Ժողովուրդներու արժէքային համակարգին մէջ անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը կը գտնուին առաջին դիրքի վրայ: Անկախ ու գերիշխան ապրելու իրաւունքը, որ ամրագրուած կ՛ըլլայ սահմանադրութեամբ անսակարկելի է եւ չի փոխարինուիր որեւէ բանով:
Եթէ անկախութիւնը բացակայ է, ժողովուրդը կը տուայտի օտարին լուծին տակ ու կը զրկուի իր էութենէն եւ ազգային դիմագիծէն շատ բան կորսնցնելով` կը վերածուի անտէր ու անդիմագիծ ամբոխի մը: Մեր պարագային, դարեր շարունակ պետութեան առաքելութիւնը ստանձնած Հայ առաքելական եկեղեցին յաջողեցաւ պահպանել ազգը, որ բոլորուելով եկեղեցւոյ շուրջ` պահեց իր ինքնութիւնն ու ազգային նկարագիրը, թէեւ տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին օտար ազդեցութիւններ իրենց դրոշմը ձգեցին մեր ազգային նկարագրին վրայ` մասամբ աղաւաղելով զայն: Ասոնք եղան անցողակի փոթորիկներ, որոնց դէմ դրաւ եկեղեցին, որ ազգային հաստատութիւն մը ըլլալով` տէր կանգնեցաւ պետականազուրկ ժողովուրդին:
Անկախութենէ զրկուած ժողովուրդներ ենթակայ են ձուլումի եւ ի վերջոյ անհետացման, որովհետեւ առանց անկախութեան` հաւաքականօրէն կը կորսնցնենք հզօրագոյն զէնքը` գոյութեան, ազգային պատկանելիութեան եւ ինքնուրոյն դիմագիծի: Ձուլման դանդաղ հոլովոյթը որոշ ժամանակներ կը կասեցուի մայրենիին պահպանմամբ, սակայն յստակ է, որ պետականազուրկ ազգեր ի վերջոյ դատապարտուած են ձուլման, որքան ալ երկարատեւ ըլլայ ինքնութեան պահպանման ժամանակաշրջանը: Անկախութիւնն է, որ մեզի կը պարգեւէ չօտարանալու եւ չձուլուելու զէնքը, որ լեզուին ու կրօնին հետ միասնաբար կը վերածուի անպարտելիութիւն հայթայթող ազդակի մը, որուն շնորհիւ ամբոխէ մը կը վերածուինք գիտակից հաւաքականութեան, հողին, ինքնութեան եւ գերիշխանութեան արժէքը լաւապէս գիտցող եւ զանոնք պահպանող յանձնառու ժողովուրդի մը, որ կը մերժէ օտարին լուծը, կը մերժէ նաեւ օտարամուտ գաղափարներ եւ անձնատուական նկրտումներ:
Անկախութեան պահպանման գործին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունի միասնականութիւնը: Նոյնիսկ եթէ ժողովուրդի մը տարբեր հատուածներուն միջեւ ըլլան տարակարծութիւններ, որոնք շատ բնական երեւոյթ են, անկախութիւնը եւ զայն պահպանելու առաջադրանքը բաղադրիչներն են այն դրօշին, որուն ներքեւ կը համախմբուին անխտիր բոլորը, որովհետեւ անկախութիւնը հատուածի մը չի պատկանիր: Անիկա ամբողջ ժողովուրդին գոյութեան եւ գոյատեւման անփոխարինելի զէնքն է, որուն տէր պէտք է կանգնիլ ազգովին: Որուն համար պէտք է մարտնչիլ ազգովին:
Այդպէս եղաւ 1918-ին:
Թուրք խուժանը եւ թրքական կանոնաւոր բանակը հասան ու կանգնեցան ափ մը հայկական հողին դիմաց` զայն գրաւելու եւ բուռ մը հայութիւնը հաշուեյարդարի ենթարկելու համար: Օրհասական այդ օրերուն, երբ կը թուէր, թէ յոյսը վերջնականապէս չքացած է, հրաշքը պատահեցաւ, որովհետեւ ոչ ոք մտածեց հատուածականօրէն: Բոլորը ենթարկուեցան մէկ հրամանի եւ արամեան ուժը յաղթահարեց բոլոր արգելքները, քանդեց բոլոր խոչընդոտները: Մէկ անձի նման` բոլորը կանգնեցան կողք կողքի եւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի ու Բաշ Ապարանի մէջ յաղթեց միասնական հայութիւնը` կերտելով ազատ ու անկախ Հայաստանը: Շա՜տ շատերու համար անիրականալի թուացող անկախ Հայաստանն է, որ կը կերտուէր: Բոլորին երազն էր, որ իրականութիւն կը դառնար:
Անկախութիւնը երբ վտանգուած է, հայը յաջողած է հատուածականը զոհել համայնականին: Երբ թշնամին գտնուած է մեր երկիրը ոտնակոխելու դիրքերու վրայ, գործած է հայութիւնը իբրեւ մէկ եւ ամբողջական հաւաքականութիւն` զգետնելով թշնամին: Ասոր լաւագոյն ապացոյցը տուինք առաջին հանրապետութեան կերտմամբ:
Այսօր նուազ չեն վտանգները:
Անոնք թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին են: Կասկածելի գործարքներով պայմանաւորուած սահմանազատում եւ սահմանագծում, թշնամի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հայաջինջ քաղաքականութիւններու վտանգաւոր դրսեւորումներ` յաճախ հայանուն անձերու լուրջ եւ ամբողջական գործակցութեամբ, միայն իր սեփական շահը հետապնդող միջազգային հանրութիւն: Նման իրավիճակի մէջ հայ ժողովուրդը դժբախտաբար բաժնուած է բեւեռներու, եւ բացակայ է մայիսեան տրամադրութիւնը: Ժողովուրդին մէկ շատ կարեւոր հատուածը արդարօրէն կը պահանջէ իշխանութիւններուն հրաժարականը, որպէսզի կասեցուի անձնատուութեան եւ միակողմանի զիջումներու այս վայրագ հոսանքը: Իշխանութիւնները, անտեսելով ժողովուրդին պահանջը, կառչած կը մնան իրենց աթոռներուն` առաւել լարելով իրավիճակը: Ստեղծուած կացութիւնը կրնայ առաջնորդել յաւելեալ ճակատումի, որմէ միակ տուժողը պիտի ըլլան հայ ժողովուրդը: Բանականութիւնը եւ ողջախոհութիւնը պէտք է առաջնորդը ըլլան իր օրինականութիւնը կորսնցուցած իշխանութիւններուն, որոնք անսալով ժողովուրդին պահանջին` պէտք է հրաժարին եւ ճամբան հարթեն խորհրդարանական նոր ընտրութիւններու դիմաց, ինչպէս ըրին նախկին իշխանութիւնները: Աթոռին կառչիլ` կը նշանակէ երկիրը ներքաշել վտանգաւոր զարգացումներու մէջ: Հայաստան ի վիճակի չէ նման դէպքեր ապրելու, եւ եղբայրասպան դէպքերու ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ իշխանութիւններուն ուսերուն, որոնք պէտք է անսան ժողովուրդին արդար պահանջին:
Իշխանութիւնները ներկայիս ի վիճակի չեն անտեսելու համաժողովրդային շարժումը, որ կը ջանայ հայրենիքը փրկել` մայիսեան հրաշքին հետեւողութեամբ: