Անունին Պէս Պայծառ
ՏԹ «Փշածաղիկ» Պայծառին հետ ծանօթութիւնս կը սկսի մեր մանկութեան օրերէն, երբ կ՛ապրէինք երբեմնի շէն եւ հայութիւն բուրող Էշրեֆիէ թաղը, կը յաճախէինք Ղազար Չարըքի դպրոցը, ուր մեր տուներէն ետք ստացած ենք հայեցի դաստիարակութիւն, մաս կազմած նոյն տեսլականներով առաջնորդուող կառոյցներուն` ակումբ, միութիւն, աւելի ուշ աշակերտած ենք «Մեր բոլորին ուխտավայր Ճեմարան»-ին, ուր կազմաւորուած է մեր պատանեկութիւնը` լուսաւոր մեծերու շունչին տակ: Ճեմարանէն ետք մեր...




















