութեան հրապարակ, ուր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գրասենեակները կը գտնուին: Երեւան ժամանելէն ետք Բագրատ սրբազան մէկ ժամ ժամանակ տուաւ Փաշինեանին` հրաժարական ներկայացնելու: Երբ ժամը լրացաւ, եւ ան հրաժարական չտուաւ, սրբազանը յայտարարեց, որ...


















