Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յիշատակներ Մեր Գաղթական Անցեալէն. Ուղեւորութիւն Դէպի Ռաշիտիէ Գաղթակայան

July 12, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՐՈԲ ՍԱՄՈՒԷԼ ԳԻԶԻՐԵԱՆ
Ճարտարագէտ

Ամիսներ առաջ Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպումի մը ընթացքին Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան յայտնեց, թէ հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքին կից գտնուող Ռաշիտիէ պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ գոյութիւն ունի հայկական եկեղեցի մը, որուն մասին համարեա ոչինչ գիտենք:

Հակառակ այն իրողութեան որ հայրս ու ես Հարաւային Լիբանանի մէջ ծնած ու մեծցած ենք, մինչեւ օրս լսած չէինք այս յուշարձանին մասին: Ուստի, առաջնորդ սրբազան հօր փոխանցած հակիրճ նշմարները պատճառ հանդիսացան, որ մեր մէջ արթննայ մեր գաղթական անցեալէն մնացած այս մասունքը փնտռելու եւ յայտնաբերելու կամքը:

Արդարեւ,  հակառակ Հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայիս տիրող պատերազմական անապահով պայմաններուն, երեքշաբթի, 25 յունիս 2024-ին, հօրս` Սամուէլ Գիզիրեանին հետ ուղղուեցանք դէպի Ռաշիտիէ գաղթակայան: Նախօրօք կապ հաստատած էինք լիբանանեան բանակի ապահովական պատասխանատուներուն հետ, որոնք, իմանալէ ետք մեր բարի դիտաւորութիւնը,  պատրաստակամութիւն յայտնած էին ոչ միայն ապահովել մեր երթեւեկը, այլ նաեւ գաղթակայանի ներքին ապահովութեան հսկող պաղեստինեան ուժերուն հետ համադրել գաղթակայան մեր ապահով մուտքն ու ելքը:

Եւ այսպէս, լիբանանեան բանակի ապահովական ուժերուն ընկերակցութեամբ հասանք գաղթակայան, ուր մեզ սիրով ու յարգանքով դիմաւորեցին պաղեստիեան ապահովական ուժերու ներկայացուցիչները:

Ռաշիտիէ գաղթակայանի հին բաժինը, որ հայ գաղթականներուն  յատկացուած էր ֆրանսական հոգատար կառավարութեան կողմէ` 1930-ական թուականներուն, եւ ուր կը գտնուի եկեղեցին, մօտաւորապէս մէկ քիլոմեթր հեռու էր մեր հանդիպման կէտէն: Հետեւաբար, մեր ճամբան շարունակեցինք պաղեստինեան ապահովական ուժերու ընկերակցութեամբ եւ ի վերջոյ հասանք եկեղեցի, որուն մուտքին մեզի կը սպասէին գաղթակայանի ապահովական մարմնի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները:

Սիրալիր ու ջերմ էր ընդունելութիւնը, եւ հայութեան նկատմամբ  յարգալից ու եղբայրական էին անոնց արտայայտութիւնները: Անոնք ծանօթ էին մեր ժողովուրդի պատմութեան ու գիտէին, թէ իրենցմէ առաջ, ջարդուած ու հալածական  հայ ժողովուրդի բեկորներն ալ անցած էին այստեղէն ու իրենց քրտինքով այս ճախճախուտ տարածութիւնը վերածած էին բնակավայրի:

Անոնք գոհունակութեամբ յիշեցին,  թէ հակառակ այն իրողութեան որ շրջանին մէջ ներկայիս հայեր չկան, անցնող տասնամեակներուն, կողքին գտնուող նորակառոյց մզկիթին նման, յարգանքով պահած ու պաշտպանած են եկեղեցւոյ կառոյցը, որովհետեւ կը հաւատան իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան:

Եկեղեցւոյ հիւսիսային կողմէն կ՛անցնի գաղթակայան տանող մայրուղին, իսկ  շուրջբոլորը գտնուող տարածքը ենթակայ է գաղթակայանի ապահովութեան հսկող ուժերու հակակշիռին:

Պահը յուզիչ է: Կը դիտեմ շուրջս:

Հակառակ ժամանակին պատճառած մաշումին, հակառակ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին գաղթակայանին մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն ու հակառակ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուած մեծ վնասներուն, ճահճային այս հողին վրայ հայ բանուորներու ու ճարտարապետներու հնարքներով շինուած քարապատ եկեղեցւոյ կառոյցը տակաւին կանգուն է:

Եկեղեցի մտանք համարեա ծունկի` ետեւի պատին վրայ գոյացած ճեղքէ մը, որովհետեւ եկեղեցւոյ գլխաւոր մուտքը փակուած էր երկաթեայ դուռով: Հասկնալի պատճառներով, բոլոր պատուհանները անպաճոյճ ձեւով փակուած են աղիւսով կամ փայտէ փեղկերով: Ներքին պատերուն մեծ մասը, ներառեալ խորանի բաժինը, ծեփուած են, սակայն այնտեղ չեն երեւիր սրբապատկերներ կամ այլ քրիստոնէական խորհրդանշաններ:

Ապահովական պատճառներով, չկրցանք եկեղեցւոյ ներքնամասը նկարել ու նաեւ կարելի չեղաւ տանիք բարձրանալ:

Այցելութիւնը աւարտած էր: Պաղեստինեան ապահովական պատասխանատուներուն մեր շնորհակալութիւնները յայտնելով, հրաժեշտ տուինք գաղթակայանին եւ միացանք գաղթակայանի մուտքին մեզի սպասող լիբանանեան բանակի պատասխանատուներուն:

Գացինք, քալեցինք մեր գաղթական ժողովուրդին անցած ուղիներէն ու մեզի ժառանգ մնացած կիսաւեր եկեղեցւոյ մէջ մեր նախնիներուն յիշատակով օրհնուեցանք:

Ռաշիտիէի գաղթակայանէն սկսանք, բայց պէտք չէ հոս կանգ առնենք:

 

Նախորդը

Հարազատնե՞րը, Թէ՞ Արհեստական Բանականութիւնը

Յաջորդը

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնի Ամավերջի Իւրայատուկ Եւ Խորհրդաւոր Հանդէսը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.