ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ
Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, հայն ու Հայաստանը ականջ պէտք է դնեն Սարդարապատէն հնչած զանգերու ղօղանջին, որովհետեւ դժբախտաբար այդ զանգերը լռեցնելու ելած է մեր դարաւոր թշնամին եւ այս անգամ` ներքին, ապազգային, անխոհեմ ու անվճռական մօտեցումներու հետ միասին, փորձելով ազգս կերակրել` իբր թէ նոր Հայաստանի ստեղծման սին ու հայրենակործան քաղաքականութեամբ:
Շատեր հայ ժողովուրդին պատմութիւնը կը նմանցնեն Քրիստոսի կեանքին, այնպէս, ինչպէս Քրիստոս բարձրացաւ Գողգոթա եւ երեք օր վերջ յարութիւն առաւ, նոյնպէս ալ հայ ժողովուրդը 1915 թուականին ապրեցաւ իր գողգոթան, 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան պատճառով, տալով մէկ ու կէս միլիոն նահատակ, բայց այդ մոխիրներուն մէջէն երեք տարի ետք հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր յարութիւնը:
106 տարի առաջ հայ ժողովուրդը յարութիւն առաւ եւ Ցեղասպանութենէն երեք տարի ետք Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի մէջ մղելով իր գոյամարտը, 600 տարուան ստրկութեան վերջ տալով, հայ ժողովուրդի պատմական հայրենիքի մէկ կտորին վրայ անկախ հանրապետութիւն ստեղծեց:
Գերագոյն զոհաբերութեամբ, նահատակութեամբ հայ ժողովուրդը կրցաւ նուաճել իր ազգային պետութիւնը, եւ այստեղ նահատակութեան լաւագոյն բնութագրումը թարգմանաբար կը մէջբերեմ զօրավար Հաֆեզ Ասատի խօսքը. «Նահատակները աշխարհի ամէնէն նուիրեալներն ու մարդկութեան ազնուագոյն օրինակներն են»: Այդ զոհաբերութեան եւ նուիրումին շնորհիւ` հայ ժողովուրդը կազմեց իր հայոց եռագոյնը, հայ ժողովուրդին կամքը արտայայտող արծիւն ու առիւծը վահանապատեցին Արարատի վեհ շուքին տակ հիմնադրուած հայոց ազգային պետութիւնը:
Այսօր ոմանք կը փորձեն հակադրուիլ հայոց պետականութեան մեծ երազին ու իրենց ձեռքին մէջ բռնած` աջ ու ձախ կը ճօճեն Հայաստանի 29,743 հազար քառ. քիլոմեթր մետաղեայ քարտէսը, իբր թէ սահմանագծուած Հայաստանն է` զայն ներկայացնելով որպէս մեծ ձեռքբերում: Մոռացութեան մատնելով, որ իրենք պատճառ դարձած են Արցախի կորուստին, հազարաւոր հայորդիներու արեան հեղումին, թշնամիի լկտի ու ցեղասպան պահուածքին եւ ընթացքին:
Կ՛ուզեմ շատ կարճ զուգահեռ մը գծել Սարդարապատի փառապանծ յաղթանակով ստեղծուած Հայաստանի եւ այսօրուան իբր թէ «Նոր Հայաստանի» միջեւ: Առաջինը, որ կ՛ուզեմ մատնանշել, այն ղեկավար դէմքերն են, որոնք ղեկավարեցին, ստեղծեցին, թէկուզ` կարճ ժամանակի մը համար, Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Մեծութիւններ, ինչպէս` Արամ Մանուկեան, զօր. Դրօ, մշակոյթի կարկառուն գործիչ Նիկոլ Աղբալեան, զօր. Սիլիկեան, եւ շարքը կարելի է երկարել այն ականաւոր ու փայլող դէմքերուն, որոնք ամբողջ ուժով ու կամքով լծուեցան հայոց պետականութեան շինութեան: Այս անունները թուելէ ետք, նոյնիսկ չեմ համարձակիր յիշել այսօրուան Հայաստանի ղեկավարները, որոնք իսկապէս անհամեմատելի են: Երկրորդ զուգահեռը, որ կ՛ուզեմ գծել այն աշխարհաքաղաքական բարդ կացութիւնն էր, որուն մէջ ստեղծուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որ յար եւ նման է այսօրուան Հարաւային Կովկասի բարդ աշխարհաքաղաքական կացութեան, մէկ տարբերութեամբ, որ այդ օրերուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը աշխարհաքաղաքական այդ բարդ կացութիւնը կը դիմագրաւէր իր նորաստեղծ տարիքով, հազիւ քանի մը տարուան կեանք ունենալով: Այսօրուան Հայաստանը 30-ամեայ փորձ, 30-ամեայ պետական կեանք անցնելէ ետք է, որ կը դիմագրաւէ այդ աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակը: Երրորդ` առաջին հանրապետութեան ժամանակ ալ կային ազգին ներսը գործող ապազգային մօտեցումներ, եւ այդ ապազգային շարժումներն ու խմբաւորումները չզլացան նոյնիսկ պայքարելու նորաստեղծ հանրապետութեան դէմ` յանձինս պոլշեւիկեան խմբաւորումներու, որոնք իրենց ապազգային համոզումներով ոգի ի բռին կը պայքարէին ընդդէմ ազգային ուղղութիւն ունեցող նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Այսօր եւս Հայաստանի մէջ կան ապազգային գաղափարախօսութեամբ եւ մօտեցումներով առաջնորդուող խմբաւորումներ, տարբերութիւնը առաջին հանրապետութեան օրերուն եւ այսօրուան այն է, որ անցեալին ապազգային շարժումները եւ խմբաւորումները ընդդիմութիւն էին, իսկ այսօրուան ապազգային շարժումները, ցաւօք սրտի, իշխանութեան ղեկին կը գտնուին:
Չորրորդ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիրները իրենց կամքը եւ իրենց ամբողջ գաղափարական աշխարհահայեացքը խտացուցին` ստեղծելու իրենց ազգային երազանքը, եւ համարձակօրէն ու վճռակամութեամբ յայտարարեցին ազատ, անկախ, բայց նաեւ միացեալ Հայաստանի գաղափարը:
Այսօրուան Հայաստանի մէջ` նոր 29,743 հազար քառ. քիլոմեթրի մէջ տեղաւորուելու եւ գերեզմանային խաղաղութիւն մը խոստանալու լծուեցան:
Քանի մը տողով անդրադառնամ նաեւ Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան քաղաքական կենսագրութեան եւ ընթացքին:
Այս իշխանութիւնը 2018 թուականին ստանձնելով Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկը` առաջին իսկ օրէն եւ շատ կարճ ժամանակի մը ընթացքին յստակօրէն իր միտումները եւ պատկերացումները սկսաւ յայտնել եւ հրապարակել: Բոլորս կը յիշենք կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան առաջին քայլերը, որոնք կը միտէին հայոց դպրոցներէն դուրս հանել Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պատմութիւնը, հայոց լեզուին երկրորդական տեղ տալ եւ քայլ առ քայլ հայ ժողովուրդի ազգային արժէքները նսեմացնել` ստորագնահատման յստակ եւ տեսանելի քաղաքականութեամբ:
Այդ օրերուն շատեր այս վտանգի գիտակցութիւնը ունեցողներուն կ՛ըսէին` համբերեցէ՛ք, ձգեցէ՛ք, որ աշխատին, յետոյ կը պատրաստուին, կը շտկուին, բայց դժբախտաբար այդ առաջին քայլերը ունեցան իրենց շարունակութիւնը: Երկրորդ քայլը, որ տեղի ունեցաւ այս իշխանութեան ժամանակ, Արցախի բանակցային գործընթացի ամբողջական տապալումն էր: Հակառակ անոր որ այս իշխանութիւնները ժառանգեցին յստակ ճանապարհ անցած Արցախի բանակցութիւններու որոշ ժամանակահատուած, այդ ամբողջը զերոյացնելով` որոշեցին Արցախի բանակցային գործընթացը սկսիլ իրենց կէտէն` զերոյէն: Յետոյ եկան համոզելու, որ Արցախի կարգավիճակի մեր նշաձողը պէտք է իջեցնել եւ իրենց քաղաքական տհաս մօտեցումներով իսկապէս հրահրեցին 44-օրեայ պատերազմը: Այսպիսով, իբրեւ հետեւանք` մենք ունեցանք հազարաւոր հայորդիներու հեղուած արիւն, կորսուած Արցախ, Արցախի մէջ իրագործուած Ցեղասպանութիւն եւ կենդանի վկան դարձանք ապրիլ 1915-ին մեր ժողովուրդին ապրած առաջին ցեղասպանութեան կրկնութեան: Իրենց քաղաքական մօտեցումներով Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն իսկ աշխարհաքաղաքական այս բարդ իրավիճակին մէջ Հայաստանը վերածեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային հակամարտող ուժերու բախման կիզակէտին: Եւ այդպիսով, Հայաստանին կը բերէին Արեւմուտքի եւ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Չինաստանի հակադրութեան թատերաբեմ դարձնելու ողբերգական արդիւնքը: Հայաստան շատ փոքր է այսպիսի մեծ տէրութիւններու քաղաքական հակադրութիւններու թատերաբեմը դառնալու համար: Այս բոլորը, ցաւօք, կը շարունակուին մինչեւ այսօր` իրենց աղէտաբեր բոլոր հաւանականութիւններով: Իշխանութիւնները իրենց քաղաքականութեամբ վանեցին եւ կորսնցուցին հայ ժողովուրդին ձեռք բերած դաշնակիցները, անոնց փոխարէն նոր դաշնակիցներ` ձեռք չբերելով: Եւ աստիճանաբար այս քաղաքականութեան պատճառով Հարաւային Կովկասի մէջ սկսաւ աճիլ թրքական գործօնը:
Արցախի կորուստը ունեցաւ նաեւ աւելի ցաւալի շարունակութիւն: Ազրպէյճանական նկրտումները կանգ չառին: Ազրպէյճան գրաւեց նոյնինքն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ, իր պայմանները սկսաւ թելադրել` պահանջելով նոյնիսկ մեր ազգային արժէքներէն հրաժարիլ, մեր Արարատէն` իբրեւ խորհրդանիշ հրաժարիլ է, եւ զայն փոխարինել Արագածով կամ այլ լեռով: Թելադրեց նոյնիսկ մեր սահմանադրութիւնը փոխել, որովհետեւ այդ սահմանադրութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագրի վերաբերեալ ակնարկութիւն կայ: Այս իշխանութիւնները այդտեղ ալ կանգ չառնելով, այսօր ապազգայնութեան գագաթնակէտը հասնելով` Ցեղասպանութեան փաստը նոյնիսկ հարցականի տակ կ՛առնեն: Այս գահավիժող ընթացքը մեզ կը հասցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան հիմքերու խարխլման: Այստեղ ազգովին պարտաւոր ենք ըսել` բա՛ւ է, պէտք է կասեցնել յանձնուողականութեան, պարտուողականութեան այս շղթան: Հայ ժողովուրդը այսօր պարտաւոր է իր մէջքը շտկել, պարտուողական այս ընթացքը շրջել եւ դէպի նոր ինքնակազմակերպման ընթացք ուղղուիլ:
Այս հեռանկարով եւ այս տեսլականով Հայաստանի ամենապաշտպանուած տարածքէն` Տաւուշի շրջանէն ծայր առած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը այսօր իր զայրոյթը, իր պահանջը շատ յստակ դրած է սեղանին` ըսելով, որ բաւակա՛ն է: Համահայկական այս շարժումը մինչեւ այսօր եւ այս քանի մը շաբաթներու ընթացքին յաջողեցաւ համախմբել ազգային գաղափարախօսութեան հաւատացող բոլոր ուժերը: Այսօր մտաւորականներ, արուեստի գործիչներ, քաղաքական գործիչներ, քաղաքական կուսակցութիւններ, գիտական եւ կրթական հաստատութիւններ համախմբուած են մէկ գաղափարի շուրջ` հեռու մնալով քաղաքական տարաբնոյթ հաշուարկներէ: Այսօր վերկուսակցական եւ վերքաղաքական ազգային շարժումի մը կոչում ստացած է այս շարժումը: Շարժում մը, որ սկիզբ առաւ` յանուն Հայաստանի անվտանգութեան հաստատման, յանուն հայ ժողովուրդի ներքին համերաշխութեան, յանուն հայ ժողովուրդի կարողականութիւններու մէկտեղման, յանուն այս պարտուողականութիւնը կասեցնելուն եւ յանուն Արցախի երաշխաւորուած վերադարձի առաջին հիմքերու հաստատման: Այս շարժումը սկիզբ առաւ` ընդդէմ պարտուողականութեան, ընդդէմ զիջողականութեան, ընդդէմ Արցախի հարցի ուրացման, ընդդէմ անվտանգութեան հիմքերու խարխլման, եւ այսօր համարձակօրէն կրնանք ըսել, այո՛, պէտք է իսկապէս սկիզբ առնէ հայոց նորագոյն Սարդարապատը:
Եւ այսպէս, սփիւռքէն մինչեւ հայրենիք, Հայաստանի մէջ տիրող այս կացութեան ի տես` պէտք է գիտակցինք, որ եղածը չորս գիւղերու կամ կարգ մը սահմաններու խնդիր չէ, այլ հայրենիք ունենալու-չունենալու հարց է:
Ուստի մեր աջակցութիւնը յայտնելով Հայաստանի մէջ իրենց բողոքի ճիչը բարձրացուցած հարիւրհազարաւոր հայութեան` կը ձայնակցինք անոր եւ նոր Սարդարապատի յոյսով ու հեռանկարով կը սպասենք Սարդարապատի զանգերու երկրորդ ղօղանջին:
«Զանգե՛ր, ղօղանջէ՛ք Սարդարապատից»:
* Խօսքը արտասանուած Հալէպի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի անկախութեան 106-ամեակի տօնակատարութեան